Ձեր կեանքին նպատակը ի՞նչ է
«Իմաստութեան առաջնորդութիւնով [«Սիրտս իմաստութեամբ կ’առաջնորդէի», ՆԱ] . . . որպէս զի տեսնեմ թէ ի՞նչ բան բարի է մարդոց որդիներուն, . . . իրենց կեանքի բոլոր օրերուն մէջ»։—ԺՈՂՈՎՈՂԻ 2։3
1, 2. Ինչո՞ւ սխալ չէ որ անհատ մը իր անձին հանդէպ տրամաբանական չափով հետաքրքրութիւն ունենայ։
ԴՈՒՔ ձեր անձով հետաքրքրուած էք, այդպէս չէ՞։ Ասիկա բնական է։ Անոր համար ամէն օր կ’ուտենք, երբ յոգնինք՝ կը քնանանք ու կը սիրենք բարեկամներու եւ սիրելիներու հետ ըլլալ։ Երբեմն խաղեր կը խաղանք, կը լողանք, կամ կ’ընենք բաներ որոնցմէ հաճոյք կ’առնենք, մեր անձին հանդէպ հաւասարակշռուած հետաքրքրութիւն ցոյց տալով։
2 Այսպիսի ինքնահետաքրքրութիւն ներդաշնակ է Աստուծոյ ներշնչման ներքեւ Սողոմոնի գրածին հետ. «Մարդս ուտելէն ու խմելէն եւ իր աշխատանքովը իր հոգին զուարճացնելէ աւելի լաւ բան չունի»։ Փորձառաբար, Սողոմոն աւելցուց. ‘Ես տեսայ թէ ասիկա ալ Աստուծոյ ձեռքով կ’ըլլայ։ Վասն զի ինծմէ զատ ո՞վ կրնայ աւելի լաւ ուտել ու խմել’։—Ժողովողի 2։24, 25
3. Շատեր ո՞ր շփոթեցուցիչ հարցումները անպատասխան կը գտնեն։
3 Սակայն, գիտէք որ կեանքը ուտելէն, խմելէն, քնանալէն ու կարգ մը լաւ բաներ ընելէն աւելին կը նշանակէ։ Ունինք ցաւեր, յուսախաբութիւններ ու մտահոգութիւններ։ Յաճախ զբաղած ըլլալով, ժամանակ չունինք կեանքի նպատակին մասին խորհրդածելու։ Ձեր պարագան ալ նոյնը չէ՞։ Վերմոնթ Ռոյսթըր, Տը Ուոլ Սթրիթ Ճուրնըլ (Անգլերէն) լրագրին նախկին խմբագիրը, մարդկութեան ծաւալուն գիտութիւնը ու հմտութիւնը նկատի առնելէ ետք, գրեց. «Ահաւասիկ հետաքրքրական բան մը։ Երբ մարդկութեան, անոր դժուարութիւններուն ու այս տիեզերքին մէջ անոր գրաւած տեղին մասին մտածենք, կը տեսնենք որ կեանքը սկսելէն ի վեր շատ քիչ բան սորված ենք։ Ո՛վ ենք, ինչո՛ւ գոյութիւն ունինք եւ ո՛ւր կ’երթանք՝ հարցումները տակաւին պատասխանի կը կարօտին»։
4. Ինչո՞ւ իւրաքանչիւրս պիտի ուզէինք կարող ըլլալ մեզի հետ կապ ունեցող հարցումներուն պատասխանել։
4 Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք՝ Ո՞վ ենք, ինչո՞ւ գոյութիւն ունինք, եւ ո՞ւր կ’երթանք՝ հարցումներուն։ Անցեալ Յուլիսին, Պրն. Ռոյսթըր մահացաւ։ Կը կարծէ՞ք թէ մինչ այդ ան գոհացուցիչ պատասխաններ գտած էր։ Ուրիշ խօսքով, ասիկա ընելու կերպ մը կա՞յ։ Իսկ եթէ այո, անիկա ի՞նչպէս պիտի օգնէ որ աւելի ուրախ ու իմաստալից կեանք մը վայելէք։ Տեսնե՛նք։
Ներատեսութեան Գլխաւոր Աղբիւր մը
5. Եթէ կեանքի նպատակին հետ կապ ունեցող հարցումներուն մասին ներատեսութիւն կը փնտռենք, ինչո՞ւ պէտք է Աստուծոյ դիմենք։
5 Եթէ մեր կեանքի նպատակը առանձին փնտռելու ըլլայինք, թերեւս շատ քիչ կամ բնաւ յաջողութիւն չգտնէինք, ինչպէս է շատ մարդոց ու կիներու, նոյնիսկ շատ ուսեալ եւ փորձառու եղողներու պարագան։ Սակայն, ասոր մէջ մենք մեր գլխուն չենք ձգուած. մեր Ստեղծիչը օգնութիւն հայթայթած է։ Պահ մը խորհեցէք. «յաւիտենից մինչեւ յաւիտեանս» ըլլալով ու տիեզերքին ու պատմութեան մասին ամբողջական գիտութիւն ունենալով, ան ներատեսութեան ու իմաստութեան գերագոյն Աղբիւրը չէ՞։ (Սաղմոս 90։1, 2) Ան մարդիկը ստեղծեց ու անոնց ամբողջ փորձառութենէն տեղեակ է, ուստի ներատեսութեան համար անոր պէտք է նայինք, եւ ոչ թէ սահմանափակ գիտութիւն ու հասկացողութիւն ունեցող անկատար մարդոց։—Սաղմոս 14։1-3. Հռովմայեցիս 3։10-12
6. (ա) Ստեղծիչը ի՞նչպէս պէտք եղած ներատեսութիւնը հայթայթած է։ (բ) Սողոմոն ասոր մէջ ի՞նչպէս պարփակուած է։
6 Թէեւ չենք կրնար ակնկալել որ Ստեղծիչը կեանքի նպատակին մասին անձամբ յայտնութիւն մը փսփսայ մեր ականջներուն, այսուհանդերձ, ան ներատեսութեան աղբիւր մը՝ իր ներշնչեալ Խօսքը՝ հայթայթած է։ (Սաղմոս 32։8. 111։10) Այս ուղղութեամբ Ժողովողի գիրքը յատկապէս արժէքաւոր է։ Աստուած ներշնչեց անոր հեղինակը, այնպէս որ «Սողոմոնին իմաստութիւնը բոլոր արեւելքցիներուն իմաստութենէն . . . աւելի էր»։ (Գ. Թագաւորաց 3։6-12. 4։30-34) Սողոմոնի այցելող թագուհի մը այնքան տպաւորուեցաւ ‘անոր իմաստութենէն’ որ ըսաւ, թէ ասոր կէսը պատմած չէին իրեն եւ թէ անոր իմաստութիւնը լսողները երանելի էին։a (Գ. Թագաւորաց 10։4-8) Սողոմոնի միջոցաւ մեր Ստեղծիչին հայթայթած աստուածային իմաստութենէն մենք ալ կրնանք ներատեսութիւն ու երջանկութիւն ձեռք ձգել։
7. (ա) Սողոմոն երկնքի տակ եղող գործունէութիւններուն մեծամասնութեանց մասին ի՞նչ եզրակացութեան եկաւ։ (բ) Ի՞նչ բան կ’ապացուցանէ Սողոմոնի իրապաշտ արժեւորումները։
7 Ժողովողի գիրքը աստուածատուր իմաստութիւն կը ցոլացնէ, որ Սողոմոնի սրտին եւ մտքին վրայ ազդեցութիւն բանեցուց։ Որովհետեւ Սողոմոն ժամանակ, եկամուտ եւ ներատեսութիւն ունէր, ան «երկնքի տակ բոլոր եղածները» զննեց ու տեսաւ թէ անոր մեծ մասը ‘ունայնութիւն ու հովի համար աշխատութիւն է’. ասիկա ներշնչեալ գնահատում մըն է, զոր ի մտի պէտք է ունենանք, երբ կեանքի մէջ մեր ունեցած նպատակին մասին կը մտածենք։ (Ժողովողի 1։13, 14, 16, ՆԱ) Սողոմոն անկեղծ ու իրապաշտ էր։ Օրինակի համար, Ժողովողի 1։15, 18–ի խօսքերուն վրայ պահ մը խորհեցէք։ Տեղեակ էք որ դարերու ընթացքին մարդիկ փորձած են զանազան կառավարութիւններ, երբեմն անկեղծօրէն փորձելով խնդիրները լուծել ու մարդոց կենցաղը բարելաւել։ Արդեօք անոնցմէ որեւէ մէկը իրապէս շտկա՞ծ է այս անկատար դրութեան բոլոր «ծուռ» բաները։ Թերեւս նկատած էք որ անհատ մը որքան աւելի գիտութիւն ունենայ, ա՛յնքան լաւ կը հասկնայ թէ այս կարճատեւ կեանքի ընթացքին անկարելի է խնդիրները լիովին շտկել։ Այս իրողութեան գիտակցիլը, շատերու յուսահատութիւն կը պատճառէ, բայց ոչ՝ մեզի։
8. Ո՞ր շրջանները երկար ատենէ գոյութիւն ունին։
8 Նկատի առնուելիք ուրիշ կէտ մը որ մեր վրայ ազդեցութիւն կը բանեցնէ, բնութեան կրկնուող շրջաններն է. ինչպէս՝ արեւածագն ու արեւնամուտը կամ հովին ու ջուրին շարժումները։ Անոնք Մովսէսի, Սողոմոնի, Նաբոլէոնի ու մեր նախահայրերուն ատեն կային ու կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ։ Նոյնպէս, «ազգ կ’երթայ եւ ազգ կու գայ»։ (Ժողովողի 1։4-7) Մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած, շատ քիչ բան փոխուած է։ Մարդիկ թէ՛ անցեալին եւ թէ ներկայիս նմանօրինակ գործունէութիւններ, յոյսեր, փառասիրութիւններ եւ իրագործումներ ունեցած են։ Նոյնիսկ եթէ մարդոց մէջէն անհատ մը անուանի եղած կամ իր գեղեցկութեան կամ կարողութիւններուն պատճառաւ համբաւ շահած էր, ներկայիս ո՞ւր է ան։ Մեռած, ու թերեւս ալ մոռացութեան մատնուած է։ Ասիկա յոռետեսութիւն չէ։ Շատեր նոյնիսկ իրենց մեծ պապերուն անունները չեն գիտեր, ո՛չ ալ տեղեակ են թէ անոնք ո՛ւր ծնած կամ թաղուած են։ Հիմա, կրնաք հասկնալ թէ Սողոմոն մարդկային ձեռնարկներն ու ջանքերը ինչո՛ւ իրապաշտօրէն ունայնութիւն կոչեց։—Ժողովողի 1։9-11
9. Մարդկութեան վիճակին մասին իրապաշտ ներատեսութիւն ունենալը ի՞նչպէս կրնայ օգնել մեզի։
9 Փոխանակ մեզ յուսահատեցնելու, մարդկութեան հիմնական վիճակին մասին աստուածային այս ներատեսութիւնը օգտակար ազդեցութիւն մը կրնայ ունենալ, մեզ մղելով որ շուտով անհետանալիք ու մոռցուելիք նպատակակէտերը կամ հետապնդումները սխալ կերպով արժեւորելէ խուսափինք։ Աստուածային այս ներատեսութիւնը պէտք է օգնէ մեզի գնահատելու կեանքէն մեր ձեռք ձգած բաները ու ինչ որ կը փորձենք իրագործել։ Օրինակի համար, փոխանակ ճգնաւորներ ըլլալու, կրնանք հաւասարակշռուած կերպով ուտելէն ու խմելէն հաճոյք առնել։ (Ժողովողի 2։24) Իսկ ինչպէս պիտի տեսնենք, Սողոմոն շատ դրական ու լաւատես եզրակացութեան մը կը յանգի։ Եզրափակելով, ան կ’ըսէ թէ մեծապէս պէտք է արժեւորենք Ստեղծիչին հետ ունեցած մեր յարաբերութիւնը, քանի որ ան կ’օգնէ մեզի որ յաւիտենապէս ուրախ ու նպատակալից ապագայ մը ունենանք։ Սողոմոն շեշտեց. «Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։—Ժողովողի 12։13
Կեանքի Շրջաններուն Ի Տես՝ Նպատակներ Դնել
10. Սողոմոն անասուններուն եւ մարդոց միջեւ ի՞նչ բաղդատութիւն ըրաւ։
10 Ժողովողի գրքին մէջ ցոյց տրուած աստուածային իմաստութիւնը կրնայ յաւելեալ կերպով ալ օգնել կեանքի մէջ մեր նպատակը նկատի առնելու։ Ասիկա ի՞նչպէս կ’ըլլայ։ Քանի որ Սողոմոն իրապաշտօրէն ուշադրութիւն հրաւիրեց տարբեր ճշմարտութիւններու վրայ, որոնց մասին քիչ անգամ կը խորհինք։ Ասոնցմէ մէկը կապ ունի մարդոց ու անասուններու միջեւ եղած նմանութիւններուն հետ։ Յիսուս իր աշակերտները ոչխարներու նմանցուց, բայց եւ այնպէս, ընդհանուր առմամբ մարդիկ անասուններու հետ բաղդատուիլը հաճելի չեն գտներ։ (Յովհաննու 10։11-16) Սողոմոն անուրանալի որոշ իրողութիւններ ալ ներկայացուց. «Աստուած զանոնք [մարդոց որդիները] պիտի փորձէ ու պիտի տեսնեն թէ իրենք անասուններ են։ Վասն զի մարդոց որդիներուն պատահածը եւ անասուններուն պատահածը նոյնն են։ Մէկը ինչպէս կը մեռնի, միւսն ալ այնպէս կը մեռնի։ . . . Մարդը անասունէն աւելի բան մը չունի, վասն զի ամէն բան ունայնութիւն է։ . . . Ամէն բան հողէն եղաւ ու ամէն բան հող պիտի դառնայ»։—Ժողովողի 3։18-20
11. (ա) Անասունի մը տիպական կեանքի շրջանը ի՞նչպէս կարելի է նկարագրել։ (բ) Այսպիսի վերլուծումի մը նկատմամբ ի՞նչպէս կը զգաք։
11 Մտածեցէք անասունի մը մասին, թերեւս ճագար կամ նապաստակ մը, որու դիտելով հաճոյք կ’առնէք։ (Բ. Օրինաց 14։7. Սաղմոս 104։18. Առակաց 30։26) Կամ կրնաք երեւակայել սկիւռ մը, որմէ աւելի քան 300 տեսակ կայ աշխարհի չորս կողմը։ Անոր կեանքի շրջանը ի՞նչ է։ Ծնելէն ետք, անոր մայրը քանի մը շաբաթ կը խնամէ զինք։ Շատ չանցած մուշտակ կ’ունենայ ու բոյնէն դուրս կու գայ։ Անոր հոս–հոն վազվզելը կը տեսնէք, մինչ կը սորվի ուտելիք ճարել։ Բայց յաճախ, այնպէս կը թուի թէ պարզապէս կը խաղայ, վայելելով իր կայտառութիւնը։ Մէկ տարեկան ըլլալէն ետք, ան կը զուգաւորուի։ Ապա բոյն կամ որջ մը պէտք է շինէ ու հոգ տանի իր ձագերուն։ Եթէ բաւարար հատապտուղներ, ընկոյզներ ու հունտեր գտնէ, սկիւռի ընտանիքը կրնայ բազմանալ ու ժամանակ ունենալ իրենց բնակավայրը ընդարձակելու։ Բայց, մի քանի տարուան մէջ, անիկա կը ծերանայ եւ արկածներու ու հիւանդութեան աւելի հակամէտ կը դառնայ։ Շուրջ տասը տարեկանին՝ ան կը սատկի։ Թէեւ չնչին տարբերութիւններ կան սկիւռի տեսակներուն միջեւ, սակայն ընդհանուր առմամբ ասիկա է անոնց կեանքի շրջանը։
12. (ա) Իրապաշտօրէն, շատ մարդոց կեանքի շրջանը ինչո՞ւ սովորական անասունի մը ունեցածին նման է։ (բ) Յաջորդ անգամին՝ երբ մեր ի մտի ունեցած անասունը տեսնենք, ի՞նչ բանի մասին կրնանք մտածել։
12 Մարդոց մեծամասնութիւնը անասունի մը այս կեանքի շրջանին մասին չեն առարկեր, ո՛չ ալ կ’ակնկալեն որ սկիւռ մը կեանքի մէջ բանաւոր նպատակ մը ունենայ։ Սակայն, շատ մարդոց կեանքը ասկէ մեծ տարբերութիւն չունի, այդպէս չէ՞։ Անոնք կը ծնին ու որպէս նորածիններ խնամք կը ստանան։ Կ’ուտեն, կը մեծնան ու պատանեկութեան շրջանին կը խաղան։ Շատ չանցած չափահասներ կը դառնան, կողակից մը կը գտնեն, բնակավայր մը ու ապրուստ ճարելու միջոց կը փնտռեն։ Եթէ յաջողին, կը բազմանան ու կ’ընդարձակեն իրենց տունը (բոյնը), իրենց զաւակները մեծցնելու համար։ Սակայն տասնամեակները արագօրէն կը սահին ու անոնք կը ծերանան։ Անոնք 70 կամ 80 տարի ‘աշխատանքով ու ցաւով’ լեցուն կեանք մը ապրելէ ետք՝ կը մեռնին, եթէ ոչ առաջ։ (Սաղմոս 90։9, 10, 12) Յաջորդ անգամ երբ սկիւռ մը (կամ որեւէ ուրիշ անասուն մը) տեսնէք՝ կրնաք մտածել այս լուրջ իրողութիւններուն մասին։
13. Թէ՛ անասուններուն եւ թէ մարդոց պարագային, ո՞ր վերջաւորութիւնը իրողութիւն մըն է։
13 Հիմա կրնաք հասկնալ թէ Սողոմոն ինչո՛ւ մարդոց կեանքը անասուններուն կեանքին հետ բաղդատեց։ Ան գրեց. «Ամէն բանի ատենը կայ . . . ծնանելու ժամանակ եւ մեռնելու ժամանակ»։ Այս վերջին կարելիութիւնը, այսինքն մահը, թէ՛ մարդուն եւ թէ անասունին պարագային նոյնն է, «մէկը ինչպէս կը մեռնի, միւսն ալ այնպէս կը մեռնի»։ Ան աւելցուց. «Ամէն բան հողէն եղաւ ու ամէն բան հող պիտի դառնայ»։—Ժողովողի 3։1, 2, 19, 20
14. Կարգ մը մարդիկ ի՞նչպէս կը փորձեն կեանքի սովորական շրջանը բարեփոխել, բայց ի՞նչ արդիւնքով։
14 Այս իրապաշտ արժեւորումը ժխտական մտածելակերպ մը չնկատենք։ Շատեր կը փորձեն այս վիճակը բարեփոխել, յաւելեալ ժամեր աշխատելով, որպէսզի կարենան իրենց ծնողներէն աւելի շատ նիւթական ձեռք ձգել։ Անոնք թերեւս աւելի երկար ուսանին՝ որպէսզի աւելի բարձր մակարդակով կենցաղի մը հասնին, մինչ կը փորձեն կեանքի մասին իրենց հասկացողութիւնը ընդլայնել։ Կամ թերեւս, մարմնամարզի կամ սննդականոնի մը հետեւին, աւելի առողջ ըլլալու ու քիչ մը երկար ապրելու համար։ Թերեւս այս ջանքերը որոշ օգուտներ բերեն։ Սակայն, ո՞վ կրնայ երաշխաւորել որ այսպիսի ջանքեր պիտի յաջողին։ Եթէ նոյնիսկ յաջողին, ո՞րքան ժամանակի համար։
15. Մարդոց մեծամասնութեան պարագային, կեանքի ո՞ր անկեղծ արժեւորումը վաւերական է։
15 Սողոմոն հարցուց. «Որովհետեւ ունայնութիւն շատցնող շատ բաներ կան, մարդուն ի՞նչ [«օգուտ», ՆԱ] կը մնայ։ Քանզի ո՞վ գիտէ թէ ո՛ր բանը աղէկ է կենդանի մարդուն՝ ստուերի պէս անցուցած իր ունայն կեանքին բոլոր օրերուն մէջ. վասն զի մարդուն ո՞վ պիտի յայտնէ՝ թէ իրմէ ետքը . . . ի՛նչ պիտի ըլլայ»։ (Ժողովողի 6։11, 12) Քանի որ մահը յարաբերաբար շուտով վերջ կը դնէ անհատի մը ջանքերուն, իրապէս ի՞նչ շահ կայ երբ անհատ մը պայքարի կամ երկար տարիներ ուսում ստանայ, գլխաւորաբար աւելի նիւթական ստացուածքներ ձեռք ձգելու համար։ Քանի որ կեանքը շատ կարճ է ու շուքի պէս կ’անցնի, շատեր կ’ըմբռնեն որ երբ իրենց նպատակը ձախողի, իրենց ջանքերը մարդկային տարբեր նպատակակէտի մը ուղղելու ժամանակ չի մնար. ոչ ալ անհատը վստահ կրնայ ըլլալ թէ «իրմէ ետքը» իր զաւակներուն ի՛նչ պիտի պատահի։
Բարի Անուն մը Վաստկելու Ժամանակն Է
16. (ա) Ի՞նչ պէտք է ընենք զոր անասունները չեն կրնար։ (բ) Ուրիշ ո՞ր ճշմարտութիւնը մեր մտածելակերպին պէտք է ազդէ։
16 Անասուններուն հակառակը, մենք կարողութիւնը ունինք հարց տալու. ‘Ի՞նչ է իմ գոյութեանս նպատակը։ Անիկա պարզապէս, ծնելու ու մեռնելու ժամերով, որոշուած շրջա՞ն մըն է’։ Այս առնչութեամբ, յիշեցէք մարդուն ու անասունին նկատմամբ Սողոմոնի խօսքերուն ճշմարտութիւնը. «Ամէն բան հող պիտի դառնայ»։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ մահը բացարձակապէս վերջ կը դնէ անհատի մը գոյութեան։ Լաւ, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ մարդիկ մահուընէ ետք անմահ հոգի մը չունին որ կը վերապրի։ Մարդիկ հոգի են, ու այն հոգին որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի։ (Եզեկիէլ 18։4, 20) Սողոմոն մանրամասնեց, ըսելով. «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր ու ալ վարձք մը չեն առներ. վասն զի անոնց յիշատակը մոռցուեցաւ։ Ձեռքդ ինչ որ գտնէ ընելու, բոլոր ուժովդ ըրէ, քանզի գերեզմանիդ մէջ գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ»։—Ժողովողի 9։5, 10
17. Ժողովողի 7։1, 2–ն ի՞նչ բանի մասին խորհելու պէտք է մղէ մեզ։
17 Այս անխուսափելի իրողութեան ի տես, նկատի առէք այս խօսքերը. «Բարի անունը՝ հոտաւէտ իւղէն ու մահուան օրը ծննդեան օրէն աղէկ է։ Սուգի տուն երթալը կոչունքի տուն երթալէն աղէկ է. վասն զի ամէն մարդու վախճանը այն է ու կենդանի եղողը զանիկա իր սրտին մէջ պէտք է պահէ»։ (Ժողովողի 7։1, 2) Պէտք է համաձայնինք որ մահը՝ «ամէն մարդու վախճանը» եղած է։ Ո՛չ մէկ մարդ կրցած է յաւիտեան ապրիլ որեւէ տեսակ կենսաջուր խմելով, կենսանիւթի խառնուրդ ուտելով, սննդականոնի կամ մարմնամարզի հետեւելով։ Իսկ սովորաբար, անոնց մեռնելէն ետք շատ չանցած ‘անոնց յիշատակը մոռցուած է’։ Ուստի ինչո՞ւ անուն մը «հոտաւէտ իւղէն ու մահուան օրը ծննդեան օրէն աղէկ է»։
18. Ի՞նչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Սողոմոն յարութեան կը հաւատար։
18 Ինչպէս նկատեցիք, Սողոմոն իրապաշտ էր։ Ան տեղեակ էր որ իր նախահայրերը՝ Աբրահամ, Իսահակ ու Յակոբ, իրապէս բարի անուն մը վաստկած էին մեր Ստեղծիչին քով։ Եհովա Աստուած՝ Աբրահամը լաւ ճանչցած ըլլալով, անոր խոստացաւ որ զինք ու իր սերունդը պիտի օրհնէր։ (Ծննդոց 18։18, 19. 22։17) Այո՛, Աբրահամ Աստուծոյ քով լաւ անուն մը վաստկած էր, անոր բարեկամը ըլլալով։ (Բ. Մնացորդաց 20։7. Եսայեայ 41։8. Յակոբու 2։23) Աբրահամ գիտէր որ իր ու զաւկին կեանքը պարզապէս ծնելու ու մեռնելու անվերջ շրջանի մը մաս չէր կազմեր։ Վստահաբար, կեանքը անկէ աւելին կը պարփակէր։ Անոնք վերստին ապրելու հաստատ հեռանկարը ունէին, ո՛չ թէ անմահ հոգի մը ունենալնուն համար, այլ՝ քանի որ յարութիւն պիտի առնէին։ Աբրահամ համոզուած էր որ «Աստուած կարող է մեռելներէն ալ Իսահակը յարուցանել»։—Եբրայեցիս 11։17-19
19. Ժողովողի 7։1–ի խօսքերուն իմաստին մասին, Յոբէն ի՞նչ ներատեսութիւն կրնանք ձեռք ձգել։
19 Ասիկա բանալի մըն է հասկնալու համար թէ ի՛նչպէս «բարի անունը՝ հոտաւէտ իւղէն ու մահուան օրը ծննդեան օրէն աղէկ է»։ Սողոմոն իրմէ առաջ ապրող Յոբի նման համոզուած էր, թէ Ան որ մարդկային կեանքը ստեղծեց կարող էր զայն վերահաստատել ալ։ Ան կրնար մեռած մարդիկը նորէն կեանքի բերել։ (Յոբայ 14։7-14) Հաւատարիմ Յոբ ըսաւ. «Պիտի կանչես ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ. քու ձեռքերուդ գործը պիտի հաւնիս [«կարօտնաս», ՆԱ]»։ (Յոբայ 14։15) Պահ մը խորհեցէք. Մեր Ստեղծիչը, իր մեռած հաւատարիմ ծառաներուն կը ‘կարօտնայ’։ («Քու ձեռքերուդ գործը պիտի ուզես դարձեալ տեսնել»։—Երուսաղէմի Աստուածաշունչ [Անգլերէն]) Յիսուս Քրիստոսի զոհագործութեան փրկանքը կիրարկելով, մեր Ստեղծիչը կրնայ մարդիկը յարուցանել։ (Յովհաննու 3։16. Գործք 24։15) Յստակօրէն ուրեմն, մարդիկ մեռնող պարզ անասուններէն կրնան տարբեր ըլլալ։
20. (ա) Ե՞րբ մահուան օրը ծննդեան օրէն աւելի լաւ կ’ըլլայ։ (բ) Ղազարոսի յարութիւնը ի՞նչպէս շատերուն ազդած պէտք էր ըլլար։
20 Ասիկա կը նշանակէ թէ մահուան օրը կրնայ անհատի մը ծնած օրէն աւելի լաւ ըլլալ, եթէ անհատը մինչ այդ բարի անուն մը վաստկած ըլլայ Եհովայի քով, որ կարող է մեռնող հաւատարիմները յարուցանել։ Մեծագոյն Սողոմոն՝ Յիսուս Քրիստոս, ասիկա ապացուցանեց։ Օրինակի համար, ան հաւատարիմ Ղազարոսին յարութիւն տուաւ։ (Ղուկաս 11։31. Յովհաննու 11։1-44) Կրնաք երեւակայել թէ Ղազարոսի յարութեան ականատես եղողներէն շատեր ո՛րքան ազդուեցան, ու Աստուծոյ Որդիին հաւատք ընծայեցին։ (Յովհաննու 11։45) Արդեօք կը խորհի՞ք թէ անոնց համար կեանքը նպատակ մը չունէր, գաղափար իսկ չունենալով թէ ո՛վ են եւ ո՛ւր կ’երթան։ Ընդհակառակը, անոնք կրնային տեսնել թէ իրենք անասուններ չեն, որոնք կը ծնին, ատեն մը կ’ապրին ու ետքը կը մեռնին։ Կեանքի մէջ իրենց նպատակը, Յիսուսի Հայրը ճանչնալու ու անոր կամքը կատարելու հետ ուղղակիօրէն ու սերտօրէն կապ ունէր։ Իսկ ձեր պարագային ի՞նչ։ Այս նիւթը նկատի առնելը օգնե՞ց ձեզի տեսնելու, թերեւս աւելի յստակ կերպով, թէ ձեր կեանքը ինչպէ՛ս կրնայ՝ ու պէ՛տք է որ իսկական նպատակ մը ունենայ։
21. Կեանքի մէջ նպատակ գտնելու ո՞ր երեսակը տակաւին կ’ուզենք քննել։
21 Սակայն, կեանքի մէջ իսկական ու իմաստալից նպատակ մը ունենալը, մահուան ու անկէ ետք վերստին ապրելու մասին մտածելէն շատ աւելին կը նշանակէ։ Անիկա իւրաքանչիւր օրուան ընթացքին մեր կեանքը ի՛նչպէս ապրելուն հետ կապ ունի։ Սողոմոն ասիկա ալ յստակ դարձուց Ժողովողի գրքին մէջ, ինչպէս պիտի տեսնենք յաջորդ յօդուածով։
[Ստորանիշ]
a «Սաբայի Թագուհիին մասին դրուագը, շեշտը կը դնէ Սողոմոնի իմաստութեան վրայ, իսկ այդ պատմութիւնը յաճախ աւանդավէպ մը նկատուած է։ (Գ. Թագաւորաց 10։1-13) Սակայն անոր բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Սողոմոնի տուած անոր այցելութիւնը առեւտրական բնոյթ ունէր, ու հետեւաբար հասկնալի էր. այդ դէպքին պատմական ըլլալը կասկածելի չէ»։—Աստուածաշունչի Միջազգային Համայնագիտարանը (1988), Հատոր Դ., էջ 567։
Կը Վերյիշէ՞ք
◻ Անասուններն ու մարդիկ ի՞նչ կերպերով իրարու նման են։
◻ Մահը ինչո՞ւ կը շեշտէ թէ մարդկային ջանքերուն ու գործունէութեան մեծամասնութիւնը ունայն է։
◻ Մահուան օրը ի՞նչպէս ծննդեան օրէն աւելի լաւ է։
◻ Կեանքի մէջ իմաստալից նպատակ մը ունենալը ո՞ր յարաբերութենէն կախեալ է։
[Նկար՝ էջ 21]
Ձեր կեանքը ի՞նչպէս յատկանշականօրէն կը տարբերի անասուններու կեանքէն