Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
ՅՈՒԼԻՍ 4-10
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 18-19
«Բերզելին համեստ անձ մըն էր»
Ո՛վ տարիքոտ քրիստոնեաներ, Եհովան ձեր հաւատարմութիւնը կ’արժեւորէ
Այդ շրջանէն եղող երեք տղամարդիկ առատաձեռնօրէն անոնց բերին անկողիններ, ուտելիքներ եւ անհրաժեշտ ապրանքներ։ Բերզելին անոնցմէ մէկն էր (Բ. Թագ. 17։27-29)։ Երբ Աբիսողոմին ըմբոստութիւնը խափանուեցաւ, Դաւիթ այլեւս կրնար Երուսաղէմ վերադառնալ, եւ Բերզելին իրեն հետ գնաց մինչեւ Յորդանան գետը։ Դաւիթ իրմէ խնդրեց որ Երուսաղէմ գայ եւ հոն ուտելիքը ապահովուած պիտի ըլլար, թէեւ շատ հարուստ մարդ մըն էր եւ պէտք չունէր առաջարկուած ուտելիքին (Բ. Թագ. 19։31-33)։ Շատ հաւանաբար Դաւիթ կ’ուզէր որ Բերզելին իրեն քով՝ Երուսաղէմին մէջ ըլլար, որպէսզի կարենար անոր փորձառութենէն ու խրատներէն օգտուիլ։ Անկասկած մե՜ծ պատիւ պիտի ըլլար պալատին մէջ ապրիլն ու աշխատիլը։
Ո՛վ տարիքոտ քրիստոնեաներ, Եհովան ձեր հաւատարմութիւնը կ’արժեւորէ
Բերզելին իրատես եւ համեստ էր։ Ան ըսաւ որ 80 տարեկան էր, եւ աւելցուց՝ «միթէ աղէկն ու գէշը կրնա՞մ որոշել» (Բ. Թագ. 19։35)։ Ի՞նչ ըսել կ’ուզէր։ Իր երկար կեանքին ընթացքին, Բերզելին իմաստութիւն ձեռք ձգած ըլլալու էր։ Եւ դեռ կարող էր լաւ խրատներ տալ, ինչպէս այն «ծերերը», որ յետագային Ռոբովամ թագաւորին խրատ տուին (Գ. Թագ. 12։6, 7. Սաղ. 92։12-14. Առ. 16։31)։ Ուրեմն, Բերզելին ի մտի ունէր իր մեծ տարիքին պատճառած ֆիզիքական սահմանափակումները։ Ան խոստովանեցաւ որ ծերութիւնը արդէն ազդած էր իր համտեսելու եւ լսելու կարողութեան (Ժող. 12։4, 5)։ Ուստի, Բերզելին ի՛նք խնդրեց որ Դաւիթ իրեն հետ Երուսաղէմ տանի երիտասարդ Քամաամը, որ հաւանաբար իր որդին էր (Բ. Թագ. 19։36-40)։
Կրնա՛ս համեստ մնալ փորձութեան մէջ
6 Համեստութիւնը Բերզելիին օգնեց որ այդ տրամաբանական որոշումը առնէ։ Ան հրաւէրը մերժեց ոչ թէ որպէսզի պատասխանատուութենէն փախչի կամ դիւրին կեանք մը ունենայ, հապա՝ պարզապէս քանի որ գիտէր թէ իր պարագաները փոխուած են եւ ընդունեց իր սահմանափակումները։ Ան չուզեց իր կարողութենէն աւելի շալկել (կարդա՛ Գաղատացիս 6։4, 5)։ Եթէ մեր խելքը–միտքն է որ որոշ դիրքի մը կամ նշանակումի մը հասնինք կամ մեր անունը մարդոց լեզուին վրայ ըլլայ, պիտի սկսինք մենք մեզ չափէ դուրս գովել եւ ուրիշներու հետ մրցակցիլ։ Ի վերջոյ յուսախաբ պիտի ըլլանք (Գաղ. 5։26)։ Բայց եթէ համեստ ենք, ամէն ջանք պիտի ընենք որ Աստուծոյ փառք բերենք եւ ուրիշներուն օգնենք (Ա. Կոր. 10։31)։
Հոգեւոր գոհարներ
Մրցավազքը աւարտէ
19 Եթէ սահմանափակումներ ունիս եւ կը զգաս որ մարդիկ քեզ սխալ կը հասկնան, կրնաս Մեմփիբոսթէի օրինակով քաջալերուիլ (Բ. Թագ. 4։4)։ Ան անկարող էր եւ Դաւիթ թագաւոր իր մասին սխալ կարծիք կազմեց ու իրեն հետ անարդարութեամբ վարուեցաւ։ Մեմփիբոսթէ բա՛ն մը չըրաւ որ իր գլխուն այս բոլոր դժուարութիւնները բերէ։ Սակայն, ժխտական չդարձաւ, հապա կեանքին մէջ իր ունեցած լաւ բաները արժեւորեց։ Ան երախտապարտ էր՝ անցեալին Դաւիթի ցուցաբերած ազնուութեան համար (Բ. Թագ. 9։6-10)։ Ուստի երբ Դաւիթ զինք սխալ դատեց, Մեմփիբոսթէ լման պատկերը տեսաւ։ Թոյլ չտուաւ որ Դաւիթի սխալը զինք դառնացնէ։ Եւ Դաւիթին ըրածին համար, ան Եհովան չմեղադրեց։ Ան կեդրոնացաւ այն բանին վրայ, որ կրնար ընել Եհովայի նշանակած թագաւորին աջակցելու համար (Բ. Թագ. 16։1-4. 19։24-30)։ Եհովան Մեմփիբոսթէի հոյակապ օրինակը արձանագրել տուաւ իր Խօսքին մէջ մեր օգտին համար (Հռով. 15։4)։
ՅՈՒԼԻՍ 11-17
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 20-21
«Եհովան արդար Աստուած է»
Հարցումներ ընթերցողներէն
Սաւուղ թագաւորին ժամանակ, այդ ուխտը դեռ ի զօրու էր։ Թագաւորը ուխտը չյարգելով փորձեց գաբաւոնացիները մէջտեղէն վերցնել։ Ատիկա պատճառ եղաւ, որ Սաւուղ եւ իր տունը արիւնապարտ ըլլան (Բ. Թագ. 21։1)։ Յետագային, Դաւիթը թագաւոր եղաւ։ Ողջ մնացող գաբաւոնացիները անոր խօսեցան այդ ահռելի սխալին մասին։ Դաւիթ անոնց հարցուց, թէ ինչպէ՛ս կարելի էր Սաւուղին ըրածը քաւել, որպէսզի Եհովան Իսրայէլը օրհնէր։ Փոխանակ դրամ պահանջելու, գաբաւոնացիները պահանջեցին, որ զիրենք ‘կորսնցնել ուզող’ մարդուն որդիներէն եօթը հոգի իրենց յանձնուին ու մեռցուին։ Դաւիթ անոնց խնդրածը կատարեց (Բ. Թագ. 21։2-6. Թւ. 35։30, 31)։
Հարցումներ ընթերցողներէն
Այս դէպքէն կէտ մը կը քաղենք։ Աստուծոյ օրէնքը յստակօրէն կ’ըսէր. «Հայրերուն յանցանքին համար տղաքը մի՛ մեռցնէք» (Բ. Օր. 24։16)։ Եհովան պիտի չընդունէր այն ինչ որ պատահեցաւ Սաւուղի երկու տղոց եւ հինգ թոռնիկներուն, եթէ անոնք անմեղ ըլլային։ Օրէնքը նաեւ կ’ըսէր. «Ամէն մարդ իր յանցանքին համար պէտք է մեռցուի»։ Այնպէս կ’երեւի, որ այս եօթը տղամարդիկը կերպով մը մասնակցած էին Սաւուղի փորձին, որ գաբաւոնացիները ջարդէր։ Առ ի արդիւնք, իրենց յանցանքին համար մեռան։
Հոգեւոր գոհարներ
Երէցները ‘գործակիցներ են մեր ուրախութեան’
14 Աշխարհի տարածքին, Եհովայի ժողովուրդը կը շարունակէ իրեն ծառայել, հակառակ անոր որ Սատանան ու անոր գործակալները խոչընդոտներ կը դնեն իրենց առջեւ։ Մեզմէ ոմանք դիմագրաւած են հսկայ դժուարութիւններ։ Բայց լիովին Եհովային վստահելով այդ գողիաթանման խնդիրներուն հետ գլուխ ելած են։ Սակայն, ատեններ Սատանայի աշխարհին դէմ մեր մղած յարատեւ պայքարը մեզ կը յոգնեցնէ ու կը վհատեցնէ։ Այդ տկար վիճակին մէջ, անպաշտպան ու յարձակումի ենթակայ կ’ըլլանք կեանքի այն ճնշումներուն առջեւ, որոնց դիմանալը դիւրին է պարզ օրերու ընթացքին։ Այս պարագային, երէցի մը ժամանակայարմար աջակցութիւնը կրնայ մեզի օգնել, որ ետ ձեռք ձգենք մեր ուրախութիւնն ու զօրութիւնը,– ինչպէս որ ոմանք փորձառաբար կ’ըսեն։ Ռահվիրայ քոյր մը, որ իր 60–ական տարիքին մէջ է, կ’ըսէ. «Ժամանակ մը առաջ, ֆիզիքապէս հանգիստ չէի, եւ դաշտի ծառայութիւնը զիս կը յոգնեցնէր։ Երէց մը այս մէկը նշմարեց եւ ինծի մօտեցաւ։ Աստուածաշունչի մէկ հատուածին վրայ հիմնուած քաջալերական խօսակցութիւն մը ունեցանք։ Իր առաջարկները կիրարկեցի եւ օգտուեցայ»։ Ան կ’աւելցնէ. «Որքա՜ն սիրալիր արարք մըն էր, որ երէցը իմ տկար վիճակս նկատեց եւ օգնութեան հասաւ»։ Սրտապնդիչ է գիտնալ, թէ ունինք երէցներ որոնք մեզ կը հոգան եւ միշտ պատրաստ են մեզի օգնելու, ինչպէս որ Աբեսսան պատրաստ էր Դաւիթին օգնելու։
ՅՈՒԼԻՍ 18-24
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 22
«Եհովային ապաւինէ»
cl 19 ¶11
Իսկապէս կրնա՞նք ‘Աստուծոյ մօտենալ’
11 Կը քաջալերուինք երբ կը կարդանք, որ Աստուած «սաստիկ զօրութիւն» ունի (Եսայի 40։26)։ Բայց շատ աւելի կը քաջալերուինք, երբ կը կարդանք որ Աստուած իր զօրութիւնը գործածած է իր ժողովուրդին օգնելու համար։ Օրինակ, ան իսրայէլ ազգը Կարմիր ծովէն անցուց եւ 40 տարի անոնց հոգ տարաւ անապատին մէջ։ Երեւակայէ որ ինչպէ՛ս ջուրերը ճեղքուեցան, ինչպէ՛ս իսրայէլացիները (որոնք թերեւս 3,000,000 հոգի էին) չոր գետնի վրայ քալելով անցան եւ ինչպէ՛ս ջուրերը հսկայ պատերու պէս կայնեցան անոնց երկու կողմերը (Ելից 14։21. 15։8)։ Ասոնք կը փաստեն որ Աստուած կը հոգար եւ կը պաշտպանէր իսրայէլացիները անապատին մէջ։ Ասկէ զատ, ժայռէն ջուր ելաւ եւ ճերմակ ուտելիք երեւցաւ գետինը (Ելից 16։31. Թուոց 20։11)։ Ասոնց միջոցաւ Եհովան կը ցուցնէ, որ ոչ թէ միայն զօրութիւն ունի, հապա՝ իր զօրութիւնը կը գործածէ որ իր ժողովուրդին օգնէ։ Չե՞նք քաջալերուիլ գիտնալով, որ մեր աղօթքները Լսողը զօրաւոր Աստուած մըն է, որ «մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է. նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու» (Սաղմոս 46։1)։
Եհովայի հաւատարմութիւնը եւ ներողամտութիւնը գնահատէ
3 Հաւատարմութիւնը ջերմ յատկութիւն մըն է, որ իր մէջ անձնուիրութիւն կը պարփակէ։ Հաւատարիմ անհատը փոփոխական եւ անհաստատ չէ։ Փոխարէն, ան իր սէրը ցոյց կու տայ՝ շարունակ օգնելով եւ աջակցելով իր բարեկամին. եւ այսպէս կը վարուի նոյնիսկ ամենադժուար պարագաներու ներքեւ։ Աստուածաշունչը Եհովան որպէս «հաւատարիմ» կը նկարագրէ։ Իրեն չափ հաւատարիմ մէկը չկայ (Յայտ. 16։5, ՆԱ)։
4 Եհովան ինչպէ՞ս հաւատարմութիւն կը ցուցաբերէ։ Ան իր հաւատարիմ երկրպագուները բնաւ չի թողուր։ Այդ երկրպագուներէն մէկը՝ Դաւիթ թագաւոր Եհովայի հաւատարմութեան մասին վկայեց՝ ըսելով. «Հաւատարիմին հետ հաւատարիմ կ’ըլլաս» (Բ. Թագ. 22։26, ՆԱ)։ Երբ Դաւիթ փորձութիւններու առջեւ գտնուէր, Եհովան հաւատարմօրէն զինք կ’առաջնորդէր, կը պաշտպանէր եւ կ’ազատէր (Բ. Թագ. 22։1)։ Դաւիթ շօշափեց, թէ Եհովան ո՛չ թէ խօսքով, հապա գործո՛վ իրեն հանդէպ հաւատարիմ էր։ Եհովան ինչո՞ւ Դաւիթի հանդէպ հաւատարիմ գտնուեցաւ։ Քանի որ Դաւիթ ի՛նք «հաւատարիմ» էր։ Եհովան իր երկրպագուներուն հաւատարմութիւնը կ’արժեւորէ, եւ զանոնք կը վարձատրէ՝ իր հաւատարմութիւնը ցոյց տալով (Առ. 2։6-8)։
Հոգեւոր գոհարներ
Ջանանք խոնարհ ըլլալ
7 Աստուծոյ խոնարհութիւնը շա՜տ ազդեց Դաւիթին։ Ան Եհովային տաղերգեց. «Քու փրկութեանդ վահանը տուիր ինծի, ու քու հեզութիւնդ զիս մեծցուց» (Բ. Թագ. 22։36, ԱԾ)։ Դաւիթ գիտէր որ կրնար ընել բոլոր այն մեծ բաները, որոնք Իսրայէլի մէջ ըրաւ, քանի որ Եհովան իրեն հանդէպ խոնարհութիւն ցուցաբերած էր, իրեն ուշադրութիւն ընծայելով եւ օգնելով (Սաղ. 113։5-7)։ Նոյնն է պարագան մեզի։ Մեր ունեցած յատկութիւններուն, կարողութիւններուն եւ մասնաւոր պատասխանատուութիւններուն Աղբիւրը՝ Եհովա՛ն է (Ա. Կոր. 4։7)։ Խոնարհ անհատը «մեծ» կ’ըլլայ՝ Եհովայի աչքին աւելի արժէքաւոր ծառայ դառնալով (Ղուկ. 9։48)։ Նկատի առնենք ինչպէ՛ս։
ՅՈՒԼԻՍ 25-31
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 23-24
«Զոհողութիւններ կ’ընե՞ս Եհովային ծառայելու համար»
it-1 146
Ոռնա
Ըստ երեւոյթին, Ոռնան ուզեց Դաւիթին ձրի տալ զոհ մատուցանելու վայրը, եզները եւ տախտակէ գործիքները, բայց Դաւիթ պնդեց որ վճարէ ատոնց գինը։ Բ. Թագաւորաց 24։24–ը կը ցուցնէ որ Դաւիթ 50 սիկղ արծաթի ($110) գնեց վայրը եւ եզները։ Բայց Ա. Մնացորդաց 21։25–ը կ’ըսէ որ Դաւիթ 600 սիկղ ոսկի (շուրջ $77,000) վճարեց տեղին համար։ Այնպէս կ’երեւի թէ Բ. Թագաւորաց գիրքը գրողը կը խօսէր միայն զոհասեղանին վայրը գնելու եւ այդ ժամանակուան զոհին համար պէտք եղած բաները գնելու գումարին մասին։ Անդին, Ա. Մնացորդաց գիրքը գրողը կը խօսէր այդ վայրին մէջ յետագային շինուելիք տաճարին հետ կապ ունեցող վճարուած գումարին մասին (Ա. Մն. 22։1-6. Բ. Մն. 3։1)։ Տաճարին վայրը շատ մեծ էր, ուրեմն շատ հաւանաբար 600 սիկղ ոսկին վճարուեցաւ այդ մեծ վայրը գնելու համար, եւ ոչ թէ՝ այն պզտիկ վայրը, ուր սկիզբը Դաւիթ զոհասեղանը շինեց։
‘Իսկական ճշմարտութենէն’ սորվինք
8 Երբ իսրայէլացին կամաւորաբար զոհ մատուցանէր Եհովայի հանդէպ իր անկեղծ երախտագիտութիւնը դրսեւորելու համար կամ Իր հաճութիւնը խնդրելու համար,– ինչպէս որ էր պարագան ողջակէզին,– կենդանիի յարմար ընտրութիւնը հաւանաբար մարտահրաւէր մը չէր ներկայացներ։ Երկրպագուն ուրախ պիտի ըլլար Եհովային տալով իր լաւագոյնը։ Քրիստոնեաները ներկայիս Մովսիսական օրէնքին պահանջած բառացի զոհերը չեն մատուցաներ. սակայն անոնք զոհեր կը մատուցանե՛ն, այն առումով որ իրենց ժամանակը, կորովը եւ նիւթական միջոցները կը գործածեն Եհովային ծառայելու համար։ Պօղոս առաքեալ քրիստոնէական յոյսը ‘հրապարակաւ հռչակելը’ եւ «բարերարութիւնը ու կարօտեալներուն ողորմութիւնը» սեպեց Աստուած հաճեցնող զոհեր (Եբ. 13։15, ՆԱ, 16)։ Այդ հոգին՝ որով Եհովայի ժողովուրդը այսպիսի գործունէութիւններու միջամուխ կ’ըլլայ, ցոյց կու տայ թէ անոնք ո՜րքան երախտապարտ են ու կը գնահատեն Աստուծոյ շնորհած բոլոր բաները։ Ուստի, ներկայիս քրիստոնէական ծառայութեան մասնակցողներուն եւ կամաւոր զոհեր մատուցանող իսրայէլացիներուն հայեցակէտին ու շարժառիթներուն միջեւ զուգահեռ մը կայ։
Հոգեւոր գոհարներ
Երկրորդ Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր
23։15-17. Դաւիթ կեանքի ու արեան վերաբերեալ Աստուծոյ օրէնքին հանդէպ ա՛յնքան խոր յարգանք ունէր, որ այս առիթով ետ կեցաւ ընելէ ի՛նչ որ այդ օրէնքը բեկանելու նման էր։ Այս կեցուածքը պէտք է մշակենք Աստուծոյ բոլոր պատուիրաններուն հանդէպ։
ՕԳՈՍՏՈՍ 1-7
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 1-2
«Քու սխալներէդ կը սորվի՞ս»
it-2 987 ¶4
Սողոմոն
Երբ Ադոնիան լսեց երաժշտութիւնը եւ ժողովուրդին ձայնը, որոնք կ’ըսէին. «Կեցցէ՛ արքայ Սողոմոնը», ինք եւ իրեն թիկունք կանգնողները իրենց վախէն փախան (Գ. Թագ. 1։39)։ Սողոմոն չուզեց վրէժ առնել Ադոնիայէն, եւ այսպիսով ցուցուց որ իր իշխանութեան ընթացքին խաղաղութիւն պիտի տիրէր երկրին մէջ (բայց եթէ Ադոնիան Սողոմոնին տեղը ըլլար, ան Սողոմոնը կը մեռցնէր)։ Ադոնիան պաշտպանուելու համար սրբարան գնաց։ Սողոմոն մարդ ղրկելով Ադոնիան իր քովը բերել տուաւ եւ իրեն գիտցուց, որ այնքան ատեն որ վրան չարութիւն չի գտնուիր՝ պիտի ապրի։ Ետքը, Սողոմոն իրեն ըսաւ որ տուն երթայ (Գ. Թագ. 1։41-53)։
Երրորդ Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր
1։49-53. 2։13-25—Սողոմոն ինչո՞ւ Ադոնիան սպաննեց, իրեն ներում շնորհելէ ետք։ Թէեւ Բերսաբէ չըմբռնեց, բայց Սողոմոն զատորոշեց թէ Ադոնիա ի՛նչ դիտաւորութեամբ կը խնդրէր Աբիսակը որպէս կին առնել։ Գեղեցիկ Աբիսակ Դաւիթի հարճը սեպուեցաւ, թէեւ Դաւիթ անոր հետ պառկած չէր։ Այդ ժամանակուան սովորութեան համաձայն, ան միայն Դաւիթի օրինաւոր ժառանգորդին պիտի պատկանէր։ Ադոնիա թերեւս խորհեցաւ որ Աբիսակը իբր կին առնելով, կրնար ետքը դարձեալ փորձել գահը խլել։ Ադոնիայի խնդրանքը նկատելով թագաւոր ըլլալու ցանկութեան դրսեւորում, Սողոմոն ներումը չեղեալ սեպեց։
Հոգեւոր գոհարներ
Երրորդ Թագաւորաց գիրքէն աչքառու կէտեր
2։37, 41-46. Որքա՜ն վտանգաւոր է խորհիլ թէ կրնանք Աստուծոյ օրէնքը բեկանել ու անպատիժ մնալ։ ‘Դէպի կեանք տանող նեղ ճամբայէն’ դիտումնաւոր կերպով դուրս ելլողները, իրենց անխոհեմ որոշումին հետեւանքները պիտի կրեն։—Մատթէոս 7։14
ՕԳՈՍՏՈՍ 8-14
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 3-4
«Իմաստութեան արժէքը»
Ան քեզի համար լա՞ւ թէ ազդարարական օրինակ մըն է
4 Սողոմոնի թագաւորութեան սկիզբը, Աստուած երազի մը մէջ անոր երեւցաւ, եւ զինք հրաւիրեց որ խնդրանք մը ներկայացնէ։ Իր սահմանափակ փորձառութեան գիտակից ըլլալով, Սողոմոն իմաստութիւն խնդրեց (կարդա՛ Գ. Թագաւորաց 3։5-9)։ Հարստութեան ու փառքի փոխարէն իմաստութիւն խնդրելը, Աստուծոյ աչքին հաճելի երեւցաւ. ուստի, ան Սողոմոնին «իմաստուն ու հանճարեղ սիրտ» մը տուաւ, նաեւ՝ բարգաւաճութիւն (Գ. Թագ. 3։10-14)։ Ինչպէս որ Յիսուս նշեց, Սողոմոնի իմաստութիւնը ա՛յնքան յատկանշական էր որ Սաբայի թագուհին երկա՜ր ճամբորդութիւն մը կատարեց, որպէսզի անոր իմաստութիւնը անձամբ լսէ (Գ. Թագ. 10։1, 4-9)։
5 Մենք չե՛նք ակնկալեր որ հրաշալիօրէն իմաստութիւն ստանանք։ Սողոմոն ըսաւ, թէ «իմաստութիւնը Տէրը կու տայ», սակայն ան գրեց թէ պէտք է ջանք թափենք, որպէսզի այդ աստուածային յատկութիւնը ձեռք ձգենք. ‘Ականջդ իմաստութեան տուր ու սիրտդ հանճարին բաց’։ Այս ուղղութեամբ, ան հետեւեալ բառերը գործածեց՝ «կանչես», «փնտռես» եւ «խնդրես» (Առ. 2։1-6)։ Յստակ է որ կրնա՛նք իմաստութիւն ձեռք ձգել։
6 Լաւ է որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Աստուածային իմաստութիւնը արժեւորելու Սողոմոնի օրինակը լուրջի կ’առնե՞մ’։ Տնտեսական անորոշութիւնները շատերը մղած են որ իրենց գործին եւ եկամուտին վրայ կեդրոնանան, կամ ալ ազդած են անոնց որոշումներուն թէ ի՛նչ տեսակ եւ ո՛րքան ուսում ստանան։ Ի՞նչ կարելի է ըսել քու եւ ընտանիքիդ մասին։ Ընտրութիւններդ ցոյց կու տա՞ն, թէ աստուածային իմաստութիւնը կ’արժեւորես եւ կը փնտռես։ Կեդրոնացումդ կամ նպատակակէտերդ ճշդելը թոյլ պիտի տա՞յ, որ աւելի՛ իմաստութիւն ձեռք ձգես։ Արդարեւ, իմաստութիւն ձեռք ձգելն ու կիրարկելը մնայուն օգտիդ համար է։ Սողոմոն գրեց. «Այն ատեն արդարութիւնը, դատաստանը, ուղղութիւնը եւ ամէն աղէկ ճամբայ պիտի հասկնաս» (Առ. 2։9)։
Հոգեւոր գոհարներ
Եհովա՝ ուխտերու Աստուած մը
15 Եհովա օրհնեց Օրէնքի ներքեւ որպէս ազգ կազմակերպուած Աբրահամի սերունդը, նահապետին իր տուած խոստումը յարգելով։ Հ.Դ.Ա. 1473–ին, Մովսէսի յաջորդը՝ Յեսուն էր որ Իսրայէլը Քանանու երկիրը առաջնորդեց։ Հետագային երկիրը ցեղերուն մէջ բաժնելով, երկիրը Աբրահամի սերունդին տալու Եհովայի խոստումը կատարուեցաւ։ Երբ Իսրայէլ հաւատարիմ ըլլար, իր թշնամիներուն վրայ յաղթանակ տանելու իր տուած խոստումը կը պահէր Եհովա. մանաւանդ Դաւիթ Թագաւորի իշխանութեան ընթացքին ասիկա բացայայտ եղաւ։ Դաւիթի որդւոյն՝ Սողոմոնի ժամանակ, աբրահամական խոստումին երրորդ երեսակը կատարուեցաւ։ «Յուդա ու Իսրայէլ շատուորութեան կողմանէ ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ շատ էին։ Կ’ուտէին, կը խմէին եւ ուրախութիւն կ’ընէին»։—Գ. Թագաւորաց 4։20
ՕԳՈՍՏՈՍ 15-21
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 5-6
«Սրտանց շինեցին»
Գիտէի՞ր
Լիբանանի եղեւնափայտերը յատկապէս հանրածանօթ էին իրենց տոկունութեան, գեղեցկութեան եւ անուշ բուրմունքին համար, ինչպէս նաեւ միջատներու յարձակման իրենց դիմադրութեան համար։ Արդ՝ Սողոմոն տաճարին համար լաւագոյն նիւթերը կը գործածէր։ Ներկայիս, ի՛նչ որ մնացած է եղեւնափայտի այն անտառներէն, որոնք ատեն մը Լիբանանի լեռները կը ծածկէին, սակաւաթիւ, պզտիկ եւ մեկուսացած պուրակներ են։
it-1 424
Մայրի
Սողոմոն տաճարին շինարարութեան համար ա՛յնքան մայրիի փայտ գործածեց, որ հազարաւոր աշխատաւորներ պէտք էին որպէսզի ծառերը կտրուէին, Միջերկրական ծովու ափին գտնուող Տիւրոս կամ Սիդոն քաղաքները փոխադրուէին, իրարու կապուէին եւ ծովեզերքը նետուէին, որպէսզի ջուրին հետ դէպի հարաւ հասնէին՝ հաւանաբար դէպի Յոպպէ։ Ետքը, այդ փայտերը ծովէն հանուելով կը տարուէին Երուսաղէմ։ Սողոմոն այս աշխատանքին համար համաձայնութիւն մը ըրած էր Քիրամ թագաւորին հետ (Գ. Թագ. 5։6-18. Բ. Մն. 2։3-10)։ Ա՛յնքան փայտ բերուեցաւ, որ Սողոմոնին համար կ’ըսուի, թէ «եղեւնափայտը շատութենէն՝ դաշտի մէջ եղող մոլաթզենիներուն պէս ըրաւ» (Գ. Թագ. 10։27. Եսա. 9։9, 10)։
it-2 1077 ¶1
Տաճար
Սողոմոն գործը կազմակերպելու համար իսրայէլէն 30,000 մարդ ընտրեց, որ ամէն ամիս անոնցմէ 10,000 հոգի Լիբանան ղրկէ։ Այդ 10,000 հոգին մէկ ամիս Լիբանան կը մնային եւ երկու ամիս իրենց տունը (Գ. Թագ. 5։13, 14)։ Սողոմոն 70,000 բեռնակիր եւ 80,000 փայտ կտրող ընտրեց օտարազգիներէն (Գ. Թագ. 5։15. 9։20, 21. Բ. Մն. 2։2)։ Ան 550 վերակացու եւ ըստ երեւոյթին 3,300 օգնականներ նշանակեց (Գ. Թագ. 5։16. 9։22, 23)։ Այնպէս կ’երեւի թէ անոնցմէ 250 հոգին իսրայէլացի էին եւ 3,600 հոգին «օտարազգի» էին (Բ. Մն. 2։17, 18)։
Հոգեւոր գոհարներ
g 5/12 17, շրջանակ
Աստուածաշունչը ճշգրիտ մարգարէութիւններ ունեցող գիրք մըն է (Մաս 1)
ԴԷՊՔԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՃՇԳՐԻՏ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Նկատի առնենք օրինակ մը, որ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչին մէջ յիշուած ժամանակները ճշգրիտ են։ Գ. Թագաւորաց 6։1–ը կը խօսի այն ժամանակուան մասին, երբ Սողոմոն սկսաւ Երուսաղէմի տաճարը շինել։ Համարը կ’ըսէ. «Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսին երկրէն ելլելուն չորս հարիւր ութսուներորդ տարին [479 լման տարիներ] ու Սողոմոնին Իսրայէլի վրայ թագաւորելուն չորրորդ տարին, Զիու ամսուան, այսինքն երկրորդ ամսուան մէջ Տէրոջը տունը սկսաւ շինել»։
Ըստ Աստուածաշունչին, Սողոմոնին իշխանութեան չորրորդ տարին Ք.Ա. 1034–ին էր։ Որպէսզի իսրայէլացիներուն Եգիպտոսէն ելլելուն թուականը գիտնանք, այս թուականէն դէպի ետեւ կը հաշուենք 479 լման տարիներ, ինչ որ մեզ կը հասցնէ Ք.Ա. 1513։
ՕԳՈՍՏՈՍ 22-28
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 7
«Ի՞նչ կրնանք սորվիլ երկու սիւներէ»
«Լեռներէն պղինձ կրնաս հանել»
Սողոմոն թագաւոր հսկայ քանակով պղինձ գործածեց Երուսաղէմի տաճարին կահաւորման համար։ Իր հայրը Դաւիթ պղինձին մեծամասնութիւնը ձեռք ձգած էր ասորիներու վրայ տարած յաղթանակներով (Ա. Մնացորդաց 18։6-8)։ Պղնձէ ձուլածոյ «ծովը»՝ հսկայ աւազանը, որ քահանաները կը գործածէին լուացուելու համար, 66,000 լիդր ջուր կրնար պարունակել եւ մօտ 30 թոն կը կշռէր (Գ. Թագաւորաց 7։23-26, 44-46)։ Ասկէ զատ, տաճարին մուտքը կային երկու վիթխարի պղնձէ սիւները։ Անոնց բարձրութիւնը 8 մեթր էր, եւ անոնց վրայ 2,2 մեթր բարձրութեամբ խոյակներ կային։ Սիւներուն կորիզը պարապ էր, անոնց պատին հաստութիւնը 7,5 սմ. էր, իսկ տրամագիծը՝ 1,7 մեթր (Գ. Թագաւորաց 7։15, 16. Բ. Մնացորդաց 4։17)։ Երեւակայէ թէ որքա՜ն պղինձ գործածուեցաւ միայն ասոնք շինելու համար։
it-1 348
Բոոզ, Բ.
Սողոմոնին շինած փառաւոր տաճարին նախասրահին մուտքին եղող երկու պղնձէ սիւներէն մէկը կը կոչուէր Բոոզ, որ հաւանաբար կը նշանակէր «Զօրութեամբ»։ Ատիկա հիւսիսային կողմի սիւնն էր։ Իսկ հարաւային կողմինը կը կոչուէր Յաքին, որ կը նշանակէր «Թող որ [Եհովան] հաստատէ»։ Ուրեմն, եթէ մէկը իր երեսը արեւելք դարձնէր, այդ սիւներուն մէջտեղը կենար եւ սիւներուն անուններուն աջէն ձախ միասին արտասանէր, ասիկա կը հասկնար. ‘Թող որ [Եհովան] զօրութեամբ հաստատէ [տաճարը]’ (Գ. Թագ. 7։15-21)։
Հոգեւոր գոհարներ
it-1 263
Լուացուիլ
Անոնք որոնք սուրբ կերպով Եհովան կը պաշտեն, պէտք է ֆիզիքապէս մաքուր մնան։ Ասիկա յստակօրէն կը տեսնենք, երբ նկատի կ’առնենք խորանին եւ տաճարին նկատմամբ օրէնքները։ Օրինակ, քահանաները իրենց ձեռքերն ու ոտքերը լուալու համար կը գործածէին Սողոմոնի տաճարին հսկայ ձուլածոյ ծովուն ջուրը (Բ. Մն. 4։2-6)։
ՕԳՈՍՏՈՍ 29–ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 4
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 8
«Սողոմոնին խոնարհ եւ սրտանց աղօթքը»
Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեամբ աղօթքներդ ճոխացուր
9 Աղօթքը լսուելու համար՝ պէտք է սրտէն բխի։ Մ.թ.ա. 1026–ին, Երուսաղէմի մէջ Եհովայի տաճարի նաւակատիքին առթիւ, Սողոմոն հաւաքուած բազմութեան առջեւ սրտագին աղօթք մը մատուցանեց, ինչպէս արձանագրուած է Գ. Թագաւորաց 8–րդ գլուխին մէջ։ Ուխտին տապանակը Սրբութիւն սրբութեանցին մէջ տեղաւորելէ եւ Եհովայի ամպը տաճարը լեցնելէ ետք, Սողոմոն Աստուած փառաբանեց։
10 Սողոմոնի աղօթքը ուսումնասիրէ եւ սրտի վերաբերեալ ակնարկումները նկատի առ։ Սողոմոն ընդունեց, թէ միայն Եհովան գիտէ անհատի մը սիրտը (Գ. Թագ. 8։38, 39)։ Նոյն աղօթքը ցոյց կու տայ, թէ յոյս կայ այն մեղաւորին, որ ‘իր բոլոր սրտովը Աստուծոյ կը դառնայ’։ Եթէ թշնամի մը Աստուծոյ ժողովուրդը գերեվարէր, անոնց աղերսանքները պիտի լսուէին, եթէ անոնց սիրտը Եհովայի առջեւ ուղիղ էր (Գ. Թագ. 8։48, 58, 61)։ Ուրեմն, վստահաբար աղօթքներդ պէտք է սրտանց ըլլան։
7 Երբ կ’աղօթենք՝ հանրապէս թէ անձնապէս՝ մեր մտքին մէջ պէտք է ունենանք սուրբ գրային այն կարեւոր սկզբունքը թէ մեր աղօթքներուն մէջ խոնարհութիւն պէտք է ցուցաբերենք։ (Բ. Մնացորդաց 7։13, 14) Սողոմոն Թագաւոր Երուսաղէմի տաճարի նաւակատիքին մատուցած իր հանրային աղօթքին մէջ խոնարհութիւն յայտնաբերեց։ Սողոմոն տակաւին նոր աւարտած էր երկրի վրայ ցարդ կառուցուած ամենաշքեղ շինարարութիւնը։ Սակայն ան խոնարհաբար աղօթեց. «Միթէ Աստուած իրաւցնէ երկրի վրայ պիտի բնակի՞։ Ահա երկինք ու երկինքներու երկինքը քեզ չեն կրնար պարունակել. ո՞ւր կը մնայ այս իմ շինած տունս»։—Գ. Թագաւորաց 8։27
8 Սողոմոնի նման մենք ալ խոնարհ պէտք է ըլլանք, երբ ուրիշները կը ներկայացնենք հանրային աղօթքի մը մէջ։ Թէեւ կեղծ սրբութեան երեւոյթէ պէտք է խուսափինք, բայց խոնարհութիւնը մեր ձայնի թոնին մէջ կը զգացուի։ Խոնարհ աղօթքները բարձրահնչիւն կամ թատերական չեն։ Անոնք ուշադրութիւնը ոչ թէ անհատին, հապա աղօթքը ուղղուած Էակին կը դարձնեն։ (Մատթէոս 6։5) Աղօթքի մէջ մեր ըսած բաներով ալ խոնարհութիւն ցոյց կու տանք։ Եթէ խոնարհութեամբ աղօթենք, մեր խօսքերը այնպէս մը պէտք չէ հնչեն, որպէս թէ Աստուծմէ կը պահանջենք որ կարգ մը բաներ ընէ մեր ուզած կերպով։ Հապա, Եհովայի պիտի աղաչենք որ իր սրբազան կամքին համաձայն գործի անցնի։ Սաղմոսերգուն պատշաճ կեցուածքի մէջ օրինակ հանդիսացաւ, երբ խնդրեց. «Հիմա կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛. հիմա կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, յաջողցուր»։—Սաղմոս 118։25. Ղուկաս 18։9-14
Հոգեւոր գոհարներ
it-1 1060 ¶4
Երկինք
Երուսաղէմի տաճարը շինող Սողոմոն թագաւորը ըսաւ, որ «երկինք ու երկինքներու երկինքը» չեն կրնար Աստուած պարունակել (Գ. Թագ. 8։27)։ Եհովան երկինքը Ստեղծողն է։ Ասոր համար, ան ատկէ շատ աւելի բարձր է եւ «միայն անոր անունը բարձր է, անոր փառքը երկրէն ու երկնքէն վեր է» (Սաղ. 148։13)։ Ճիշդ ինչպէ՛ս որ մարդ մը կրնայ շատ դիւրութեամբ իր ափովը ապրանք մը չափել, Եհովան ալ նոյն դիւրութեամբ կրնայ չափել ֆիզիքական երկինքը (Եսա. 40։12)։ Սողոմոնին ըսածը չի նշանակեր որ Աստուած ոչ մէկ տեղ է, ոչ ալ կը նշանակէ որ Ան բառացիօրէն ամէն տեղ է եւ ամէն բանի մէջ է։ Ասիկա յստակ կը դառնայ Սողոմոնին այն խօսքէն, որ Եհովան կը լսէ ‘երկնքէն, իր բնակութեանը տեղէն’, այսինքն՝ հոգեղէն վայրէն (Գ. Թագ. 8։30, 39)։