Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ձեր սրտէն ներեցէք
    Դիտարան 1999 | Հոկտեմբեր 15
    • 15, 16. (ա) Միքիան ի՞նչպէս նկարագրեց Եհովան։ (բ) Աստուծոյ «յանցանքը անտես» ընելը ի՞նչ կը նշանակէ։

      15 Բնաւ մեր աչքին առջեւէն չհեռացնենք Աստուած, որպէս ներելու մէջ մեր տիպարը։ (Եփեսացիս 4։32–5։1) Յանցանքները ներելու իր օրինակին մասին Միքիա մարգարէն գրեց. «Քեզի պէս Աստուած ո՞վ կայ, որ անօրէնութեան կը ներէ ու իր ժառանգութեանը մնացորդին յանցանքը անտես կ’ընէ. իր բարկութիւնը յաւիտեան չի պահեր, քանզի ողորմութիւնը կը սիրէ»։—Միքիայ 7։18

      16 Եհովան բնութագրելով որպէս «յանցանքը անտես»ող մը, Աստուածաշունչը ըսել չ’ուզեր որ ան կարող չէ յանցանքը յիշել, որպէս թէ տեսակ մը յիշողութեան կորուստ ունեցած ըլլար։ Նկատի առէք Սամփսոնի ու Դաւիթի պարագաները, որոնք լուրջ յանցանքներ գործեցին։ Աստուած այդ մեղքերը երկար ժամանակ ետք տակաւին կը յիշէր. մենք ալ անոնց մեղքերէն ոմանք գիտենք, քանի որ Եհովա Աստուածաշունչին մէջ արձանագրել տուած էր զանոնք։ Այսուհանդերձ, մեր ներողամիտ Աստուածը երկուքին ալ ողորմեցաւ, զանոնք որպէս հաւատքի տիպարներ դնելով մեր դիմաց։—Եբրայեցիս 11։32. 12։1

      17. (ա) Հարցը ի՞նչպէս դիտելը կրնայ մեզի օգնել որ ուրիշներու յանցանքներն եւ վիրաւորանքները անտեսենք։ (բ) Եթէ ջանանք ասիկա ընել, ի՞նչպէս Եհովան ընդօրինակած կ’ըլլանք։ (Տես ստորանիշը։)

      17 Այո, Եհովա կրնար յանցանքներուն ‘վրայէն անցնիլ’,a ինչպէս Դաւիթ շատ յաճախ իրմէ խնդրեց որ ընէ։ (Բ. Թագաւորաց 12։13, ստորանիշ. 24։10, ՆԱ) Կրնա՞նք ասոր մէջ Աստուծոյ նմանիլ, որպէս անկատար անհատներ մեր ծառայակիցներուն արհամարհանքներուն ու վիրաւորանքներուն վրայէն անցնելով։ Դուք ձեզ երեւակայեցէք ճէթ օդանաւի մը մէջ որ թռիչք առնելու վրայ է։ Դուրս նայելով, ուղիին վրայ կը տեսնէք ծանօթ մը որ երախաներու նման ձեզի լեզու կը հանէ։ Գիտէք որ ան թերեւս բարկացած է եւ կրնայ ըլլալ որ ձեր մասին կը մտածէ։ Կամ թերեւս բնաւ ձեր մասին չի մտածեր։ Ամենայնդէպս, մինչ օդանաւը կը դառնայ որ բարձրանայ, այդ կնկան վերեւէն կ’անցնիք, որ հիմա այլեւս բիծի մը նման կ’երեւնայ։ Ժամ մը ետք դուք հարիւրաւոր մղոններ հեռու էք եւ անոր վիրաւորական շարժուձեւը ձեր ետին կը մնայ։ Նոյն կերպով, շատ անգամ աւելի հեշտ պիտի ըլլայ ներել, եթէ փորձենք Եհովայի նման ըլլալ եւ վիրաւորանքներուն վրայէն իմաստուն կերպով անցնիլ։ (Առակաց 19։11) Տասը տարի ետք, կամ Հազարամեայի մէջ երկու հարիւր տարի ետք, այդ անարգանքը չնչին բան մը պիտի չթուի՞։ Ինչո՞ւ չանտեսենք զայն։

  • Ձեր սրտէն ներեցէք
    Դիտարան 1999 | Հոկտեմբեր 15
    • a Ուսումնական մը կ’ըսէ որ Միքիայ 7։18–ի մէջ գործածուած Եբրայերէն փոխաբերութիւնը «առնուած է ուղեւորի մը ընթացքէն, որ առարկայի մը քովէն կ’անցնի առանց նկատելու զայն, քանի որ բնաւ չ’ուզեր անոր ուշադրութիւն դարձնել։ Անոր փոխանցել ուզած միտքը այն չէ թէ Աստուած մեղքին չի նայիր, կամ զայն կը նկատէ որպէս փոքր ու աննշան հարց մը, այլ՝ թէ որոշ պարագաներու զայն չի նշեր պատժելու մտքով. թէ ան չի պատժեր՝ հապա կը ներէ»։—Դատաւորաց 3։26. Ա. Թագաւորաց 16։8

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել