-
Ուրիշներ ձեր խրատը կ’ընդունի՞նԴիտարան 1999 | Փետրուար 1
-
-
Երբ կը խրատենք, կարեւոր է շիտակ բառերը ընտրել։ Իմաստուն մարդը Սողոմոն ըսաւ. «Յարմարութեամբ [«ատենին», ՆԱ] ըսուած խօսքը արծաթէ զարդերու մէջ դրուած ոսկիէ խնձորներու կը նմանի»։ (Առակաց 25։11) Ան իր մտքին մէջ ունեցած ըլլալու է գեղեցիկ կերպով փորագրուած արծաթէ ափսէ մը, որու վրայ շատ սիրուն ոսկիէ խնձորներ քանդակուած են։ Անիկա ի՜նչ հաճելի է աչքերուն, եւ նման նուէր մը ստանալը որքա՜ն պիտի գնահատէիք։ Նոյն կերպով, լաւ ընտրուած շնորհալի խօսքերը կրնան զօրաւոր կերպով ձեր օգնել փափաքած անհատին սրտին խօսիլ։—Ժողովողի 12։9, 10
-
-
Ուրիշներ ձեր խրատը կ’ընդունի՞նԴիտարան 1999 | Փետրուար 1
-
-
Ինչպէս Սողոմոն ըսաւ, խրատ մը պէտք է ‘ատենին ըսուի’։ Խրատ մը յաջողութիւն գտնելու համար, ժամանակը շա՛տ կարեւոր է։ Բացայայտ է որ իր ախորժակը կորսնցուցած անհատ մը թերեւս չգնահատէ կերակուր մը։ Կրնայ ըլլալ որ ան տակաւին նոր լաւ ճաշ մը կերած է, կամ թերեւս հիւանդ է։ Ուտելու փափաք չունեցողի մը ստիպմամբ կերցնելը ո՛չ իմաստութիւն է, ո՛չ ալ ընդունելի։
-