-
Ամէն բանի ժամանակը կայԴիտարան 2009 | Ապրիլ 1
-
-
Աստուածաշունչի ներշնչեալ գրողը ոեւէ անհատի ճակատագրին մասին չէր խօսեր, ո՛չ ալ մէկու մը կեանքին վախճանը կը նկարագրէր, այլ՝ կը խօսէր Աստուծոյ նպատակին մասին եւ թէ անիկա ի՛նչպէս մարդկութեան պիտի ազդէ։ Ի՞նչպէս գիտենք։ Հիմնականօրէն, բովանդակութիւնը այս կէտը կը յայտնէ։ «Ժամանակ» ունեցող բազմաթիւ բաներ նշելէ ետք, Սողոմոն գրեց. «Տեսայ այն զբաղումը, որ Աստուած մարդոց որդիներուն տուաւ, որպէս զի անով զբաղին։ Անիկա ամէն բան իր ժամանակին վայելուչ ըրաւ» (Ժողովող 3։10, 11)։
Աստուած մարդուն բազմաթիւ զբաղումներ կամ աշխատանքներ տուած է։ Ան նաեւ մեզի ազատ կամք շնորհած է, որպէսզի ընտրենք թէ ի՛նչ կ’ուզենք ընել։ Սակայն ամէն աշխատանքի համար, շիտակ կամ նպաստաւոր ժամանակ կայ, որպէսզի լաւագոյն արդիւնքը տայ։ Նկատի առ, զոր օրինակ, Ժողովող 3։2–ի մէջ Սողոմոնի սա խօսքը. «Տնկելու ժամանակ ու տնկուածը խլելու ժամանակ»։ Հողագործները գիտեն թէ իւրաքանչիւր բոյսի համար կայ ցանելու յարմար ժամանակ։ Եթէ հողագործ մը այդ պարզ իրողութիւնը անտեսելով եւ սխալ ժամանակին կամ եղանակին սերմանելով, լաւ հունձք չստանայ, հակառակ իր ծանր աշխատանքին, ճակատագի՞րը պէտք է մեղադրէ։ Անշուշտ ոչ։ Ան պարզապէս յարմար ժամանակին չսերմանեց։ Հողագործը լաւ կ’ընէր եթէ Ստեղծիչին հաստատած բնական կանոններուն հետեւէր։
Հետեւաբար, Աստուած ո՛չ թէ անհատներու ճակատագիրը կամ բոլոր դէպքերուն հետեւանքը սահմանած է, այլ՝ մարդկային գործառնութիւնները ղեկավարող սկզբունքներ, իր նպատակին հետ ներդաշնակ։ Իրենց աշխատանքին արդիւնքը վայելելու համար, մարդիկ Աստուծոյ նպատակն ու ժամանակը պէտք է զատորոշեն եւ անոնց համաձայն գործեն։ Նախասահմանուած ու անփոփոխելի բանը անհատներու ճակատագիրը չէ, այլ՝ ի՛նչ որ Աստուած նպատակադրած է ընել։ Եսայի մարգարէին միջոցաւ, Եհովա ըսաւ. «Իմ բերնէս ելած խօսքը. . . ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի» (Եսայի 55։11)։
-
-
Ամէն բանի ժամանակը կայԴիտարան 2009 | Ապրիլ 1
-
-
Աստուծոյ ժամանակը հասկնալ
Սողոմոն բանալի մը տուաւ։ «[Աստուած] ամէն բան իր ժամանակին վայելուչ ըրաւ» ըսելէն ետք, ան աւելցուց. «Մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ. բայց Աստուծոյ ըրած գործը մարդ չի կրնար սկիզբէն մինչեւ վերջը հասկնալ» (Ժողովող 3։11)։
Այս համարին մասին շա՜տ բան գրուած է։ Բայց պարզ իրողութիւնը այն է, թէ առիթով մը մեր սրտին խորը, բոլորս ալ կեանքի իմաստին ու մեր ապագային մասին հարց տուած ենք։ Դարերու ընթացքին, մարդիկ դժուար գտած են ընդունիլ, թէ կեանքը միայն գործեր կատարել է, որոնց վերջ կը դնէ մահը։ Մարդ արարածներս յատուկ ենք, քանի որ կը մտածենք ո՛չ միայն ներկային մասին, այլ նաեւ՝ կեանքի վախճանին եւ ապագային մասին։ Նոյնիսկ կը տենչանք յաւիտեան ապրիլ։ Ինչո՞ւ։ Ինչպէս համարը կը բացատրէ, Աստուած «մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ»։
Այդ տենչը յագեցնելու համար, մարդիկ անդէնական կեանքի գաղափարին կառչած են։ Ոմանք կ’եզրակացնեն թէ մեր մահէն ետք, մեր մէջ բան մը կը շարունակէ ապրիլ։ Ուրիշներ կը հաւատան թէ շարունակ պիտի վերածնինք, անվերջ հոգեփոխութիւններու ենթարկուելով։ Տակաւին ուրիշներ կը խորհին, թէ կեանքի մէջ ամէն բան նախասահմանուած է ճակատագիրով կամ նախախնամութեամբ, եւ ասոր նկատմամբ ոչինչ կրնանք ընել։ Բայց այս բացատրութիւններէն ո՛չ մէկը ամբողջովին գոհացուցիչ եղած է, քանի որ մարդիկ իրենց ջանքերով ‘Աստուծոյ ըրած գործը չեն կրնար սկիզբէն մինչեւ վերջը հասկնալ’, կ’ըսէ Աստուածաշունչը։
Գիտնալու փափաքը եւ պատասխանը գտնելու անկարող ըլլալը, դարերու ընթացքին տառապանքի մատնած է մտաւորականներն ու իմաստասէրները։ Սակայն, քանի որ Աստուա՛ծ մեր սիրտին մէջ այդ տենչը կամ փափաքը դրած է, տրամաբանական չէ՞ իրեն դիմել, որ հայթայթէ զայն գոհացնելու հարկ եղածը։ Արդարեւ Աստուածաշունչը Եհովայի մասին կ’ըսէ. «Քու ձեռքդ կը բանաս ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես» (Սաղմոս 145։16)։ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին դիմելով, կրնանք կեանքին ու մահուան մասին եւ երկրին ու մարդկային ընտանիքին նկատմամբ Աստուծոյ յաւիտենական նպատակին մասին գոհացուցիչ պատասխաններ գտնել (Եփեսացիս 3։11)։
-
-
Ընտրելու ժամանակ մըԴիտարան 2009 | Ապրիլ 1
-
-
«Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք» (Ծննդոց 1։27)։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ բացման էջերուն մէջ գտնուող այս ծանօթ խօսքերը կը նշեն Աստուծոյ ‘իր ժամանակին վայելուչ ըրած’ ամէնէն հոյակապ բաներէն մէկը,– գոյացնել կատարեալ մարդկային զոյգ մը՝ Ադամ եւ Եւա (Ժողովող 3։11)։ Անոնց Ստեղծիչը ըլլալով, Եհովա Աստուած ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք» (Ծննդոց 1։28)։
-