Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 5/1 էջ 22-26
  • Ուրախութեամբ աղաղակելու պատճառ ունինք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ուրախութեամբ աղաղակելու պատճառ ունինք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ուրախանալու Կարիքը Ունեցող Ժողովուրդ
  • Ուրախ՝ Փոխուած Կացութեան Համար
  • Երկիրը Դրախտային Վիճակի Բերել
  • Ուրախ՝ հիմա եւ յաւիտեան
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Դրախտ՝ քեզի՞ համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 5/1 էջ 22-26

Ուրախութեամբ աղաղակելու պատճառ ունինք

«Անոնք ցնծութիւն եւ ուրախութիւն պիտի ստանան եւ տրտմութիւնն ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանան»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 35։10

1. Ներկայիս որո՞նք ուրախութեան մասնայատուկ պատճառ ունին։

ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ նշմարած էք որ մեր օրերուն շատ քիչեր իրապէս ուրախ են։ Սակայն, Եհովայի Վկաները որպէս ճշմարիտ Քրիստոնեաներ՝ ունին այս ուրախութիւնը։ Այդ նոյն ուրախութիւնը ձեռք ձգելու ակնկալութիւնը մատչելի է նաեւ, Վկաներուն հետ ընկերակցող, բայց տակաւին չմկրտուած միլիոնաւոր ուրիշ երիտասարդներու եւ տարեցներու։ Քանի որ դուք հիմա այս պարբերաթերթէն այս խօսքերը կը կարդաք, կը մատնանշէ որ դուք ալ արդէն այս ուրախութիւնը ունիք, կամ զայն ձեռք ձգելու վրայ էք։

2. Քրիստոնեային ուրախութիւնը ի՞նչպէս կը հակադրուի շատ մը մարդոց ընդհանուր տրամադրութեան հետ։

2 Շատեր կը զգան որ իրենց կեանքին մէջ բան մը կը պակսի։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ձեր մասին։ Ճիշդ է որ թերեւս ձեզի պիտանի եղող նիւթական ամէն բան չունիք. վստահաբար հարուստներուն եւ հեղինակաւոր անհատներուն ունեցած բոլոր բաները չունիք։ Թերեւս կը փափաքէիք աւելի լաւ առողջութիւն մը ունենալ, կամ աւելի կայտար ըլլալ։ Այսուհանդերձ, առանց վարանելու կրնանք ըսել որ ուրախութեան հարցին մէջ, երկրի միլիառաւոր մարդոցմէ աւե՛լի հարուստ եւ աւե՛լի առողջ էք։ Ի՞նչպէս։

3. Ո՞ր իմաստալից խօսքերը մեր ուշադրութեան կ’արժանանան եւ ի՛նչու։

3 Յիշեցէք Յիսուսի խօսքերը. «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէսզի իմ ուրախութիւնս ձեր մէջ մնայ ու ձեր ուրախութիւնը լման ըլլայ»։ (Յովհաննու 15։11) «Ձեր ուրախութիւնը լման ըլլայ»։ Ի՜նչ նկարագրութիւն։ Եթէ Քրիստոնէական ապրելակերպը վերլուծենք, մեր ուրախութիւնը լման ըլլալու շատ պատճառներ պիտի գտնենք։ Եսայեայ 35։10–ի հիմա իսկ իմաստալից եղող խօսքերը նկատի առնենք։ Կ’ըսենք իմաստալից, քանի որ անոնք ուղղակի կապ ունին մեզի հետ։ Կը կարդանք. «Տէրոջը [Եհովայի] փրկածները պիտի դառնան, երգով Սիօն պիտի գան եւ անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական [անվերջ] ուրախութիւն պիտի ըլլայ։ Անոնք ցնծութիւն եւ ուրախութիւն պիտի ստանան եւ տրտմութիւնն ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանան»։

4. Եսայեայ 35։10–ի մէջ ի՞նչպիսի ուրախութեան մասին է խօսքը եւ ի՛նչու ասոր ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք։

4 ‘Անվերջ ուրախութիւն’։ «Անվերջ» արտայայտութիւնը, Եսայիի գրած Եբրայերէնին ճշգրիտ թարգմանութիւնն է։ Սակայն, ինչպէս ուրիշ համարներ կը հաստատեն, այս համարին մէջ բուն միտքը՝ «յաւիտենական» է։ (Սաղմոս 45։6. 90։2 Եսայեայ 40։28) Ուստի, ուրախութիւնը անվերջ պիտի ըլլայ, քանի որ վիճակները պիտի թոյլատրեն, այո, պիտի արդարացնեն յաւիտենական ուրախութիւնը։ Ասիկա հաճելի չի՞ հնչեր ձեր ականջներուն։ Թերեւս այն տպաւորութիւնը ունենաք որ այս համարը վերացական վիճակ մը կը նկարագրէ։ Ուստի կրնաք խորհիլ, ‘Ասիկա ինծի ու իմ առօրեայ խնդիրներուս ու մտահոգութիւններուս հետ կապ չունի’։ Բայց ճիշդ հակառակը. Եսայեայ 35։10–ի մարգարէական խոստումը ձե՛զի համար իմաստ մը ունի ներկայիս։ Ասիկա տեսնելու համար, Եսայեայ 35–րդ գլուխին գեղեցիկ խօսքերը մաս առ մաս քննենք։ Վստահ եղէք որ տրուած բացատրութիւնը իրապէս պիտի ուրախացնէ ձեզ։

Ուրախանալու Կարիքը Ունեցող Ժողովուրդ

5. Եսայեայ 35–րդ գլուխի մարգարէութիւնը մարգարէական ի՞նչպիսի ժամանակի մը մէջ տրուեցաւ։

5 Լաւ հասկնալու համար, ետ երթանք եւ այս գրաւիչ մարգարէութեան պատմական երեւոյթը աչքէ անցնենք։ Եբրայեցի մարգարէն՝ Եսայի՝ ասիկա գրի առաւ Հ.Դ.Ա. 732–ի ատենները. Բաբելոնական բանակները Երուսաղէմը կործանելէն տասնամեակներ առաջ։ Ինչպէս Եսայեայ 34։1, 2–ը ցոյց կու տայ, Աստուած նախագուշակած էր որ ինք ազգերէն վրէժ պիտի առնէր, մէջը ըլլալով Եդովմէ, զոր յիշուած է Եսայեայ 34։6–ի մէջ։ Բացայայտօրէն, ան վաղեմի Բաբելոնացիները գործածեց ասիկա ընելու համար։ Նմանապէս, Հրեաներուն անհաւատարմութեան պատճառաւ, Աստուած թոյլ տուաւ որ Բաբելոնացիները Յուդան ամայի դարձնեն։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Աստուծոյ ժողովուրդը գերութեան քշուեցաւ եւ անոնց հայրենիքը 70 տարի ամայի մնաց։—Բ. Մնացորդաց 36։15–21

6. Եդովմայեցիներուն եւ Հրեաներուն վրայ գալիք բաներուն միջեւ ի՞նչ տարբերութիւն կար։

6 Սակայն, յատկանշական տարբերութիւն մը կար Եդովմայեցիներուն եւ Հրեաներուն միջեւ։ Եդովմայեցիներու վրայ Աստուծոյ հատուցումը վերջնական էր. ժամանակի ընթացքին, որպէս ժողովուրդ անոնք կորսուեցան։ Ճիշդ է որ տակաւին կրնաք Եդովմայեցիներուն ապրած շրջանի փլատակները այցելել, ինչպէս աշխարհահռչակ Փէթրայի աւերակները։ Սակայն ներկայիս, ‘Եդովմայեցի’ կոչուող ազգ, կամ ժողովուրդ մը գոյութիւն չունի։ Արդ, Բաբելոնացիներու կողմէ Յուդայի ամայացո՞ւմն ալ ընդմիշտ պիտի ըլլար, երկիրը յաւիտենապէս ուրախութենէ զրկելով։

7. Բաբելոնի մէջ գերի եղող Հրեաները ի՞նչպէս հակազդած ըլլալու էին Եսայեայ 35–րդ գլուխին։

7 Հոս է որ Եսայեայ 35–րդ գլուխի հոյակապ մարգարէութիւնը ոգեւորիչ իմաստ մը կը ստանայ։ Կրնանք զայն կոչել վերահաստատման մարգարէութիւն, քանի որ անոր առաջին կատարումը տեղի ունեցաւ, երբ Հրեաները իրենց հայրենիքը վերադարձան Հ.Դ.Ա. 537–ին։ Բաբելոնի մէջ գերեվարուած Իսրայելացիներուն ազատութիւն շնորհուեցաւ, որպէսզի իրենց հայրենիքը վերադառնան։ (Եզրաս 1։1–11) Սակայն, մինչ այդ, Բաբելոնի մէջ գերի եղող Հրեաները, որոնք աստուածային այս մարգարէութեան մասին կը մտածէին, թերեւս իրենք իրենց հարց կու տային թէ ի՛նչ վիճակներ պիտի դիմագրաւէին իրենց հայրենիքին՝ Յուդայի, մէջ։ Իսկ ի՛րենք ինչ վիճակ պիտի ունենային։ Ասոնց պատասխանները ուղղակիօրէն կը յայտնեն թէ մենք ի՛նչու իրապէս ուրախութեամբ աղաղակելու պատճառ ունինք։ Տե՛սնենք։

8. Բաբելոնէ վերադարձին, Հրեաները ի՞նչ կացութեան առջեւ պիտի գտնուէին։ (Տես Եզեկիէլ 19։3–6. Ովսեայ 13։8։)

8 Վստահաբար, Հրեաներուն համար կացութիւնը խոստմնալից չէր թուեր, նոյնիսկ երբ իմացան որ կրնային իրենց հայրենիքը վերադառնալ։ Եօթանասուն տարի, ամբողջ կեանքի տեւողութիւն մը, իրենց երկիրը ամայի մնացած էր։ Անիկա ի՞նչ վիճակի մէջ էր արդեօք։ Մշակուած դաշտերը, այգիները կամ մարգագետինները անապատի վերածուած ըլլալու էին։ Ոռոգուած դաշտերն ու արօտավայրերը խոպան ու անմշակ վիճակ մը ունենալու էին։ (Եսայեայ 24։1, 4. 33։9. Եզեկիէլ 6։14) Երեւակայեցէք հոն վխտացող գազանները. առիւծի կամ ինձի նման մսակերները։ (Գ. Թագաւորաց 13։24–28. Դ. Թագաւորաց 17։25, 26. Երգ Երգոց 4։8) Անոնք հաշուի պէտք է առնէին նաեւ արջերը, որոնք մարդ, կին ու երախայ բզկտելու կարողութիւնը ունէին։ (Ա. Թագաւորաց 17։34–37. Դ. Թագաւորաց 2։24. Առակաց 17։12) Չմոռնալով իժերն եւ ուրիշ թունաւոր օձերը, կամ կարիճները։ (Ծննդոց 49։17. Բ. Օրինաց 32։33. Յոբայ 20։16. Սաղմոս 58։4. 140։3. Ղուկաս 10։19) Եթէ դուք ալ Հ.Դ.Ա 537–ին Բաբելոնէն վերադարձող Հրեաներուն հետ ըլլայիք, հաւանաբար այդպիսի շրջանի մը մէջ շրջագայելու պիտի վարանէիք։ Երբ անոնք հոն հասան, անիկա դրախտ մը ըլլալէն շա՜տ հեռու էր։

9. Հայրենադարձները յոյսի ու վստահութեան ի՞նչ պատճառ ունէին։

9 Սակայն, Եհովան էր որ զինք պաշտողները իրենց տունը կը վերադարձնէր եւ ան կարողութիւն ունէր ամայացած վիճակը ամբողջովին յեղաշրջելու։ Ասիկա չէ՞ք ակնկալեր Ստեղծիչէն։ (Յոբայ 42։2. Երեմեայ 32։17, 21– 27, 37, 41) Ուստի, ան ի՞նչ պիտի ընէր, ան ի՞նչ ըրաւ, հայրենադարձ Հրեաներուն եւ անոնց երկրին համար։ Ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունի Աստուծոյ արդի ծառաներուն, եւ ձեր ներկայ եւ ապագայ կացութեան, վրայ։ Նախ տեսնենք թէ այդ ատեն ի՛նչ պատահեցաւ։

Ուրախ՝ Փոխուած Կացութեան Համար

10. Եսայեայ 35։1, 2–ը ի՞նչ փոփոխութիւն կը նախագուշակէր։

10 Ի՞նչ պիտի պատահէր երբ Կիւրոս Հրեաներուն թոյլ տար որ իրենց անհաճելի երկիրը վերադառնային։ Կարդանք Եսայեայ 35։1, 2–ի խայտալի մարգարէութիւնը. «Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի։ Անիկա բոլորվին պիտի ծաղկի եւ ցնծութեամբ ու երգերով պիտի ուրախանայ։ Անոր պիտի տրուի Լիբանանին փառքը, Կարմեղոսին ու Սարօնին վայելչութիւնը. անոնք Տէրոջը փառքը, մեր Աստուծոյն վայելչութիւնը պիտի տեսնեն»։

11. Եսայի ի՞նչ տեղեկութիւն տուաւ երկրին մասին։

11 Աստուածաշունչի ժամանակներուն, Լիբանանը, Կարմեղոսը եւ Սարօնը համբաւաւոր էին իրենց մշտադալար գեղեցկութեամբ։ (Ա. Մնացորդաց 5։16. 27։29. Բ. Մնացորդաց 26։10. Երգ Երգոց 2։1. 4։15. Ովսեայ 14։5–7) Եսային այս օրինակները նշեց, նկարագրելու համար թէ Աստուծոյ օգնութեամբ փոխուած երկիրը ի՛նչ վիճակ պիտի ունենար։ Բայց ասիկա միմիայն բառացի հողի՞ն փոփոխութեան կ’ակնարկէր։ Վստահաբար ո՛չ։

12. Ի՞նչու կրնանք ըսել որ Եսայեայ 35–րդ գլուխի մարգարէութեան առանցքը կը կազմեն մարդիկը։

12 Եսայեայ 35։2–ը կ’ըսէ որ երկիրը «ցնծութեամբ ու երգերով պիտի ուրախանայ»։ Գիտենք որ երկիրն ու բուսականութիւնը բառացիօրէն չեն կրնար ‘ցնծութեամբ ուրախանալ’։ Սակայն, անոնց բարեբեր եւ արգասաբեր ըլլալը կրնայ մարդոց ցնծութիւն պատճառել։ (Ղեւտացւոց 23։37–40. Բ. Օրինաց 16։15. Սաղմոս 126։5, 6. Եսայեայ 16։10. Երեմեայ 25։30. 48։33) Երկրին բառացի փոփոխութիւնը, մարդոց մէջ ալ փոփոխութիւն պիտի բերէր, քանի որ այս մարգարէութեան կորիզը կը կազմեն մարդիկը։ Հետեւաբար, պէտք է հասկնանք որ Եսայիի խօսքերը գլխաւորաբար առնչութիւն ունէին հայրենադարձ Հրեաներուն մէջ ըլլալիք փոփոխութեան, մանաւանդ անոնց ցնծութեան հետ։

13, 14. Եսայեայ 35։5, 6–ը մարդոց մէջ ըլլալիք ո՞ր փոփոխութեան մասին կը խօսի։

13 Ուստի, այս ոգեւորիչ մարգարէութիւնը աւելի մօտէն քննենք, տեսնելու համար թէ անիկա ինչպէս կատարուեցաւ Հրեաներուն ազատագրումէն եւ Բաբելոնէ վերադարձէն ետք։ 3–րդ եւ 4–րդ համարներուն մէջ Եսայի կը խօսի հայրենադարձներուն մէջ ըլլալիք ուրիշ փոփոխութեանց մասին։ «Թուլցած ձեռքերը ուժովցուցէ՛ք ու դողդոջուն ծունկերը զօրացուցէ՛ք։ Թուլասիրտներուն ըսէ՛ք. ‘Ուժովցէ՛ք, մի՛ վախնաք. ահա ձեր Աստուածը վրէժխնդրութիւնով ու Աստուծոյ հատուցումովը պիտի գայ. անիկա պիտի գայ ու ձեզ պիտի ազատէ’»։

14 Սրտապնդիչ չէ՞ խորհիլ որ մեր Աստուածը՝ որ կրնայ հողին ամայացած վիճակը յեղաշրջել՝ այսքան հետաքրքրուի իր երկրպագուներով։ Ան չէր ուզեր որ գերեվարուած Հրեաները թոյլ, յուսահատ ըլլային, կամ ապագայով մտահոգուէին։ (Եբրայեցիս 12։12) Այդ Հրեայ գերիներուն կացութեան մասին խորհեցէք։ Առանց ապագայի մասին Աստուծոյ մարգարէութիւններուն տուած յոյսին, անոնց համար դժուար էր լաւատես ըլլալ։ Կարծես թէ անոնք մութ զնտանի մը մէջ էին, շարժելու կամ աշխուժօրէն Եհովայի ծառայելու ազատութիւն չունենալով։ Այնպէս կը թուէր որ իրենց դիմաց լոյսի ո՛չ մէկ նշոյլ կար։—Տես Բ. Օրինաց 28։29. Եսայեայ 59։10։

15, 16. (ա) Հայրենադարձ Հրեաներուն համար Եհովա ի՞նչ ըրաւ։ (բ) Հայրենադարձները ի՞նչու հրաշալի բուժումներ չէին ակնկալեր, բայց Եսայեայ 35։5, 6–ի հետ ներդաշնակ ըլլալով, Աստուած ի՛նչ ըրաւ։

15 Սակայն, այդ վիճակը ի՜նչպէս փոխուեցաւ, երբ Եհովա Կիւրոսը գործածեց, որպէսզի անոնք իրենց տուները վերադառնալու ազատութիւն ունենան։ Սուրբ գրային ապացոյց մը չկայ որ Աստուած այդ ատեն հրաշքով հայրենադարձ Հրեայ կոյրերու աչքերը, կամ խուլերու ականջները բացաւ, կաղ մը կամ հաշմանդամ մը բուժեց։ Բայց իրականութեան մէջ, աւելի հոյակապ բան մը ըրաւ։ Զանոնք վերադարձուց իրենց սիրելի երկրին լոյսին եւ ազատութեան մէջ։

16 Նշուած չէ որ հայրենադարձ Հրեաները կ’ակնալէին որ Եհովա այսպիսի մարմնաւոր բուժումներ կատարէր։ Անոնք տեղեակ էին որ Աստուած այդպիսի բան մը չէր ըրած Իսահակի, Սամփսոնի կամ Հեղիի համար։ (Ծննդոց 27։1. Դատաւորաց 16։21, 26–30. Ա. Թագաւորաց 3։2–8. 4։15) Բայց եթէ անոնք կ’ակնկալէին որ Աստուած այլաբանօրէն իրենց կացութիւնը յեղաշրջէր, այդ պարագային յուսախաբ պիտի չըլլային։ Վստահաբար, 5 եւ 6–րդ համարները փոխաբերական առումով կատարուեցան։ Եսայի ճշգրտօրէն նախագուշակեց. «Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին։ Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ, ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ»։

Երկիրը Դրախտային Վիճակի Բերել

17. Եհովա բացայայտօրէն ֆիզիքական ի՞նչ փոփոխութիւններ բերաւ։

17 Այդ հայրենադարձները վստահաբար ուրախութեամբ աղաղակելու պատճառ ունէին, Եսայիի նկարագրած վիճակներուն ի տես. «Քանզի անապատին մէջ ջուրեր ու անբնակ երկրին մէջ հեղեղներ պիտի բղխին։ Խորշակահար երկիրը լիճի պիտի դառնայ ու ծարաւուտ երկիրը ջուրի աղբիւրներ պիտի բղխեցնէ եւ չագալներուն պառկած բնակարանը եղէգի ու կնիւնի գաւիթ պիտի ըլլայ»։ (Եսայեայ 35։6բ, 7) Թէեւ այդ ամբողջ շրջանը այս պատկերը չի ներկայացներ ներկայիս, սակայն կը կարծուի որ ժամանակ մը Յուդան «անդորրաւէտ դրախտ մը»ն էր։a

18. Հրեայ հայրենադարձները հաւանաբար ի՞նչպէս ընդառաջեցին աստուածային օրհնութիւններուն։

18 Իսկ ի՛նչ կը վերաբերի ուրախութեան պատճառներուն. մտածեցէք թէ Հրեայ մնացորդը ի՛նչ զգացած ըլլալու էր Աւետեաց Երկիրը վերադառնալով։ Անոնք ի վիճակի էին չագալներով եւ նման գազաններով բնակուած աւերուած երկիրը առնելու ու զայն փոխելու։ Դուք ալ ուրախ պիտի չըլլայի՞ք վերահաստատման այսպիսի աշխատանք մը կատարելով, մանաւանդ եթէ գիտնայիք որ Աստուած կ’օրհնէր ձեր ջանքերը։

19. Ի՞նչ առումով Բաբելոնի գերութենէն վերադարձը պայմանաւորուած էր։

19 Սակայն, Բաբելոնի մէջ գերի եղող ոեւէ Հրեայի ձգուած չէր որոշել թէ այդ ուրախ փոփոխութեան մասնակցելու համար կրնա՞ր վերադառնալ թէ ոչ։ Աստուած ինք դրաւ վերադարձի պայմանները։ Բաբելոնական, հեթանոսական կրօնքի սովորութիւններով վարակուած ո՛չ մէկը վերադառնալու իրաւունք ունէր։ (Դանիէլ 5։1, 4, 22, 23. Եսայեայ 52։11) Յիմարաբար անխոհեմ ընթացքի հետեւող մըն ալ վերադառնալու համար որակելի չէր։ Իսկ միւս կողմէ, Աստուծոյ չափանիշներուն գոհացում տուողները՝ որոնց Ան յարաբերաբար սուրբ կը նկատէր՝ կրնային վերադառնալ Յուդա։ Անոնք որպէս թէ Սրբութեան Պողոտայէ մը կը քալէին։ Եսայի ասիկա յստակօրէն ցոյց տուաւ 8–րդ համարին մէջ. «Հոն պողոտայ ու ճամբայ պիտի ըլլայ ու անիկա Սրբութեան Պողոտայ պիտի կոչուի։ Անկէ պիղծ մէ՛կը պիտի չանցնի։ Հապա անիկա անոնց համար պիտի ըլլայ, որոնք անոր կ’երթան ու յիմարներն անգամ պիտի չմոլորին [պիտի չթափառին անոր մէջ]»։

20. Հրեաները վերադարձին ի՞նչ բանէ վախնալու պէտք պիտի չունենային եւ ի՛նչ արդիւնքով։

20 Հայրենադարձ Հրեաները գազանանման մարդոց յարձակումներէն կամ կողոպտիչներէն վախնալու պէտքը չունէին։ Ի՞նչու։ Քանի որ Եհովա թոյլ պիտի չտար որ այդպիսիներ գտնուէին իր վերագնած ժողովուրդին քալելիք Պողոտային մէջ։ Ուստի, անոնք կրնային ուրախ սրտերով եւ հեռանկարներով քալել։ Նկատի առէք թէ Եսայի իր մարգարէութիւնը եզրափակելու ատեն ասիկա ինչպէս նկարագրեց. «Հոն առիւծ պիտի չըլլայ, անոր վրայ պատառող գազան պիտի չելլէ եւ հոն պիտի չգտնուի, հապա փրկուածները հոն պիտի քալեն։ Տէրոջը փրկածները պիտի դառնան, երգով Սիօն պիտի գան եւ անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ։ Անոնք ցնծութիւն եւ ուրախութիւն պիտի ստանան եւ տրտմութիւնն ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանան»։—Եսայեայ 35։9, 10

21. Ներկայիս արդէն կատարում մը ունեցած Եսայեայ 35–րդ գլուխի մարգարէութեան կատարումը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։

21 Ի՜նչ գեղեցիկ մարգարէական պատկեր մը կը պարզուի։ Սակայն, պէտք չէ ասիկա նկատենք որպէս միմիայն անցած պատմութիւն մը, գեղեցիկ պատմութիւն մը որ մեր կացութեան կամ մեր ապագային հետ ոչ մէկ կապ ունի։ Իրականութեան մէջ, այս մարգարէութիւնը ապշեցուցիչ կատարում կը ունի ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ. հետեւաբար, իւրաքանչիւրիս հետ կապ ունի։ Անիկա ուրախութեամբ աղաղակելու լուրջ պատճառներ կու տայ մեզի։ Ձեր ներկայ ու ապագայ կեանքին հետ կապ ունեցող այս երեւոյթները նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Ստորանիշ]

a Մ.Ն. Ուտելիքի եւ Երկրագործական Կազմակերպութեան ներկայացուցիչը, հողատնտես Ուոլթըր Լոտէրմիլգ այդ շրջանը ուսումնասիրելով, հետեւեալ եզրակացութեան հանգեցաւ. «Ժամանակ մը այս երկիրը անդորրաւէտ դրախտ մըն էր»։ Ան նաեւ նշեց որ կլիման շատ չէր փոխուած «Հռովմէական ժամանակներէն ի վեր» եւ թէ «ատեն մը բեղմնաւոր եղած շրջաններու ‘անապատ’ դառնալը, ո՛չ թէ բնութեան գործն էր, այլ՝ մարդուն»։

Կը յիշէ՞ք

◻ Եսայեայ 35–րդ գլուխը առաջին անգամ ե՞րբ կատարուեցաւ։

◻ Մարգարէութեան նախնական կատարումը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենար։

◻ Եհովա ի՞նչպէս կատարեց Եսայեայ 35։5, 6–ը։

◻ Հայրենադարձ Հրեաներու երկիրն ու կացութիւնը ի՞նչ փոփոխութիւններ պիտի կրէին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել