Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Եհովա իմաստութիւն կու տայ»
    Դիտարան 1999 | Նոյեմբեր 15
    • Հօր մը սիրալիր խօսքերով, վաղեմի Իսրայէլի իմաստուն Սողոմոն Թագաւորը կ’ըսէ. «Որդեա՛կ իմ, եթէ [«դուն», ՆԱ] իմ խօսքերս ընդունիս ու իմ պատուիրանքներս քովդ պահես, այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տաս ու սիրտդ հանճարին բանաս, եթէ դուն իմաստութիւնը [«հասկացողութիւնը», ՆԱ] քեզի կանչես եւ քու ձայնդ հանճարի ուղղես, եթէ [«դուն», ՆԱ] զանիկա արծաթի պէս փնտռես ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես, այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես»։—Առակաց 2։1-5

  • «Եհովա իմաստութիւն կու տայ»
    Դիտարան 1999 | Նոյեմբեր 15
    • Իմաստութեան մտիկ ընելը առնչուած է հանճար ու հասկացողութիւն ձեռք ձգելու հետ։ Ուէպսթըրի Վերստուգուած Ամբողջական Բառարան–ին համաձայն, հանճարը «մտքին զօրութիւնը կամ կարողութիւնն է, որով ան բան մը ուրիշ բանէ մը կը զանազանէ»։ Աստուածային հանճարը, սխալը շիտակէն զանազանելու ապա շիտակ ընթացքը ընտրելու կարողութիւնն է։ Եթէ մեր ‘սիրտը հանճարին չբանանք’, կամ զայն ձեռք ձգելու փափաքը չունենանք, ի՞նչպէս կրնանք ‘դէպի կեանք տանող ճամբուն’ մէջ կենալ։ (Մատթէոս 7։14. համեմատել՝ Բ. Օրինաց 30։19, 20) Աստուծոյ Խօսքին ուսումնասիրութիւնը եւ կիրարկումը հանճար կու տայ։

      Ի՞նչպէս կրնանք ‘հասկացողութիւնը մեզի կանչել’. հասկացողութիւնը, հարցի մը երեսակները ի՛նչպէս իրարու հետ եւ ամբողջութեան հետ յարակցութիւն ունենալը տեսնելու կարողութիւնն է։ Անշուշտ, տարիքն ու փորձառութիւնը ազդակներ են, որոնք կ’օգնեն մեզի որ յաւելեալ հասկացողութիւն մշակենք, սակայն ասիկա պայման չէ։ (Յոբայ 12։12. 32։6-12) Սաղմոսերգուն ըսաւ. «Ծերերէն աւելի իմաստուն եղայ, վասն զի քու [Եհովայի] հրամաններդ պահեցի»։ Ան նաեւ երգեց. «Քու խօսքերուդ յայտնուիլը լոյս կու տայ ու միամիտները իմաստուն կ’ընէ»։ (Սաղմոս 119։100, 130) Եհովա «Հինաւուրց»ն է եւ բոլոր մարդկութենէն անսահմանելիօրէն գերազանց հասկացողութիւն ունի։ (Դանիէլ 7։9) Աստուած կրնայ անփորձին հասկացողութիւն շնորհել, կարող դարձնելով զայն որ այդ յատկութեան մէջ նոյնիսկ իրմէ աւելի տարեցները գերազանցէ։ Հետեւաբար, Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ ուսումնասիրելու եւ զայն կիրարկելու մէջ ժրաջան պէտք է ըլլանք։

      Առակաց գրքին երկրորդ գլուխին բացման խօսքերուն մէջ, «եթէ դուն» կրկնուած արտայայտութեան կը յաջորդէ այսպիսի արտայայտութիւններ՝ «ընդունիս», «քովդ պահես», «կանչես», «փնտռես», «խնդրես»։ Ասոնք գրողը ինչո՞ւ այս արտայայտութիւնները այսքան աւելցող ուժգնութեամբ կը գործածէ։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Իմաստունը [հոս] կը շեշտէ իմաստութիւն հետապնդելու մէջ լրջութեան անհրաժեշտութիւնը»։ Այո, իմաստութիւնը ու անոր առնչակից յատկութիւնները՝ ներատեսութիւնն ու հասկացողութիւնը՝ լրջօրէն պէտք է հետապնդենք։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել