Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Եհովայի պաշտպանութեան ձորին մէջ մնա՛
    Դիտարան 2013 | Փետրուար 15
    • 8. ա) Աստուածաշունչին մէջ, երբեմն լեռները ի՞նչ կը խորհրդանշեն։ բ) Ձիթենիներու լեռը ի՞նչ կը ներկայացնէ։

      8 Քանի որ Երուսաղէմը՝ «քաղաքը»՝ կը խորհրդանշէ երկնային Երուսաղէմը, այլաբանօրէն պէտք է առնուի նաեւ ‘ձիթենիներու լեռը, որ Երուսաղէմին առջեւն է’։ Այդ լեռը ի՞նչ կը ներկայացնէ։ Ինչպէ՞ս «կէսէն պիտի պատռուի» եւ երկու լեռներ դառնայ։ Եհովան ինչո՞ւ կ’ըսէ՝ «լեռներուս ձորը» (ՆԱ) (կարդա՛ Զաքարիա 14։3-5)։ Աստուածաշունչին մէջ, լեռները կրնան ներկայացնել թագաւորութիւններ կամ կառավարութիւններ։ Ինչպէս նաեւ օրհնութիւնները եւ պաշտպանութիւնը առնչուած են Աստուծոյ լերան (Սաղ. 72։3. Եսա. 25։6, 7)։ Ուստի, ձիթենիներու լեռը, որուն վրայ Աստուած կը կայնի երկրային Երուսաղէմին արեւելքը, կը ներկայացնէ Եհովայի տիեզերական գերիշխանութիւնը,– բոլոր ստեղծուածներուն վրայ իր ունեցած իշխանութիւնը։

  • Եհովայի պաշտպանութեան ձորին մէջ մնա՛
    Դիտարան 2013 | Փետրուար 15
    • ԴԷՊԻ ՁՈՐ ՓԱԽՉԻԼԸ ԿԸ ՍԿՍԻ

      11, 12. ա) Դէպի այլաբանական ձորը փախչիլը ե՞րբ սկսաւ։ բ) Ի՞նչը կը փաստէ թէ Եհովային զօրեղ բազուկը իր ժողովուրդին հետ է։

      11 Յիսուս իր հետեւորդները զգուշացուց՝ ըսելով. «Իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք» (Մատ. 24։9)։ Այդ ատելութիւնը մասնաւորաբար սաստկացած է 1914–էն ի վեր,– երբ վերջին օրերը սկսան։ Ա. Աշխարհամարտին ընթացքին, թշնամիները դաժանօրէն հալածեցին հաւատարիմ օծեալները, բայց չկարողացան ճշմարիտ պաշտամունքը բնաջնջել։ 1919–ին, օծեալները ազատեցան Մեծ Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ ճիրաններէն (Յայտ. 11։11, 12)a։ Ա՛յդ ատեն սկսաւ փախչիլը դէպի Եհովայի լեռներուն ձորը։

      12 1919–էն ի վեր, աստուածային պաշտպանութեան ձորը կը շարունակէ պաշտպանել աշխարհի տարածքին գտնուող ճշմարիտ երկրպագուները։ Տասնամեակներէ ի վեր, բազմաթիւ կառավարութիւններ ջանացած են Եհովայի վկաներուն դաշտի ծառայութիւնը կասեցնել եւ անոնց հրատարակութիւնները արգիլել։ Այսպիսի խոչընդոտներ տակաւի՛ն առկայ են որոշ երկիրներու մէջ։ Սակայն, որքա՛ն ալ ազգերը ջանան ճշմարիտ պաշտամունքը բնաջնջել, պիտի չյաջողի՛ն, քանի որ Եհովային զօրեղ բազուկը պիտի շարունակէ իր ժողովուրդը պաշտպանել (Բ. Օր. 11։2)։

      13. Եհովայի պաշտպանութեան ձորին մէջ ինչպէ՞ս կը մնանք, եւ ինչո՞ւ այս մէկը այժմ ընելը որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է։

      13 Եթէ շարունակենք Եհովային հաւատարիմ մնալ՝ ճշմարտութեան մէջ հաստատուն կենալով, իր պաշտպանութեան ձորին մէջ կը մնանք։ Եւ ան թոյլ պիտի չտայ որ որեւէ բան կամ ոեւէ մէկը մեզ ‘իր ձեռքէն յափշտակէ’ (Յովհ. 10։28, 29)։ Եհովան պատրաստ է հարկ եղած օգնութիւնը հայթայթելու, որպէսզի իրեն որպէս տիեզերքի Գերիշխան հնազանդինք եւ Մեսիական Թագաւորութեան հաւատարիմ հպատակները մնանք։ Այժմ որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է որ պաշտպանութեան ձորին մէջ մնանք, քանի որ ատիկա մեզի համար աւելի մեծ արժէք պիտի ունենայ մօտալուտ մեծ նեղութեան ընթացքին։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել