ԳԼՈՒԽ 10
Ամուսնութիւն՝ սիրալիր Աստուծմէ պարգեւ մը
«Երեքպատիկ դերձանը դիւրաւ չի կտրուիր» (ԺՈՂՈՎՈՂ 4։12)։
1, 2. ա) Երբեմն նորապսակ զոյգին վերաբերեալ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին եւ ինչո՞ւ։ բ) Այս գլուխին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։
ԿԸ ՍԻՐԵ՞Ս հարսանիքներու ներկայ գտնուիլ։ Շատերու համար ատոնք շատ հաճելի առիթներ են։ Հարսանիքի օրը հարսն ու փեսան շքեղօրէն հագուած կ’ըլլան եւ անոնց աչքերը ուրախութենէն կը փայլին։ Այդ օրը իրենց ամէնէն երջանիկ օրն է, քանի որ անոնց համար ապագան յուսալից եւ խոստմնալից կը թուի։
2 Սակայն պէտք է խոստովանիլ, թէ ներկայիս ամուսնութիւնը վտանգի մէջ է։ Թէեւ նորապսակ զոյգերուն երջանկութիւն կը մաղթենք, բայց երբեմն կրնանք հարց տալ. ‘Արդեօք անոնց ամուսնութիւնը երջանիկ պիտի ըլլա՞յ։ Անիկա պիտի գոյատեւէ՞’։ Այս հարցումներուն պատասխանները կախեալ են, թէ ամուսինն ու կինը որքանո՛վ կը վստահին ամուսնութեան շուրջ Աստուծոյ խրատներուն ու կը կիրարկեն զանոնք (կարդա՛ Առակաց 3։5, 6)։ Անոնք ասիկա պէտք է ընեն, եթէ կ’ուզեն Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալ։ Այժմ կեդրոնանանք հետեւեալ չորս հարցումներուն շուրջ Աստուածաշունչին տուած պատասխաններուն վրայ։ Ի՞նչ դրդապատճառներով կ’ամուսնանաս։ Ինչպիսի՞ անձ մը կ’ընտրես որպէս կողակից։ Ինչպէ՞ս կրնաս ամուսնական կեանքի համար պատրաստուիլ եւ ի՞նչը կրնայ օգնել, որ ամուսնութիւն մը ուրախութեամբ յարատեւէ։
Ի՞ՆՉ ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՎ Կ’ԱՄՈՒՍՆԱՆԱՍ
3. Ինչո՞ւ խոհեմութիւն պիտի չըլլայ անկարեւոր պատճառներով ամուսնանալ։
3 Ոմանք կը հաւատան թէ երջանիկ ըլլալու համար ամուսնութիւնը կենսական է, խորհելով թէ կեանքի մէջ գոհացում կամ ուրախութիւն չեն կրնար գտնել եթէ կողակից մը չունենան։ Ասիկա ճիշդ չէ։ Օրինակ՝ Յիսուս որպէս ամուրի տղամարդ, ամուրիութեան մասին խօսեցաւ իբրեւ պարգեւ մը եւ յորդոր տուաւ անոնց, որոնք կարող են՝ ամուրի մնալ (Մատթէոս 19։11, 12)։ Պօղոս առաքեալն ալ ամուրիութեան առաւելութիւններուն մասին խօսեցաւ (Ա. Կորնթացիս 7։32-38)։ Սակայն ո՛չ Յիսուս, ոչ ալ Պօղոս ասոր նկատմամբ կանոն մը դրին։ Իրականութեան մէջ, ամուսնութիւնը արգիլելը դասուած է «դեւերու ուսմունքներու» շարքին (Ա. Տիմոթէոս 4։1-3)։ Այսուհանդերձ, ամուրիութիւնը շատ առաւելութիւններ ունի անոնց համար, որոնք կ’ուզեն առանց զբաղումի Եհովայի ծառայել։ Ուստի խոհեմութիւն պիտի չըլլայ ամուսնանալ անկարեւոր պատճառներով, ինչպէս՝ հասակակիցներու ճնշում։
4. Յաջող ամուսնութիւնը զաւակ մեծցնելու համար ինչո՞ւ կարեւոր է։
4 Սակայն ամուսնանալու համար կարեւոր դրդապատճառներ կա՞ն։ Այո՛։ Ամուսնութիւնը եւս մեր սիրալիր Աստուծմէն պարգեւ մըն է (կարդա՛ Ծննդոց 2։18)։ Անիկա ունի որոշ առաւելութիւններ եւ կրնայ բերել օրհնութիւններ։ Օրինակ, յաջող ամուսնութիւնը ընտանեկան կեանքի համար լաւագոյն հիմը կը կազմէ։ Որովհետեւ երեխաները կարիք ունին կայուն միջավայրի մը, ուր ծնողներ կրնան զիրենք մեծցնել, սիրել, կրթել ու առաջնորդել (Սաղմոս 127։3. Եփեսացիս 6։1-4)։ Սակայն զաւակներ մեծցնելը ամուսնանալու միակ պատճառը չէ։
5, 6. ա) Ժողովող 4։9-12–ի համաձայն, սերտ բարեկամութեան կարգ մը գործնական օգուտները ի՞նչ են։ բ) Ամուսնութիւնը ի՞նչ կերպով կրնայ նմանիլ երեքպատիկ դերձանի։
5 Նկատի առ այս գլուխին գլխաւոր համարին նախորդող համարները. «Երկուքը մէկէն աղէկ է, վասն զի անոնց աշխատանքը աղէկ վարձք ունի, քանզի եթէ իյնան, մէկզմէկ կը վերցնեն։ Բայց վա՜յ իյնող մէկուն՝ որ զինք վերցնող մը չունի։ Երկու մարդ մէկտեղ պառկելով կը տաքնան, բայց մէկը ինչպէ՞ս կրնայ տաքնալ երբ առանձինն է։ Եթէ մէկը անոնց բռնութիւն ընէ, երկուքը կրնան անոր դէմ դնել։ Երեքպատիկ դերձանը դիւրաւ չի կտրուիր» (Ժողովող 4։9-12)։
6 Այս համարները սկզբունքով կը խօսին բարեկամութեան արժէքին մասին։ Անշուշտ, ամուսնութիւնը ամէնէն մտերմիկ բարեկամութիւնը կը նկատուի։ Ինչպէս այս համարները ցոյց կու տան, անիկա կրնայ հայթայթել՝ օգնութիւն, մխիթարութիւն ու պաշտպանութիւն։ Ամուսնութիւն մը յատկապէս ամուր է, եթէ անիկա լոկ երկու հոգիի միութիւն չէ։ Ինչպէս այս համարին մէջ նշուած է, երկուպատիկ դերձանը կրնայ դիւրաւ կտրուիլ, բայց երեքպատիկը՝ դիւրաւ չի կտրուիր։ Երբ ամուսինին ու կնոջ գլխաւոր հետաքրքրութիւնը Եհովան հաճեցնել ըլլայ, անոնց ամուսնութիւնը կրնայ նմանիլ այդ երեքպատիկ դերձանին։ Եհովան ամուսնութեան մէջ շատ կարեւոր տեղ մը գրաւելով, արդարեւ անիկա շատ ամուր կ’ըլլայ։
7, 8. ա) Պօղոս ի՞նչ խրատ տուաւ սեռային ցանկութիւններու դէմ պայքարող ամուրի քրիստոնեաներուն։ բ) Աստուածաշունչը ամուսնութեան վերաբերեալ ի՞նչ իրապաշտ տեսակէտ մը կու տայ։
7 Ամուսնութիւնը նաեւ միակ միջոցն է, որով անհատը կրնայ իր սեռային կարիքները պատշաճօրէն գոհացնել։ Ամուսնական կարգադրութեան մէջ, սեռային յարաբերութիւնը կրնայ իրաւացիօրէն նկատուիլ հաճոյքի աղբիւր մը (Առակաց 5։18)։ Ամուրի մը թերեւս պայքարի սեռային ցանկութիւններու դէմ, նոյնիսկ եթէ ան անցուցած է այն ինչ որ Աստուածաշունչը կը կոչէ «երիտասարդութեան ծաղկուն շրջանը»,– այն շրջանը, երբ սեռային ցանկութիւնները զօրաւոր են։ Եթէ ան այդ ցանկութիւնները չզսպէ, անոնք կրնան զինք առաջնորդել պիղծ կամ անվայել վարքի։ Պօղոս ներշնչուեցաւ ամուրիներուն հետեւեալ խրատը գրելու. «Եթէ ժուժկալութիւն չունին՝ թող ամուսնանան, վասն զի աղէկ է ամուսնանալ, քան թէ կրքով բորբոքիլ» (Ա. Կորնթացիս 7։9, 36, ՆԱ. Յակոբոս 1։15)։
8 Անհատ մը ինչ դրդապատճառներով ալ ամուսնանայ, լաւ է որ իրապաշտ ըլլայ։ Քանի որ անոնք, որոնք կ’ամուսնանան «մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան», ինչպէս Պօղոս ըսաւ (Ա. Կորնթացիս 7։28)։ Ամուսնացածները կը դիմագրաւեն մարտահրաւէրներ, որոնցմէ ամուրիները զերծ են։ Սակայն, եթէ որոշես ամուսնանալ, ինչպէ՞ս կրնաս նուազագոյն խնդիրները դիմագրաւել եւ առաւելագոյն օրհնութիւնները վայելել։ Կերպերէն մէկը՝ կողակիցդ խոհեմութեամբ ընտրելն է։
ԻՆՉՊԻՍԻ՞ ԱՆՁ ՄԸ Կ’ԸՆՏՐԵՍ ՈՐՊԷՍ ԿՈՂԱԿԻՑ
9, 10. ա) Պօղոս ո՞ր օրինակով ցոյց տուաւ անհաւատներու հետ ամուսնանալու վտանգը։ բ) Յաճախ ի՞նչ կ’ըլլայ հետեւանքը, երբ անհաւատի մը հետ չամուսնանալու Աստուծոյ խրատը անտեսուի։
9 Պօղոս ներշնչման ներքեւ գրեց կենսական սկզբունք մը, որ պէտք է կիրարկուի կողակից մը ընտրելու ատեն։ Ան ըսաւ. «Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք» (Բ. Կորնթացիս 6։14)։ Հոս ան երկրագործական կեանքէ առնուած օրինակ մը գործածեց։ Եթէ իրարմէ բոլորովին տարբեր չափով կամ զօրութեամբ երկու անասուններ իրարու հետ լծուին, երկուքն ալ պիտի չարչարուին։ Նմանապէս, եթէ հաւատացեալ մը ու անհաւատ մը ամուսնական լուծին ներքեւ գան, անկասկած բախումներ պիտի ունենան։ Եթէ կողակիցներէն մէկը ուզէ Եհովայի սիրոյն մէջ մնալ, մինչ միւսը անտարբեր է ասոր նկատմամբ, անոնց նախապատուութիւնները իրարմէ տարբեր ըլլալով՝ շատ հաւանական է որ նեղութիւն յառաջանայ։ Ուստի Պօղոս քրիստոնեաները յորդորեց որ «միայն թէ Տէրոջմով» ամուսնանան (Ա. Կորնթացիս 7։39)։
10 Սակայն կարգ մը ամուրի քրիստոնեաներ կը յանգին այն եզրակացութեան, թէ նախընտրելի է անհաւասար լուծի մը ներքեւ գալ, քան՝ առանձնութենէ տառապիլ։ Անտեսելով Աստուածաշունչին խրատը, անոնք կ’ամուսնանան Եհովան չպաշտող անհատի մը հետ։ Յաճախ, հետեւանքը ցաւալի կ’ըլլայ։ Որովհետեւ ժամանակ մը ետք, անոնք կ’անդրադառնան թէ ամուսնացած են անհատի մը հետ, որուն հետ չեն կրնար խօսիլ կեանքի ամենակարեւոր հարցերուն շուրջ։ Ամուսնութենէն ետք անոնք շատ աւելի առանձնութենէ կը տառապին, քան՝ երբ ամուրի էին։ Ուրախ ենք, որ կան հազարաւոր ամուրի քրիստոնեաներ, որոնք այս առնչութեամբ տրուած աստուածային խրատին կը վստահին եւ հաւատարմօրէն անոր կը կառչին (կարդա՛ Սաղմոս 32։8)։ Անոնք ամուրի կը մնան, մինչեւ որ գտնեն յարմար կողակից մը Եհովա Աստուծոյ երկրպագուներէն։
11. Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել կողակից մը խոհեմութեամբ ընտրելու (տե՛ս նաեւ «Ինչպիսի՞ կողակից մը կ’ընտրեմ» շրջանակը)։
11 Անշուշտ, իւրաքանչիւր Եհովայի ծառայ անպայմանօրէն յարմար կողակից մը չէ։ Եթէ կողակից կը փնտռես, նկատի առ անձ մը, որուն անձնաւորութիւնն ու հոգեւոր նպատակակէտերը կը համապատասխանեն քուկիններուդ, նաեւ՝ քեզի պէս Աստուծոյ հանդէպ խոր սէր ունենայ։ Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան այս նիւթին շուրջ բազմաթիւ յօդուածներ հրատարակած է։ Իմաստութիւն է որ այս աստուածաշնչական խրատները աղօթքով նկատի առնես եւ թոյլ տաս որ այս կարեւոր որոշումը կայացնելու մէջ քեզ առաջնորդեն (կարդա՛ Սաղմոս 119։105)a։
12. Շատ մը երկիրներու մէջ ամուսնութեան վերաբերեալ ի՞նչ սովորութիւն կայ, եւ այս հարցին նկատմամբ աստուածաշնչական ո՞ր օրինակը որոշ ուղղութիւն կու տայ։
12 Շատ մը երկիրներու մէջ, ծնողնե՛ր կ’ընտրեն իրենց զաւկին համար կողակից մը։ Ասիկա իրենց համար սովորական է, քանի որ, ըստ իրենց մշակոյթին, ծնողներ հարկ եղած իմաստութիւնն ու փորձառութիւնը ունենալով կարող են այսպիսի կարեւոր ընտրութիւն մը ընել։ Նախապէս կարգադրուած ամուսնութիւններ սովորաբար յաջող կ’ըլլան, ինչպէս որ էր պարագան աստուածաշնչական ժամանակներուն։ Աբրահամ իր ծառան ղրկեց Իսահակի համար կին մը գտնելու։ Անոր օրինակը կրնայ օգտակար ըլլալ այն ծնողներուն, որոնք նոյն պարագային մէջ կը գտնուին։ Աբրահամի համար հարսնցուին նիւթական ու ընկերային մակարդակը կարեւոր չէր, այլ ան ջանք թափեց որ Եհովայի երկրպագուներէն Իսահակի համար կին մը գտնէb (Ծննդոց 24։3, 67)։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՅԱՋՈՂ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻԼ
13-15. ա) Առակաց 24։27–ի մէջ գտնուող սկզբունքը ինչպէ՞ս կրնայ ամուսնանալ փափաքող երիտասարդին օգնել։ բ) Երիտասարդուհի մը ամուսնութեան պատրաստուելու համար ի՞նչ կրնայ ընել։
13 Եթէ լրջօրէն կը մտածես ամուսնանալ, դուն քեզի հարց տուր. ‘Իրապէս պատրա՞ստ եմ ամուսնութեան’։ Սակայն պատրաստ ըլլալդ պարզապէս կախեալ չէ սիրոյ, սեռի, ընկերակցութեան կամ զաւակներ մեծցնելու նկատմամբ ունեցած զգացումներէդ։ Հապա մասնայատուկ պատասխանատուութիւններ կան, որոնք ապագայ ամուսինը կամ կինը պէտք է հաշուի առնէ։
14 Ամուսնանալ փափաքող երիտասարդը պէտք է ուշադրութեամբ խորհի սա սկզբունքին մասին. «Դուրսի գործդ կանոնաւորէ եւ զանիկա քու արտիդ մէջ կարգի դիր ու տունդ ետքը շինէ» (Առակաց 24։27)։ Այսինքն՝ եթէ տղամարդ մը ուզէր ընտանիք կազմել, պէտք էր ինքն իրեն հարց տար. ‘Արդեօք պատրա՞ստ եմ կինս ու երեխաներս հոգալու’։ Ասիկա ընելու համար, տղամարդը նախ պէտք էր աշխատէր իր արտին մէջ եւ հոգ տանէր իր բերքին։ Նոյն սկզբունքը կը կիրարկուի նաեւ այսօր։ Եթէ տղամարդ մը ուզէ ամուսնանալ, պէտք է պատրաստ ըլլայ անոր առնչուած պատասխանատուութիւնները կրելու։ Այնքան ատեն որ ան ֆիզիքապէս կարող է, պէ՛տք է աշխատի։ Աստուծոյ Խօսքը կը նշէ, թէ տղամարդ մը որ իր ընտանիքին ֆիզիքական, զգացական ու հոգեւոր կարիքներուն հոգ չի տանիր, անհաւատէ մըն ալ գէշ է (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 5։8)։
15 Ամուսնանալ փափաքող կինն ալ պէտք է յօժարի կարգ մը ծանր պատասխանատուութիւններ կրել։ Աստուածաշունչը կը գովաբանէ կարգ մը հմտութիւններ ու յատկութիւններ, որոնց կարիքը ունի կին մը՝ իր ամուսինին օգնելու եւ իր ընտանիքին հոգ տանելու համար (Առակաց 31։10-31)։ Այն տղամարդիկն ու կիները, որոնք կ’աճապարեն ամուսնանալու, առանց պատրաստուելու անոր առնչուած պատասխանատուութիւնները կրելու, իրապէս անձնասէր են եւ չեն մտածեր թէ իրենց ապագայ կողակիցին ի՛նչ կրնան տալ։ Սակայն ամենակարեւորը, ամուսնանալ ծրագրողները պէտք է կարող ըլլան իրենց ամուսնական կեանքէն ներս Աստուծոյ սկզբունքները կիրարկել։
16, 17. Ամուսնութեան պատրաստուող զոյգը աստուածաշնչական ո՞ր սկզբունքներուն վրայ պէտք է խոկայ։
16 Ամուսնութեան համար պատրաստուիլը կը պարփակէ՝ խոկալ Աստուծոյ կողմէ ամուսինին ու կնոջ նշանակուած դերերուն վրայ։ Օրինակ, տղամարդը պէտք է գիտնայ թէ ի՛նչ կը նշանակէ քրիստոնեայ ընտանիքի մը գլուխը ըլլալ։ Այս դերը անոր իրաւասութիւն չի տար բռնակալի մը պէս վարուելու։ Փոխարէն, ան պէտք է ընդօրինակէ գլխաւորութիւն ի գործ դնելու Յիսուսի կերպը (Եփեսացիս 5։23)։ Նոյնպէս ալ քրիստոնեայ կինը պէտք է հասկնայ կնոջ մը շնորհուած պատուարժան դերը։ Արդեօք ան յօժարակամօրէն պիտի ենթարկուի՞ «էրկանը օրէնք»ին (Հռովմայեցիս 7։2)։ Ան արդէն իսկ Եհովայի ու Քրիստոսի օրէնքին ներքեւ է (Գաղատացիս 6։2)։ Իսկ երբ ամուսնանայ, ան ուրիշ օրէնքի մըն ալ ներքեւ կ’ըլլայ, որ է՝ ամուսինին հեղինակութիւնը։ Արդեօք ան կրնա՞յ թէ՛ թիկունք կանգնիլ եւ թէ ենթարկուիլ անկատար տղամարդու մը հեղինակութեան։ Եթէ չի կրնար, ան պէտք չէ ամուսնանայ։
17 Ասկէ զատ, իւրաքանչիւր կողակից պէտք է պատրաստ ըլլայ միւսին մասնայատուկ կարիքներուն գոհացում տալու (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։4)։ Պօղոս գրեց. «Ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը ու կինը իր այրէն ակնածի»։ Աստուծոյ ներշնչումով, Պօղոս հասկցաւ թէ տղամարդը յատուկ կարիք ունի զգալու, թէ իր կինը զինք խորապէս կը յարգէ, իսկ կինը յատուկ կարիք ունի զգալու թէ իր ամուսինը զինք կը սիրէ (Եփեսացիս 5։21-33)։
Դարպասումի ընթացքին, բազմաթիւ զոյգեր խոհեմաբար կ’ընտրեն որ երրորդ անձ մը իրենց ընկերակցի
18. Դարպասումի շրջանին զոյգը ինչո՞ւ ժուժկալութիւն պէտք է ցուցաբերէ։
18 Հետեւաբար, դարպասումը պարզապէս հաճելի ժամանակ անցընելու առիթ մը չէ։ Անիկա ժամանակ մըն է, երբ տղամարդն ու կինը կը սկսին իրարու մօտէն ճանչնալ, որոշելու համար որ ամուսնանա՞ն թէ ոչ։ Անիկա նաեւ ժուժկալութիւն դրսեւորելու ժամանակաշրջան մըն է, քանի որ այդ շրջանին կիրքերու անձնատուր ըլլալու փորձութիւնը կրնայ զօրաւոր ըլլալ։ Անշուշտ իրարմով հրապուրուիլը բնական բան մըն է, սակայն անոնք, որոնք իրապէս զիրար կը սիրեն, կը խուսափին այն արարքներէն, որոնք կրնան միւսին հոգեւորութեան վնասել (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։6)։ Ուստի, եթէ դարպասումի շրջանին մէջն ես, ժուժկա՛լ եղիր։ Այս յատկութիւնը քեզի կրնայ օգտակար ըլլալ ամբողջ կեանքիդ ընթացքին, ամուսնանաս թէ ոչ։
Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ ՈՐ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԴ ՅԱՐԱՏԵՒԷ
19, 20. Ամուսնութեան նկատմամբ քրիստոնեայի մը տեսակէտը ինչպէ՞ս պէտք է տարբերի ներկայիս շատերու ունեցած տեսակէտէն. բացատրէ՛։
19 Եթէ ամոլը ուզէ որ իր ամուսնութիւնը յարատեւէ, ան պէտք է այս յանձնառութեան նկատմամբ պատշաճ տեսակէտ ունենայ։ Վէպերն ու ֆիլմերը յաճախ մարդոց ցանկացած երջանիկ վախճանը կ’ունենան. ամուսնութիւն։ Սակայն իրական կեանքի մէջ, ամուսնութիւնը վախճանը չէ, այլ՝ սկիզբը,– բանի մը սկիզբը զոր Եհովան ծրագրեց որ յարատեւէ (Ծննդոց 2։24)։ Ցաւօք սրտի, ներկայիս շատեր այդպէս չեն կարծեր։ Որոշ մշակոյթներու մէջ մարդիկ ամուսնական միութիւնը կը կոչեն «կապ», խորհելով թէ անիկա պէտք է որ կապուած մնայ այնքան ատեն որ հարկ է, բայց՝ կարելի է զայն դիւրաւ քակել, ե՛րբ որ անհատը փափաքի։
20 Քանի որ շատեր ամուսնութիւնը կը նկատեն ժամանակաւոր կապ մը, անոնք անվարան կ’ամուսնանան խորհելով թէ անիկա պիտի գոհացնէ իրենց կարիքները։ Իսկ երբ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, անոնք շուտով կ’ամուսնալուծուին։ Սակայն մտաբերէ երեքպատիկ դերձանին օրինակը, որ Աստուածաշունչը կը գործածէ նկարագրելու համար ամուսնութիւնը։ Ժողովող 4։12–ի մէջ, «դերձան» թարգմանուած եբրայերէն բառը նաեւ կ’ակնարկէ պարանի կամ չուանի։ Առագաստանաւերու համար շինուած պարանները ծրագրուած են, որ տոկան եւ բնաւ չմաշին, նոյնիսկ սաստիկ փոթորիկներու դիմաց։ Նոյնպէս, ամուսնութիւնը ծրագրուած է որ տոկայ կեանքի դժուարութիւններուն։ Յիշէ, թէ Յիսուս ըսաւ. «Զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ» (Մատթէոս 19։6)։ Եթէ պիտի ամուսնանաս, ամուսնութեան նկատմամբ այս նոյն տեսակէտը պէտք է ունենաս։ Այսպիսի յանձնառութիւն մը ամուսնութիւնը բե՞ռ կը դարձնէ։ Բնա՛ւ երբեք։
21. Ամուսնացած զոյգեր իրարու նկատմամբ ի՞նչ տեսակէտ պէտք է ունենան, եւ ի՞նչ բան կրնայ իրենց օգնել ասիկա ընելու։
21 Ամուսնացած զոյգը նաեւ իրարու նկատմամբ պէտք է դրական տեսակէտ ունենայ։ Եթէ իւրաքանչիւրը ջանայ միւսին լաւ յատկութիւններուն ու թափած ջանքերուն վրայ կեդրոնանալ, անոնց ամուսնութիւնը ուրախութեան ու թարմացումի աղբիւր պիտի ըլլայ։ Արդեօք անկատար կողակիցին հանդէպ այսպիսի դրական տեսակէտ մը ունենալով իրապաշտ եղած կ’ըլլա՞նք։ Նկատի առ Եհովայի օրինակը։ Ան իրապաշտ է, բայց եւ այնպէս որքան ուրախ ենք որ Ան մեր դրական կողմերուն վրայ կը կեդրոնանայ։ Սաղմոսերգուն հարցուց. «Եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս, Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ» (Սաղմոս 130։3)։ Ամուսնացած զոյգեր նոյնպէս պէտք է իրարու նկատմամբ դրական տեսակէտ ունենան եւ իրարու ներեն (կարդա՛ Կողոսացիս 3։13)։
22, 23. Աբրահամն ու Սառան այսօրուան ամոլներուն ինչպէ՞ս լաւ օրինակ հանդիսացան։
22 Ամուսնական տարիները որքա՛ն գոյատեւեն, այնքա՛ն երջանկութիւն ու գոհունակութիւն կրնան բերել։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ Աբրահամի ու Սառայի ամուսնական կեանքը՝ իրենց ծերութեան շրջանին։ Վստահաբար, անիկա դժուարութիւններէ ու խնդիրներէ զերծ չէր։ Պահ մը երեւակայէ, թէ որքան դժուար ըլլալու էր Սառայի համար, որ հաւանաբար իր վաթսունական տարիքին մէջ էր, ձգել իր հանգստաւէտ տունը բարգաւաճ Ուր քաղաքին մէջ, եւ իր կեանքը շարունակել վրաններու տակ։ Այսուհանդերձ, ան իր ամուսինին գլխաւորութեան ենթարկուեցաւ։ Աբրահամին համար իսկական լրացուցիչ եւ օգնական մը ըլլալով, ան յարգալից կերպով թիկունք կանգնեցաւ իր ամուսինին որոշումներուն։ Սակայն անոր հպատակութիւնը շինծու չէր։ Ան նոյնիսկ «իր մտքին մէջ» իր ամուսինին կ’ակնարկէր որպէս իր տէրը (Ծննդոց 18։12. Ա. Պետրոս 3։6)։ Աբրահամին հանդէպ իր յարգանքը իր սրտէն կը բխէր։
23 Անշուշտ, ասիկա չի նշանակեր թէ Աբրահամն ու Սառան միշտ համակարծիք էին։ Օրինակի համար, անգամ մը Սառան թելադրութիւն մը տուաւ, որ Աբրահամին «շատ դժուար երեւցաւ»։ Բայց Եհովայի առաջնորդութեան հնազանդելով, ան խոնարհաբար իր կնոջ խօսքը մտիկ ըրաւ, ինչ որ ընտանիքին համար օրհնաբեր եղաւ (Ծննդոց 21։9-13)։ Այսօրուան ամոլները, նոյնիսկ անոնք, որոնք տասնամեակներէ ի վեր ամուսնացած են, շատ բան կրնան սորվիլ այս բարեպաշտ ամոլէն։
24. Ինչպիսի՞ ամուսնութիւններ Եհովա Աստուծոյ պատիւ կը բերեն եւ ինչո՞ւ։
24 Քրիստոնէական ժողովքին մէջ հազարաւոր երջանիկ զոյգեր կան, շնորհիւ այն բանին, որ կինը խորապէս կը յարգէ իր ամուսինը, իսկ ամուսինը կը սիրէ ու կը պատուէ իր կինը, ինչպէս նաեւ անոնք միասնաբար կը ջանան Եհովայի կամքը կատարելը իրենց կեանքին մէջ առաջնահերթութիւն դարձնել։ Եթէ որոշես ամուսնանալ, կողակիցդ խոհեմութեամբ ընտրէ, ամուսնութեան համար լաւ պատրաստուէ եւ ջանա՛ որ խաղաղ ու սիրալիր ամուսնութիւն մը ունենաս, որ Եհովա Աստուծոյ պատիւ կը բերէ։ Եթէ ասոնք ընես, վստահաբար ամուսնութիւնդ քեզի պիտի օգնէ Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու։
a Տե՛ս Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը գրքին 2–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։
b Կարգ մը Եհովայի հաւատարիմ ծառաներ, ինչպէս՝ Աբրահամն ու Յակոբը, մէկէ աւելի կիներ ունէին։ Երբ Եհովան անոնց եւ մարմնաւոր իսրայէլացիներուն հետ գործառնութիւններ ունէր, ան բազմակնութեան սովորութիւնը հանդուրժեց։ Թէեւ բազմակնութիւնը ինք չհաստատեց, բայց զայն կարգաւորեց։ Սակայն քրիստոնեաները կը գիտակցին թէ Եհովան այլեւս Իր երկրպագուներուն բազմակնութիւն չի թոյլատրեր (Մատթէոս 19։9. Ա. Տիմոթէոս 3։2)։