-
Ինչպէ՞ս կրնանք լաւ որոշումներ առնելԿեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
-
-
5. Ուրիշներուն խիղճը յարգէ
Տարբեր անձեր տարբեր որոշումներ կ’առնեն։ Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն խիղճը յարգել։ Նկատի առ երկու պարագաներ.
Պարագայ 1. Քոյր մը, որ կը սիրէ դիմայարդարումը (makeup), կը փոխադրուի ժողովքի մը, ուր քոյրերէն շատեր կը նեղանան երբ ուրիշներ կը շպարուին։
Կարդացէ՛ք Հռովմայեցիս 15։1 եւ Ա. Կորնթացիս 10։23, 24 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.
Այս համարներուն հիման վրայ, այս քոյրը թերեւս ի՞նչ որոշէ ընել։ Ի՞նչ պիտի ընես, եթէ մէկու մը հետ ես, որուն խիղճը չի ներեր ընել բան մը, որ քու խիղճդ կը ներէ ընել։
Պարագայ 2. Եղբայր մը գիտէ որ Սուրբ Գիրքը չ’արգիլեր խմիչքի չափաւոր գործածութիւնը, բայց կ’որոշէ բնա՛ւ խմիչք չխմել։ Ան կը հրաւիրուի ընկերային հաւաքոյթի մը, ուր կը տեսնէ որ եղբայրներ խմիչք կը խմեն։
Կարդացէ՛ք Ժողովող 7։16 եւ Հռովմայեցիս 14։10 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.
Այս համարներուն հիման վրայ, այս եղբայրը թերեւս ի՞նչ որոշէ ընել։ Ի՞նչ պիտի ընես, եթէ տեսնես որ մէկը կ’ընէ բան մը, որ քու խիղճդ քեզի չի ներեր ընել։
Ի՞նչ քայլեր լաւ որոշումներու կ’առաջնորդեն
1. Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ որոշելու, թէ ի՛նչ ընես (Յակոբոս 1։5)։
2. Փնտռտուք ըրէ Սուրբ Գիրքին եւ սուրբգրային հրատարակութիւններուն մէջ, գտնելու համար սկզբունքներ, որոնք պարագայիդ կը կիրարկուին։ Նաեւ կրնաս ասոր շուրջ փորձառու քրիստոնեաներու հետ խօսիլ։
3. Մտածէ՛ թէ որոշումդ ինչպէ՛ս պիտի ազդէ քու խիղճիդ եւ ուրիշներու խիղճին։
-
-
Ինչպէ՞ս կրնաս խօսելակերպովդ Եհովան հաճեցնելԿեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
-
-
5. Ուրիշներուն մասին լաւ բաներ ըսէ
Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել, որ ուրիշները չվիրաւորես կամ անոնց անազնիւ խօսքեր չըսես։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։
Վիտէոյին մէջ, եղբայրը ինչո՞ւ ուզեց փոխել այն կերպը, որով կը խօսէր ուրիշներուն մասին։
Ան ի՞նչ ըրաւ, որ փոխուի։
Կարդացէ՛ք Ժողովող 7։16 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
Մէկու մը մասին ժխտական բան մը ըսելէ առաջ, ի՞նչ պէտք է յիշենք։
Կարդացէ՛ք Ժողովող 7։21, 22 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
Այս համարները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել, որ չբարկանաս երբ մէկը քու մասիդ ժխտական բաներ ըսէ։
-