-
Իրարու դէմ պայքարող թագաւորները իրենց վախճանին կը մօտենանՈւշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
-
-
3, 4. «Ուխտին դէմ ամբարշտութիւն ընողները» որո՞նք են, եւ անոնք ի՞նչ յարաբերութիւն ունեցան հիւսիսի թագաւորին հետ։
3 Հիւսիսի թագաւորը «ուխտին դէմ ամբարշտութիւն ընողները շողոքորթութիւններով գլխէ պիտի հանէ», ըսաւ Աստուծոյ հրեշտակը։ Ան աւելցուց. «Բայց իրենց Աստուածը ճանչցող ժողովուրդները [«ժողովուրդը», Արեւմտահայերէն Թարգմանութիւն] պիտի զօրանան ու պիտի ընդդիմանան։ Ժողովուրդին խելացիները շատերուն պիտի սորվեցնեն, թէեւ ատեն մը սուրի, կրակի, գերութեան եւ յափշտակութեան պիտի հանդիպին [«ընկնեն», Արարատ]»։—Դանիէլ 11։32, 33ա
-
-
Իրարու դէմ պայքարող թագաւորները իրենց վախճանին կը մօտենանՈւշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
-
-
5, 6. «Իրենց Աստուածը ճանչցող ժողովուրդը» որո՞նք էին, եւ հիւսիսի թագաւորին իշխանութեան ներքեւ ի՞նչ պատահեցաւ անոնց։
5 Իսկ ի՞նչ ըրին անկեղծ Քրիստոնեաները՝ «իրենց Աստուածը ճանչցող ժողովուրդը» եւ «խելացիները»։ Թէեւ տեղին ըլլալով անոնք ‘իրենց վրայ եղած իշխանութիւններուն կը հնազանդէին’, սակայն հիւսիսի թագաւորին իշխանութեան ներքեւ ապրող Քրիստոնեաները այս աշխարհին մէկ մասը չէին։ (Հռովմայեցիս 13։1. Յովհաննու 18։36) «Զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին» տալու հոգածու ըլլալով, անոնք նաեւ «զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ» տուին։ (Մատթէոս 22։21) Այս պատճառաւ, անոնց ուղղամտութիւնը փորձի ենթարկուեցաւ։—Բ. Տիմոթէոս 3։12
6 Որպէս հետեւանք, ճշմարիտ Քրիստոնեաները թէ՛ ‘ինկան’ եւ թէ ‘զօրացան’։ Անոնք ինկան, այն առումով որ շատ մեծ հալածանքի ենթարկուեցան, անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ սպաննուեցան։ Սակայն զօրացան, այն առումով որ, հսկայ մեծամասնութիւնը հաւատարիմ մնաց։ Անոնք Յիսուսի նման, աշխարհի յաղթեցին։ (Յովհաննու 16։33) Ասկէ զատ, անոնք բնաւ չկասեցուցին քարոզչութիւնը, նոյնիսկ երբ բանտարկուեցան կամ կեդրոնացման ճամբարներու դատապարտուեցան։ Այսպէս վարուելով, անոնք ‘շատերուն սորվեցուցին’։ Հակառակ հիւսիսի թագաւորին կողմէ տիրապետուած գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ եղող հալածանքներուն, Եհովայի Վկաներուն թիւը աւելցաւ։ Շնորհիւ «խելացիներ»ուն հաւատարմութեան, այդ երկիրներուն մէջ ‘մեծ բազմութեան’ յարաճուն մաս մը երեւան եկած է։—Յայտնութիւն 7։9-14
-