Միքայէլին՝ Մեծ Իշխանին՝ վերջնական յաղթանակը
«Այն ժամանակ Միքայէլ մեծ իշխանը պիտի ելլէ, որ քու ժողովուրդիդ որդիներուն վրայ կենայ»։—ԴԱՆԻԷԼ 12։1
1. Աշխարհի շատ մը կառավարիչներ ի՞նչ կեցուածք ունեցած են Եհովայի գերիշխանութեան հանդէպ, եւ հիւսիսի թագաւորը ինչո՞ւ բացառութիւն չի կազմեր։
«ԵՀՈՎԱՆ ո՞վ է, որ անոր խօսքին մտիկ ընելով՝ Իսրայէլին թուլատրեմ»։ (Ելից 5։2) Ասիկա Մովսէսի ուղղած Փարաւոնի հեգնական խօսքերն էին։ Մերժելով ընդունիլ Եհովայի գերակայ աստուածութիւնը, Փարաւոն վճռած էր Իսրայէլը գերութեան մէջ պահել։ Ուրիշ կառավարիչներ ալ Եհովայի նկատմամբ այսպիսի արհամարհանք ցոյց տուած են, հետեւաբար, Դանիէլի մարգարէութեան թագաւորները բացառութիւն չեն կազմեր։ (Եսայեայ 36։13–20) Իրականութեան մէջ, հիւսիսի թագաւորը աւելի հեռուն գացած է։ Հրեշտակը կ’ըսէ. «Զինքը բոլոր աստուածներէն վեր պիտի բարձրացնէ ու պիտի մեծցնէ եւ աստուածներուն Աստուծոյն դէմ սոսկալի բաներ պիտի խօսի։ ... Ան իր հայրերուն աստուածներուն մասին պիտի չմտածէ, ո՛չ ալ կիներու ցանկութիւններու մասին ու ոեւէ աստուած պիտի անտեսէ, քանզի ինքզինք ամենէն մեծ պիտի սեպէ»։—Դանիէլ 11։36, 37
2, 3. Հիւսիսի թագաւորը ի՞նչ կերպով մերժեց «իր հայրերուն աստուածը». ի նպաստ ո՞ր «աստուծոյն»։
2 Մարգարէական այս խօսքերը կատարելով, հիւսիսի թագաւորը մերժեց ‘իր հայրերուն աստուածները’ (կամ, «իր նախահայրերուն աստուածները» ըստ The New English Bible թարգմանութեան), անիկա ըլլայ Հռովմի չաստուածները թէ Քրիստոնեայ Աշխարհի Երրորդութիւնը։ Հիթլէր Քրիստոնեայ Աշխարհը գործածեց իր անձնական շահերուն համար, բայց երեւութապէս զայն նորով՝ Գերմանական եկեղեցիով՝ փոխարինելու ծրագիր մը ունէր։ Իր յաջորդը ուղղակիօրէն անաստուածութիւնը քաջալերեց։ Այս կերպով, հիւսիսի թագաւորը ինքզինք աստուած մը դարձուց, ‘ինքզինք ամենէն մեծ սեպելով’։
3 Մարգարէութիւնը կը շարունակէ. «Ան բերդերուն աստուածը իր եղած տեղը պիտի պատուէ ու իր հայրերուն չճանչցած աստուածը ոսկիով, արծաթով, պատուական քարերով ու ցանկալի բաներով պիտի պատուէ»։ (Դանիէլ 11։38) Արդարեւ, հիւսիսի թագաւորը իր վստահութիւնը արդի գիտական ռազմապաշտութեան՝ ‘բերդերուն աստուծոյն’ վրայ դրաւ։ Վերջին ժամանակի բոլոր տեւողութեան, ան փրկութիւն փնտռած է այս ‘աստուծոյն’ միջոցով, անոր խորանին վրայ հսկայական հարստութիւն զոհելով։
4. Հիւսիսի թագաւորը ի՞նչ յաջողութիւն ունեցած է։
4 «Օտար աստուծոյ հետ զօրաւոր բերդերու մէջ պիտի գործէ ու զանիկա ճանչցողներուն փառքը պիտի շատցնէ եւ շատերուն վրայ տիրել պիտի տայ անոնց ու երկիրը իբրեւ վարձք պիտի բաժնէ»։ (Դանիէլ 11։39) Իր ռազմական «օտար աստուծոյ»ն վստահելով, հիւսիսի թագաւորը ազդու կերպով ‘գործեց’, «վերջին օրերուն» զինուորական ահաւոր ոյժ մը ըլլալով։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Իր գաղափարաբանութեան նեցուկ կանգնողները վարձատրեց քաղաքական, դրամական եւ երբեմն զինուորական միջոցներով։
«Վերջին Ժամանակը»
5, 6. Հարաւի թագաւորը ինչպէ՞ս ‘յարձակեցաւ’ եւ հիւսիսի թագաւորը ինչպէ՞ս հակազդեց։
5 Դանիէլ 11։40ա–ի մէջ կը կարդանք. «Վերջին ժամանակը հարաւի թագաւորը անոր վրայ պիտի յարձակի»։ Կը կարծուէր որ այս եւ յաջորդող համարները մօտ ապագային տեղի պիտի ունենային։ Սակայն, եթէ հոս «վերջին ժամանակը» Դանիէլ 12։4 եւ 9 համարներուն իմաստը կը կրէ, այս խօսքերուն կատարումը պէտք է փնտռենք վերջին օրերուն ընթացքին։ Այս ժամանակի ընթացքին, հարաւի թագաւորը հիւսիսի թագաւորին վրայ ‘յարձակա՞ծ’ է։ Այո, արդարեւ։ Առաջին աշխարհամարտէն ետք, պատժական խաղաղութեան դաշինքը վստահաբար ‘յարձակում’ մըն էր, փոխ վրէժի դրդում մը։ Երկրորդ աշխարհամարտին յաղթանակ տանելէ ետք, հարաւի թագաւորը իր կորիզային զարհուրելի զէնքերը լարեց դէպի իր մրցակիցը եւ անոր դէմ զինուորական ուժեղ պայմանագրութիւն մը՝ ՆԱԹՕ–ն հաստատեց։ Տարիներու ընթացքին, այս ‘յարձակումը’ իր մէջ պարունակեց գերճարտար լրտեսութիւն, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական եւ զինուորական յարձակումներ։
6 Հիւսիսի թագաւորին հակազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ։ «Հիւսիսի թագաւորը կառքերով, ձիաւորներով ու շատ նաւերով մրրիկի պէս հարաւի թագաւորին դէմ պիտի երթայ ու անոր երկիրը պիտի մտնէ ու կոխելով պիտի անցնի»։ (Դանիէլ 11։40բ) Վերջին օրերուն, պատմութիւնը հիւսիսի թագաւորին ծաւալապաշտութիւնը տեսած է։ Երկրորդ աշխարհամարտի ընթացքին, Նացի «թագաւորը» շրջակայ երկիրներուն սահմանները ողողեց։ Պաղ Պատերազմի շրջանին, հիւսիսի թագաւորը իր մրցակիցին հետ կռուեցաւ, Ափրիկէի, Ասիոյ եւ Լատին Ամերիկայի նման միջանկեալ երկիրներու պատերազմներով եւ ապստամբութիւններով։ Ան իրական Քրիստոնեաները հալածեց, անոնց գործունէութիւնը սահմանափակելով (բայց ոչ մէկ կերպով կասեցնելով)։ Իսկ իր զինուորական եւ քաղաքական յարձակումները շատ մը երկիրներ իր հսկողութեան ներքեւ բերաւ։ Ճիշդ ինչպէս որ հրեշտակը մարգարէացած էր. «Փառաւոր երկիրը [Աստուծոյ ժողովուրդին հոգեւոր վիճակը] պիտի մտնէ ու շատ երկիրներ տակնուվրայ պիտի ընէ»։—Դանիէլ 11։41ա
7. Հիւսիսի թագաւորին ծաւալապաշտութիւնը ի՞նչ սահմանափակումներ ունեցաւ։
7 Այսուհանդերձ, նոյնիսկ երբ իր մրցակիցին աչքին հիւսիսի թագաւորը սպառնացող ներկայութիւն մըն էր, ան համաշխարհային յաղթանակ մը չիրագործեց։ «Անոր ձեռքէն պիտի ազատին Եդովմը, Մովաբն ու Ամմոնի որդիներուն գլխաւոր քաղաքը»։ (Դանիէլ 11։41բ) Անցեալին, Եդովմը, Մովաբն ու Ամմոնը վերիվերոյ Եգիպտոսի ու Սուրիոյ միջեւ կը գտնուէին։ Կրնանք ըսել որ անոնք կը ներկայացնեն այն ազգերն ու կազմակերպութիւնները այսօր, որոնց հիւսիսի թագաւորը իր թիրախը ըրաւ, բայց չկարողացաւ զանոնք իր հեղինակութեան ներքեւ բերել։
«Եգիպտոսը Պիտի Չկարենայ Ազատիլ»
8, 9. Հիւսիսի թագաւորին ազդեցութիւնը ինչպէ՞ս զգալի եղաւ նոյնիսկ իր գլխաւոր մրցակիցին կողմէ։
8 Հրեշտակը կը շարունակէ ըսել. «Իր ձեռքը երկիրներու վրայ պիտի երկնցնէ ու Եգիպտոսը պիտի չկարենայ ազատիլ։ Ոսկիի ու արծաթի գանձերուն ու Եգիտպոսի բոլոր պատուական բաներուն պիտի տիրէ եւ Լիբէացիներն ու Եթովպիացիները անոր [քայլերուն] պիտի հետեւին»։ (Դանիէլ 11։42 43) Նոյնիսկ հարաւի թագաւորը՝ «Եգիպտոսը»՝ պիտի չազատի հիւսիսի թագաւորին ծաւալապաշտական քաղաքականութենէն։ Ան, զոր օրինակ, Վիէթնամի մէջ նշմարելի պարտութիւն մը կրեց։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել ‘Լիբէացիներուն ու Եթովպիացիներու’ մասին։ Վաղեմի Եգիպտոսի այս դրացիները տեղին ըլլալով կրնան նախաշուքը ըլլալ այն ազգերուն, որոնք աշխարհագրական առումով, արդի «Եգիպտոս»ին դրացիներն են եւ եղած է ժամանակներ որ անոնք հիւսիսի թագաւորին ‘քայլերուն’ հետեւած են։
9 Հիւսիսի թագաւորը ‘Եգիպտոսի պահուած գանձերուն’ տիրա՞ծ է։ Ճիշդ է որ ան հարաւի թագաւորին վրայ յաղթանակ տարած չէ եւ մինչեւ 1993 թուականը աշխարհի վիճակը ասոր անհաւանական ըլլալը ցոյց կու տայ։ Բայց ան զօրաւոր ազդեցութիւն մը ունեցած է հարաւի թագաւորին դրամական աղբիւրի գործածութեան կերպին վրայ։ Իր մրցակիցէն վախնալով, հարաւի թագաւորը ամէն տարի հսկայական գումարներ յատկացուցած է ահաւոր բանակ մը, նաւատորմ մը եւ օդուժ մը պահելու համար։ Այս առումով կարելի է ըսել որ հիւսիսի թագաւորը ‘տիրած’ է, ղեկավարած է, հարաւի թագաւորին հարստութիւնը։
Հիւսիսի Թագաւորին Վերջնական Արշաւը
10. Հրեշտակը ինչպէ՞ս բացատրեց երկու թագաւորներուն միջեւ եղող մրցակցութեան վախճանը։
10 Երկու թագաւորներուն միջեւ մրցակցութիւնը անվերջ կը շարունակուի՞։ Ո՛չ։ Հրեշտակը ըսաւ Դանիէլի. «Բայց արեւելքէն ու հիւսիսէն լուրեր պիտի գան, որոնք զինք [հիւսիսի թագաւորը] պիտի խռովեցնեն, ուստի մեծ բարկութեամբ պիտի ելլէ, որպէսզի շատերը կորսնցնէ ու բնաջինջ ընէ։ Պալատներու պէս վրանները ծովուն եւ փառաւոր ու սուրբ լերան միջեւ պիտի կանգնեցնէ. բայց անիկա իր վախճանին պիտի հասնի ու անոր օգնութիւն ընող պիտի չըլլայ»։—Դանիէլ 11։44, 45, ՆԱ։
11, 12. Քաղաքական վերջին ո՞ր դէպքերը հիւսիսի եւ հարաւի թագաւորներուն մրցակցութեան հետ կապ ունին, եւ տակաւին ի՞նչ պիտի սորվինք։
11 Այս դէպքերը տակաւին ապագային ըլլալիք բաներ են եւ մանրամասնօրէն չենք կրնար ըսել թէ մարգարէութիւնը ի՛նչպէս պիտի կատարուի։ Վերջերս երկու թագաւորներուն դրութիւնը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ։ Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու միջեւ դառն մրցակցութիւնը պաղեցաւ։ Ասկէ զատ, Սովետական Միութիւնը 1991–ին կազմալուծուեցաւ եւ այլեւս գոյութիւն չունի։—Տես 1 Մարտ 1992–ի Դիտարանի համարը, էջ 4 եւ 5։
12 Արդ, հիմա ո՞վ է հիւսիսի թագաւորը։ Արդեօք անիկա նախկին Սովետական Միութեան մաս կազմող երկիրներէն մէ՞կն է։ Թէ ոչ անոր ինքնութիւնը բոլորվին փոխուելու վրայ է, ինչպէս նախապէս բազմիցս եղած է։ Չենք կրնար ըսել։ Դանիէլ 11։44, 45–ը կատարուելու ատեն, ո՞վ պիտի ըլլայ հիւսիսի թագաւորը։ Երկու թագաւորներուն միջեւ մրցակցութիւնը անգամ մը եւս պիտի բոցավառուի՞։ Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլան տակաւին շատ մը երկիրներու մէջ զետեղուած կորիզային հսկայ մթերանոցները։ Միայն ժամանակը պիտի հայթայթէ այս հարցումներուն պատասխանը։
13, 14. Երկու թագաւորներուն ապագային մասին ի՞նչ գիտենք։
13 Բայց, բան մը որոշ է. շուտով հիւսիսի թագաւորը յարձակողական արշաւի մը պիտի ձեռնարկէ, որու պատճառը պիտի ըլլայ ‘արեւելքէն ու հիւսիսէն եկած լուրերը, որոնք զինք պիտի խռովեցնեն’։ Այս արշաւին անմիջապէս պիտի յաջորդէ իր «վախճան»ը։ Այս «լուրեր»ուն մասին աւելին կրնանք գիտնալ, եթէ նկատի առնենք Աստուածաշունչի ուրիշ մարգարէութիւններ։
14 Նախ, նշմարեցէք որ հիւսիսի թագաւորին այս արարքները հարաւի թագաւորին դէմ չեն։ Անիկա իր վախճանին չի հասնիր իր մեծ մրցակիցին ձեռքով։ Նմանապէս, հարաւի թագաւորը, հիւսիսի թագաւորին կողմէ չի կործանիր։ Հարաւի թագաւորը (որ ուրիշ մարգարէութիւններուն մէջ ներկայացուցած է որպէս գազանին վրայի վերջին եղջիւրը) Աստուծոյ Թագաւորութեան կողմէ կը կործանի, ‘առանց մարդկային ձեռքի’։ (Դանիէլ 7։26. 8։25) Իրականութեան մէջ, երկրային բոլոր թագաւորները վերջապէս պիտի բնաջնջուին Աստուծոյ Թագաւորութեան կողմէ, Արմագեդոնի պատերազմին եւ բացայայտօրէն նոյնը պիտի պատահի հիւսիսի թագաւորին։ (Դանիէլ 2։44. 12։1. Յայտնութիւն 16։14, 16) Դանիէլ 11։44, 45–ը կը նկարագրէ այն դէպքերը, որոնք պիտի առաջնորդեն այդ վերջնական պատերազմին։ Երբ հիւսիսի թագաւորը իր վախճանին հասնի, զարմանալի չէ որ «անոր օգնութիւն ընող պիտի չըլլայ»։
15. Ո՞ր կարեւոր հարցումները տակաւին ձեռք պէտք է առնուին։
15 Ի՞նչ են այն միւս մարգարէութիւնները, որոնք լոյս կը սփռեն այն «լուրեր»ուն վրայ, որոնք հիւսիսի թագաւորը պիտի մղեն որ «շատերը կորսնցնէ»։
Արեւելքէն Լուրեր
16. (ա) Արմագեդոնէն առաջ, աչքառու ի՞նչ դէպք պէտք է պատահի։ (բ) Որո՞նք են «արեւելքի թագաւորներ»ը։
16 Ճակատագրական պատերազմէն՝ Արմագեդոնէն՝ առաջ, ճշմարիտ պաշտամունքին մեծ թշնամին՝ պոռնկանման Մեծն Բաբելոնը, սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը, պիտի կործանի։ (Յայտնութիւն 18։3–8) Անոր կործանումը նախապատկերացուած էր խորհրդանշական Եփրատ գետին վրայ Աստուծոյ բարկութեան վեցերորդ սկաւառակին թափուելով։ Գետը կը չորնայ, «որպէսզի արեւելքի թագաւորներուն ճամբան պատրաստուի»։ (Յայտնութիւն 16։12) Որո՞նք են այս թագաւորները։ Անոնք Եհովա Աստուած ու Յիսուս Քրիստոսն են։a
17. (ա) Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ Մեծն Բաբնելոնի կործանման մասին։ (բ) ‘Արեւելքէն եկող լուրերը’ ի՞նչ կրնան ըլլալ։
17 Մեծն Բաբելոնի կործանումը վառ կերպով նկարագրուած է Յայտնութիւն գիրքին մէջ. «Տասը եղջիւրները, [վերջին ժամանակին իշխող ‘թագաւորները’] որոնք գազանին [Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը ներկայացնող կարմիր գազանին] վրայ տեսար, անոնք պիտի ատեն պոռնիկը ու զանիկա պիտի մերկացնեն եւ անոր մարմինը պիտի ուտեն ու զանիկա կրակով պիտի այրեն»։ (Յայտնութիւն 17։16) Արդարեւ, ազգերը ‘շատ միս’ պիտի բնաջնջեն։ (Դանիէլ 7։5) Բայց կառավարիչները՝ մէջը ըլլալով հիւսիսի թագաւորը՝ ինչո՞ւ պիտի կործանեն Մեծն Բաբելոնը։ Քանի որ ‘Աստուած անոնց սրտին մէջ կը դնէ որ իր կամքը կատարեն’։ (Յայտնութիւն 17։17) ‘Արեւելքէն եկած լուրը’ Եհովայի այս արարքին կրնայ ակնարկել, որով, իր ընտրած կերպով, մարդկային առաջնորդներուն սրտին մէջ պիտի դնէ որ կրօնական մեծ պոռնիկը բնաջինջ ընեն։—Դանիէլ 11։44
Հիւսիսէն Եկած Լուրը
18. Հիւսիսի թագաւորը ուրիշ ի՞նչ թիրախ ունի, եւ երբ իր վախճանին հասնի ան ո՞ւր գտնուած պիտի ըլլայ։
18 Բայց հիւսիսի թագաւորը բարկութեան ուրիշ թիրախ մըն ալ ունի։ Հրեշտակը կ’ըսէ որ ան «պալատներու պէս վրանները ծովուն եւ փառաւոր ու սուրբ լերան մէջտեղ պիտի կանգնեցնէ»։ (Դանիէլ 11։45, ՆԱ։) Դանիէլի օրերուն, մեծ ծովը՝ Միջերկրականն էր եւ սուրբ լերը՝ Սիօնը, ուր ժամանակին կը գտնուէր Աստուծոյ տաճարը։ Հետեւաբար, ըստ մարգարէութեան կատարման, հիւսիսի թագաւորը զինուորական արշաւ մը պիտի մղէ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ։ Հոգեւոր առումով, ներկայիս՝ ‘ծովուն եւ փառաւոր ու սուրբ լերան մէջտեղ’ը կ’ակնարկէ Աստուծոյ օծեալ ծառաներուն հոգեւոր վիճակին, քանի որ անոնք օտարացած մարդոց «ծովէն» դուրս եկած են եւ երկնային Սիօն Լերան վրայ Յիսուս Քրիստոսի հետ իշխելու յոյսը կը տածեն։—Եսայեայ 57։20. Եբրայեցիս 12։22. Յայտնութիւն 14։1
19. Ինչպէս մատնանշուած է Եզեկիէլի մարգարէութեան մէջ, ինչպէ՞ս կրնանք բնորոշել Գոգի յարձակման դրդող լուրը։ (Տես ստորանշումը)։
19 Դանիէլի ժամանակակից եղող Եզեկիէլն ալ մարգարէացաւ, «վերջին օրեր»ուն Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ կատարուելիք յարձակման մասին։ Ան ըսաւ որ այս թշնամանքը պիտի դրդուի Գոգ Մագոգի կողմէ, որ կը ներկայացնէ Բանսարկու Սատանան։ (Եզեկիէլ 38։16) Այլաբանօրէն, Գոգը ո՞ր կողմէն կու գայ։ Եզեկիէլի միջոցով Եհովա կ’ըսէ. «Քու տեղէդ՝ հիւսիսի ծայրերէն՝ պիտի գաս»։ (Եզեկիէլ 38։15) Հետեւաբար, ‘հիւսիսէն եկած լուրերը’ Սատանայի քարոզչութիւնները կրնան ըլլալ, որպէսզի հիւսիսի թագաւորը եւ բոլոր թագաւորները դրդէ Եհովայի ժողովուրդին վրայ յարձակելու։b—Բաղդատել Յայտնութիւն 16։13, 14. 17։14։
20, 21. (ա) Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակելու համար, Գոգ ինչո՞ւ ազգերը, մէջը ըլլալով հիւսիսի թագաւորը, պիտի գրգռէ։ (բ) Անոր յարձակումը պիտի յաջողի՞։
20 Գոգը այս կատաղի յարձակումը կը կատարէ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ին բարգաւաճութեան պատճառով, որ ուրիշ ոչխարներու հետ այլեւս այս աշխարհին մաս չեն կազմեր։ (Գաղատացիս 6։16. Յովհաննու 10։16. 17։15, 16. Ա. Յովհաննու 5։19) Գոգը լաւ աչքով չի նայիր «ազգերէն հաւաքուած եւ [հոգեւոր] խաշինք ու ապրանք ստացած» ժողովուրդին։ (Եզեկիէլ 38։12. Յայտնութիւն 5։9. 7։9) Որպէս կատարում այս խօսքերուն, Եհովայի ժողովուրդը որեւէ ժամանակէ աւելի կը բարգաւաճի ներկայիս։ Եւրոպայի, Ափրիկէի եւ Ասիոյ շատ մը երկիրներու մէջ, ուր իրենց գործունէութիւնը արգիլուած էր, հիմա ազատօրէն պաշտամունք կը կատարեն։ 1987–էն 1992–ի միջեւ, բոլոր ազգերէն աւելի քան մէկ միլիոն «ցանկալի բաներ» եկած են Եհովայի ճշմարիտ պաշտամունքի տունը։ Անոնք հոգեւորապէս հարուստ ու խաղաղ են։—Անգեայ 2։7. Եսայեայ 2։2–4. Բ. Կորնթացիս 8։9
21 Քրիստոնէական հոգեւոր վիճակը որպէս դիւրութեամբ գրաւուելիք «անպարիսպ գիւղեր» նկատելով, Գոգ գերագոյն ճիգ մը կը թափէ համայն մարդկութիւնը ղեկավարելու համար իրեն արգելք հանդիսացող այս տարրը բնաջնջելու։ (Եզեկիէլ 38։11) Բայց ան կը ձախողի։ Երբ երկրի թագաւորները յարձակում գործեն Եհովայի ժողովուրդին վրայ, անոնք ‘իրենց վախճանին պիտի հասնին’։ Ինչպէ՞ս։
Երրորդ Թագաւոր մը
22, 23. Երբ Գոգը յարձակի, Աստուծոյ ժողովուրդին ի նպաստ ո՞վ պիտի ելլէ, եւ ի՞նչ արդիւնքով։
22 Եզեկիէլ կ’ըսէ որ Գոգի յարձակումը Եհովա Աստուծոյ համար ազդանշանը պիտի ըլլայ, որպէսզի իր ժողովուրդին ի նպաստ ոտքի ելլէ եւ կործանէ Գոգի ուժերը «Իսրայէլի լեռներուն վրայ»։ (Եզեկիէլ 38։18. 39։4) Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Դանիէլի ըսած հրեշտակին խօսքերը. «Այն ժամանակ Միքայէլ մեծ իշխանը պիտի ելլէ, որ քու ժողովուրդիդ որդիներուն վրայ կենայ ու այնպիսի նեղութեան ժամանակ պիտի ըլլայ, որուն նմանը ազգ ըլլալէն մինչեւ այդ ատեն եղած չէ եւ այն ժամանակ քու ժողովուրդդ պիտի ազատի, այսինքն ով որ գրքին մէջ գրուած գտնուի»։—Դանիէլ 12։1
23 1914–ին, Յիսուս՝ երկնային ռազմիկը՝ Միքայէլ՝ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան Թագաւորը եղաւ։ (Յայտնութիւն 11։15. 12։7–9) Անկէ ի վեր, ան կայնած է ‘Դանիէլի ժողովուրդին որդիներուն համար’։ Շուտով սակայն, ան «պիտի ելլէ» Եհովայի անունով, որպէս անպարտելի Ռազմիկ–Թագաւոր մը, «վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։8) Երկրի բոլոր ազգերը, Դանիէլի մարգարէութեան թագաւորներն ալ մէջը ըլլալով, «կոծ պիտի ընեն»։ (Մատթէոս 24։30) Երբ տակաւին ‘Դանիէլի ժողովուրդին’ հանդէպ չար խորհուրդներ կը տածեն, անոնք յաւիտեան պիտի բնաջնջուին «Միքայէլ մեծ իշխան»ին ձեռքով։—Յայտնութիւն 19։11–21
24. Դանիէլի մարգարէութեան այս ուսումնասիրութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։
24 Կարօտով չե՞նք սպասեր Միքայէլի եւ իր Աստուծոյն՝ Եհովայի՝ այդ հոյակապ յաղթանակը։ Քանի որ այդ յաղթանակը ‘ազատում’՝ վերապրում՝ պիտի նշանակէ ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն։ (Բաղդատել Մաղաքեայ 4։1–3։) Հետեւաբար, անձկագին ակնկալութեամբ ապագային նայելով, չենք մոռնար Պօղոս առաքեալի յորդորը. «Խօսքը քարոզէ՛, մտադրութեամբ գործիդ պարապէ՛, ատենին ու ատենէն դուրս»։ (Բ. Տիմոթէոս 4։2) Թող որ կառչինք կեանքի Խօսքին եւ ժրաջանօրէն փնտռենք Եհովայի ոչխարները, երբ տակաւին նպաստաւոր ժամանակը կը շարունակուի։ Կեանքի մրցումին վերջագծին հասած ենք։ Վարձատրութիւնը մեր դիմաց է։ Բոլորս ալ վճռենք մինչեւ վերջ համբերել եւ փրկուողներուն մէջ գտնուիլ։—Մատթէոս 24։13. Եբրայեցիս 12։1
[Ստորանիշ էջ 20]
a Տես Յայտնութիւն—Անոր Յանգումը Մօտ Է գիրքը, էջ 229–230, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
[Ստորանիշ էջ 20]
b Որպէս փոխընտրութիւն, ‘հիւսիսէն եկած լուրերը’ կրնան Եհովայէն գալ, նկատի ունենալով ինչ որ կ’ըսէ Գոգի. «Քու կզակներուդ կարթեր պիտի անցնեմ»։ «Հիւսիսի ծայրերէն քեզ պիտի հանեմ ու քեզ Իսրայէլի լեռներուն վրայ պիտի բերեմ»։—Եզեկիէլ 38։4. 39։2. բաղդատել Սաղմոս 48։2
Կը Հասկնա՞ք
◻ Հարաւի թագաւորը ինչպէ՞ս հիւսիսի թագաւորին վրայ յարձակած է վերջին ժամանակի ընթացքին։
◻ Երկու թագաւորներուն մրցակցութեան արդիւնքին մասին տակաւին ի՞նչ պիտի սորվինք։
◻ Արմագեդոնէն առաջ, ի՞նչ երկու դէպքեր վստահաբար պիտի ներփակեն հիւսիսի թագաւորը։
◻ «Միքայէլ մեծ իշխանը» ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանէ Աստուծոյ ժողովուրդը։
◻ Դանիէլի մարգարէութեան ուսումնասիրութենէն ետք, ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր հակազդեցութիւնը։
[Նկարներ՝ էջ 18]
Հիւսիսի թագաւորը իր նախնիքներուն պաշտած աստուածներէն տարբեր աստուած մը պաշտած է
[Վերապահուած Իրաւասութիւն]
Top left and middle։ UPI/Bettmann; bottom left։ Reuters/Bettmann; bottom right։ Jasmin/Gamma Liaison