Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Եօթը հովիւ եւ ութ իշխաններ»
    Դիտարան 2013 | Նոյեմբեր 15
    • 3 Եսայի ըսաւ. «Ահա՛ կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի, եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչէ. . . Տղան չարը մերժելն ու բարին ընտրելը գիտնալէն առաջ՝ պիտի լքուի այն երկիրը՝ որուն երկու թագաւորներէն դուն կ’ահաբեկիս» (Եսա. 7։14, 16, ԱԾ)։ Այս մարգարէութեան առաջին մասը յաճախ կը կիրարկուի Մեսիայի ծնունդին, եւ ասիկա տեղին է (Մատ. 1։23)։ Բայց քանի որ «երկու թագաւորներ»ը,– Ասորիքի եւ Իսրայէլի թագաւորները,– առաջին դարուն այլեւս Յուդայի չէին սպառնար, Էմմանուէլի առնչուող մարգարէութիւնը Եսայիի օրերուն նախնական կատարում ունեցած ըլլալու էր։

      4 Այս աչքառու յայտարարութենէն ետք, Եսայիի կինը յղացաւ եւ իրեն որդի մը ծնաւ՝ Մահէր–Շալալ–Հաշ–Պազ անունով։ Հաւանական է որ ասիկա էր «Էմմանուէլ»ը, որուն մասին Եսայի խօսեցաւa։ Հին օրերուն, երբ մանուկ մը ծնէր, երբեմն անոր որոշ անուն կը տրուէր, թերեւս մասնայատուկ դէպք մը յիշատակելու համար, բայց իր ծնողներուն եւ ազգականներուն կողմէ տարբեր անունով կը ճանչցուէր (Բ. Թագ. 12։24, 25)։ Ապացոյց չկայ թէ Յիսուսին Էմմանուէլ կը կանչէին (կարդա՛ Եսայի 7։14. 8։3, 4)։

  • «Եօթը հովիւ եւ ութ իշխաններ»
    Դիտարան 2013 | Նոյեմբեր 15
    • a Եսայի 7։14–ի մէջ «կոյս» թարգմանուած եբրայերէն բառը կրնայ նշանակել՝ թէ՛ ամուսնացած կին եւ թէ կոյս աղջիկ։ Այսպէս, նոյն բառը կրնար կիրարկուիլ թէ՛ Եսայիի կնոջ եւ թէ հրեայ կոյս Մարիամին։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել