Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ճշմարիտ պաշտամունքը մարդիկը կը միացնէ
    Դիտարան 2001 | Սեպտեմբեր 15
    • Միջազգային Միութիւն՝ Մեր Ժամանակին

      Աստուածաշունչի Սոփոնեայ գրքին մէջ, յատկանշական մարգարէութիւն մը կը խօսի այլազան ենթահողերէ եղող մարդոց իրարու քով գալուն մասին։ Անիկա կ’ըսէ. «Այն ժամանակ [ես՝ Եհովա Աստուած] ժողովուրդներուն շրթունքները մաքուր շրթունքներու [«լեզուի մը», ՆԱ] պիտի դարձնեմ, որպէս զի ամէնքը Տէրոջը անունը կանչեն ու մէկ սրտով [«ուս ուսի», ՆԱ] անոր ծառայութիւն ընեն»։ (Սոփոնեայ 3։9) Ասիկա ի՜նչ գեղեցիկ պատկեր մը կը գծէ փոխուած անհատներու մասին, որոնք միաբանութեամբ Աստուծոյ կը ծառայեն։

  • Ճշմարիտ պաշտամունքը մարդիկը կը միացնէ
    Դիտարան 2001 | Սեպտեմբեր 15
    • Իր ժողովուրդը միացնելու համար, Եհովա անոնց մաքուր լեզու մը կու տայ։ Այս նոր լեզուն կը պարփակէ Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին Աստուածաշունչի ճշմարտութեան շիտակ հասկացողութիւնը։ Մաքուր լեզուն խօսիլը կը ներփակէ ճշմարտութեան հաւատալ, զայն ուրիշներուն սորվեցնել, եւ Աստուծոյ օրէնքներուն ու սկզբունքներուն համաձայն ապրիլ։ Անիկա կը պահանջէ պառակտիչ քաղաքականութենէ մէկդի կենալ եւ անձնասէր կեցուածքները սրտէն պոկել, ինչպէս՝ ցեղապաշտութիւնն ու պառակտիչ ազգայնականութիւնը, որոնք այս աշխարհի յատկանիշներն են։ (Յովհաննու 17։14. Գործք 10։34, 35) Ճշմարտութիւնը սիրող պարկեշտ սրտով բոլոր անհատները կրնան այս լեզուն սորվիլ։ Նկատի առէք թէ նախորդ յօդուածին մէջ յիշուած հինգ անհատները, որոնք ատեն մը իրարմէ տարբեր կրօնական գաղափարներ ունէին, ներկայիս ի՛նչպէս միացած են միակ ու ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի պաշտամունքին մէջ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել