Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ալքոլի գործածութեան հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ պահպանէ
    Դիտարան 2004 | Դեկտեմբեր 1
    • 2. Ալքոլի գործածութեան վերաբերեալ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

      2 Հաճոյալի պարգեւ մը լաւ է միայն երբ պատշաճօրէն գործածուի։ Օրինակ, մեղրը «աղէկ է», բայց «շատ մեղր ուտելը աղէկ չէ»։ (Առակաց 24։13. 25։27) Մինչ ‘քիչ մը գինի’ խմելը կրնայ հաճելի ըլլալ, խմիչքի չափազանց գործածութիւնը լուրջ խնդիր է։ (Ա. Տիմոթէոս 5։23) Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ. «Գինին ծաղրող է, եւ օղին՝ կռիւ ծագեցնող. ո՛վ որ ասոնցմով մոլորի՝ իմաստուն չէ»։ (Առակաց 20։1, ԱՎ) Սակայն ի՞նչ բան կ’ապացուցանէ ալքոլով մոլորիլը։a Ո՞ր քանակը չափազանց է։ Այս ուղղութեամբ ի՞նչ է հաւասարակշռուած տեսակէտը։

      Ի՞նչպէս Ալքոլով «Մոլորիլ»

      3, 4. (ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչը կը դատապարտէ գինովութեան աստիճան խմելը։ (բ) Գինովութեան կարգ մը ախտանշանները ի՞նչ են։

      3 Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, այն զաւակը որ անզեղջ որկրամոլ ու գինեմոլ էր, մինչեւ մահ պէտք էր քարկոծուէր։ (Բ. Օրինաց 21։18-21) Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեաները յորդորեց. «Հիմա գրեցի ձեզի որ չյարաբերիք, եթէ ոեւէ մէկը՝ որ եղբայր կը կոչուի, ըլլայ պոռնկող, կամ ագահ, կամ կռապաշտ, կամ հեգնող, կամ արբեցող, կամ յափշտակող. այդպիսի մարդու հետ մի՛ ուտէք անգամ»։ Բացորոշ է որ Սուրբ Գրութիւնները կը դատապարտեն գինովութեան աստիճան խմելը։—Ա. Կորնթացիս 5։11. 6։9, 10

      4 Գինովութեան ախտանշանները նկարագրելով, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մի՛ նայիր գինիին կարմրութեան, երբ բաժակին մէջ իր գոյնը կը ցուցնէ ու դիւրութեամբ կը հոսի։ Ան վերջը օձի պէս կը խածնէ, եւ իժի պէս կը խայթէ. արդարեւ քու աչքերդ օտար կիներուն [«բաներու», ՆԱ] պիտի նային, ու սիրտդ նենգութիւն պիտի խօսի»։ (Առակաց 23։31-33, ԱՎ) Չափազանց խմելը թունաւոր օձի պէս կը խայթէ, պատճառելով հիւանդութիւն, մտային շփոթութիւն եւ նոյնիսկ անզգայութիւն։ Գինովը կրնայ «օտար բաներ» տեսնել, այսինքն՝ կրնայ զառանցել կամ ցնորիլ։ Ան նաեւ դիւրաւ կ’արտայայտէ խոտոր գաղափարներ ու փափաքներ, որոնք սովորաբար կը սանձուին։

      5. Ալքոլի անձնատուր ըլլալը ի՞նչ կերպով վնասակար է։

      5 Արդեօք անվնաս բա՞ն մըն է եթէ անհատը ալքոլ գործածէ բայց զգոյշ ըլլայ որ չխմէ այն աստիճան որ իր գինովութիւնը նկատելի դառնայ։ Ոմանք նոյնիսկ մի քանի բաժակ խմելէ ետք, գինովութեան նշաններ չեն ունենար։ Սակայն ինքնախաբէութիւն է խորհիլ թէ այս սովորութիւնը անվնաս է։ (Երեմեայ 17։9) Անհատը աստիճանաբար կրնայ ալքոլի բռնուիլ ու «շատ գինիի ծառայ» դառնալ։ (Տիտոս 2։3, ԱՎ, ստորանիշ) Ալքոլամոլութեան առաջնորդող քայլերուն մասին խօսելով, հեղինակուհի Քարոլին Նէփ կ’ըսէ. «Անիկա դանդաղ, աստիճանական, նենգ ու խաբէական գործընթաց մըն է»։ Ալքոլի անձնատուր ըլլալը ի՜նչ մահաբեր թակարդ մըն է։

      6. Անհատ մը ինչո՞ւ պէտք է խուսափի ալքոլի անձնատուր ըլլալէ, ինչպէս նաեւ՝ շատակերութենէ։

      6 Նկատի առ նաեւ Յիսուսի ազդարարութիւնը. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի. վասն զի բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ որոգայթի մը պէս պիտի հասնի»։ (Ղուկաս 21։34, 35) Ալքոլ գործածելը կրնայ անհատը ֆիզիքապէս ու հոգեւորապէս քնատ ու ծոյլ դարձնել, նոյնիսկ գինովութեան աստիճանին չհասած։ Երեւակայէ որ Եհովայի օրը գայ ու անհատը այդ վիճակին մէջ գտնէ։

  • Ալքոլի գործածութեան հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ պահպանէ
    Դիտարան 2004 | Դեկտեմբեր 1
    • 10. Ալքոլը ի՞նչպէս կրնայ մեր միտքին ազդել, եւ ասիկա ինչո՞ւ վտանգաւոր է։

      10 Ալքոլի անչափաւոր գործածութիւնը անհատին ո՛չ միայն ֆիզիքապէս կը վնասէ, այլեւ՝ հոգեւորապէս։ «Գինին ու քաղցուն սիրտը կը խաբեն», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Ովսեայ 4։11) Ալքոլը միտքին կ’ազդէ։ Մ.Ն. Թմրամոլութեան Ազգային Հաստատութեան մէկ գրականութիւնը կը բացատրէ. «Երբ անհատ մը խմիչք խմէ, ալքոլը մարսողական համակարգէն կ’անցնի արեան շրջան եւ արագօրէն կը հասնի ուղեղին։ Անիկա կը սկսի դանդաղեցնել ուղեղին այն կեդրոնները որ մտածումն ու յուզումը հակակշռի տակ կ’առնեն։ Անհատին ինքնազսպումը կը նուազի ու աւելի ազատ կը զգայ»։ Այս վիճակին մէջ, աւելի հաւանական է որ ‘մոլորինք’, անպատշաճօրէն վարուինք եւ բազմաթիւ փորձութիւններու ենթարկուինք։—Առակաց 20։1

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել