Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • Սուրբ Գիրքի գլխաւոր նիւթը՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է։ Եհովան այդ Թագաւորութեան միջոցաւ, երկրին նկատմամբ իր բուն նպատակը պիտի իրականացնէ։ Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Ինչպէ՞ս գիտենք որ հիմա կ’իշխէ։ Արդէն ինչե՞ր ըրած է։ Եւ ապագային ինչե՞ր պիտի ընէ։ Այս դասը եւ յաջորդ երկու դասերը պիտի պատասխանեն այս հարցումներուն։

      1. Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ ո՞վ է անոր Թագաւորը

      Թագաւորութիւնը կառավարութիւն մըն է, որ Եհովա Աստուած հաստատած է։ Անոր Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս, երկինքէն կ’իշխէ (Մատթէոս 4։17. Յովհաննէս 18։36)։ Սուրբ Գիրքը Յիսուսի մասին կ’ըսէ, որ «յաւիտեան պիտի թագաւորէ» (Ղուկաս 1։32, 33)։ Ան երկրի բոլո՛ր մարդոց վրայ պիտի իշխէ։

      2. Որո՞նք Յիսուսին հետ կ’իշխեն

      Յիսուս մինակը չ’իշխեր։ Անհատներ ‘ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ. . . պիտի թագաւորեն’ (Յայտնութիւն 5։9, 10)։ Քրիստոսին հետ քանի՞ հոգի պիտի իշխէ։ Յիսուս երկիր գալէ ի վեր, միլիոնաւոր մարդիկ իր հետեւորդները դարձած են։ Բայց այդ ճշմարիտ քրիստոնեաներէն միայն 144,000 անհատներ երկինք կ’երթան՝ Յիսուսին հետ թագաւորելու (կարդա՛ Յայտնութիւն 14։1-4)։ Իսկ մնացեալ բոլոր իր հետեւորդները երկրի վրայ Թագաւորութեան հպատակները պիտի ըլլան (Սաղմոս 37։29)։

      3. Ինչո՞ւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկային կառավարութիւններէն աւելի լաւ է

      Նոյնիսկ երբ մարդկային կառավարիչները ջանք կ’ընեն որ լաւ բաներ ընեն, չեն կրնար իրենց ամէն ուզածը ընել։ Ի վերջոյ, անոնց տեղը կ’առնեն ուրիշ կառավարիչներ, որոնք կրնան անձնասէր ըլլալ եւ չուզել մարդոց օգնել։ Բայց Աստուծոյ Թագաւորութեան Կառավարիչին՝ Յիսուսին, տեղը բնա՛ւ մէկը պիտի չգայ։ Աստուած ‘թագաւորութիւն մը հանած է, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի’ (Դանիէլ 2։44)։ Յիսուս ամբողջ երկրի վրայ պիտի իշխէ եւ մարդոց միջեւ զատողութիւն պիտի չդնէ։ Ան մարդոց հանդէպ գուրգուրանք ունի, ազնիւ եւ արդար է, եւ մարդոց պիտի սորվեցնէ, որ իրարու հետ նոյն կերպով վարուին՝ սիրով, ազնուութեամբ եւ արդարութեամբ (կարդա՛ Եսայի 11։9)։

      ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

      Նկատի առ յաւելեալ կէտեր, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչո՛ւ որեւէ մարդկային կառավարութենէ աւելի լաւ է։

      Յիսուս Քրիստոս իր երկնային գահէն կ’իշխէ երկրի վրայ։ Իր իշխանակիցները իր ետին նստած են։ Իրենց ետին ալ Եհովան կը շողայ։

      4. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ամբողջ երկրի վրայ պիտի իշխէ

      Յիսուս Քրիստոս աւելի մեծ իշխանութիւն ունի, քան պատմութեան մէջ ոեւէ կառավարիչ։ Կարդացէ՛ք Մատթէոս 28։18 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ի՞նչ է տարբերութիւնը Յիսուսին իշխանութեան եւ ոեւէ մարդկային կառավարիչի իշխանութեան միջեւ։

      Մարդկային կառավարութիւնները յաճախ կը փոխուին եւ ամէն մէկ կառավարութիւն երկրագունդին միայն մէկ մասին վրայ կ’իշխէ։ Ի՞նչ կրնանք ըսել Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։ Կարդացէ՛ք Դանիէլ 7։14 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Քու կարծիքովդ, ինչո՞ւ լաւ է որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը «պիտի չաւերուի»։

      • Քու կարծիքովդ, ինչո՞ւ լաւ է որ անիկա ամբո՛ղջ երկրի վրայ պիտի իշխէ։

      5. Մարդկային իշխանութիւնը պէ՛տք է վերջ գտնէ

      Ինչո՞ւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պէ՛տք է մարդկային կառավարութիւններուն տեղը առնէ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

      ՎԻՏԷՕ. Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը. հատուած (1։41)

      • Մարդկային իշխանութեան արդիւնքը ի՞նչ եղած է։

      Կարդացէ՛ք Ժողովող 8։9 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Կը կարծե՞ս որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկային կառավարութիւններուն տեղը պէ՛տք է առնէ։ Ինչո՞ւ։

      6. Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանները մեզ կը հասկնան

      Որովհետեւ մեր Թագաւորը՝ Յիսուս, որպէս մարդ ապրած է, կրնայ մեր «տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ» (Եբրայեցիս 4։15)։ 144,000 հաւատարիմ տղամարդիկն ու կիները, որոնք Յիսուսին հետ պիտի իշխեն, Եհովայի կողմէ ընտրուած են «ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ» (Յայտնութիւն 5։9)։

      • Կը մխիթարուի՞ս գիտնալով, որ Յիսուս եւ իր իշխանակիցները որպէս մարդ ապրած են։ Ինչո՞ւ։

      Տարբեր ժամանակներէ եւ ենթահողերէ եղող օծեալ տղամարդիկ ու կիներ։

      Եհովան ամէն տեսակ տղամարդիկ ու կիներ ընտրած է՝ Յիսուսին հետ իշխելու համար

      7. Աստուծոյ Թագաւորութեան օրէնքները շա՜տ աւելի լաւ են

      Կառավարութիւնները օրէնքներ կը դնեն, որոնք իրենց հպատակներուն օգտակար կ’ըլլան եւ զիրենք կը պաշտպանեն։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնն ալ օրէնքներ ունի, եւ իր հպատակները անոնց պէտք է հնազանդին։ Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 6։9-11 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Քու կարծիքովդ, աշխարհը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ, երբ ամէն մարդ հետեւի վարուելակերպի նկատմամբ Աստուծոյ օրէնքներունa։

      • Կը կարծե՞ս որ տրամաբանական է, որ Եհովան Թագաւորութեան հպատակներէն պահանջէ այդ օրէնքները յարգել։ Ինչո՞ւ։

      • Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ մարդիկ, որոնք այդ օրէնքներուն չեն հնազանդիր, կրնա՛ն փոխուիլ (տե՛ս համար 11)։

      Ոստիկան մը խճողուած խաչմերուկի մը վրայ ինքնաշարժները կը կեցնէ։ Տարբեր տարիքներու մարդիկ փողոցը կը կտրեն։

      Կառավարութիւնները օրէնքներ կը դնեն, իրենց հպատակներուն պաշտպանութեան ու օգտին համար։ Իսկ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ա՛լ աւելի լաւ օրէնքներ ունի, իր հպատակներուն պաշտպանութեան ու օգտին համար

      ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սրտիս մէջ է»։

      • Ի՞նչ պատասխան կրնաս տալ։

      ԱՄՓՈՓՈՒՄ

      Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնքին մէջ իսկական կառավարութիւն մըն է, որ պիտի իշխէ ամբողջ երկրի վրայ։

      Վերաքաղ

      • Որո՞նք են Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ իշխողները։

      • Ինչո՞ւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկային կառավարութիւններէն աւելի լաւ է։

      • Եհովան ի՞նչ կարգ մը բաներ կը պահանջէ Թագաւորութեան հպատակներէն։

      Նպատակակէտ

      ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

      Տե՛ս թէ Յիսուս ի՛նչ սորվեցուց Թագաւորութեան ո՛ւր ըլլալուն մասին։

      «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր սրտին մէ՞ջ է» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

      Ինչո՞ւ Եհովայի վկաներուն համար աւելի կարեւոր է որ Աստուծոյ Թագաւորութեան հաւատարիմ ըլլան, քան՝ մարդկային իշխանութեան։

      Միայն Աստուծոյ Թագաւորութեան կողմը դիրք կը բռնենք (1։44)

      Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը յայտնէ 144,000–ի մասին, որոնք Եհովան կ’ընտրէ, որպէսզի Յիսուսին հետ իշխեն։

      «Որո՞նք երկինք կ’երթան» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

      Բանտին մէջ, կին մը ինչպէ՞ս համոզուեցաւ որ միայն Աստուած կրնայ արդար աշխարհ մը բերել։

      «Սորվեցայ որ ինչո՛ւ անարդարութիւն կայ» (յօդուած՝ Զարթի՛ր–ին մէջ, արաբ.)

      a Այդ օրէնքներէն ոմանք նկատի պիտի առնուին Մաս 3–ին մէջ։

  • Թագաւորութիւնը ի՞նչ բաներ պիտի ընէ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արդէն կ’իշխէ։ Մօտ ատենէն, երկրի վրայ մեծ փոփոխութիւններ պիտի ընէ։ Նկատի առնենք Թագաւորութեան իրագործելիք բաներէն ոմանք, որոնց կրնաս յոյսով սպասել։

      1. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս երկրի վրայ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն պիտի բերէ

      Յիսուս՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը, չար մարդիկը եւ կառավարութիւնները պիտի կործանէ Արմագեդոն պատերազմին (Յայտնութիւն 16։14, 16)։ Այն ատեն, լման կերպով պիտի կատարուի Սուրբ Գիրքին այս խոստումը. «Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ» (Սաղմոս 37։10)։ Թագաւորութեան միջոցով, Յիսուս երկիրը խաղաղութեամբ եւ արդարութեամբ պիտի լեցնէ (կարդա՛ Եսայի 11։4)։

      2. Կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ, երբ երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը կատարուի

      Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան տակ, «արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29)։ Երեւակայէ թէ կ’ապրիս աշխարհի մը մէջ, ուր բոլոր մարդիկ արդար են ու կը սիրեն Եհովան եւ իրար։ Ո՛չ մէկը պիտի հիւանդանայ եւ ամէն մարդ յաւիտեան պիտի ապրի։

      3. Չարերը մէջտեղէն վերցուելէն ետք, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ բաներ պիտի իրականացնէ

      Չարերը մէջտեղէն վերցուելէն ետք, Յիսուս 1000 տարի պիտի թագաւորէ։ Այդ ատեն ինք եւ իր 144,000 իշխանակիցները մարդոց պիտի օգնեն, որ կատարեալ ըլլան։ 1000 տարուան վերջաւորութեան, ամբողջ երկիրը գեղեցիկ դրախտ պիտի ըլլայ եւ բոլոր մարդիկ ուրախ պիտի ըլլան՝ հնազանդելով Եհովայի օրէնքներուն։ Այն ատեն, Յիսուս իր իշխանութիւնը իր Հօր՝ Եհովային, պիտի յանձնէ։ Որեւէ ժամանակէ աւելի, Եհովայի ‘անունը սուրբ պիտի ըլլայ’ (Մատթէոս 6։9, 10)։ Փաստուած պիտի ըլլայ, թէ Եհովան լաւ Կառավարիչ մըն է, որ իր հպատակները կը հոգայ։ Եհովան պիտի կործանէ Սատանան, դեւերը եւ ոեւէ մէկը, որ կ’որոշէ իր իշխանութեան դէմ ըմբոստանալ (Յայտնութիւն 20։7-10)։ Աստուծոյ Թագաւորութեան բերած կատարեալ պայմանները յաւիտեան պիտի մնան։

      ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

      Նկատի առ թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Աստուած Թագաւորութեան միջոցով՝ ապագային նկատմամբ Սուրբ Գիրքի բոլոր խոստումները պիտի իրականացնէ։

      4. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկային կառավարութիւններուն վերջ պիտի դնէ

      «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան [կամ՝ վնասին] համար» (Ժողովող 8։9)։ Եհովան իր Թագաւորութեան միջոցով, այս անարդարութեան վերջ պիտի դնէ։

      Կարդացէ՛ք Դանիէլ 2։44 եւ Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-8 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Եհովան եւ իր Որդին՝ Յիսուսը, ի՞նչ պիտի ընեն մարդկային կառավարութիւններուն եւ անոնց թիկունք կանգնողներուն։

      • Եհովայի եւ Յիսուսի մասին սորվածներդ ինչպէ՞ս քեզ կը վստահեցնեն, որ անոնք արդարութեամբ պիտի վարուին։

      Յիսուս որպէս երկնային Թագաւոր կ’իշխէ դրախտային երկրի մը վրայ։

      5. Յիսուս ամենալաւ Թագաւորն է

      Որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը, Յիսուս շա՜տ բան պիտի ընէ իր երկրային հպատակներուն օգտին համար։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ տեսէք թէ Յիսուս արդէն ինչպէ՛ս ցոյց տուած է, որ մարդոց օգնելու թէ՛ փափաքը ունի եւ թէ Աստուծմէ տրուած զօրութիւնը։

      ՎԻՏԷՕ. Յիսուս ցոյց տուաւ որ Թագաւորութիւնը ինչեր պիտի իրագործէ (1։13)

      Երկրի վրայ եղած ատեն ինչ որ Յիսուս ըրաւ, ցոյց տուաւ թէ Թագաւորութիւնը ի՛նչ բաներ պիտի իրագործէ։ Հետեւեալ օրհնութիւններէն որո՞նց մանաւանդ կը սպասես։ Կարդացէ՛ք օրհնութիւններուն քով դրուած համարները։

      ԵՐԲ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ ԷՐ, ՅԻՍՈՒՍ՝

      ԵՐԿԻՆՔԷՆ ՅԻՍՈՒՍ՝

      • բնութեան ուժերուն վրայ իշխանութիւն ունէր (Մարկոս 4։36-41)։

      • մէջտեղէն պիտի վերցնէ ամբողջ վնասը, որ երկրին պատճառուած է (Եսայի 35։1, 2)։

      • հրաշքով հազարաւորներ կերակրեց (Մատթէոս 14։17-21)։

      • անօթութիւնը պիտի վերցնէ աշխարհի վրայէն (Սաղմոս 72։16)։

      • շատերու հիւանդութիւնները բժշկեց (Ղուկաս 18։35-43)։

      • բոլորին կատարեալ առողջութիւն պիտի տայ (Եսայի 33։24)։

      • մարդիկը ետ կեանքի բերաւ (Ղուկաս 8։49-55)։

      • մարդոց յարութիւն պիտի տայ եւ մահը մէջտեղէն պիտի վերցնէ (Յայտնութիւն 21։3, 4)։

      6. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գեղեցիկ ապագայ մը պիտի բերէ

      Թագաւորութիւնը մարդոց համար Եհովայի բուն նպատակը ամբողջովին պիտի իրականացնէ։ Մարդիկ յաւիտեան պիտի ապրին դրախտային երկրի մը վրայ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ տեսնելու համար, թէ Եհովան ինչպէ՛ս Յիսուսի միջոցաւ իր նպատակը պիտի իրականացնէ։

      ՎԻՏԷՕ. Ի՞նչ գեղեցիկ ապագայ կը սպասէ մեզի (4։38)

      Կարդացէ՛ք Սաղմոս 145։16 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ինչպէ՞ս կը զգաս գիտնալով, որ Եհովան ամէն ապրող արարածի փափաքը պիտի լեցնէ։

      ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Եթէ բոլորս ձեռք ձեռքի տանք, կրնա՛նք աշխարհին խնդիրները լուծել»։

      • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ խնդիրներ պիտի լուծէ, որոնք մարդկային կառավարութիւնները լուծելու կարող չեն։

      ԱՄՓՈՓՈՒՄ

      Թագաւորութիւնը իր նպատակը պիտի իրագործէ։ Երկիրը դրախտի պիտի վերածէ, ուր բարի մարդիկ Եհովան պիտի պաշտեն յաւիտեան։

      Վերաքաղ

      • Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս Եհովայի անունը պիտի սրբացնէ։

      • Ինչո՞ւ կրնանք հաւատալ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Սուրբ Գիրքին խոստումները պիտի կատարէ։

      • Թագաւորութեան օրհնութիւններէն ո՞ր մէկը ամէնէն շատ կ’ուզես տեսնել։

      Նպատակակէտ

      ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

      Գիտցի՛ր թէ Արմագեդոն ի՛նչ կը նշանակէ։

      «Արմագեդոն պատերազմը ի՞նչ է» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

      Նկատի առ թէ ի՛նչ դէպքեր տեղի պիտի ունենան Յիսուսի նշած ‘մեծ նեղութեան’ ընթացքին (Մատթէոս 24։21)։

      «Ի՞նչ է մեծ նեղութիւնը» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

      Տե՛ս թէ ընտանիքը ինչպէ՛ս կրնայ միասնաբար երեւակայել Թագաւորութեան օրհնութիւնները։

      Դուն քեզ երեւակայէ Դրախտին մէջ (1։50)

      «Միտքս լեցուած էր շատ մը հարցումներով» յօդուածին մէջ, կարդա՛ քաղաքական ըմբոստի մը մասին, որ իր հարցումներուն պատասխանները գտաւ։

      «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» (Դիտարան 1 յունուար 2012, արաբ.)

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել