Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէ»
    Դիտարան 2001 | Մարտ 15
    • Ան ‘կ’Աղաղակէ’

      Առակաց 8–րդ գլուխը կը սկսի հետեւեալ խօսքերով. «Իմաստութիւնը կ’աղաղակէ ու հանճարը կը ձայնակցի քեզի»։a Այո, իմաստութիւնն ու հանճարը կ’աղաղակեն, բայց ո՛չ այն անբարոյ կնոջ նման, որ մութ վայրերու մէջ դարանամուտ կ’ըլլայ եւ առանձին ու անփորձ երիտասարդին ականջին հրապուրիչ խօսքեր կը փսփսայ։ (Առակաց 7։12) «Անիկա բարձր տեղերու գլուխը եւ շաւիղներու մէջ կը կենայ։ Անիկա դռներուն քով՝ քաղաքներուն բերանը կը կենայ ու դռներուն մուտքը աղաղակելով կ’ըսէ»։ (Առակաց 8։1-3) Իմաստութեան ուժեղ ու համարձակ ձայնը բարձր ու յստակ կերպով կը լսուի հանրային վայրերու՝ դռներուն, խաչմերուկներուն ու քաղաքի մուտքերուն մէջ։ Մարդիկ դիւրաւ կրնան լսել այդ ձայնը ու անոր ընդառաջել։

      Ո՞վ կրնայ ժխտել թէ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ արձանագրուած աստուածային իմաստութիւնը մատչելի է երկրի վրայ զայն ձեռք ձգել փափաքող ոեւէ մէկուն։ «Աստուածաշունչը պատմութեան մէջ ամենէն շատ կարդացուած գիրքն է», կ’ըսէ Տը Ուըրլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա–ն։ Ան կ’աւելցնէ. «Աստուածաշունչէն՝ շատ աւելի օրինակներ բաշխուած են քան որեւէ գրքէ։ Աստուածաշունչը նաեւ որեւէ գրքէ աւելի յաճախ եւ աւելի շատ լեզուներու թարգմանուած է»։ Լրիւ Աստուածաշունչը, կամ անկէ մասեր, աւելի քան 2,100 լեզուներով ու բարբառներով մատչելի ըլլալով, մարդկային ընտանիքին աւելի քան 90 տոկոսը իր անձնական լեզուով կրնայ առնուազն Աստուծոյ Խօսքէն մաս մը ձեռք անցընել։

      Եհովայի Վկաները ամէնուրեք հանրապէս կը ծանուցանեն Աստուածաշունչի պատգամը։ 235 երկիրներու մէջ, անոնք աշխուժօրէն կը քարոզեն Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը եւ մարդոց կը սորվեցնեն Աստուծոյ Խօսքին բովանդակած ճշմարտութիւնները։ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած անոնց պարբերաթերթերուն իւրաքանչիւրը՝ Դիտարան–ը, որ 140 լեզուներով, իսկ Զարթի՛ր–ը 83 լեզուներով կը տպուին՝ աւելի քան 20 միլիոն շրջաբերութիւն ունի։ Վստահաբար իմաստութիւնը կը շարունակէ հանրային վայրերու մէջ բարձրաձայն աղաղակել։

  • «Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէ»
    Դիտարան 2001 | Մարտ 15
    • a «Իմաստութիւն» բառը Եբրայերէնի մէջ իգական սեռի կը պատկանի։ Անոր համար կարգ մը թարգմանութիւններ իգական սեռի պատկանող դերանուններ կը գործածեն, երբ իմաստութեան կ’ակնարկեն։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել