Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները»
    Դիտարան 1994 | Մայիս 1
    • 11 Ինչպէս Գործք 2։1–4–ին եւ 14–21–ին մէջ ակնարկուած է, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Աստուած սուրբ հոգին թափեց այրերէ ու կիներէ բաղկացած 120 աշակերտներու վրայ։ Պետրոս առաքեալ բացատրեց որ ասիկա Յովելի մարգարէութեան կատարումն էր։ Արդ, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ‘արեւը խաւարելուն եւ լուսինը արիւն դառնալուն եւ աստղերը իրենց պայծառութիւնը կորսընցնելուն’ մասին։ Ո՛չ մէկ մատնանշում կայ որ ասոնք պատահեցան Հ.Դ. 33–ին կամ իրերու Հրէական դրութեան վախճանին աւելի քան 30 տարիներու տեւողութեան։

      12, 13. Յովելի նախագուշակած երկնային բներեւոյթները ինչպէ՞ս կատարուեցան։

      12 Բացայայտօրէն Յովելի մարգարէութեան այդ վերջին մասը սերտօրէն կապուած էր «Տէրոջը մեծ ու ահեղ օր»ուան՝ Երուսաղէմի կործանման՝ հետ։ Դիտարան 15 Նոյեմբեր 1966–ի թիւը Երուսաղէմի վրայ եկած Հ.Դ. 70–ի նեղութեան մասին կ’ըսէր. «Երուսաղէմի ու անոր զաւակներուն համար, անիկա վստահաբար ‘Եհովայի օր’ն էր։ Իսկ այդ օրուան կապակցաբար, շատ ‘արիւն, կրակ եւ ծուխ’ կար. ցորեկ ատեն, արեւը չէր փարատեր քաղաքին մթութիւնը, իսկ լուսինէն արիւն կը կաթէր, անիկա գիշերը խաղաղ, արծաթաշող լուսինը չէր»։c

      13 Այո, ինչպէս մեր նշած միւս մարգարէութիւններուն մէջ, Յովելի նախագուշակած երկնային բներեւոյթները տեղի պիտի ունենային, երբ Եհովա դատաստան ի գործ դնէր։ Փոխանակ Հրէական դրութեան վախճանին ամբողջ տեւողութեան ի յայտ գալու, արեւուն, լուսնին ու աստղերուն խաւարիլը տեղի ունեցաւ, երբ գործադիր ուժերը Երուսաղէմի վրայ յարձակեցան։ Տրամաբանական է ուրեմն որ Յովելի այդ մարգարէութեան աւելի մեծ կատարում մը ակնկալել, երբ Աստուծոյ մահապատիժը սկսի ներկայ դրութեան վրայ։

  • «Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները»
    Դիտարան 1994 | Մայիս 1
    • c Երուսաղէմի վրայ Հռովմէացիներու առաջին յարձակման (Հ.Դ. 66) եւ անոր կործանման միջեւ պատահած իրադարձութիւններուն մասին, Յովսեպոս կ’ըսէ. «Գիշերը, կործանարար փոթորիկ մը ծագեցաւ. մոլեգին ոլորամրրիկ մը եւ տեղատարափ մը եղաւ, կայծակներ անվերջ կը փայլատակէին, որոտումները ահաւոր էին, երկիրը խլացուցիչ ոռնացումով շարժեցաւ։ Կառոյցին այս փլուզումը յստակ նախաշուքն էր մարդկային ցեղին վրայ գալիք աղէտին եւ ո՛չ մէկը կրնար կասկածիլ որ նշանները աննախընթաց աղէտ մը կը գուշակէին»։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել