Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Աստուծոյ Խօսքին անձնական ուսումնասիրութենէն հաճոյք առէք
    Դիտարան 2002 | Դեկտեմբեր 1
    • 9 Ան կը շարունակէ. «Եթէ զանիկա [հասկացողութիւնը] արծաթի պէս փնտռես ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես, . . . »։ (Առակաց 2։4) Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ հանքագործութեան մարզին մէջ մարդուն կատարած քաջագործութիւնները, որ դարերու ընթացքին փնտռած է այդպէս կոչուած թանկարժէք մետաղները՝ արծաթն ու ոսկին։ Մարդիկ ոսկիի համար զիրար սպաննած են։ Ուրիշներ իրենց լման կեանքը վատնած են, փորձելով զայն գտնել։ Սակայն, ոսկիին իսկական արժէքը ի՞նչ է։ Եթէ անապատին մէջ կորսուած ըլլաք եւ ձեր ծարաւէն պիտի մեռնիք, ի՞նչ կը նախընտրէք. կտոր մը ոսկի՞, թէ գաւաթ մը ջուր։ Այսուհանդերձ, մարդիկ ի՜նչ եռանդով ոսկի փնտռած են, ի հեճուկս անոր երեւութական եւ անկայուն արժէքին։a Որքա՜ն աւելի եռանդով իմաստութիւն, հանճար եւ Աստուծոյ ու իր կամքին հասկացողութիւնը պէտք է փնտռենք։ Սակայն, այսպիսի փնտռտուք մը ի՞նչ օգուտներ կը բերէ։—Սաղմոս 19։7-10. Առակաց 3։13-18

  • Աստուծոյ Խօսքին անձնական ուսումնասիրութենէն հաճոյք առէք
    Դիտարան 2002 | Դեկտեմբեր 1
    • a 1979–էն ի վեր, ոսկիին արժէքը վերիվայրումներ կրած է, ունկիի մը բարձրագոյն արժէքը $850 ըլլալով 1980–ին, իսկ նուազագոյնը՝ $252.80, 1999–ին։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել