Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Ձեռքերդ թող չթուլնան»
    Դիտարան 1996 | Յունիս 1
    • 16. Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներու բազմաթիւ անդամներուն մէջ ի՞նչ մտավիճակ կը տիրէ, բայց Եհովա ի՞նչ քաջալերութիւն կու տայ մեզի։

      16 Ներկայիս անտարբերութիւնը տիրող կեցուածքն է երկրի շատ մը մասերուն մէջ, մանաւանդ աւելի հարուստ ազգերուն մէջ։ Նոյնիսկ Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներու անդամները չեն հաւատար որ մեր օրերուն Եհովա Աստուած մարոց գործերուն պիտի միջամտէ։ Անոնք Թագաւորութեան բարի լուրը իրենց հասցնելու մեր ջանքերը կը խափանեն կա՛մ կասկածամիտ ժպիտով մը եւ կամ «Հետաքրքրուած չեմ» կտրուկ պատասխանով։ Այս պայմաններուն ներքեւ, վկայելու գործունէութեան մէջ յարատեւելը կրնայ իսկական մարտահրաւէր մը ըլլալ։ Անիկա մեր համբերութիւնը կը քննէ։ Սակայն Սոփոնիայի մարգարէութեան միջոցաւ, Եհովա իր հաւատարիմ ժողովուրդը կը խրախուսէ, ըսելով. «Ձեռքերդ թող չթուլնան։ Քու Տէր Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է, անիկա քեզ պիտի փրկէ։ Անիկա քեզի համար ուրախութեամբ պիտի զուարճանայ ու իր սիրովը քեզի թողութիւն պիտի տայ եւ քու վրադ ցնծութեամբ պիտի ուրախանայ»։—Սոփոնեայ 3։16, 17

      17. Ուրիշ ոչխարներէն եղող նորեկ անհատները ո՞ր ընտիր օրինակին պէտք է հետեւին, եւ ի՞նչպէս։

      17 Եհովայի ժողովուրդին արդի պատմութեան մէջ իրողութիւն մըն է որ մնացորդը, ինչպէս նաեւ ուրիշ ոչխարներէն եղող տարեց անհատներ, այս վերջին օրերուն ընթացքին հաւաքումի հսկայական գործ մը իրագործած են։ Այս բոլոր հաւատարիմ Քրիստոնեաները տասնամեակներու ընթացքին համբերութիւն ցուցաբերած են։ Անոնք թոյլ չեն տուած որ Քրիստոնեայ Աշխարհի մեծամասնութեան կողմէ ցուցաբերուած անտարբերութիւնը զիրենք վհատեցնէ։ Ուստի, ուրիշ ոչխարներէն եղող նորեկ անհատները ներկայիս շատ մը երկիրներու մէջ հոգեւոր հարցերու հանդէպ խիստ տիրական եղող անտարբեր կեցուածքին պատճառաւ չվհատին։ Անոնք իրենց ‘ձեռքերը չթուլցնեն’, ոչ ալ դանդաղին։ Թող անոնք ամէն պատեհութիւն օգտագործեն ներկայացնելու համար Դիտարանը, Զարթի՛րը եւ ուրիշ ընտիր գրականութիւնները, որոնք յատկապէս ծրագրուած են ոչխարանման մարդոց օգնելու որ Եհովայի օրուան ու անոր յաջորդող օրհնութիւններուն մասին ճշմարտութիւնը սորվին։

  • «Ձեռքերդ թող չթուլնան»
    Դիտարան 1996 | Յունիս 1
    • 18, 19. (ա) Մատթէոս 24։13 եւ Եսայեայ 35։3, 4–ի մէջ, համբերելու համար ի՞նչ քաջալերութիւն կը գտնենք։ (բ) Եթէ Եհովայի ծառայութեան մէջ միութեամբ յառաջ երթանք, ի՞նչպէս պիտի օրհնուինք։

      18 Յիսուս ըսաւ. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի»։ (Մատթէոս 24։13) Ուստի, ‘թուլցած ձեռքեր’ կամ ‘դողդոջուն ծունկեր’ չունենանք մինչ Եհովայի մեծ օրուան կը սպասենք։ (Եսայեայ 35։3, 4) Սոփոնիայի մարգարէութիւնը Եհովայի առնչութեամբ սրտապնդիչ կերպով կ’ըսէ. ‘Որպէս զօրաւոր մը, անիկա քեզ պիտի փրկէ’։ (Սոփոնեայ 3։17) Այո, Եհովա «մեծ բազմութիւն»ը պիտի փրկէ ‘մեծ նեղութեան’ վերջին հանգրուանէն, երբ իր Որդւոյն հրամայէ որ իր ժողովուրդին դէմ ‘հպարտացող’ քաղաքական ազգերը փշրէ։—Յայտնութիւն 7։9, 14. Սոփոնեայ 2։10, 11. Սաղմոս 2։7–9

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել