Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Մեր փրկութեան Աստուծմով ուրախանանք
    Դիտարան 2000 | Փետրուար 1
    • 18. Թէեւ Ամբակում դժուարութիւններ ակնկալեց, բայց ի՞նչ կեցուածք ունեցաւ։

      18 Պատերազմը միշտ նեղութիւններու դուռ կը բանայ, նոյնիսկ՝ յաղթական կողմին։ Կրնայ ուտելիքի նուազում, ստացուածքի կորուստ ըլլալ։ Ապրելակերպի մակարդակը կրնայ փոփոխութիւն կրել։ Եթէ այս բաները մեզի պատահին, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր հակազդեցութիւնը։ Ամբակում օրինակելի կեցուածք մը ունեցաւ, քանի որ ան ըսաւ. «Թէեւ թզենին ընձիւղ չտայ, որթատունկերուն վրայ պտուղ չըլլայ, ձիթենիին բերքը ստէ, արտերը կերակուր չտան, փարախէն ոչխարը պակսի, գոմերուն մէջ արջառ չըլլայ, սակայն ես Տէրոջմով պիտի ցնծամ, իմ փրկութեանս Աստուծմովը պիտի ուրախանամ»։ (Ամբակումայ 3։17, 18) Ամբակում իրապաշտօրէն դժուարութիւններ, եւ թերեւս սով ակնկալեց։ Բայց բնա՛ւ չկորսնցուց Եհովայով ունեցած իր ուրախութիւնը, որմէ եկաւ իր փրկութիւնը։

  • Մեր փրկութեան Աստուծմով ուրախանանք
    Դիտարան 2000 | Փետրուար 1
    • 20. Հակառակ ժամանակաւոր նեղութիւններու, ի՞նչ ընել պէտք է վճռենք։

      20 Ի՛նչ ժամանակաւոր դժուարութիւն ալ դիմագրաւենք, բնաւ պիտի չյուսահատինք, կամ մեր հաւատքը կորսնցնենք Եհովայի փրկարար զօրութեան վրայ։ Ափրիկէի, Արեւելեան Եւրոպայի եւ այլ տեղերու մէջ մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր չափազանց նեղութիւններէ կ’անցնին, բայց կը շարունակեն ‘Եհովայով ուրախանալ’։ Թող որ մենք ալ անոնց նման շարունակենք նոյնը ընել։ Չմոռնանք որ Գերիշխան Տէր Եհովա ‘մեր զօրութեան’ Աղբիւրն է։ (Ամբակումայ 3։19) Ան մեզ բնաւ յուսախաբ պիտի չընէ։ Արմագեդոնը անպայմա՛ն պիտի գայ եւ նոր աշխարհը անկասկած պիտի յաջորդէ անոր։ (Բ. Պետրոս 3։13) Այն ատեն «երկիրը Տէրոջը փառքին գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ (Ամբակումայ 2։14) Մինչ այդ հոյակապ ժամանակին գալը, շարունակե՛նք Ամբակումի լաւ օրինակին հետեւիլ եւ մի՛շտ ‘մեր փրկութեան Աստուծմովը ուրախանալ’։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել