Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Այգիին բանուորները
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
    • Վերջապէս, այլաբանական աշխատանքի օրը վերջ կը գտնէ Յիսուսի մահուամբ, եւ բանուորներուն վճարելու ժամանակը կու գայ։ Վերջիններուն առաջ վճարելու արտասովոր օրէնքը կը գործադրուի, ինչպէս կը բացատրուի. «Իրիկունը, այգիին տէրը իր տնտեսին ըսաւ. ‘Բանուորները կանչէ եւ անոնց վարձքը տուր՝ վերջիններէն սկսելով մինչեւ առաջինները’։ Երբ եկան անոնք որ ժամը տասնըմէկին գացեր էին, մէյմէկ դահեկան առին։ Առաջինները գալով՝ կը կարծէին թէ աւելի պիտի առնեն, բայց անոնք ալ առին մէյմէկ դահեկան։ Երբ առին, տանտիրոջ դէմ տրտունջ ըրին ու ըսին. ‘Այդ վերջինները մէկ ժամ գործեցին, բայց մեզի հաւասար ըրիր, որ օրուան ծանրութիւնը ու տաքութիւնը քաշեցինք’։ Անիկա պատասխան տուաւ անոնցմէ մէկուն ու ըսաւ. ‘Ընկե՛ր, ես քեզ չեմ զրկեր. չէ՞ որ դուն ինծի հետ մէկ դահեկանի համաձայնեցար. ա՛ռ քուկդ ու գնա՛. կ’ուզեմ որ այս վերջինին քեզի տուածիս չափ տամ։ Միթէ ես իշխանութիւն չունի՞մ իմ բաներուս վրայ՝ ինչ որ ուզեմ ընելու. կամ թէ քու աչքդ չա՞ր է՝ որ ես բարերար եմ’»։ Որպէս եզրակացութիւն, Յիսուս կը կրկնէ նախապէս յիշած կէտը, ըսելով. «Այսպէս, յետինները առաջին պիտի ըլլան եւ առաջինները յետին»։

  • Այգիին բանուորները
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
    • Շատ չանցած, առաջին վարձուածները, կը նկատեն թէ Յիսուսի աշակերտները իրենց վարձքը առած են եւ սկսած են այլաբանական դահեկանը գործածել։ Սակայն անոնք սուրբ հոգիէն եւ անոր ընկերակցող Թագաւորութեան առանձնաշնորհումներէն աւելին կ’ուզեն։ Անոնք իրենց տրտունջը եւ առարկութիւնը կը յայտնեն, Քրիստոսի աշակերտները՝ այգիին «վերջին» բանուորները հալածելով։

      Արդեօք այս առաջին դարու կատարումը Յիսուսի առակին միակ կատարո՞ւմն է։ Ո՛չ, այս քսաներորդ դարու Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները, իրենց դիրքերուն եւ պատասխանատուութիւններուն պատճառաւ, «առաջին» վարձուողները եղած են Աստուծոյ այլաբանական այգիին մէջ աշխատելու համար։ Անոնք Դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան հետ ընկերակցող նուիրուած քարոզիչները «վերջին»ները նկատած են, որոնք ոչ մէկ վաւերական նշանակում ունին Աստուծոյ ծառայութեան մէջ։ Սակայն կղերականներուն կողմէ այս մերժուածներն են որ դահեկանը՝ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան որպէս օծեալ դեսպանները ծառայելու պատիւը, ստացան։ Մատթէոս 19։30–20։16

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել