Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 8/1 էջ 27-31
  • Իրական ուրախութիւն՝ Եհովայի ծառայելով

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Իրական ուրախութիւն՝ Եհովայի ծառայելով
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ուրախութեան Մասին Տարբեր Տեսակէտ մը
  • Իրական Ուրախութեան Հիմը
  • Ուրախութեան Փոփոխական Ազդակներ
  • Ուրախ Ամուրիներ Անցեալին
  • Ամուրի բայց Ուրախ՝ Ներկայիս
  • Ամուրիութեան Առաւելութիւնները
  • Իրական Ուրախութիւնը Ի՞նչ Բանէ Կախեալ Է
  • Ամուսնութիւնը ուրախութեան միա՞կ բանալին է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • «Երանելի Աստուծոյ» ծառայողները երջանիկ են
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Ամուրիութեան եւ ամուսնութեան վերաբերեալ իմաստուն խրատներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Աստուծոյ ծառաները—Կազմակերպուած եւ ուրախ ժողովուրդ մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 8/1 էջ 27-31

Իրական ուրախութիւն՝ Եհովայի ծառայելով

«Երանի՜ անոր՝ որուն օգնականը Յակոբին Աստուածն է ու անոր յոյսը իր Տէր Աստուծոյն վրայ է»։—ՍԱՂՄՈՍ 146։5

1, 2. Ուրախութիւնը սահմանելու մասին ի՞նչ ըսուած է, եւ մեր օրերուն շատ մը անհատներու համար ուրախութիւնը ի՞նչ է։

Ի՞ՆՉ է ուրախութիւնը։ Բառագիրները, փիլիսոփաները եւ աստուածաբանները կը փորձեն զայն սահմանել դարերէ ի վեր։ Բայց անոնք չեն կրցած այնպիսի սահմանում մը տալ, որ միաձայնութեամբ ընդունուի։ Պրիթանիքա Համայնագիտարանը (Անգլ.) կ’ընդունի. «‘Ուրախութիւն’ը այն բառերէն մէկն է, որու իմաստը անբացատրելի է»։ Երեւութապէս ուրախութիւնը տարբեր բաներ կը նշանակէ տարբեր մարդոց համար, կեանքի նկատմամբ անոնց տեսակէտին համեմատ։

2 Շատ մը անհատներու համար ուրախութիւնը կը հոլովի լաւ առողջութեան, նիւթական ստացուածքներու եւ հաճելի ընկերակցութեան շուրջ։ Սակայն, կա՛ն անհատներ որոնք այս բոլորը ունին, բայց ապերջանիկ են։ Եհովա Աստուծոյ նուիրուած այրերուն եւ կիներուն համար, Աստուածաշունչը ուրախութեան մասին տեսակէտ մը կու տայ, որ շատ տարբեր է ընդհանուր մարդոց տեսակէտէն։

Ուրախութեան Մասին Տարբեր Տեսակէտ մը

3, 4. (ա) Յիսուս որո՞նք ուրախ կոչեց։ (բ) Ի՞նչ բան կրնաք նկատել Յիսուսի կողմէ յիշուած ուրախութեան ազդակներուն մէջ։

3 Լերան վրայ իր Քարոզին մէջ, Յիսուս Քրիստոս չըսաւ որ ուրախութիւնը կախեալ է լաւ առողջութենէ, նիւթական ստացուածքներէ եւ նոյնանման բաներէ։ Ան իրապէս ուրախ կոչեց «իրենց հոգեւոր պէտքերուն գիտակից (ՆԱ)» եղողները եւ ‘արդարութեան համար անօթի ու ծարաւ’ եղողները։ Յիսուս իրական ուրախութեան համար անհրաժեշտ այս երկու ազդակներուն կցեց երեւութապէս տարակարծ հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Երանի՜ սգաւորներուն, վասնզի անոնք պիտի մխիթարուին»։ (Մատթէոս 5։3–6) Անշուշտ, Յիսուս ըսել չէր ուզեր որ ինքնաբերաբար ուրախ կ’ըլլանք երբ սիրելի մը կորսնցնենք։ Այլ, ան կը խօսէր անոնց մասին, որոնք իրենց մեղաւոր վիճակին եւ անոր հետեւանքներուն վրայ կ’աւաղեն։

4 Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ մարդկային ստեղծուածները մեղքին ներքեւ կը հառաչեն այն յոյսին պատճառաւ թէ պիտի ազատագրուին «ապականութեան ծառայութենէն»։ (Հռովմայեցիս 8։21, 22) Այն անհատները որոնք կ’ընդունին Եհովայի մեղք–քաւող կարգադրութիւնը Քրիստոսի փրկարար զոհին միջոցաւ եւ որոնք Աստուծոյ կամքը կը կատարեն՝ իրապէս կը մխիթարուին եւ կ’ուրախանան։ (Հռովմայեցիս 4։6–8) Լերան վրայ իր Քարոզին մէջ, Յիսուս նաեւ ուրախ կոչեց «հեզեր»ը, «ողորմածներ»ը, «սրտով մաքուր» եղողները եւ «խաղաղութիւն ընողներ»ը։ Ան հաւաստիացուց որ այս հեզերը թէեւ կը հալածուէին, սակայն իրենց ուրախութիւնը պիտի չկորսնցնէին։ (Մատթէոս 5։5–11) Հետաքրքրութեամբ կը նկատենք որ ուրախութեան այսպիսի վեհ ազդակներ հարուստը եւ աղքատը հաւասար հիմի մը վրայ կը դասեն։

Իրական Ուրախութեան Հիմը

5. Աստուծոյ նուիրուած ծառաներու ուրախութեան հիմը ի՞նչ է։

5 Իրական ուրախութիւնը յառաջ չի գար նիւթական հարստութենէն։ Իմաստուն Սողոմոն Թագաւոր ըսաւ. «Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ»։ (Առակաց 10։22) Եհովայի գերիշխանութիւնը ընդունող արարածներուն համար, ուրախութիւնը անբաժանելիօրէն կապուած է Աստուծոյ օրհնութեան։ Աստուծոյ նուիրուած անհատը որ Եհովայի օրհնութիւնը ունի եւ որ զայն կը զգայ իր վրայ՝ իրապէս ուրախ է։ Սուրբ գրային հայեցողութեամբ, ուրախութիւնը կը կցորդուի Եհովայի ծառայութեան մէջ գոհունակ եւ բաւարար ըլլալու զգացումին։

6. Իրապէս ուրախ ըլլալու համար, Եհովայի ծառաները ի՞նչ պէտք է ընեն։

6 Իրական ուրախութիւնը յառաջ կու գայ Եհովայի հետ շիտակ յարաբերութենէն։ Անիկա կը հիմնուի Աստուծոյ հանդէպ սիրոյ եւ հաւատարմութեան վրայ։ Եհովայի նուիրուած ծառաները ամբողջ սրտով կը հաստատեն Պօղոսի հետեւեալ խօսքերը. «Վասնզի մեզմէ ոեւէ մէկը իր անձին համար չապրիր, ... Տէրոջը համար կ’ապրինք ... մենք Տէրոջն ենք»։ (Հռովմայեցիս 14։7, 8) Հետեւաբար, եթէ Եհովայի չհնազանդինք եւ եթէ ուրախութեամբ իր կամքին չենթարկուինք, չենք կրնար իրական ուրախութիւն ձեռք ձգել։ Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն»։—Ղուկաս 11։28

Ուրախութեան Փոփոխական Ազդակներ

7, 8. (ա) Ուրախութեան ազդակները ինչպէ՞ս կրնանք դասել։ (բ) Ամուսնութեան եւ որդեծնութեան մասին ի՞նչ կրնանք ըսել։

7 Վերոյիշեալ ուրախութեան ազդակները կրնանք կոչել «հիմնական», կամ «անփոփոխ», քանի որ անոնք որեւէ ժամանակ վաւերական են Եհովայի նուիրուած ծառաներուն համար։ Ասոնցմէ զատ, կան ուրիշներ զորս կրնանք կոչել փոփոխական, ազդակներ որոնք կրնան տուեալ ժամանակ մը ուրախութիւն պատճառել, բայց ուրիշ ժամանակ մը զայն շատ քիչ կամ բնաւ չպատճառել։ Նահապետական եւ նախա–Քրիստոնէական շրջաններուն, ուրախ ըլլալու համար ամուսնութիւնը եւ որդեծնութիւնը անհրաժեշտ կը նկատուէին։ Ասիկա կ’ապացուցուի Յակոբին ըրած Ռաքէլի դառն խնդրանքով. «Ինծի զաւակներ տուր, եթէ ոչ՝ կը մեռնիմ [մեռած մը կ’ըլլամ (ՆԱ)]»։ (Ծննդոց 30։1) Որդեծնութեան հանդէպ այս կեցուածքը Եհովայի նպատակին կը յարմարէր այդ շրջանին համար։—Ծննդոց 13։14–16. 22։17

8 Եհովայի վաղեմի ծառաները ամուսնութիւնը եւ որդեծնութիւնը աստուածատուր օրհնութիւններ կը նկատէին։ Սակայն, ասոնք եւ ուրիշ պարագաներ նեղութիւններու աղբիւր մը եղան անոնց պատմութեան աղիտալի շրջաններուն ընթացքին։ (Բաղդատել Սաղմոս 127, 128–ն Երեմեայ 6։12. 11։22. Ողբք 2։19. 4։4, 5–ին հետ։) Բացայայտ է, ուրեմն, որ ամուսնութիւնը եւ որդեծնութիւնը մնայուն ուրախութեան ազդակներ չեն։

Ուրախ Ամուրիներ Անցեալին

9. Յեփթայէի աղջիկը ինչո՞ւ ամէն տարի գովասանք ստացաւ։

9 Աստուծոյ ծառաներէն շատեր իրական ուրախութիւն գտած են, առանց ամուսնանալու։ Իր հօրը ուխտին հանդէպ յարգանքէ մղուած, Յեփթայէի աղջիկը ամուրի մնաց։ Ժամանակ մը, ան եւ իր ընկերուհիները իր կուսութեան վրայ լացին։ Բայց ի՜նչ ուրախութիւն ունեցաւ Եհովայի տան մէջ լիաժամ ծառայելով, թերեւս «վկայութեան խորանին դուռը խումբերով հաւաքուող կիներուն» հետ։ (Ելից 38։8) Ասոր համար ան ամէն տարի գովասանք ստացաւ։—Դատաւորաց 11։37–40

10. Եհովա ի՞նչ պահանջեց Երեմիայէն, եւ ասոր համար արդեօք ան ապերջանի՞կ էր։

10 Քանի որ Երեմիա մարգարէն վճռական շրջանի մը մէջ կ’ապրէր, Աստուած պահանջեց որ ան չամուսնանայ եւ զաւակներ չունենայ։ (Երեմեայ 16։1–4) Բայց Երեմիա Աստուծոյ հետեւեալ խօսքերուն ճշմարտութեան փորձառութիւնը ունեցաւ. «Օրհնեալ ըլլայ այն մարդը որ Տէրոջը կ’ապաւինի ու որուն յոյսը Տէրն է»։ (Երեմեայ 17։7) Մարգարէական ծառայութեան աւելի քան 40 տարիներու ընթացքին, Երեմիա Աստուծոյ հաւատարմութեամբ ծառայեց ամուրի վիճակով։ Որքան որ գիտենք իր մասին, ան բնաւ չամուսնացաւ եւ զաւակներ չունեցաւ։ Սակայն, ո՛վ կրնայ կասկածիլ թէ Երեմիա ուրախ էր, հաւատարիմ Հրեայ մնացորդին նման, որ ‘ուրախութեան ձայն վերցուց Եհովայի բարիքներուն’ վրայով։—Երեմեայ 31։12

11. Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն ի՞նչ օրինակներ կը գտնենք Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, որոնք ուրախ էին թէեւ կողակից մը չունէին։

11 Շատ մը ամուրի կամ այրի անհատներ Եհովայի ուրախութեամբ ծառայած են, առանց կողակից մը ունենալու։ Անոնց կարգին յիշենք Աննա մարգարէուհին, հաւանաբար Այծեմնիկը կամ Տաբիթան, Պօղոս առաքեալը. իսկ բոլորիս մեծագոյն օրինակը՝ Յիսուս Քրիստոսը։

Ամուրի բայց Ուրախ՝ Ներկայիս

12. Եհովայի նուիրուած ուրախ ծառաներէն ոմանք ի՞նչ կ’ընեն այսօր եւ ինչո՞ւ։

12 Այսօր, հազարաւոր Եհովայի Վկաներ հաւատարմօրէն կը ծառայեն Աստուծոյ, առանց կողակից մը ունենալու։ Ոմանք կարող դարձած են Յիսուսի հետեւեալ հրաւէրը ընդունելու. «Ով որ կրնայ տանիլ [ամուրիութեան պարգեւը]՝ թող տանի»։ Անոնք ասիկա ըրած են «երկնքի թագաւորութեանը համար»։ (Մատթէոս 19։11, 12) Ուրիշ խօսքով, անոնք իրենց աստուածատուր ազատութիւնը լաւ կերպով կը գործածեն աւելի ժամանակ եւ կորով տրամադրելով Թագաւորութեան շահերուն նպաստելու համար։ Անոնցմէ շատեր կը ծառայեն որպէս ռահվիրաներ, միսիոնարներ, կամ ալ Դիտարանի Ընկերութեան համայն աշխարհի կեդրոնատեղիին կամ անոր մասնաճիւղերէն մէկուն մէջ որպէս Պէթէլի ընտանիքի անդամներ։

13. Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան որ Քրիստոնեայ մը կրնայ ամուրի եւ ուրախ ըլլալ։

13 Շատ սիրուած տարեց քոյր մը իր կենսագրութեան տուաւ սա յայտնաբեր խորագիրը. «Ամուրի եւ Ուրախ Որպէս Ռահվիրայ»։ (Դիտարան Մայիս 1, 1985, էջ 23–6, Անգլ.)։ Ուրիշ ամուրի քոյր մը՝ որ աւելի քան 50 տարիներ անցուց Պէթէլի մէջ ծառայելով, ըսաւ. «Լիովին գոհ եմ կեանքէս եւ գործէս։ Հիմա որեւէ ժամանակէ աւելի զբաղած եմ գործով մը որուն վրայ կը գուրգուրամ։ Բնաւ չեմ զղջար։ Եթէ պէտք ըլլար վերսկսիլ, նոյն որոշումը դարձեալ պիտի առնէի»։—Դիտարան Յունիս 15, 1982, էջ 15, Անգլ.։

14, 15. (ա) Ըստ Պօղոս առաքեալին, ի՞նչ բան անհրաժեշտ է ամուրի մնալու համար։ (բ) Պօղոս ինչո՞ւ կ’ըսէ թէ ամուրի անհատ մը «աւելի աղէկ» կ’ընէ եւ «աւելի երանելի է»։

14 Նկատի առէք «որոշում» բառը։ Պօղոս գրեց. «Ան որ իր սրտին մէջ հաստատ կը կենայ ու իր վրայ ճնշում չկայ, ինք իր կամքին վրայ իշխանութիւն ունի ու իր սրտին մէջ որոշեր է որ կոյս մնայ, աղէկ կ’ընէ։ Ուստի ան որ իր կոյսը կ’ամուսնացնէ, աղէկ կ’ընէ ու ան որ չամուսնացներ աւելի աղէկ կ’ընէ»։ (Ա. Կորնթացիս 7։37, 38) Ինչո՞ւ «աւելի աղէկ»։ Պօղոս բացատրեց. «Ես կ’ուզեմ որ դուք անհոգ ըլլաք. վասնզի չամուսնացած մարդը Տէրոջը գործով մտահոգ է, թէ ի՞նչպէս Տէրոջը հաճելի ըլլայ։ ... Վասնզի կոյսը Տէրոջը բաներով կը մտահոգուի ... Բայց այս բանը ձեր օգտին համար կ’ըսեմ ... պարկեշտութեան համար ու առանց զբաղումի Տէրոջը ծառայելու համար»։—Ա. Կորնթացիս 7։32–35

15 «Առանց զբաղումի Տէրոջը ծառայելու համար» «Տէրոջը հաճելի» ըլլալը ուրախութեան հետ կապ ունի։ Երեւութապէս Պօղոս այդպէս կը խորհէր։ Քրիստոնեայ որբեւարիի մը մասին խօսելով, ան ըսաւ. «Ազատ է ամուսնանալու որու հետ որ ուզէ, միայն թէ Տէրոջմով։ Բայց իմ կարծիքովս՝ աւելի երանելի է եթէ այնպէս կենայ։ Կարծեմ թէ ե՛ս ալ Աստուծոյ հոգին ունիմ»։—Ա. Կորնթացիս 7։39, 40

Ամուրիութեան Առաւելութիւնները

16. Ի՞նչ են կարգ մը առաւելութիւնները զորս կը վայելեն Եհովայի չամուսնացած ծառաները։

16 Անձնական որոշումով, կամ պարագաներու բերմամբ Քրիստոնեայի մը ամուրի վիճակը շատ մը անձնական առաւելութիւններ կը բերէ։ Ամուրի անհատները ընդհանրապէս աւելի ժամանակ կ’ունենան Աստուծոյ Խօսքը սերտելու եւ անոր վրայ խոկալու։ Եթէ անոնք այս պարագան օգտագործեն, անոնց հոգեւորականութիւնը կը խորանայ։ Իրենց դժուարութիւններու մասին խօսելու կողակից մը չունենալով, շատեր կը սորվին Եհովայի վրայ աւելի յենալ եւ ամէն բանի մէջ իր առաջնորդութիւնը փնտռել։ (Սաղմոս 37։5) Ասիկա կ’օգնէ անոնց որ Եհովայի հետ աւելի սերտ յարաբերութեան մէջ գան։

17, 18. (ա) Եհովայի չամուսնացած ծառաները ծառայութեան ի՞նչ աւելի ընդարձակ պատեհութիւններ ունին։ (բ) Եհովայի կարգ մը չամուսնացած ծառաները ինչպէ՞ս արտայայտուած են իրենց ուրախութեան մասին։

17 Չամուսնացած Քրիստոնեաները Եհովան փառաբանելու ծառայութեան աւելի ընդարձակ պատեհութիւններ ունին։ Մասնաւոր մարզումը որ հիմա կը տրուի Ծառայութեան Մարզումի Դպրոցին մէջ, սահմանափակուած է ամուրի կամ այրի եղբայրներու։ Ամուրի քոյրերն ալ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ առանձնաշնորհումներու ցանկալու աւելի ազատ են։ Վերոյիշեալ տարեց քոյրը կամեցաւ Ափրիկեան երկրի մը մէջ ծառայել, երբ, ըստ իր բառերուն, «50–ը անց ոչ–չարքաշ կին մը»ն էր։ Եւ ան հոն մնաց, նոյնիսկ երբ գործունէութիւնը արգիլուեցաւ եւ երբ բոլոր միսիոնարները երկրէն արտաքսուեցան։ Ան տակաւին այդ երկրին մէջ կը ծառայէ որպէս ռահվիրայ, թէեւ հիմա 80 տարեկանէն աւելի է։ Ան ուրա՞խ է։ Իր կենսագրութեան մէջ, ան գրեց. «Աւելի մեծ ազատութիւնը եւ դիւրաշարժութիւնը զորս ամուրիութիւնը կ’ընծայէ՝ օգտագործեցի ծառայութեան մէջ զբաղած մնալու համար եւ ասիկա ինծի մեծ ուրախութիւն պատճառեց։ ... Տարիներու ընթացքին Եհովայի հետ իմ յարաբերութիւնս խորացաւ։ Որպէս ամուրի կին մը Ափրիկեան երկրի մը մէջ, զինք նկատած եմ որպէս Պահապանս»։

18 Տեսարժան են նաեւ եղբօր մը խօսքերը, որ տասնեակ տարիներ Դիտարանի Ընկերութեան կեդրոնատեղիին մէջ ծառայեց։ Ան ուրախ էր, թէեւ բնաւ չէ ամուսնացած եւ առանց ամուսնանալու ակնկալութեամբ երկնային յոյս մը ունի։ 80–րդ տարիքին, ան գրեց. «Ամէն օր, մեր սիրելի երկնաւոր Հօրմէն աղօթքով կը խնդրեմ, որ ինծի օգնէ եւ իմաստութիւն տայ, որպէսզի հոգեւորապէս, ինչպէս նաեւ ֆիզիքապէս առողջ եւ զօրաւոր մնալով շարունակեմ իր սուրբ կամքը կատարել։ Եհովայի ծառայութեան մէջ անցուցած այս 50 տարիներուն ընթացքին, արդարեւ ուրախ, վարձահատոյց եւ օրհնեալ ապրելակերպ մը ունեցած եմ։ Իսկ Եհովայի անարժան ողորմութեամբ, կը յուսամ ծառայութիւնս շարունակել իր պատւոյն ու փառքին եւ իր ժողովուրդին օրհնութեան համար։ ... Եհովայի ուրախութիւն[ը] կ’օգնէ ինծի հաւատքի բարի պատերազմը պատերազմելու, սպասելով այն օրուան երբ Եհովայի թշնամիները ա՛լ պիտի չըլլան եւ երբ ամբողջ երկիրը իր փառքով պիտի լեցուի»։—Թուոց 14։21. Նէեմեայ 8։10. Դիտարան Նոյեմբեր 15, 1968, էջ 699–702, Անգլ.։

Իրական Ուրախութիւնը Ի՞նչ Բանէ Կախեալ Է

19. Մեր ուրախութիւնը ի՞նչ բանէ միշտ կախեալ պիտի ըլլայ։

19 Եհովայի հետ մեր թանկագին յարաբերութիւնը, իր հաճութիւնը եւ իր օրհնութիւնը—ասոնք են ազդակները որոնք մեզի իրական ուրախութիւն պիտի բերեն ամբողջ յաւիտենականութեան ընթացքին։ Հարազատ ուրախութեան մասին այս պատշաճ գաղափարը ունենալով, նոյնիսկ Եհովայի ամուսնացած ծառաները կ’ըմբռնեն որ իրենց ամուսնութիւնը իրենց կեանքին կարեւորագոյն բանը չէ։ Անոնք կը հետեւին Պօղոս առաքեալի սա խրատին. «Ա՛յս կ’ըսեմ, ե՛ղբայրներ, թէ որոշումի ժամանակը կարճցած է. ալ անոնք որ կին ունին՝ այնպէս ըլլան որպէս թէ չունին»։ (Ա. Կորնթացիս 7։29) Այս խօսքերը չեն նշանակեր որ անոնք պէտք է անտեսեն իրենց կիները։ Հասուն Քրիստոնեայ ամուսիններ Եհովայի ծառայութիւնը առաջին տեղը կը դնեն եւ նոյնը կ’ընեն աստուածապաշտ, սիրալիր եւ անոնց աջակցող կիները, որոնցմէ ոմանք իրենց ամուսիններուն կողքին լիաժամ կը ծառայեն։—Առակաց 31։10–12, 28. Մատթէոս 6։33

20. Բազմաթիւ Քրիստոնեաներ իրենց ամուսնական առանձնաշնորհումներուն հանդէպ ի՞նչ պատշաճ կեցուածք ունին։

20 Ամուսնացած եղբայրները որոնք ճամբորդող տեսուչներ, Պէթէլի մէջ աշխատող կամաւորներ, ժողովքի մը երէցներ են—արդարեւ բոլոր ամուսնացած Քրիստոնեաները որոնք Թագաւորութեան շահերը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը կը դնեն—‘աշխարհը լիովին չեն գործածեր’։ Անոնք կը ջանան իրենց ամուսնական առանձնաշնորհումները յարմարցնել Եհովայի ծառայութեան նուիրուած իրենց կեանքին։ (Ա. Կորնթացիս 7։31, ՆԱ) Այսուհանդերձ, անոնք ուրախ են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնց ուրախութեան հիմնական աղբիւրը իրենց ամուսնութիւնը չէ, այլ՝ Եհովայի մատուցած իրենց ծառայութիւնն է։ Իսկ հաւատարիմ շատ մը ամուսիններ ու կիներ, ինչպէս նաեւ անոնց զաւակները, ուրախ են ասոր համար։

21, 22. (ա) Ըստ Երեմեայ 9։23, 24–ին, ի՞նչ բան մեզ ուրախութեամբ պէտք է լեցնէ։ (բ) Ուրախութեան ի՞նչ ազդակներ յիշուած են Առակաց 3։13–18–ի մէջ։

21 Երեմիա մարգարէն գրեց. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Իմաստունը իր իմաստութիւնովը թող չպարծի ու զօրաւորը իր զօրութիւնովը թող չպարծի. հարուստը իր հարստութիւնովը թող չպարծի. բայց ան որ կը պարծի՝ թող անով պարծի, որ կը հասկնայ ու զիս կը ճանչնայ եւ գիտէ թէ ե՛ս եմ Տէրը, որ երկրի վրայ ողորմութիւն, իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընեմ. քանզի ես ասոնց կը հաճիմ’»։—Երեմեայ 9։23, 24

22 Ամուրի ըլլանք թէ ամուսնացած, մեր ուրախութեան գլխաւոր աղբիւրը պէտք է ըլլայ Եհովայի մասին մեր գիտութիւնը եւ այն համոզումը թէ մենք իր օրհնութիւնը ունինք քանի որ իր կամքը կը կատարենք։ Մենք նաեւ ուրախ ենք ներատեսութեամբ ըմբռնելով թէ ի՛նչ բաներ արժէքներու իրական աստիճան կը հանդիսանան, այն բաները որոնց Եհովա իրապէս կը հաճի։ Բազմիցս ամուսնացած Սողոմոն Թագաւոր ամուսնութիւնը ուրախութեան միակ բանալին չէր նկատեր։ Ան ըսաւ. «Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէ ու այն մարդուն, որ հանճար կը ստանայ. վասնզի անոր շահը արծաթի շահէն աղէկ է ու անոր արդիւնքը՝ զուտ ոսկիէն։ Անիկա գոհարներէն պատուական է եւ քու բոլոր ցանկալի բաներդ չեն կրնար անոր հաւասարիլ։ Անոր աջ ձեռքին մէջ՝ օրերու երկայնութիւն եւ ձախ ձեռքին մէջ հարստութիւն ու փառք կայ։ Անոր ճամբաները հաճոյական ճամբաներ են եւ անոր բոլոր շաւիղները խաղաղութիւն են։ Անիկա իրեն յարողներուն կենաց ծառ է ու զինք բռնողները երջանիկ կ’ըլլան»։—Առակաց 3։13–18

23, 24. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ իրերու նոր դրութեան մէջ Եհովայի բոլոր ծառաները ուրախ պիտի ըլլան։

23 Մեզմէ անոնք որոնք ամուսնացած են՝ թող յաւիտենական ուրախութիւն գտնեն աստուածային կամքը կատարելով։ Իսկ մեր սիրելի եղբայրները եւ քոյրերը որոնք իրենց ընտրութեամբ, կամ պարագաներու բերմամբ ամուրի են՝ թող իրենց փորձութիւններուն տոկան եւ ուրախութիւն ու գոհունակութիւն գտնեն Եհովայի ծառայելով, հիմա եւ յաւիտեան։ (Ղուկաս 18։29, 30. Բ. Պետրոս 3։11–13) Իրերու դրութեան մէջ զոր Աստուած պիտի հաստատէ շատ շուտով, «գրքեր» պիտի բացուին։ (Յայտնութիւն 20։12) Անոնք նոր պատուիրաններ եւ խայտալի կանոններ պիտի բովանդակեն, որոնք պիտի նպաստեն հնազանդ մարդոց ուրախութեան։

24 Անկասկած, կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր «ուրախ Աստուած»ը մեզի կը վերապահէ հոյակապ բաներ որոնք պիտի նպաստեն մեր ամբողջական ուրախութեան։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11, ՆԱ) Աստուած պիտի շարունակէ ‘իր ձեռքը բանալ ու ամէն կենդանիին փափաքը լեցնել’։ (Սաղմոս 145։16) Կասկած չկայ որ իրական ուրախութիւնը Եհովայի ծառայելով կը գտնենք եւ միշտ պիտի գտնենք։

Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք

◻ Եհովայի նուիրուած ծառաներու ուրախութեան հիմը ի՞նչ է։

◻ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, Եհովայի չամուսնացած բայց ուրախ ծառաներէն ոմանք որո՞նք էին։

◻ Պօղոս ինչո՞ւ յանձնարարեց ամուրիութիւնը, եւ կարգ մը Քրիստոնեաներ ինչպէ՞ս այս վիճակին մէջ ուրախութիւն գտած են։

◻ Մեր ուրախութիւնը ի՞նչ բանէ միշտ կախեալ պիտի ըլլայ։

◻ Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ իրերու նոր դրութեան մէջ բոլոր հաւատարիմները ուրախ պիտի ըլլան։

[Նկար՝ էջ 28]

Բազմաթիւ ամուրի քոյրեր ուրախութեամբ Եհովայի կը ծառայեն որպէս լիաժամ ծառաներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել