Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ19 թիւ 3 էջ 10-11
  • Դրամական կայունութիւն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Դրամական կայունութիւն
  • Զարթի՛ր 2019
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԼԱՒ ԾՐԱԳԻՐ ԴԻՐ
  • ՎՆԱՍԱԿԱՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐԷ ԶԳՈՒՇԱՑԻՐ
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԱՅԼ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ
  • Դրամը ինչպէ՛ս գործածել
    Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Աղքատութեան մնայուն լուծումը գտնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
Զարթի՛ր 2019
զ19 թիւ 3 էջ 10-11
Ատաղձագործարանի մէջ գործաւորներ

Դրամական կայունութիւն

Շատե՜ր իրենց դրամական խնդիրները նուազեցուցած են, աստուածաշնչական սկզբունքներ գործադրելով։

ԼԱՒ ԾՐԱԳԻՐ ԴԻՐ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն, բայց ամէն արտորացող՝ միայն կարօտութիւն կը բերէ» (Առակաց 21։5)։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ. Պէտք է ծրագիր դնես եւ վստահ ըլլաս որ անոր կը հետեւիս։ Ուստի, ծախսելէ առաջ՝ ուշադրութեամբ ծրագրէ։ Յիշէ թէ չես կրնար ամէն ուզածդ գնել։ Հետեւաբար դրամդ իմաստութեամբ ծախսէ։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ.

  • Պիւտճէիդ կառչէ։ Գրի առ բոլոր ծախսերդ եւ զանոնք խումբերու բաժնէ։ Ետքը, որոշէ թէ իւրաքանչիւր խումբին համար ո՛րքան դրամ պիտի ծախսես։ Եթէ մէկ խումբին համար աւելի դրամ ծախսեցիր, ուրիշ խումբի յատկացուած դրամէն առ։ Օրինակ, եթէ պենզինի յատկացուած գումարէն աւելի ծախսեցիր, նուազ կարեւոր բանի մը յատկացուած գումարէն առ, ինչպէս՝ ճաշարան երթալ։

  • Ջանա՛ պարտքի տակ չմտնել։ Կարելի եղածին չափ պարտապան մի՛ դառնար, հապա քեզի պէտք եղած ապրանքը գնելու համար՝ դրամ մէկ կողմ դիր։ Եթէ վարկաքարտ կը գործածես, ջանա՛ իւրաքանչիւր ամսուան վերջաւորութեան պահանջուած ամբողջ գումարը վճարել, որպէսզի չստիպուիս տոկոս վճարել։ Եթէ պարտք ունիս, զայն գոցելու ծրագիր մը դիր եւ անոր կառչէ։

    Ուսումնասիրութիւն մը կ’ըսէ, թէ երբ անհատ մը վարկաքարտով բաներ կը գնէ, ընդհանրապէս աւելի ծախսելու հակամէտ կ’ըլլայ։ Ուստի, եթէ վարկաքարտ ունիս, զայն զգուշութեամբ գործածէ։

ՎՆԱՍԱԿԱՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐԷ ԶԳՈՒՇԱՑԻՐ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Ձմեռ ըլլալուն համար ծոյլը գետինը չի հերկեր, ուստի հունձքի ատենը պիտի մուրայ ու բան մը պիտի չունենայ» (Առակաց 20։4)։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ. Ծուլութիւնը կրնայ աղքատութեան առաջնորդել։ Ուստի, ժրաջան աշխատող եղիր, եւ կարելի եղածին չափ ծրագրէ ապագայ դրամական վիճակդ։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ.

  • Ծանր աշխատիր։ Եկամուտիդ աղբիւրը պահպանէ՝ աշխատասէր եւ վստահելի ըլլալով։ Գործատէրերը ջանասիրութիւնը կը գնահատեն։

  • Պարկեշտ եղիր։ Գործատիրոջմէդ մի՛ գողնար։ Անպարկեշտութիւնը համբաւդ կ’աւրէ եւ կը դժուարացնէ յետագային գործ գտնելդ։

  • Ագահ մի՛ ըլլար։ Եթէ ջանաս միշտ դրամ շահելու ետեւէ ըլլալ, ի վերջոյ առողջութիւնդ եւ ուրիշներու հետ փոխյարաբերութիւններդ պիտի վնասուին։ Յիշէ որ կեանքի մէջ դրամը ամենակարեւոր բանը չէ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԱՅԼ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ

Տղամարդ մը առցանց Աստուածաշունչը կը կարդայ

Կրնաս Աստուածաշունչը առցանց կարդալ. մատչելի է հարիւրաւոր լեզուներով jw.org կայքին մէջ

ԺԱՄԱՆԱԿԴ ԵՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐԴ ՄԻ՛ ՎԱՏՆԵՐ ԳԷՇ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ։

«Գինեմոլն ու շռայլը աղքատ կ’ըլլան եւ շատ քունը՝ պատռտած հանդերձներ կը հագցնէ» (ԱՌԱԿԱՑ 23։21)։

ԴՐԱՄԻ ՄԱՍԻՆ ՉԱՓԷ ԴՈՒՐՍ ՄԻ՛ ՄՏԱՀՈԳՈՒԻՐ։

«Հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, կամ ի՛նչ պիտի խմէք. ոչ ալ ձեր մարմիններուն համար թէ ի՛նչ պիտի հագնիք» (ՄԱՏԹԷՈՍ 6։25)։

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ՄԻ՛ ՆԱԽԱՆՁԻՐ։

«Չար աչք ունեցող մարդը հարուստ ըլլալու կ’արտորայ, ու չի գիտեր թէ իր վրայ աղքատութիւն պիտի գայ» (ԱՌԱԿԱՑ 28։22)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել