«Մարդուս բոլոր պարտականութիւնը»
«Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։—ԺՈՂՈՎՈՂԻ 12։13
1, 2. Ինչո՞ւ պատշաճ է Աստուծոյ հանդէպ մեր պարտականութիւնը նկատի առնել։
ՎԱՂԵՄԻ մարգարէ մը հետեւեալը հարցուց. ‘Եհովա քեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ’։ Ապա ան սահմանեց Եհովայի պահանջները՝ իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել ու խոնարհութիւնով Աստուծոյ հետ քալել։—Միքիայ 6։8
2 Անհատականութեան ու անկախութեան այս դարուն, շատեր անհանգիստ կը զգան այն գաղափարէն թէ Աստուած իրենցմէ բան մը կը պահանջէ։ Անոնք չեն ուզեր պարտաւորուած զգալ։ Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել այն եզրակացութեան մասին, որու յանգեցաւ Սողոմոն Ժողովողի գրքին մէջ։ «Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։—Ժողովողի 12։13
3. Ժողովողի գիրքը ինչո՞ւ լրջօրէն նկատի պէտք է առնենք։
3 Մեր պարագաները ու կեանքի հանդէպ մեր հայեցակէտը ի՛նչ որ ալ ըլլան, կրնանք մեծապէս օգտուիլ, եթէ նկատի առնենք այդ եզրակացութեան ենթահողը։ Այդ ներշնչեալ խօսքերուն հեղինակը՝ Սողոմոն Թագաւոր, նկատի առաւ մեր առօրեայ կեանքին մաս կազմող բազմաթիւ բաներէն քանի մը հատը։ Ոմանք թերեւս շուտով եզրակացնեն թէ անոր վերլուծումը հիմնականօրէն ժխտական է։ Սակայն անիկա Աստուծմէ ներշնչուած էր ու կրնայ օգնել մեզի գնահատելու մեր գործունէութիւններն ու նախասիրութիւնները, ինչ որ մեր ուրախութեան աւելնալուն պիտի նպաստէ։
Կեանքի Գլխաւոր Հետաքրքրութիւնները Դիմագրաւել
4. Սողոմոն Ժողողովի գրքին մէջ ի՞նչ բաներ քննեց ու նկատի առաւ։
4 Սողոմոն խորունկ կերպով քննեց ‘մարդոց որդիներուն զբաղումը’։ «Իմ սիրտս երկնքի տակ բոլոր եղածները իմաստութեամբ փնտռելու ու քննելու տուի»։ «Զբաղում» ըսելով Սողոմոն անպայման նկատի չունէր անհատի մը գործը, կամ աշխատանքը, այլ այդ ամբողջ գործունէութիւնները, որոնցմով մարդիկ ու կիներ զբաղած կ’ըլլան իրենց կեանքի տեւողութեան։ (Ժողովողի 1։13) Նկատի առնենք կարգ մը գլխաւոր հետաքրքրութիւններ կամ զբաղումներ, ապա զանոնք բաղդատենք մեր անհատական գործունէութիւններուն եւ նախասիրութիւններուն հետ։
5. Մարդկութեան գլխաւոր զբաղումներէն մէկը ի՞նչ է։
5 Վստահաբար, դրամը մարդկային բազմաթիւ հետաքրքրութիւններուն ու գործունէութիւններուն կորիզն է։ Ոչ ոք կրնայ արդարացիօրէն ըսել թէ Սողոմոն դրամի հանդէպ կարգ մը հարուստ մարդոց ունեցած անփոյթ տեսակէտը ունէր։ Ան որոշ չափով դրամ ունենալու կարիքին գիտակցեցաւ. քանի որ բաւարար դրամ ունենալը, աննպաստ պայմաններու կամ չքաւորութեան մէջ ապրելէն լաւ է։ (Ժողովողի 7։11, 12) Սակայն նկատած պէտք է ըլլաք որ դրամը՝ գնելու իր կարողութեամբ, կրնայ թէ՛ աղքատին ու թէ՛ հարուստին կեանքին գլխաւոր նպատակակէտը դառնալ։
6. Յիսուսի առակներէն մէկուն եւ Սողոմոնի անձնական փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվինք դրամի մասին։
6 Յիշեցէք հարուստ մարդուն մասին Յիսուսի տուած առակը. ան բնաւ չէր գոհանար ու կ’աշխատէր որ աւելին ձեռք ձգէ։ Աստուած զինք դատեց որպէս անմիտ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ մեր ‘ստացուածքներէն կախեալ չէ մեր կեանքը’։ (Ղուկաս 12։15-21) Սողոմոն՝ հաւանաբար մեզմէ աւելի փորձառութիւն ունենալով՝ Յիսուսի խօսքերը կը հաստատէ։ Կարդացէք Ժողովողի 2։4-9–ի նկարագրութիւնը։ Սողոմոն որոշ ժամանակ հարստութիւն դիզելով զբաղեցաւ։ Ան փարթամ տուներ ու պարտէզներ շինեց։ Նիւթապէս ի վիճակի ըլլալով, ան գեղեցիկ կիներ առաւ։ Արդեօք հարստութիւնը եւ անով իր ձեռք ձգած բաները խոր գոհունակութիւն, իսկական յաջողութեան զգացում մը ու իր կեանքին իմաստ մը տուա՞ւ։ Ան անկեղծօրէն պատասխանեց. «Ես իմ ձեռքերուս ըրած բոլոր գործերուն ու այդ գործերը ընելու համար իմ թափած աշխատանքիս նայեցայ եւ ահա ամէնքը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք էին ու արեւուն տակ ոեւէ օգուտ չկար»։—Ժողովողի 2։11. 4։8
7. (ա) Դրամի արժէքին նկատմամբ փորձառութիւնը ի՞նչ ցոյց կու տայ։ (բ) Անհատապէս դուք ի՞նչ նկատած էք որ Սողոմոնի եզրակացութեան թիկունք կը կանգնի։
7 Ասիկա իրապաշտութիւն, շատերուն կեանքով փաստուած ճշմարտութիւն մըն է։ Պէտք է ընդունինք, որ շատ դրամ ունենալը բոլոր խնդիրները չի լուծեր։ Անիկա կրնայ կարգ մը խնդիրներ լուծել՝ ուտելիք ու հագուելիք ձեռք ձգելը դիւրացնել։ Սակայն անհատ մը իւրաքանչիւր առիթով կրնայ միայն մէկ ձեռք հագուստ հագնիլ ու միայն որոշ քանակութեամբ ուտել ու խմել։ Հաւանաբար կարդացած ըլլալու էք հարուստ մարդոց մասին, որոնց կեանքերը ամուսնալուծումով, ոգելից ըմպելիի կամ թմրեցուցիչի սխալ գործածութեամբ եւ ազգականական գժտութիւններով քայքայուած են։ Բազմամիլիոնատէր ժ. Բ. Կէթթի ըսաւ. «Դրամը անխուսափելիօրէն երջանկութեան կապուած չէ, թերեւս աւելի ապերջանկութեան հետ կապուած է»։ Լաւ պատճառով մը, Սողոմոն արծաթասիրութիւնը ունայնութեան հետ դասեց։ Այս իրողութիւնը հակադրեցէք Սողոմոնի հետեւեալ դիտողութեան հետ. «Քաղցր է աշխատող մարդուն քունը՝ թէ՛ շատ եւ թէ՛ քիչ ուտէ բայց հարուստին կուշտ ըլլալը չի թողուր որ անիկա հանգիստ քնանայ»։—Ժողովողի 5։10-12
8. Դրամին կարեւորութիւնը չչափազանցելու համար ի՞նչ պատճառ ունինք։
8 Դրամն ու ստացուածքները ապագայի նկատմամբ ալ գոհունակութեան զգացում մը չեն տար։ Եթէ շատ դրամ ու ստացուածքներ ունիք, հաւանաբար աւելի պիտի մտահոգուիք զանոնք պահպանելու համար, ու տակաւին չէք կրնար գիտնալ թէ ապագան ի՛նչ կը վերապահէ։ Թերեւս այս բոլորը կորսնցնէք, նոյնիսկ՝ ձեր կեանքը։ (Ժողովողի 5։13-17. Ժողովողի 9։11, 12) Քանի որ պարագան այս է, դժուար պէտք չէ ըլլայ հասկնալ որ մեր կեանքը կամ զբաղումը ինչո՛ւ աւելի բարձր, աւելի մնայուն իմաստ մը պէտք է ունենայ, քան դրամն ու ստացուածքները։
Ընտանիք, Համբաւ ու Հեղինակութիւն
9. Սողոմոնի վերլուծման մէջ տեղին ըլլալով ինչո՞ւ ընտանեկան կեանքն ալ պարփակուած է։
9 Կեանքի մասին Սողոմոնի ըրած վերլուծումը, ընտանեկան մտազբաղումներն ալ կը պարփակէր։ Աստուածաշունչը շեշտը կը դնէ ընտանեկան կեանքի վրայ, զաւակներ ունենալու ու զանոնք մեծցնելու ուրախութիւնն ալ մէջը ըլլալով։ (Ծննդոց 2։22-24. Սաղմոս 127։3-5. Առակաց 5։15, 18-20. Առակաց 6։20. Մարկոս 10։6-9. Եփեսացիս 5։22-33) Արդեօք ասիկա՞ է կեանքի գերագոյն նպատակը։ Կը թուի թէ շատեր այդպէս կը խորհին, կարգ մը մշակոյթներու մէջ ամուսնութեան, զաւակներու կամ ընտանեկան կապերու վրայ դրուած շեշտին պատճառով։ Սակայն Ժողովողի 6։3–ը ցոյց կու տայ որ նոյնիսկ հարիւր զաւակ ունենալը գոհունակ կեանք մը ունենալու բանալին չէ։ Երեւակայեցէք թէ քա՜նի ծնողներ իրենց զաւակներուն սիրոյն զոհողութիւններ ըրած են, որպէսզի անոնց լաւ սկիզբ մը տան ու անոնց կեանքը դիւրացնեն։ Թէեւ ասիկա վեհ բան մըն է, բայց վստահաբար մեր Ստեղծիչին նպատակը չէր որ մեր գոյութեան գլխաւոր նպատակը պարզապէս զաւակ բերել ըլլար, ճիշդ ինչպէս անասունները բնազդաբար կ’ընեն՝ որպէսզի իրենց տեսակը շարունակուի։
10. Ընտանեկան կեանքի շուրջ անտեղիօրէն կեդրոնանալը ինչո՞ւ ունայնութիւն է։
10 Սողոմոն, ներատեսութեամբ նկատողութեան յանձնեց ընտանեկան կեանքի կարգ մը իրողութիւնները։ Օրինակի համար, մարդ մը թերեւս իր զաւակներուն ու թոռներուն ապագան նիւթապէս ապահովելու համար ծանր աշխատի։ Սակայն անոնք իմաստուն պիտի ըլլա՞ն, թէ ոչ անմտաբար պիտի վատնեն ծանր աշխատանքով իրենց համար դիզուած ստացուածքները։ Եթէ այս երկրորդը պատահի, ի՜նչ «ունայնութիւն ու մեծ չարիք» պիտի ըլլայ։—Ժողովողի 2։18-21. Գ. Թագաւորաց 12։8. Բ. Մնացորդաց 12։1-4, 9
11, 12. (ա) Շատեր կեանքի ո՞ր հետապնդումներուն վրայ կը կեդրոնացնեն իրենց ուշադրութիւնը։ (բ) Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ համբաւ փնտռելը «հոգիի տանջանք» է։
11 Կայ նաեւ միւս ծայրայեղութիւնը. շատեր բնական ընտանեկան կեանքը երկրորդական սեպելով, վճռած են համբաւ կամ ուրիշներու վրայ հեղինակութիւն ունենալ։ Այս սխալը թերեւս աւելի սովորական է տղամարդոց մէջ։ Այս հակումը ձեր դասընկերներուն, գործակիցներուն կամ դրացիներուն մէջ նկատա՞ծ էք։ Շատեր բուռն կերպով կը պայքարին երեւելի ըլլալու, կարեւոր մէկը դառնալու կամ ուրիշներու վրայ հեղինակութիւն բանեցնելու համար։ Սակայն ասիկա իրապէս որքա՞ն իմաստալից է։
12 Խորհեցէք թէ ոմանք որքա՛ն պայքար կը մղեն պզտիկ կամ մեծ տարողութեամբ անուանի դառնալու համար։ Ասիկա կը նշմարենք դպրոցին, մեր համայնքին ու ընկերային զանազան խումբերու մէջ։ Ասիկա մղիչ ոյժ մըն է նաեւ անոնց մէջ, որոնք կ’ուզեն համբաւաւոր արուեստագէտ, զուարճաբան կամ քաղաքագէտ մը դառնալ։ Սակայն ասիկա հիմնականօրէն ունայն ջանք մը չէ՞։ Սողոմոն իրաւացիօրէն զայն կոչեց «հոգիի տանջանք»։ (Ժողովողի 4։4) Նոյնիսկ եթէ պատանի մը մարզական կամ երաժշտական խմբակի մը մէջ կարկառուն դառնայ, կամ եթէ կին մը կամ տղամարդ մը առեւտրական ընկերութեան կամ համայնքի մը մէջ բարի համբաւ վաստկի, իրապէս քանի՞ հոգի տեղեակ կ’ըլլայ ատկէ։ Արդեօք երկրագունդին (կամ նոյնիսկ նոյն երկրին) միւս կողմը ապրողները գիտե՞ն որ այդ անձը գոյութիւն ունի, թէ ոչ անոնք պարզապէս իրենց կեանքը կը շարունակեն, բոլորովին անտեղեակ՝ անհատին ունեցած համբաւէն։ Նոյն բանը կրնայ ըսուիլ գործին, քաղաքին կամ խումբի մը մէջ իշխանութիւն կամ հեղինակութիւն ձեռք ձգած ոեւէ անհատի մասին։
13. (ա) Ժողովողի 9։4, 5–ը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի, համբաւ կամ հեղինակութիւն ձեռք ձգելու ետեւէ ըլլալու մասին պատշաճ տեսակէտ մը ունենալու։ (բ) Եթէ մեր ապրելիք կեանքը միայն այս է, ի՞նչ իրողութիւններ պէտք է դիմագրաւենք։ (Տես՝ ստորանիշը։)
13 Այսպիսի կարկառուն դիրք կամ հեղինակութիւն մը ունենալը, վերջաւորութեան ի՞նչ արդիւնք կու տայ։ Քանի որ սերունդ մը կ’երթայ եւ ուրիշ մը կու գայ, կարկառուն կամ հեղինակաւոր մարդիկ կը մեռնին ու կը մոռցուին։ Ասիկա ճշմարիտ է շինարարներու, երաժիշտներու եւ ուրիշ արուեստագէտներու, ընկերային բարեկարգիչներու, ինչպէս նաեւ քաղաքագէտներու ու զինուորական հրամանատարներու պարագային։ Քանի՞ յատկանշական անհատներ կը ճանչնաք, որոնք 1700–էն 1800 թուականներուն միջեւ ապրած ու վերոյիշեալ զբաղումներէն մէկը ունեցած են։ Սողոմոն հարցերը շիտակ կերպով արժեւորեց, ըսելով. «Ողջ շունը մեռած առիւծէն աղէկ է։ Որովհետեւ անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր . . . անոնց յիշատակը մոռցուեցաւ»։ (Ժողովողի 9։4, 5) Իսկ եթէ կեանքը միայն այս է, այն ատեն կարկառուն կամ հեղինակաւոր դառնալու համար պայքար մղելը իրապէս ունայնութիւն է։a
Մեր Հետաքրքրութեան Կեդրոնը ու Պարտականութիւնը
14. Ժողովողի գիրքը անհատապէս ինչո՞ւ պէտք է օգնէ մեզի։
14 Սողոմոն բազմատեսակ գործունէութիւններու, նպատակակէտերու ու հաճոյքներու մասին չխօսեցաւ, որոնց շուրջ մարդիկ կը կեդրոնացնեն իրենց կեանքը։ Սակայն, ինչ որ գրեց ան՝ բաւարար է։ Այս գիրքը նկատի առնելը անհաճոյ կամ ժխտական պէտք չէ թուի մեզի, քանի որ իրապաշտօրէն վերաքաղ ըրինք Աստուածաշունչէն գիրք մը՝ զոր Եհովա Աստուած կանխամտածութեամբ ներշնչեց մեր օգտին համար։ Անիկա կրնայ ամէն մէկուս օգնել կեանքի հանդէպ մեր հայեցակէտը ու հետաքրքրութեան կեդրոնը շտկելու։ (Ժողովողի 7։2. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Մանաւանդ, երբ նկատի ունենանք այն եզրակացութիւնները որոնց Սողոմոն յանգեցաւ Եհովայի օգնութեամբ։
15, 16. (ա) Կեանքը վայելելու նկատմամբ Սողոմոնի տեսակէտը ի՞նչ էր։ (բ) Ըստ Սողոմոնի, կեանքը վայելելու համար ի՞նչ բան անհրաժեշտ է։
15 Սողոմոն կրկնակիօրէն յարուց այն կէտը թէ ճշմարիտ Աստուծոյ ծառաները Իր առջեւ իրենց կատարած գործունէութիւններուն մէջ ուրախութիւն պէտք է գտնեն։ «Այս գիտեմ, որ ուրախ ըլլալէ ու կենդանութեան ատեն աղէկութիւն ընելէ զատ, ուրիշ աղէկ բան չկայ անոնց մէջ։ Նաեւ ամէն մարդու ուտելն ու խմելը եւ իր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայլելը Աստուծոյ պարգեւն է»։ (Ժողովողի 2։24. 3։12, 13. 5։18. 8։15) Նկատի առէք թէ Սողոմոն չէր քաջալերեր շուայտանքը, ոչ ալ ան ‘ուտենք, խմենք ու զուարճանանք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք’ տեսակէտը կ’որդեգրէր։ (Ա. Կորնթացիս 15։14, 32-34) Անիկա ըսել կ’ուզէր թէ բնական զուարճութիւններու՝ ինչպէս ուտելու ու խմելու մէջ, հաճոյք պէտք է գտնենք, մինչ ‘կենդանութեան ատեն աղէկութիւն կ’ընենք’։ Ասիկա աներկբայելիօրէն մեր կեանքը կը կեդրոնացնէ Ստեղծիչին կամքին վրայ, որ բարիին իրապէս ի՛նչ ըլլալը կ’որոշէ։—Սաղմոս 25։8. Ժողովողի 9։1. Մարկոս 10։17, 18. Հռովմայեցիս 12։2
16 Սողոմոն գրեց. «Գնա՛ հացդ ուրախութեամբ կե՛ր ու գինիդ ուրախ սրտով խմէ՛, վասն զի Աստուած քու գործերուդ հաւնեցաւ»։ (Ժողովողի 9։7-9) Այո, այն մարդը կամ կինը որ գործունեայ է Եհովան հաճեցնող գործերու մէջ, իրապէս ճոխ ու գոհացուցիչ կեանք մը կը վարէ։ Ասիկա կը պահանջէ որ զինք յարատեւաբար նկատի առնենք։ Այս հայեցակէտը որքա՜ն տարբեր է մարդոց մեծամասնութեան ունեցած հայեցակէտէն, որոնք կեանքին կը մօտենան մարդկային տրամաբանութեանց վրայ հիմնուելով։
17, 18. (ա) Շատեր ի՞նչպէս կը հակազդեն կեանքի իրողութիւններուն։ (բ) Ո՞ր հետեւանքը պէտք է միշտ ի մտի ունենանք։
17 Թէեւ կարգ մը կրօնքներ մահուընէ ետք հանդերձեալ կեանքին մասին կը սորվեցնեն, սակայն շատեր կը հաւատան թէ միայն այս կեանքը գոյութիւն ունի։ Թերեւս նկատած էք որ անոնք Սողոմոնի նկարագրութեան համաձայն կը վարուին. «Որովհետեւ գէշ գործին վրայ վճիռը շուտով չի կատարուիր, այս պատճառով մարդոց որդիներուն սիրտը չարութիւն ընելու փափաքով լեցուած է»։ (Ժողովողի 8։11) Նոյնիսկ չար գործերու միջամուխ չեղող անհատներ, ցոյց կու տան որ իրենց գլխաւոր հետաքրքրութիւնը ներկայ կեանքն է։ Ասիկա պատճառներէն մէկն է թէ ինչո՛ւ դրամը, ստացուածքները, համբաւը, ուրիշներու վրայ հեղինակութիւն ունենալը, ընտանիքը կամ նման հետաքրքրութիւններ չափազանց կարեւոր կը դառնան անոնց համար։ Սակայն, Սողոմոն հարցը հոս չեզրափակեց։ Ան աւելցուց. «Թէեւ մեղաւորը հարիւր անգամ չարութիւն ընէ ու անոր կեանքը երկննայ ալ, ամէն պարագայի ստոյգ գիտեմ թէ բարութիւնը՝ Աստուծմէ վախցողներուն, անոր երեսէն վախցողներուն պիտի ըլլայ, բայց ամբարշտին բարութիւն պիտի չըլլայ. անիկա իր օրերը պիտի չերկնցնէ, հապա ստուերի պէս պիտի ըլլայ. վասն զի Աստուծոյ երեսէն չի վախնար»։ (Ժողովողի 8։12, 13) Յստակօրէն, Սողոմոն համոզուած էր թէ հետեւանքը մեզի համար լաւ պիտի ըլլար, եթէ ‘Աստուծմէ վախնայինք’։ Իսկ որքա՞ն լաւ։ Ասոր պատասխանը կրնանք գտնել անոր ըրած հակադրութենէն։ Եհովա կրնայ ‘մեր օրերը երկնցնել’։
18 Տակաւին երիտասարդ եղողները յատկապէս պէտք է խոկան այն ամբողջովին վստահելի իրողութեան մասին որ՝ եթէ Աստուծմէ վախնան, հետեւանքը լաւ պիտի ըլլայ իրենց համար։ Թերեւս անհատապէս տեսած ըլլաք որ ամենէն արագ վազողն իսկ կրնայ սայթաքիլ ու մրցումը կորսնցնել։ Զօրաւոր բանակ մը կրնայ պարտուիլ։ Խոհեմ առեւտրական մը կրնայ աղքատանալ։ Տակաւին ուրիշ կարգ մը անորոշութիւններ կեանքը անգուշակելի կը դարձնեն։ Սակայն կրնաք բոլորովին վստահ ըլլալ թէ ամենէն իմաստուն ու վստահելի ընթացքը հետեւեալն է. կեանքը վայելել մինչ բարիք կ’ընէք Աստուծոյ բարոյական օրէնքներուն ու կամքին համաձայն։ (Ժողովողի 9։11) Ասիկա կը պարփակէ Աստուածաշունչէն Աստուծոյ կամքը սորվիլ, ապա մեր կեանքը անոր նուիրել, ու մկրտուած Քրիստոնեայ մը դառնալ։—Մատթէոս 28։19, 20
19. Երիտասարդները իրենց կեանքերը ի՞նչպէս կրնան գործածել, սակայն ի՞նչ է իմաստուն ընթացքը։
19 Ստեղծիչը պիտի չստիպէ որ երիտասարդներ կամ ուրիշներ իր առաջնորդութեան հետեւին։ Անոնք կրնան ուսումի մէջ թաղուիլ, թերեւս նոյնիսկ իրենց կեանքի ամբողջ տեւողութեան, մարդկային իմաստութեամբ գրուած անթիւ գրքերու աշակերտներ դառնալ։ Սակայն ասիկա ի վերջոյ մարմինը պիտի յոգնեցնէ։ Անոնք կա՛մ իրենց անկատար մարդկային սրտով պիտի առաջնորդուին, կա՛մ ալ իրենց աչքերուն հաճոյ երեւցած բաները պիտի ընեն։ Ասիկա վստահաբար վիշտ պիտի պատճառէ ու այսպիսի կեանք մը վերջաւորութեան ունայն պիտի ըլլայ։ (Ժողովողի 11։9–12։12. Ա. Յովհաննու 2։15-17) Հետեւաբար, Սողոմոն կոչ կ’ուղղէ երիտասարդներուն, կոչ մը՝ որ լրջօրէն նկատի պէտք է առնենք, ի՛նչ որ ալ ըլլայ մեր տարիքը. «Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ, դեռ թշուառութեան օրերը չեկած ու այն տարիները չհասած, որոնց մէջ պիտի ըսես՝ ‘Անոնց չեմ հաւնիր’»։—Ժողովողի 12։1
20. Ժողովողի գրքին մէջ գտնուած պատգամին նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտը ի՞նչ է։
20 Արդ, այս բոլորէն ի՞նչ կ’եզրակացնենք։ Սողոմոն ինք ի՞նչ եզրակացութեան յանգեցաւ։ Ան տեսաւ, կամ քննեց, «արեւուն տակ բոլոր գործուած գործերը . . . եւ ահա ամէնքն ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք են»։ (Ժողովողի 1։14) Ժողովողի գրքին մէջ մելամաղձոտ կամ դժգոհ մարդու մը խօսքերը չէ որ կը գտնենք։ Անոնք Աստուծոյ ներշնչուած Խօսքին մաս կը կազմեն ու մեր նկատողութեան արժանի են։
21, 22. (ա) Սողոմոն կեանքի ո՞ր երեսակները նկատի առաւ։ (բ) Ան ո՞ր իմաստուն եզրակացութեան յանգեցաւ։ (գ) Ժողովողի գրքին բովանդակութիւնը քննելը ի՞նչպէս ազդեց ձեզի։
21 Սողոմոն քննեց մարդկային աշխատանքը, դժուարութիւններն ու իղձերը։ Ան խորհրդածեց գործառնութիւններու բնական ընթացքին հետեւանքներուն, բազմաթիւ մարդոց ունեցած վհատեցուցիչ եւ ունայն վերջաւորութեան մասին։ Ան նկատի առաւ մարդկային անկատարութեան իրողութիւնը ու անկէ յառաջ եկած մահը։ Ան նաեւ ներմուծեց մեռելներու վիճակին ու ապագայ կեանքի մը հեռանկարներուն մասին աստուածատուր գիտութիւնը։ Այս բոլորը գնահատուեցաւ մարդու մը կողմէ, որու իմաստութիւնը Աստուած աւելցուց, այո՛, ան ցարդ ապրած ամէնիմաստուն մարդոցմէ մէկն է։ Ապա անոր յանգած եզրակացութիւնը Սուրբ Գրութիւններուն մաս կազմեց, որպէսզի անկէ օգտուին բոլոր անոնք, որոնք իրապէս իմաստալից կեանք մը կ’ուզեն։ Մենք ալ համամիտ պէտք չէ՞ ըլլանք։
22 «Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է։ Քանզի Աստուած ամէն գործ, ամէն ծածուկ բաներու հետ, թէ՛ բարին եւ թէ՛ չարը դատաստանի պիտի բերէ»։—Ժողովողի 12։13, 14
[Ստորանիշ]
a Անգամ մը Դիտարան–ը հետեւեալ խորաթափանց մեկնութիւնը տուաւ. «Այս կեանքը պէտք չէ վատնենք ունայն բաներով։ . . . Եթէ կեանքը միայն ասիկա է, ուրեմն կարեւոր բան մը չկայ։ Այս կեանքը կը նմանի դէպի երկինք նետուած գնդակի մը, որ շուտով դարձեալ գետին կ’իյնայ։ Անիկա վաղանցիկ շուք մը, թառամող ծաղիկ մը, խոտի տերեւ մըն է որ կը կտրուի ու շուտով կը չորնայ։ . . . Յաւիտենականութեան նժարին վրայ, մեր կեանքը անարժէք փոշի մըն է։ Ժամանակի հոսանքին մէջ մեր կեանքի տեւողութիւնը նոյնիսկ ջուրի կաթիլ մը չէ։ Սողոմոն՝ մարդոց բազմաթիւ հետաքրքրութիւններն ու գործունէութիւնները վերաքաղ ընելէ ետք, վստահաբար իրաւունք ունէր զանոնք ունայնութիւն կոչելու։ Այնքան շուտով կը մեռնինք որ կարծես աւելի լաւ կ’ըլլար եթէ բնաւ ծնած չըլլայինք. այդ միլիառաւոր անհատներէն մէկն ենք որ կու գանք ու կ’երթանք, բայց շա՜տ քիչեր տեղեակ կ’ըլլան որ մենք հոս էինք։ Ասիկա անհաճելի, մելամաղձոտ, տխուր կամ յոռետես տեսակէտ մը չէ։ Ասիկա ճշմարտութիւն է, դիմագրաւելիք իրողութիւն մը, գործնական տեսակէտ մը, եթէ միմիայն այս է կեանքը»։—1 Օգոստոս 1957, էջ 472։
Կը Յիշէ՞ք
◻ Ի՞նչպէս իմաստուն կերպով կրնաք արժեւորել ձեր կեանքին մէջ դրամին ունեցած դերը։
◻ Ինչո՞ւ ընտանիքը, համբաւը կամ ուրիշներու վրայ հեղինակութիւն ունենալը անտեղիօրէն պէտք չէ շեշտենք։
◻ Զուարճութեան նկատմամբ Սողոմոն աստուածային ո՞ր տեսակէտը քաջալերեց։
◻ Ժողովողի գիրքը քննելով՝ ի՞նչպէս օգտուեցաք։
[Նկար՝ էջ 26]
Դրամը ու ստացուածքները գոհունակութիւն չեն երաշխաւորեր