Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Թող որ հաւատացողներէն ըլլանք
    Դիտարան 1999 | Դեկտեմբեր 15
    • 8. Ամբակումի օրինակը ինչո՞ւ օգտակար պիտի ըլլար առաջին դարու Քրիստոնեաներուն ու այսօր՝ մեզի։

      8 Ամբակում չէր գիտեր թէ Երուսաղէմի կործանումը որքան մօտ էր։ Նոյն կերպով, առաջին դարու Քրիստոնեաները չէին գիտեր թէ հրէական իրերու դրութիւնը ե՛րբ վերջ պիտի գտնէր։ Մե՛նք ալ ներկայիս չենք գիտեր այս ամբարիշտ դրութեան վրայ գալիք Եհովայի դատաստանին ‘օրն ու ժամը’։ (Մատթէոս 24։36) Ուստի, նկատի առնենք Ամբակումի տուած Եհովայի երկու մասէ բաղկացած պատասխանը։ Նախ՝ ան հաւաստիացուց մարգարէն թէ վախճանը ժամանակին պիտի գար։ Աստուած ըսաւ. «ետ պիտի չմնայ», նոյնիսկ երբ մարդկային տեսակէտէն դիտուած՝ անիկա ուշացած թուի։ (Ամբակումայ 2։3) Երկրորդ՝ Եհովա Ամբակումի յիշեցուց. «Արդարը իր հաւատքովը պիտի ապրի»։ (Ամբակումայ 2։4) Ի՜նչ գեղեցիկ, պարզ ճշմարտութիւններ։ Կարեւորագոյն հարցը այն չէ թէ վախճանը ե՛րբ պիտի գայ, այլ՝ թէ մենք պիտի շարունակե՞նք հաւատքով լեցուն կեանք մը ապրիլ։

      9. Եհովայի հնազանդ ծառաները ի՞նչպէս շարունակեցին ապրիլ իրենց հաւատարմութեան պատճառաւ (ա) Հ.Դ.Ա. 607–ին, (բ) Հ.Դ. 66–էն ետք։ (գ) Ինչո՞ւ կենսական է որ մեր հաւատքը զօրացնենք։

      9 Երբ Երուսաղէմ ամայացուեցաւ Հ.Դ.Ա. 607–ին, Երեմիա, անոր քարտուղարը՝ Բարուք, Աբդեմելէք եւ հաւատարիմ Ռեքաբեանները Ամբակումի ըսած Եհովայի խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը տեսան։ Անոնք Երուսաղէմի ահաւոր կործանումէն փախչելով ‘ապրեցան’։ Ինչո՞ւ։ Եհովա վարձատրեց անոնց հաւատարմութիւնը։ (Երեմեայ 35։1-19. 39։15-18. 43։4-7. 45։1-5) Նոյն կերպով, առաջին դարու Եբրայեցի Քրիստոնեաները լաւ ընդառաջացած ըլլալու էին Պօղոսի խրատին, քանի որ երբ հռովմէական բանակները Երուսաղէմի վրայ յարձակեցան Հ.Դ. 66–ին ապա անբացատրելիօրէն նահանջեցին, այդ Քրիստոնեաները հաւատարմօրէն ուշադրութիւն դարձուցին անկէ փախչելու Յիսուսի ազդարարութեան։ (Ղուկաս 21։20, 21) Անոնք շարունակեցին ապրիլ իրենց հաւատարմութեան պատճառաւ։ Նոյն կերպով, մենք ալ պիտի շարունակենք ապրիլ, եթէ վախճանը եկած ժամանակ հաւատարիմ գտնուինք։ Հիմա մեր հաւատքը զօրացնելու ի՜նչ կենսական պատճառ մը։

  • Թող որ հաւատացողներէն ըլլանք
    Դիտարան 1999 | Դեկտեմբեր 15
    • a Պօղոս Եօթանասնից Թարգմանութենէն մէջբերեց Ամբակումայ 2։4–ը, որ կը բովանդակէր՝ «եթէ մէկը ետ քաշուի, իմ հոգիս անոր պիտի չհաճի» նախադասութիւնը։ Այս նախադասութիւնը չ’երեւնար Եբրայերէն որեւէ պահպանուած ձեռագրի մէջ։ Ոմանք ենթադրած են թէ Եօթանասնից–ը հիմնուած էր Եբրայերէն նախկին ձեռագիրներու վրայ, որոնք այլեւս գոյութիւն չունին։ Ամենայնդէպս, Պօղոս հոս զայն ներառեց Աստուծոյ սուրբ հոգիին ներգործութեան ներքեւ։ Ուստի, անիկա աստուածային արտօնութեամբ է։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել