Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ներկայ կեանքին համար գործնական գիրք մը
    Գիրք մը՝ բոլոր մարդոց համար
    • Բայց ծնողական հեղինակութիւնը՝ «խրատի գաւազանը»՝ բնաւ չարաչար պէտք չէ գործածուի։b (Առակաց 22։15. 29։15) Աստուածաշունչը ծնողներուն կը զգուշացնէ. «Ձեր որդիները չափազանց մի՛ պատժէք, ապա թէ ոչ զիրենք պիտի յուսահատեցնէք»։ (Կողոսացիս 3։21, Ֆիլլիբս) Անիկա կ’ընդունի նաեւ, որ ընդհանրապէս ֆիզիքական պատիժը՝ սորվեցնելու ամենէն ազդու կերպը չէ։ Առակաց 17։10–ն կ’ըսէ. «Մէկ յանդիմանութիւնը խոհեմ մարդուն աւելի կ’ազդէ, քան թէ հարիւր գաւազանի հարուած՝ յիմարին»։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կանխարգելիչ կրթութիւնը կը յանձնարարէ։ Երկրորդ Օրինաց 11։19 ծնողները կը յորդորէ որ ոչ–պաշտօնական առիթներէն օգտուին, իրենց զաւակներուն մէջ բարոյական արժէքներ զետեղելու համար։—Տես նաեւ՝ Բ. Օրինաց 6։6, 7։

  • Ներկայ կեանքին համար գործնական գիրք մը
    Գիրք մը՝ բոլոր մարդոց համար
    • b Աստուածաշունչի ժամանակներուն, «գաւազան» բառը (Եբրայերէն շէվէթ) կը նշանակէր «ցուպ» կամ «նեցուկ»՝ հովիւի մը գործածածին նման։10 Այս համարին մէջ հեղինակութեան գաւազանը կը թելադրէ սիրալիր առաջնորդութիւն, ո՛չ թէ՝ բրտութիւն։—Բաղդատել՝ Սաղմոս 23։4։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել