-
Նոր աշխարհ. դուք հոն պիտի ըլլա՞քԴիտարան 2000 | Ապրիլ 15
-
-
14, 15. Եսայեայ 65։21, 22–ի վրայ հիմնուելով, ի՞նչ վարձահատոյց գործունէութիւններ կրնաք ակնկալել։
14 Փոխանակ յօժարակամ մեղաւորին ինչպէս ոչնչացուելուն հարցին վրայ ծանրանալու, Եսային կը նկարագրէ նոր աշխարհին մէջ գոյութիւն ունենալիք կեանքի պայմանները։ Փորձեցէք դուք ձեզ այս տեսարանին մէջ դնել։ Ձեր մտքի աչքերով նախ կը տեսնէք անմիջականօրէն ձեզ հետաքրքրող բաները։ Եսային հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ 21 եւ 22–րդ համարներուն մէջ. «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն. վասն զի իմ ժողովուրդիս օրերը ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան եւ իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն»։
-
-
Նոր աշխարհ. դուք հոն պիտի ըլլա՞քԴիտարան 2000 | Ապրիլ 15
-
-
16. Ինչո՞ւ կրնաք ակնկալել որ նոր աշխարհը տեւական գոհացուցիչ ըլլայ։
16 Այսպիսի մանրամասնութիւններէն շատ աւելի կարեւոր է գիտնալ թէ ձեր անձնական բնակարանը պիտի ունենաք։ Անիկա ձերը պիտի ըլլայ. հիմակուան պէս պիտի չըլլայ՝ դուք չարչարուիք զայն շինելու համար, բայց ուրիշ մը անկէ օգտուի։ Եսայեայ 65։21–ը կ’ըսէ նաեւ թէ պիտի տնկէք ու անոնց պտուղը պիտի ուտէք։ Բացայայտօրէն, անիկա ընդհանուր կացութիւնը կ’ամփոփէ. ձեր թափած ջանքերէն, ձեր գործի պտուղէն մեծ գոհունակութիւն պիտի ստանաք։ Իսկ ասիկա «ծառի օրերու չափ» երկա՜ր կեանքի տեւողութեան պիտի կարենաք ընել։ Ասիկա իրապէս կը յարմարի՝ «ամէն բան նոր» ըլլալու նկարագրութեան։—Սաղմոս 92։12-14
-