Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Մարգարէութիւններ որոնք կատարուած են
    Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց
    • 22. Աշխարհակալ ուժերու հետ առնչուած մարգարէութեան մը մէջ, ուրիշ ո՞ր աշխարհակալ ոյժը մարգարէացուեցաւ։

      22 Դանիէլի 7–րդ գլուխին մէջ, հեռաւոր ապագայի մասին նոյնանման տեսիլք մըն ալ կայ։ Բաբելոնական աշխարհակալ ոյժը պատկերացուած էր առիւծով մը, Պարսկականը՝ արջով մը, իսկ Յունականը՝ ինձով մը, որու կռնակին վրայ չորս թեւեր կային եւ ան չորս գլուխ ունէր։ Ապա Դանիէլ ուրիշ գազան մը կը տեսնէ, որ «ահեղ, սոսկալի ու խիստ զօրաւոր էր ...։ [Անիկա] տասը եղջիւր ունէր»։ (Դանիէլ 7։2–7) Այս չորրորդ գազանը կը պատկերացնէր Հռովմէական հզօր Կայսրութիւնը որ սկսաւ զարգանալ Դանիէլ այս մարգարէութիւնը արձանագրելէ շուրջ երեք դարեր ետք։

  • Մարգարէութիւններ որոնք կատարուած են
    Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց
    • 24, 25. (ա) Գազանին տասը եղջիւրները ինչպէ՞ս երեւան եկան։ (բ) Դանիէլ գազանին եղջիւրներուն միջեւ ի՞նչ կռիւ նախատեսեց։

      24 Իսկ այս հսկայ գազանին տասը եղջիւրները ի՞նչ են։ Հրեշտակը ըսաւ. «Այն տասը եղջիւրները տասը թագաւորներ են, որ այն թագաւորութենէն պիտի ելլեն։ Անոնցմէ ետքը ուրիշ մը պիտի ելլէ, որ անիկա առաջուաններէն տարբեր պիտի ըլլայ։ Անիկա երեք թագաւոր պիտի կործանէ»։ (Դանիէլ 7։24) Ասիկա ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

      25 Երբ Հռովմէական Կայսրութիւնը սկսաւ տկարանալ Հ.Դ. հինգերորդ դարուն, անիկա անմիջապէս չփոխարինուեցաւ ուրիշ աշխարհակալ ոյժով մը։ Այլ անիկա բազմաթիւ թագաւորութիւններու՝ «տասը թագաւոր»ներու՝ բաժնուեցաւ։ Վերջապէս, Բրիտանական Կայսրութիւնը պարտութեան մատնեց իր երեք մրցակից կայսրութիւնները՝ Սպանիան, Ֆրանսան եւ Հոլանտան եւ դարձաւ գլխաւոր աշխարհակալ ոյժը։ Այս կերպով այս նոր ելլող ‘եղջիւրը’ «երեք թագաւորներ» կործանեց։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել