Եհովայի սիրալիր ընտանեկան կարգադրութիւնը
«Ասոր համար ծունկի վրայ գալով ... Հօրը առջեւ, ուրկէ ամէն ազգատոհմ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ անուն կ’առնէ»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 3։14, 15
1, 2. (ա) Եհովա ի՞նչ նպատակի համար ստեղծեց ընտանեկան բոյնը։ (բ) Ընտանիքը ի՞նչ բաժին պէտք է ունենայ ներկայիս Եհովայի կարգադրութեան մէջ։
ԵՀՈՎԱ ինք կազմեց ընտանեկան բոյնը։ Անոր միջոցաւ, ան ընկերակցութեան, օգնութեան, կամ մտերմութեան համար մարդուն կարիքը գոհացնելէն աւելին ըրաւ։ (Ծննդոց 2։18) Երկիրը լեցնելու Աստուծոյ փառաւոր ծրագիրը իրագործելու միջոցն էր ընտանիքը։ Ան ամուսնացեալ առաջին ամոլին ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք»։ (Ծննդոց 1։28) Ընտանիքին ջերմ եւ հոգածու մթնոլորտը օգտաշատ պիտի ըլլար Ադամի ու Եւայի եւ անոնց սերունդներուն ունենալիք բազմաթիւ զաւակներուն համար։
2 Սակայն այդ առաջին զոյգը անհնազանդութեան ուղին ընտրեց, որ աւերիչ ազդեցութիւն մը ունեցաւ թէ՛ իրենց եւ թէ իրենց սերունդին համար։ (Հռովմայեցիս 5։12) Հետեւաբար հիմա ընտանեկան կեանքը Աստուծոյ սկզբնական ծրագրէն շա՜տ հեռու է։ Տակաւին, ընտանիքը կը շարունակէ կարեւոր տեղ մը գրաւել Եհովայի կարգադրութեան մէջ, Քրիստոնէական ընկերութեան որպէս հիմնական միաւորը ծառայելով։ Անշուշտ ասիկա չենք ըսեր թերգնահատելու համար մեր մէջ գտնուող շատ մը ամուրի Քրիստոնեաներուն կատարած լաւ գործը։ Այլ, կը գիտակցինք որ ընտանիքներն ալ, ընդհանուր առմամբ, մեծապէս կը նպաստեն Քրիստոնէական կազմակերպութեան հոգեւոր առողջութեան։ Զօրաւոր ընտանիքները զօրաւոր ժողովքներ կը կազմեն։ Սակայն, ձեր ընտանիքը ինչպէ՞ս կրնայ բարգաւաճիլ ի տես ներկայ ճնշումներուն։ Առ ի պատասխան, քննենք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ ընտանեկան կարգադրութեան առնչութեամբ։
Ընտանիքը՝ Աստուածաշունչի ժամանակներուն
3. Նահապետական ընտանիքներուն մէջ ամուսինը եւ կինը ի՞նչ դերեր ունէին։
3 Ադամն ու Եւան երկուքն ալ արհամարհեցին գլխաւորութեան աստուածային կարգադրութիւնը։ Սակայն հաւատքի տէր մարդիկ, ինչպէս Նոյ, Աբրահամ, Իսահակ, Յակոբ եւ Յոբ, իրաւացիօրէն իրենց տեղը գրաւեցին որպէս ընտանիքի գլուխներ։ (Եբրայեցիս 7։4) Նահապետական ընտանիքները պզտիկ կառավարութեան մը նման էին, հայրը որպէս կրօնական առաջնորդ, դաստիարակ եւ դատաւոր ծառայելով։ (Ծննդոց 8։20. 18։19) Կիներն ալ կարեւոր դեր մը ունէին, ծառայելով ոչ թէ որպէս աղախիններ, այլ՝ ընտանիքի օգնական տեսչուհիներ։
4. Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ ընտանեկան կեանքը ինչպէ՞ս փոխուեցաւ, բայց ծնողները ի՞նչ դեր շարունակեցին ունենալ։
4 Երբ Իսրայէլ ազգ կազմուեցաւ Հ.Դ.Ա. 1513–ին, ընտանեկան օրէնքը Մովսէսի միջոցով տրուած ազգային Օրէնքէն ստորադաս եղաւ։ (Ելից 24։3–8) Արդ, որոշելու հեղինակութիւնը, կենաց ու մահու հարցերն ալ ներառեալ, դատաւորներուն յանձնուեցաւ։ (Ելից 18։13–26) Ղեւտական քահանայութիւնը ստանձնեց պաշտամունքի մէջ զոհերու հարցը։ (Ղեւտացւոց 1։2–5) Այսուհանդերձ, հայրը շարունակեց կարեւոր դեր մը խաղալ։ Մովսէս հայրերուն հետեւեալ յորդորը տուաւ. «Այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր»։ (Բ. Օրինաց 6։6, 7) Մայրերն ալ շատ ազդեցութիւն ունէին։ Առակաց 1։8–ն կը պատուիրէր երիտասարդներուն. «Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ խրատին մտի՛կ ըրէ ու քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր»։ Այո, իր ամուսնոյն հեղինակութեան կարգադրութիւնը նկատի առնելով, Եբրայեցի կինը կրնար ընտանեկան օրէնք դնել եւ զայն պարտադրել։ Ան իր զաւակներուն կողմէ պէտք էր յարգուէր, նոյնիսկ երբ ծերանար։—Առակաց 23։22
5. Մովսիսական Օրէնքը ինչպէ՞ս կը սահմանէ զաւակներուն ունեցած տեղը ընտանեկան կարգադրութեան մէջ։
5 Զաւակներուն տեղն ալ յստակօրէն որոշուած էր Աստուծոյ Օրէնքին մէջ։ Բ. Օրինաց 5։16–ը կ’ըսէր. «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց, որպէսզի քու օրերդ երկար ըլլան ու քեզի աղէկ ըլլայ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ»։ Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ, ծնողքի հանդէպ յարգանքի պակասը շատ լուրջ յանցանք մը կը նկատուէր։ (Ելից 21։15, 17) «Ով որ իր հայրը կամ իր մայրը անիծէ», կ’ըսէր Օրէնքը, «անշուշտ պէտք է մեռցուի»։ (Ղեւտացւոց 20։9) Ծնողքի հանդէպ ըմբոստութիւնը ուղղակի Աստուծոյ դէմ ըմբոստութեան համարժէք էր։
Քրիստոնեայ Ամուսիններու Դերը
6, 7. Եփեսացիս 5։23–29–ի մէջ Պօղոսի խօսքերը ինչո՞ւ յեղաշրջական կը թուէին առաջին դարու ընթերցողներուն։
6 Քրիստոնէութիւնը լոյս սփռեց ընտանեկան կարգադրութեան վրայ, մասնաւորաբար ամուսինին դերին վրայ։ Քրիստոնէական ժողովքէն դուրս, առաջին դարուն սովորական բան մըն էր որ ամուսիններ բրտութեամբ եւ բռնութեամբ վարուէին իրենց կիներուն հետ։ Կիները զրկուած էին հիմնական իրաւունքներէ եւ պատիւէ։ Բացատրական Աստուածաշունչը (Անգլ.) կ’ըսէ. «Զարգացած Յոյն մը կին կ’առնէր զաւակներ բերելու համար։ Կինը իրաւունք չունէր իր ամուսնոյն սեռային ախորժակին վրայ արգելքներ դնելու։ Ամուսնութեան համաձայնութեան մէջ սէրը տեղ չունէր։ ... Ծառայ–կինը իրաւունքներ չունէր։ Անոր մարմինը իր սեփականատիրոջ տրամադրութեան տակ էր»։
7 Այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ, Պօղոս գրեց Եփեսացիս 5։23–29–ի խօսքերը. «Այրը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է ու ինք մարմնին Փրկիչն է։ ... Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար. ... Պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ. վասնզի մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ զանիկա»։ Առաջին դարու ընթերցողներուն համար, այս խօսքերը յեղաշրջական էին։ Բացատրական Աստուածաշունչը (Անգլ.) կ’ըսէ. «Այդ ժամանակուան զեխ բարոյականին հետ բաղդատած, Քրիստոնէութեան մէջ ոչ մէկ բան աւելի նոր եւ աւելի խիստ թուեցաւ որքան ամուսնութեան մասին Քրիստոնէական տեսակէտը։ ... [Անիկա] մարդկութեան դիմաց նոր դարաշրջան մը բացաւ»։
8, 9. Այր մարդոց մէջ կիներու հանդէպ ի՞նչ վատառողջ կեցուածքներ գոյութիւն ունին, եւ ինչո՞ւ կարեւոր է որ Քրիստոնեայ այրեր մերժեն այսպիսի տեսակէտներ։
8 Այսօր ալ նուազ յեղաշրջական չէ ամուսիններու տուած Աստուածաշունչին խրատը։ Հակառակ կիներու ազատագրական շարժումին մասին եղած բոլոր բանախօսութիւններուն, տակաւին շատ մը այրեր կիները կը նկատեն պարզապէս որպէս սեռային յագեցումի առարկաներ։ Հաւատալով այն առասպելին թէ կիները իրապէս կը սիրեն իշխուիլ, ղեկավարուիլ, կամ ճզմուիլ, շատ մը այրեր իրենց կիներուն հետ չարաչար կը վարուին մարմնաւոր եւ զգացական գետնի վրայ։ Ի՜նչ անշնորհալի պիտի ըլլար եթէ Քրիստոնեայ ամուսին մը աշխարհային մտածելակերպէ տարուելով չարաչար վարուէր իր կնոջը հետ։ «Ամուսինս օգնական ծառայ մըն էր եւ հանրային դասախօսութիւններ կու տար», կ’ըսէ Քրիստոնեայ կին մը։ Սակայն ան կը խոստովանի. «Ես ծեծուող կին մըն էի»։ Որոշ է որ այսպիսի արարք մը Աստուծոյ կարգադրութեան մէջ տեղ չունէր։ Այդ մարդը բացառութիւն մը կը կազմէր. եթէ ան կը յուսար Աստուծոյ հաճութեան արժանանալ, օգնութիւն պէտք էր խնդրէր իր բարկութիւնը զսպելու համար։—Գաղատացիս 5։19–21
9 Աստուած կը պատուիրէ ամուսիններուն, որ իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Երբ անհատ մը կը մերժէ այսպէս վարուիլ, անիկա ուղղակի Աստուծոյ կարգադրութեան դէմ կ’ըմբոստանայ եւ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութիւնը կրնայ քանդուիլ։ Պետրոս առաքեալ այս մասին յստակօրէն կ’ըսէ. «Այրերը խոհեմութիւնով անոնց [իրենց կիներուն] հետ ապրին, տկար անօթի պէս յարգելով կիները, ... որպէսզի ձեր աղօթքներուն արգելք չըլլայ»։ (Ա. Պետրոս 3։7) Երբ անհատ մը բրտութեամբ վարուի իր կնոջը հետ, անիկա կրնայ աւերիչ ազդեցութիւն մը ունենալ անոր հոգեւորականութեան, ինչպէս նաեւ զաւակներուն հոգեւորականութեան վրայ։
10. Ի՞նչ են կարգ մը կերպերը որոնցմով ամուսինները կրնան Քրիստոսանման գլխաւորութիւն գործադրել։
10 Ո՛վ ամուսիններ, երբ Քրիստոսանման գլխաւորութիւնը ի գործ դնէք, ձեր ընտանիքը պիտի բարգաւաճի։ Քրիստոս բնաւ բիրտ կամ նախատող չէր։ Ճիշդ հակառակը, ան կրնար ըսել. «Ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք»։ (Մատթէոս 11։29) Ձեր ընտանիքը ձեր մասին կրնա՞յ նոյնը ըսել։ Քրիստոս իր աշակերտներուն հետ բարեկամներու պէս վարուեցաւ եւ անոնց վստահեցաւ։ (Յովհաննու 15։15) Ձեր կնոջ նոյնանման պատիւ կու տա՞ք։ Աստուածաշունչը ‘առաքինի կնոջ’ մասին կ’ըսէ. «Անոր էրկանը սիրտը անոր վրայ վստահ է»։ (Առակաց 31։10, 11) Ատիկա կը նշանակէ անոր տալ որոշ չափի ազատութիւն եւ թոյլատուութիւն, առանց անտրամաբանական արգելքներ դնելու իր վրայ։ Ասկէ զատ, Յիսուս իր աշակերտները քաջալերեց իրենց զգացումներն ու կարծիքները արտայայտելու։ (Մատթէոս 9։28. 16։13–15) Դուք ալ այդպէս կը վարուի՞ք ձեր կնոջը հետ, թէ ոչ տեղին եղած անհամաձայնութիւն մը ձեր հեղինակութեան դէմ մարտահրաւէր մը կը նկատէք։ Ձեր կնոջ զգացումները փոխանակ անտեսելու, զանոնք հաշիւի առնելով, իրականութեան մէջ ձեր գլխաւորութեան նկատմամբ անոր մէջ յարգանք կը կերտէք։
11. (ա) Հայրերը ինչպէ՞ս կրնան հոգ տանիլ իրենց զաւակներուն հոգեւոր կարիքներուն։ (բ) Երէցները եւ օգնական ծառաները ինչո՞ւ լաւ օրինակ պէտք է հանդիսանան իրենց ընտանիքին հոգատարութեան մէջ։
11 Եթէ հայր մըն էք, ձեզմէ կը պահանջուի նաեւ որ ձեր զաւակներուն հոգեւոր, զգացական եւ ֆիզիքական կարիքներուն հոգ տանելու մէջ առաջնորդութիւնը առնէք։ Ասիկա կը բովանդակէ հոգեւոր լաւ սովորութիւն մը ունենալ ձեր ընտանիքին հետ. միասնաբար քարոզել, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել, օրուան համարը նկատի առնել։ Հետաքրքրականօրէն, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ երէց մը կամ օգնական ծառայ մը «իր տանը աղէկ վերակացութիւն» ընող մը պէտք է ըլլայ։ Այս նշանակումները ունեցողները ընտանիքի օրինակելի գլուխներ պէտք է ըլլան։ Թէեւ ժողովքային ծանր պատասխանատուութիւններ կը կրեն, բայց իրենց ընտանիքներուն նախապատուութիւն պէտք է տան։ Պօղոս ասոր պատճառը ցոյց տուաւ. «Եթէ մէկը իր տանը վերակացութիւն ընել չգիտնայ, ի՞նչպէս Աստուծոյ եկեղեցիին հոգաբարձու պիտի ըլլայ»։—Ա. Տիմոթէոս 3։4, 5, 12
Աջակցող Քրիստոնեայ Կիներ
12. Կնոջ բաժինը ի՞նչ է Քրիստոնէական կարգադրութեան մէջ։
12 Քրիստոնեայ կի՞ն մըն էք։ Եթէ այո, ուրեմն դուք ալ կենսական դեր մը ունիք ընտանեկան կարգադրութեան մէջ։ Քրիստոնեայ կիները կը յորդորուին որ «այրերնին եւ զաւակնին սիրեն, խոհեմ, ողջախոհ, տնաշէն, բարեգործ, իրենց այրերուն հնազանդ» ըլլան։ (Տիտոս 2։4, 5) Հետեւաբար պէտք է ջանք թափէք օրինակելի տանտիկին մը ըլլալու, մաքուր եւ կոկիկ տուն մը պահելով։ Առտնին գործերը երբեմն կրնան տաղտկալի ըլլալ, բայց անոնք ոչ նուաստացուցիչ եւ ոչ ալ անարժէք բան մըն են։ Որպէս կին մը, դուք ‘տուն մը կը ղեկավարէք’ եւ այս առնչութեամբ բաւական թոյլատուութիւն կը վայելէք։ (Ա. Տիմոթէոս 5։14) «Առաքինի կինը», զոր օրինակ, յաւելեալ ինչքեր գնեց, կալուածներու գործառնութիւններ ըրաւ եւ նոյնիսկ եկամուտը աւելցուց պզտիկ գործ մը դարձնելով։ Զարմանալի չէ որ ան իր ամուսնոյն գովասանքին արժանացաւ։ (Առակաց գլուխ 31) Բնականաբար, այսպիսի նախաձեռնութիւններ որպէս գլուխ իր ամուսնոյն տուած ուղղութիւններուն ներքեւ ըրաւ։
13. (ա) Կարգ մը կիներու համար հնազանդութիւնը ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ։ (բ) Քրիստոնեայ կիներու համար ինչո՞ւ նպաստաւոր է իրենց ամուսիններուն հնազանդիլ։
13 Սակայն, միշտ ալ դիւրին չէ ձեր ամուսնոյն ենթարկուիլ։ Բոլոր այրերն ալ յարգանք չեն ներշնչեր։ Դրամական հարցերու, ծրագրելու կամ կազմակերպելու մէջ, թերեւս դուք շատ ատակ էք։ Թերեւս աշխարհային գործ մը ունիք եւ ընտանեկան եկամուտին շօշափելի մասնակցութիւն մը կը բերէք։ Կամ կրնայ ըլլալ որ անցեալին առնական տիրապետութենէն տառապած էք եւ դժուար կը գտնէք այր մարդու մը ենթարկուիլ։ Այսուհանդերձ, ձեր ամուսինին հանդէպ ‘ակնածանք’ կամ ‘վախ’ ունենալով, Աստուծոյ գլխաւորութեան կարգադրութեան հանդէպ յարգանք ցոյց տուած կ’ըլլաք։ (Եփեսացիս 5։33. Ա. Կորնթացիս 11։3) Հնազանդութիւնը շատ կարեւոր է նաեւ ձեր ընտանիքի յաջողութեան համար. անիկա կ’օգնէ որ ձեր ամուսնութիւնը անտեղի ճնշումներէ եւ պրկումներէ զերծ մնայ։
14. Երբ իր ամուսինին մէկ որոշումին հետ համաձայն չէ, կին մը ի՞նչ կրնայ ընել։
14 Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ պէտք է լրէք երբ տեսնէք որ ձեր ամուսինը ընտանիքին շահերուն դէմ եղող որոշում մը կու տայ։ Անշուշտ ոչ։ Աբրահամի կինը՝ Սառա լուր չմնաց երբ նկատեց որ իր որդւոյն՝ Իսահակի բարօրութիւնը վտանգի տակ էր։ (Ծննդոց 21։8–10) Նմանապէս, դուք ալ երբեմն ստիպողականութիւն մը կը զգաք ձեր զգացումները յայտնելու։ Եթէ ասիկա յարգալից կերպով եւ «ատենին» կատարուի, բարեպաշտ Քրիստոնեայ այր մը մտիկ պիտի ընէ։ (Առակաց 25։11) Բայց եթէ ձեր թելադրութիւնը անտեսուի եւ Աստուածաշունչի սկզբունք մը լրջօրէն բեկանուելու հարց չկայ, ձեր ամուսինին փափաքներուն հակառակ երթալը ինքնապարտութիւն մը պիտի չըլլա՞յ։ Յիշեցէք, «իմաստուն կիները իրենց տուները կը շինեն, բայց յիմար կինը զանիկա իր ձեռքովը կը փլցնէ»։ (Առակաց 14։1) Ձեր տունը շինելու կերպերէն մէկն է ձեր ամուսինին գլխաւորութեան թիկունք կանգնիլ, անոր իրագործումները գովել, միեւնոյն ատեն անոր յանցանքները թեթեւի առնել։
15. Կին մը ի՞նչ կերպերով կրնայ իր զաւակներուն կրթութեան եւ մարզումին մասնակցիլ։
15 Ձեր տունը շինելու ուրիշ կերպ մըն է ձեր զաւակներուն կրթութեան եւ մարզումին մասնակցիլ։ Օրինակի համար, դուք կրնաք ձեր բաժինը բերել որպէսզի Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը կանոնաւոր եւ կերտիչ ըլլայ։ Ամէն առիթով, Աստուծոյ ճշմարտութիւնը ձեր զաւակներուն հետ բաժնելու համար ‘ձեր ձեռքը պարապ մի՛ թողուք’, երբ անոնց հետ կը ճամբորդէք կամ գնում կ’ընէք։ (Ժողովողի 11։6) Անոնց օգնեցէք որ ժողովներուն համար իրենց պատասխանները եւ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի բաժինները պատրաստեն։ Ձեր աչքը անոնց ընկերակցութեան վրայ պահեցէք։ (Ա. Կորնթացիս 15։33) Երբ հարցը աստուածային չափանիշներու եւ կրթութեան գայ, ձեր զաւակները պէ՛տք է գիտնան թէ դուք համամիտ էք ձեր ամուսինին։ Թոյլ մի՛ տաք որ անոնք իրենց ուզածը ձեռք ձգելու համար ձեզ իրար ձգեն։
16. (ա) Սուրբ գրային ի՞նչ օրինակներ կրնան քաջալերութիւն մը ըլլալ առանձին ծնողներուն եւ անհաւատ կողակիցներ ունեցողներուն։ (բ) Ժողովքին մէջ ուրիշներ ինչպէ՞ս կրնան այսպիսիներուն օգնել։
16 Եթէ առանձին ծնող մըն էք կամ անհաւատ կողակից մը ունիք, կրնաք հոգեւոր գետնի վրայ դուք առաջնորդութիւնը առնել։ Ասիկա կրնայ դժուար ըլլալ եւ երբեմն նոյնիսկ յուսահատական։ Բայց ձեռք մի՛ քաշէք։ Տիմոթէոսի մայրը՝ Եւնիկէ, անհաւատ կողակից մը ունենալով հանդերձ, յաջողեցաւ անոր սուրբ գրութիւնները սորվեցնել անոր ‘մանկութենէն’ իսկ։ (Բ. Տիմոթէոս 1։5. 3։15) Մեր մէջ շատեր նոյնանման յաջողութիւններ կը վայելեն։ Եթէ այս առնչութեամբ օգնութեան կարիքը ունիք, երէցներուն գիտցուցէք զայն։ Անոնք կրնան կարգադրութիւն ընել որ մէկը ձեզի օգնէ ժողովներու եւ ծառայութեան երթալու։ Անոնք կրնան ուրիշները քաջալերել, որ երբ պտոյտի երթան կամ հաւաքոյթ մը սարքեն, ձեր ընտանիքն ալ ներմուծեն անոր մէջ։ Կամ անոնք կրնան կարգադրութիւն ընել որ փորձառու հրատարակիչ մը ձեզի օգնէ ընտանեկան ուսումնասիրութիւն մը սկսելու։
Գնահատող Զաւակներ
17. (ա) Երիտասարդները ինչպէ՞ս կրնան ընտանեկան բարօրութեան նպաստել։ (բ) Այս առնչութեամբ Յիսուս ի՞նչ օրինակ թողուց։
17 Քրիստոնեայ երիտասարներ կրնան ընտանեկան բարօրութեան նպաստել, հետեւելով Եփեսացիս 6։1–3–ի խրատին. «Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով, վասնզի այդ է արժանը։ ‘Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ’, որ առաջին պատուիրանքն է խոստումով, ‘որպէսզի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ’»։ Ձեր ծնողքին հետ համագործակցելով, Եհովայի հանդէպ յարգանք ցոյց տուած կ’ըլլաք։ Յիսուս Քրիստոս կատարեալ էր եւ կրնար դիւրութեամբ տրամաբանել թէ իրեն պատիւ չի բերէր իր անկատար ծնողներու հնազանդիլը։ Սակայն, ան «անոնց հնազանդ էր. ... Յիսուս կը զարգանար իմաստութիւնով ու հասակով եւ Աստուծմէ ու մարդոցմէ շնորհք գտնելով»։—Ղուկաս 2։51, 52
18, 19. (ա) Ի՞նչ կը նշանակէ ծնողքը պատուել։ (բ) Տունը ինչպէ՞ս կրնայ հանգստութեան վայր մը ըլլալ։
18 Դուք ալ նոյնպէս պէտք չէ՞ յարգէք ձեր ծնողքը։ Հոս «պատուէ՛» բառը կը նշանակէ ընդունիլ օրինաւորապէս հաստատուած հեղինակութիւնը։ (Բաղդատել Ա. Պետրոս 2։17։) Շատ մը պարագաներուն, այսպիսի պատիւ տալու պարտական ենք նոյնիսկ երբ մեր ծնողները անհաւատ են կամ օրինակելի չեն։ Որքան աւելի ձեր ծնողքը պէտք է պատուէք, եթէ անոնք օրինակելի Քրիստոնեաներ են։ Յիշեցէք, նաեւ, որ ձեր ծնողքին տուած կրթութիւնը եւ ուղղութիւնը ձեր դիմաց անտեղի արգելքներ դնելու համար չէ։ Այլ, անոնք ձեզ կը պահպանեն, որպէսզի շարունակէք ‘ապրիլ’։—Առակաց 7։1, 2
19 Ուստի, ի՜նչ սիրալիր կարգադրութիւն մըն է ընտանիքը։ Երբ ամուսիններ, կիներ եւ զաւակներ, բոլորն ալ ընտանեկան կեանքի շուրջ Աստուծոյ կանոններուն հետեւին, տունը ապաստանարան մը, հանգստութեան վայր մը կ’ըլլայ։ Այսուհանդերձ, հաղորդակցութեան եւ զաւկի մարզումին շուրջ խնդիրներ կրնան ծագիլ։ Յաջորդ յօդուածով, պիտի խօսինք թէ այս խնդիրները ինչպէ՞ս կրնան լուծուիլ։
Կը Յիշէ՞ք
◻ Աստուածաշունչի ժամանակներուն աստուածավախ այրեր, կիներ եւ զաւակներ ի՞նչ օրինակ թողած են։
◻ Քրիստոնէութիւնը ի՞նչ լոյս սփռեց ամուսիններուն դերին վրայ։
◻ Կին մը ի՞նչ դեր պէտք է ունենայ Քրիստոնէական ընտանիքէն ներս։
◻ Քրիստոնեայ երիտասարդները ինչպէ՞ս կրնան ընտանեկան բարօրութեան նպաստել։
[Նկար՝ էջ 18]
«Այդ ժամանակուան զեխ բարոյականին հետ բաղդատած, Քրիստոնէութեան մէջ ոչ մէկ բան աւելի նոր եւ աւելի խիստ թուեցաւ որքան ամուսնութեան մասին Քրիստոնէական տեսակէտը։ ... [Անիկա] մարդկութեան դիմաց նոր դարաշրջան մը բացաւ»
[Նկար՝ էջ 20]
Քրիստոնեայ ամուսիններ կը քաջալերեն իրենց կիներուն որ արտայայտուին եւ անոնց զգացումները նկատի կ’առնեն