Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Եհովան ինչպիսի՞ Անձ մըն է
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • 2. Եհովայի յատկութիւններէն ոմանք ի՞նչ են

      Թէեւ Եհովան չի տեսնուիր, բայց իրական Անձ մըն է, որ շատ դիւրաւ կը սիրուի իր հոյակապ յատկութիւններուն համար։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Տէրը կը սիրէ իրաւունքը եւ երբեք չի լքեր իրեն հաւատարիմ մարդիկը» (Սաղմոս 37։28, ՆԹ)։ Ան նաեւ «բազմագութ ու ողորմած է», մանաւանդ անոնց հանդէպ՝ որոնք կը չարչարուին (Յակոբոս 5։11)։ «Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ» (Սաղմոս 34։18)։ Իսկ գիտէի՞ր որ Եհովան մեր վարուելակերպէն կ’ազդուի։ Այն անձը, որ գէշ բաներ կ’ընէ, զինք կը տխրեցնէ (Սաղմոս 78։40, 41)։ Միւս կողմէ, այն անձը, որ ճիշդը կ’ընէ, զինք կ’ուրախացնէ (կարդա՛ Առակաց 27։11)։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ Եհովան կը սիրենք
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ Եհովան կը սիրենք

      Սուրբ Գիրքը սերտելու սկսելէդ ի վեր, Աստուծոյ աւելի մօտիկ կը զգա՞ս։ Կը փափաքի՞ս շարունակել իրեն հետ բարեկամութիւնդ զօրացնել։ Եթէ այո, յիշէ՛ որ Եհովան ո՛րքան աւելի տեսնէ թէ իրեն հանդէպ սէրդ կ’աճի, ա՛յնքան աւելի քեզ պիտի սիրէ եւ հոգայ։ Ինչպէ՞ս կրնաս իրեն ցոյց տալ, որ զինք կը սիրես։

      1. Եհովային ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք, որ զինք կը սիրենք

      Եհովային հանդէպ մեր սէրը ցոյց կու տանք՝ իրեն հնազանդելով (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 5։3)։ Ան մէ՛կը չի ստիպեր, որ իրեն հնազանդի։ Փոխարէնը, ան մեզի առիթը կու տայ, որ մե՛նք ընտրենք եթէ կ’ուզենք իրեն հնազանդիլ կամ ոչ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան կ’ուզէ որ իրեն ‘սրտանց հնազանդինք’ (Հռովմայեցիս 6։17)։ Ուրիշ խօսքով, ան կ’ուզէ որ իրեն հնազանդիս, ոչ թէ առ ի պարտականութիւն, հապա քանի որ զինք կը սիրես։ Այս գիրքին Մաս 3–ը եւ Մաս 4–ը պատրաստուած են քեզի օգնելու, որ Եհովային հանդէպ սէրդ ցոյց տաս՝ ընելով այն ինչ որ կը սիրէ եւ չընելով այն ինչ որ չի սիրեր։

      2. Ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ, որ Եհովային հանդէպ մեր սէրը ցոյց տանք

      «Արդարին նեղութիւնները շատ են» (Սաղմոս 34։19)։ Բոլորս մեր անկատարութիւններուն դէմ կը պայքարինք։ Եւ թերեւս կը տառապինք դրամական խնդիրներէ, անարդարութենէ եւ ուրիշ դժուարութիւններէ։ Երբ նեղութիւններու մէջ ըլլանք, թերեւս մեզի համար դիւրին չըլլայ ընել ինչ որ Եհովան մեզմէ կը խնդրէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ սխալ ճամբուն հետեւիլը կրնայ աւելի դիւրին ըլլալ։ Բայց երբ Եհովային ուզածը սրտանց կ’ընես, իրեն ցոյց կու տաս, որ զինք ամէն բանէ աւելի կը սիրես։ Ասկէ զատ, կը փաստես որ իրեն հաւատարիմ ես։ Ինքն ալ իր կարգին քեզի հաւատարիմ պիտի ըլլայ։ Ան ‘բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգէ’ (Եբրայեցիս 13։5)։

      ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

      Նկատի առ թէ հնազանդութիւնդ ինչո՛ւ կարեւոր է Եհովային համար, եւ գիտցիր թէ ի՛նչ բան կրնայ քեզի օգնել, որ իրեն հաւատարիմ մնաս։

      3. Հարց մը, որուն հետ կապ ունիս

      Յոբ գիրքին համաձայն, Սատանան զրպարտեց ոչ միայն Յոբը, հապա նաեւ բոլոր անոնք, որոնք կ’ուզեն Եհովային ծառայել։ Կարդացէ՛ք Յոբ 1։1, 6–2։10 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Ըստ Սատանային, Յոբ ինչո՞ւ Եհովային կը հնազանդէր (տե՛ս Յոբ 1։9-11)։

      • Սատանան ի՞նչ կ’ըսէ բոլոր մարդոց մասին, մէջը ըլլալով դուն (տե՛ս Յոբ 2։4)։

      Կարդացէ՛ք Յոբ 27։5բ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Յոբ ինչպէ՞ս փաստեց, թէ իրապէս Եհովան կը սիրէր։

      Սատանան Եհովային մարտահրաւէր կ’ուղղէ։ Ան հարցականի տակ կ’առնէ Յոբի ուղղամտութիւնը, որուն մարմինը պալարներով ծածկուած է, եւ քրոջ մը ուղղամտութիւնը, որ ներկայիս Եհովային կը ծառայէ։

      Յոբ Եհովային հաւատարիմ մնալով փաստեց, որ զինք կը սիրէ

      Մենք Եհովային հաւատարիմ մնալով կը փաստենք, որ զինք կը սիրենք

      4. Եհովային սիրտը ուրախացուր

      Կարդացէ՛ք Առակաց 27։11 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Երբ իմաստութեամբ կը վարուիս եւ Եհովային կը հնազանդիս, ան ի՞նչ կը զգայ։ Ինչո՞ւ։

      5. Կրնա՛ս Եհովային հաւատարիմ ըլլալ

      Եհովային հանդէպ մեր սէրը մեր մէջ փափաք կ’արթնցնէ, որ իր մասին պատմենք ուրիշներուն։ Իսկ մեր հաւատարմութիւնը մեզ կը մղէ որ ատիկա ընենք, նոյնիսկ երբ դիւրին չէ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

      ՎԻՏԷՕ. Հաւատքդ պաշտպանէ հակառակութեան դիմաց (5։09)

      • Ատեններ քեզի համար դժուար կ’ըլլա՞յ ուրիշներուն խօսիլ Եհովային մասին։

      • Վիտէոյին մէջ, ի՞նչ բան Ճէյսընին օգնեց որ իր վախին հետ գլուխ ելլէ։

      Աւելի դիւրին է Եհովային հաւատարիմ ըլլալ, երբ կը սիրենք ի՛նչ որ կը սիրէ եւ կ’ատենք ի՛նչ որ կ’ատէ։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 97։10 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Մինչեւ հիմա սորվածներուդ հիման վրայ, Եհովան ի՞նչ կարգ մը բաներ կը սիրէ։ Ի՞նչ կարգ մը բաներ կ’ատէ։

      • Ինչպէ՞ս կրնաս սորվիլ բարին սիրել ու չարը ատել։

      6. Եհովային հնազանդելով կ’օգտուինք

      Եհովային հնազանդիլը միշտ ամենալաւ բանն է։ Կարդացէ՛ք Եսայի 48։17, 18 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Կը կարծե՞ս որ կրնանք վստահութիւն ունենալ, թէ Եհովան միշտ գիտէ թէ մեզի համար լաւագոյնը ի՛նչ է։ Ինչո՞ւ։

      • Մինչեւ հիմա ինչպէ՞ս օգտուած ես Սուրբ Գիրքը սերտելով եւ ճշմարիտ Աստուծոյն՝ Եհովային մասին գիտնալով։

      ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Աստուծոյ համար կարեւոր չէ թէ ես ինչ կ’ընեմ»։

      • Սուրբ Գիրքէն ի՞նչ համար կրնաս գործածել, որ ցոյց տաս թէ Եհովան զգացումներ ունի եւ կ’ազդուի մեր ըրածներէն։

      ԱՄՓՈՓՈՒՄ

      Կրնաս ցոյց տալ որ Եհովան կը սիրես՝ իրեն հնազանդելով եւ հաւատարիմ մնալով, հակառակ դժուարութիւններուն։

      Վերաքաղ

      • Ի՞նչ սորվեցար Յոբին օրինակէն։

      • Ինչպէ՞ս պիտի փաստես, որ Եհովան կը սիրես։

      • Ի՞նչ բան քեզի պիտի օգնէ, որ Եհովային հաւատարիմ մնաս։

      Նպատակակէտ

      ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

      Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կրնաս հաւատարիմ ըլլալ Եհովային եւ ժողովքին։

      «Հաւատարիմին հետ հաւատարիմ կ’ըլլաս» (16։44)

      Աւելի՛ գիտցիր մարդոց դէմ Սատանային ըրած ամբաստանութիւններուն մասին։

      «Յոբ իր ուղղամտութիւնը կը պահէ» (Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը մաս 6)

      Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս նոյնիսկ պզտիկները կրնան ցոյց տալ, որ Եհովան կը սիրեն։

      Եհովան ուրախացուր (8։16)

      Պատանի մը ինչպէ՞ս կրնայ հաւատարմօրէն Եհովային ուզածը ընել, նոյնիսկ երբ ուրիշ պատանիներ կը փորձեն զինք ստիպել, որ սխալ բան մը ընէ։

      Ընկերներուդ ճնշումին տեղի մի՛ տար (4։00)

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել