Յիսուսի սորվեցուցած կերպով կը սորվեցնե՞նք
«Ժողովուրդը կը զարմանար անոր վարդապետութեանը վրայ։ Վասնզի իշխանութիւն ունեցողի մը պէս կը սորվեցնէր անոնց, ոչ թէ դպիրներուն պէս»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 7։28, 29
1. Երբ Յիսուս Գալիլիոյ մէջ կը սորվեցնէր, որո՞նք իրեն կը հետեւէին, եւ Յիսուս ինչպէ՞ս հակազդեց։
ՅԻՍՈՒՍ ուր որ երթար, ժողովուրդները իրեն կ’երթային։ Ան, «բոլոր Գալիլիա պտըտելով, կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ եւ արքայութեան աւետարանը կը քարոզէր ու ժողովուրդին մէջի ամէն կերպ հիւանդութիւնները ու ամէն կերպ ցաւերը կը բժշկէր»։ Մինչ իր գործունէութիւններուն լուրը կը տարածուէր, «շատ ժողովուրդներ անոր ետեւէն կ’երթային, Գալիլիայէն ու Դեկապոլիսէն եւ Երուսաղէմէն ու Հրէաստանէն եւ Յորդանանի անդիի կողմէն»։ (Մատթէոս 4։23, 25) Զանոնք տեսնելով, ան «անոնց վրայ խղճաց, վասնզի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»։ Երբ Յիսուս անոնց կը սորվեցնէր, անոնք կրնային իրենց հանդէպ անոր արգահատանքը կամ խանդաղատանքը զգալ. անիկա իրենց վէրքերը ամոքող սպեղանիի մը պէս էր, որ ժողովուրդները Յիսուսի կը քաշէր։—Մատթէոս 9։35, 36
2. Յիսուսի հրաշքներէն զատ, ի՞նչ բան ժողովուրդները Իրեն կը քաշէր։
2 Յիսուս ի՜նչ հրաշալի ֆիզիքական բուժումներ կատարեց. իրեն շնորհիւ, բորոտները մաքրուեցան, խուլերը լսեցին, կոյրերը տեսան, հաշմանդամները քալեցին, մեռելները ետ կեանքի եկան։ Յիսուսի միջոցով գործող Եհովայի զօրութեան այս ակնբախ ցուցադրութիւնները վստահաբար պատճառ եղան որ մեծ թիւով ժողովուրդներ իրեն երթային։ Բայց միմիայն հրաշքները չէին, որոնք իրեն կը քաշէին զանոնք։ Շատ բազմութիւններ հոգեւոր բուժումներ ստանալու համար ալ կու գային, զորս Յիսուս կը հայթայթէր իր ուսուցումով։ Օրինակի համար, իր համբաւաւոր Լերան Քարոզը լսելէ ետք, նկատի առնենք անոնց հակազդեցութիւնը. «Երբ Յիսուս լմնցուց այս խօսքերը, ժողովուրդը կը զարմանար անոր վարդապետութեանը վրայ։ Վասնզի իշխանութիւն ունեցողի մը պէս կը սորվեցնէր անոնց, ոչ թէ դպիրներուն պէս»։ (Մատթէոս 7։28, 29) Անոնց ռաբբունիները հին ռաբբունիներու բերանացի աւանդութիւնները կը մէջբերէին որպէս իրենց հեղինակութիւնը։ Յիսուս անոնց կը սորվեցնէր Աստուծոյ հեղինակութիւնով. «Ինչ որ ես կը խօսիմ, ինչպէս Հայրը ինծի ըսաւ, այնպէս կը խօսիմ»։—Յովհաննու 12։50
Իր Ուսուցումը Սրտերուն կը Հասնէր
3. Իր պատգամը մատուցանելու Յիսուսի կերպը ինչպէ՞ս տարբեր էր դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն կերպէն։
3 Յիսուսի ուսուցումին եւ դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն ուսուցումին միջեւ եղած տարբերութիւնը միմիայն անոնց բովանդակութիւնը չէր. Աստուծմէ եկող ճշմարտութիւնը ընդդէմ մարդոցմէ եկող բեռնանման բերանացի աւանդութիւններուն, այլ նաեւ անոնց մատուցուած կերպը։ Դպիրներն ու Փարիսեցիները գոռոզ եւ բիրտ էին, ամբարտաւանութեամբ փաղաքշական տիտղոսներ պահանջելով եւ քամահրանքով ժողովուրդը նախատելով որպէս ‘նզովուածներ’։ Բայց Յիսուս խոնար, հեզ, ազնիւ, կարեկից եւ յաճախ տեղի տուող էր. ան անոնց վրայ կը խղճար։ Յիսուս ոչ միայն շիտակ խօսքերով կը սորվեցնէր, այլ նաեւ՝ իր սրտէն բխող շնորհալի խօսքերով որոնք ուղղակիօրէն իր ունկնդիրներուն սրտերուն կը հասնէին։ Իր ուրախ պատգամը մարդիկը Իրեն կը քաշէր, զանոնք առաւօտ կանուխ տաճար կը բերէր զինք ունկնդրելու համար եւ իրեն հետեւելու ու յօժարութեամբ զինք մտիկ ընելու կը մղէր զանոնք։ Անոնք խումբ–խումբ իրեն լսելու կու գային, ըսելով. «Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ»։—Յովհաննու 7։46–49. Մարկոս 12։37. Ղուկաս 4։22. 19։48. 21։38
4. Յիսուսի ուսուցումին մասնաւորաբար ո՞ր երեսակը կը հրապուրէր շատերը։
4 Շատ հաւանաբար, մարդիկ իր ուսուցումով հրապուրուելու պատճառներէն մէկն էր իր առակներ գործածելը։ Յիսուս կը տեսնէր ի՛նչ որ ուրիշներ կը տեսնէին, բայց ան կը խորհէր այնպիսի բաներու մասին, որոնք նախապէս մէկու մը մտքէն չէին անցած։ Դաշտերուն մէջ աճող շուշաններ, իրենց բոյները շինող թռչուններ, սերմնացաններ, կորսուած գառնուկները բերող հովիւներ, հին զգեստներու վրայ կարկտան դնող կիներ, շուկաներուն մէջ խաղցող երախաներ, իրենց ուռկանները քաշող ձկնորսներ. սովորական բաներ, զորս ամէն ոք կը տեսնէր, բայց Յիսուսի աչքին սովորական չէին։ Ի՛նչ բանի որ նայէր, ան կը խորհէր թէ ի՛նչպէս կրնար զայն գործածել Աստուած եւ Իր Թագաւորութիւնը պատկերացնելու կամ զինք շրջապատող մարդկային ընկերութեան մասին կէտ մը ցոյց տալու համար։
5. Յիսուս իր առակները ի՞նչ բանի վրայ կը հիմնէր, եւ ի՞նչ բան իր առակները ազդու կը դարձնէր։
5 Յիսուսի առակները հիմնուած են առօրեայ բաներու վրայ, զորս մարդիկ բազմիցս տեսած են, իսկ երբ անոնց ընտանի եղած բաներուն հետ ճշմարտութիւններ կ’առնչուին, անոնք խոր ու արագ կերպով կը քանդակուին ունկնդիրներուն մտքերուն վրայ։ Այսպիսի ճշմարտութիւններ ոչ միայն կը լսենք, այլ մեր մտքի աչքով կը տեսնենք եւ հետագային դիւրութեամբ կը վերյիշենք։ Յիսուսի առակները կը յատկորոշուէին իրենց պարզութեամբ, ճշմարտութիւններ հասկնալու արգելք եղող անկարեւոր բաներէ զերծ։ Նկատի առնենք, զոր օրինակ, դրացիական սէր ցուցաբերած Սամարացիին առակը։ Վառ կերպով կը տեսնենք որ լաւ դրացի մը ի՛նչ է։ (Ղուկաս 10։29–37) Կայ նաեւ երկու որդիներուն առակը. մէկը որ ըսաւ թէ այգիին մէջ պիտի աշխատէր, բայց չաշխատեցաւ, իսկ միւսը որ ըսաւ թէ պիտի չերթար, բայց գնաց։ Անմիջապէս կը հասկնանք թէ իրական հնազանդութիւնը ի՛նչ կը պարփակէ. նշանակուած գործը ընել։ (Մատթէոս 21։28–31) Երբ Յիսուս կենսունակութեամբ կը սորվեցնէր, ոչ ոք կը մրափէր, ոչ ալ ոեւէ մէկուն միտքը կը թափառէր։ Անոնց մտքերը շատ զբաղած էին թէ՛ լսելով եւ թէ տեսնելով։
Երբ Սէրը կ’Արժանացնէր, Յիսուս Զիջող կ’Ըլլար
6. Մասնաւորաբար ե՞րբ բանաւոր կամ զիջող ըլլալը օգտակար է։
6 Երբ Աստուածաշունչը բանաւոր ըլլալու մասին կը խօսի, յաճախ ստորանշում մը ցոյց կու տայ որ անիկա կը նշանակէ զիջող ըլլալ։ Աստուծոյ կողմէ եկող իմաստութիւնը կը զիջի, երբ չքմեղացնող պարագաներ գոյութիւն ունին։ Կան ատեններ, երբ մենք բանաւոր կամ զիջող պէտք է ըլլանք։ Երէցները պէտք է ուզեն զիջող ըլլալ, երբ սէրը կ’արժանացնէ եւ երբ զղջում մը կը թոյլատրէ։ (Ա. Տիմոթէոս 3։3. Յակոբու 3։17) Յիսուս զիջելու մէջ հոյակապ օրինակներ թողած է ընդհանուր կանոններու մէջ բացառութիւններ ընելով, երբ ողորմութիւնն ու կարեկցութիւնը կը պահանջէին զայն։
7. Ի՞նչպիսի պարագաներուն, Յիսուս զիջող եղաւ։
7 Առիթով մը Յիսուս ըսաւ. «Ով որ մարդոց առջեւ զիս կ’ուրանայ, ես ալ զանիկա պիտի ուրանամ իմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է»։ Բայց ան Պետրոսը չմերժեց, նոյնիսկ երբ ան երեք անգամ ուրացաւ զինք։ Չքմեղացնող պարագաներ կային, զորս Յիսուս նկատի առաւ։ (Մատթէոս 10։33. Ղուկաս 22։54–62) Դարձեալ չքմեղացնող պարագաներ կային, երբ արեան ծորում ունեցող անմաքուր կինը Մովսիսական Օրէնքը բեկանեց, բազմութեան մէջ մտնելով։ Յիսուս այդ կինն ալ չդատապարտեց։ Ան հասկցաւ անոր յուսահատութիւնը։ (Մարկոս 1։40–42. Մարկոս 5։25–34. տես նաեւ Ղուկաս 5։12, 13։) Յիսուս իր առաքեալներուն ըսած էր որ զինք չբնորոշէին որպէս Մեսիան, բայց ան անթեք կերպով այդ կանոնին կառչած չմնաց, երբ իր Մեսիա ըլլալը գիտցուց ջրհորին քով գտնուող Սամարացի կնոջ։ (Մատթէոս 16։20. Յովհաննու 4։25, 26) Այս բոլոր պարագաներուն, սէրը, ողորմութիւնն ու կարեկցութիւնը այս զիջումը յարմար դարձուցին։—Յակոբու 2։13
8. Դպիրներն ու Փարիսեցիները ե՞րբ օրէնքները ծռելու պատրաստ էին, եւ ե՞րբ կը մերժէին ծռել զանոնք։
8 Պարագան տարբեր էր չզիջող դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն հետ։ Անոնց անձնական պարագային, անոնք Շաբաթի աւանդութիւնները բեկանելու պատրաստ էին իրենց եզը ջուրի տանելու համար։ Կամ եթէ իրենց եզը կամ որդին հորի մը մէջ իյնար, անոնք Շաբաթը բեկանելու պատրաստ էին զայն անկէ դուրս հանելու համար։ Բայց անոնք չնչին զիջում մըն իսկ պիտի չընէին հասարակ ժողովուրդին համար։ Անոնք ‘իրենց մատովը չէին ուզեր [պահանջները] շարժել’։ (Մատթէոս 23։4. Ղուկաս 14։5) Յիսուսին համար, մարդիկը շատ աւելի կարեւորութիւն ունէին քան շատ մը կանոնները. իսկ Փարիսեցիներուն համար, կանոնները շատ աւելի կարեւորութիւն ունէին քան մարդիկը։
«Պատուիրանքի Որդի» մը կը Դառնայ
9, 10. Երուսաղէմ վերադառնալէ ետք, Յիսուսի ծնողները ո՞ւր գտան զինք, իսկ Յիսուսի հարցնելու իմաստը ի՞նչ էր։
9 Ոմանք կը մրմնջեն որ Յիսուսի պատանեկութեան մէջ միայն մէկ միջադէպ արձանագրուած է։ Սակայն, շատեր այդ դէպքին ունեցած մեծ նշանակութեան չեն անդրադառնար։ Ղուկաս 2։46, 47–ին մէջ, մեզի համար հետեւեալը տեղեկագրուած է. «Երեք օրէն ետքը տաճարին մէջ գտան զանիկա, որ վարդապետներուն հետ նստեր էր, անոնց մտիկ կ’ընէր ու անոնց բան կը հարցնէր։ Անոր ականջ դնողները կը զարմանային անոր իմաստութեանը ու պատասխաններուն վրայ»։ Քիթըլի աստուածաբանական բառարանը (Theological Dictionary of the New Testament) այն գաղափարը կու տայ թէ հոս գործածուած Յունարէն «կը հարցնէր» բառը տղու մը պարզ հետաքրքրութիւնը չէր։ Այս բառը կրնար ակնարկել դատական քննարկութիւններու, հետազօտութիւններու, հարցուփորձերու, նոյնիսկ «Փարիսեցիներու ու Սադուկեցիներու խուզարկու ու խորամանկ հարցումներուն», ինչպէս յիշուած են Մարկոս 10։2–ին եւ Մարկոս 12։18–23–ին մէջ։
10 Նոյն բառարանը կը շարունակէ ըսել. «Այս գործածութեան ի տես, կարելի է հարց տալ թէ ... Ղուկաս 2։46–ը տղուն հարցնելու հետաքրքրութիւնը այնքան ցոյց չի տար, այլ ընդհակառակը, Անոր վիճաբանելու կարողութիւնը։ [Համար] 47–ն լաւ կը յարմարի վերջին կէտին»։a Ռոտըրհէմի թարգմանութիւնը 47–րդ համարը կը ներկայացնէ որպէս ուղղակի ճակատում. «Անոր մտիկ ընողները յուզումէն կը խենթենային անոր հասկացողութեանը եւ պատասխաններուն համար»։ Ռապըրթսընի բառարանը (Word Pictures in the New Testament) կ’ըսէ որ, անոնց յարատեւ զարմանքին պատճառաւ, «անոնք իրենք իրենցմէ կ’ելլէին, կարծես թէ իրենց աչքերը դուրս ցցուած էին»։
11. Մարիամի եւ Յովսէփի տեսածն ու լսածը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան իրենց վրայ, եւ աստուածաբանական բառարան մը ի՞նչ կը թելադրէ։
11 Երբ Յիսուսի ծնողները վերջապէս տաճար եկան, անոնք «ապշած մնացին»։ (Ղուկաս 2։48) Ռապըրթսընը կ’ըսէ որ այս արտայայտութեան մէջ Յունարէն բառը կը նշանակէ «զարնուիլ, ապշահար ըլլալ»։ Ան կ’աւելցնէ որ Յովսէփ ու Մարիամ իրենց տեսածէն ու լսածէն «զարնուեցան»։ Ուրիշ խօսքով, Յիսուս արդէն ապշեցուցիչ ուսուցիչ մըն էր։ Իսկ տաճարին մէջ այս միջադէպին ի տես, Քիթըլի աշխատասիրութիւնը կը դաւանի որ «Յիսուս Իր պատանեկութեան մէջ արդէն սկսած էր իր պայքարը, որու մէջ իր հակառակորդները վերջ ի վերջոյ ստիպուած ձեռնթափ պիտի ըլլան»։
12. Կրօնական առաջնորդներուն հետ Յիսուսի հետագայ խօսակցութիւնները ի՞նչ կը յատկորոշէին։
12 Այո, անոնք ձեռնթա՛փ եղան։ Տարիներ ետք, հարցնելու այս կերպովն էր որ Յիսուս պարտութեան մատնեց Փարիսեցիները մինչեւ որ անոնք ‘այն օրէն յետոյ ... չէին համարձակեր անոր բան մը հարցնել’։ (Մատթէոս 22։41–46) Սադուկեցիները յարութեան հարցին մասին նոյնպէս պապանձեցան «ու ա՛լ մէկը չէր համարձակեր անոր բան մը հարցնել»։ (Ղուկաս 20։27–40) Դպիրները անոնցմէ լաւ դուրս չեկան։ Անոնցմէ մէկը Յիսուսի հետ խօսակցութիւն մը ունենալէ ետք, «ա՛լ ուրիշ մէկը չէր համարձակեր անոր բան մը հարցնել»։—Մարկոս 12։28–34
13. Յիսուսի կեանքին մէջ, տաճարին միջադէպը ինչո՞ւ մեծ նշանակութիւն ունէր, եւ Յիսուս երեւութապէս ի՞նչ բաներու անդրադարձած էր։
13 Յիսուսի պատանեկութենէն ինչո՞ւ միմիայն զինք եւ տաճարի ուսուցիչները ներփակող այս միջադէպը նշուած է։ Ատիկա Յիսուսի կեանքին մէջ դարձակէտ մը եղաւ։ 12 տարեկանին, ան դարձաւ ինչ որ Հրեաները կը կոչէին «պատուիրանքի որդի» մը, բոլոր պատուիրանքները պահելու պատասխանատու մէկը։ Երբ իրեն ու Յովսէփին մտահոգութիւն պատճառած ըլլալուն մասին Մարիամ դժգոհութիւն յայտնեց Յիսուսին, անոր պատասխանը ցոյց տուաւ որ հաւանաբար ան կ’անդրադառնար իր ծնունդին հրաշալի բնոյթին եւ իր Մեսիական ապագային։ Ասիկա կը թելադրուի Աստուած իր Հայրը ըլլալուն մասին շեշտակիօրէն իր նշած կերպով. «Զիս ինչո՞ւ կը փնտռէիք. չէի՞ք գիտեր թէ ինծի պէտք է որ իմ Հօրս տունը ըլլամ»։ Ասոնք Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած Յիսուսի արտասանած առաջին խօսքերն են, որոնք ցոյց կու տան թէ ան կը գիտակցէր զինք երկիր ղրկած Եհովայի նպատակին։ Հետեւաբար, այս ամբողջ միջադէպը մեծ նշանակութիւն ունի։—Ղուկաս 2։48, 49
Յիսուս Երախաները կը Սիրէ եւ կը Հասկնայ Զանոնք
14. Տաճարին մէջ պատանի Յիսուսի պատմութիւնը ի՞նչ հետաքրքրական կէտեր կը յիշեցնէ պատանիներուն։
14 Այս պատմութիւնը մասնաւորաբար պէտք է ոգեւորէ պատանիները։ Անիկա ցոյց կու տայ թէ Յիսուս ի՛նչ ժրաջանութեամբ սերտած ըլլալու է, մինչ չափահաս կը դառնար։ Տաճարի ռաբբունիները ապշահար եղած էին այս 12 տարեկան «պատուիրանքի որդի»ին իմաստութեանը վրայ։ Այսուհանդերձ, ան շարունակեց ատաղձագործարանին մէջ Յովսէփին հետ աշխատիլ, անոր ու Մարիամին «հնազանդ» ըլլալով եւ «Աստուծմէ ու մարդոցմէ շնորհք գտնելով»։—Ղուկաս 2։51, 52
15. Իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս ինչպէ՞ս նեցուկ կանգնեցաւ պատանիներուն, եւ ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ ներկայ երիտասարդներուն համար։
15 Իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս նեցուկ կը կանգնէր պատանիներուն. «Երբ քահանայապետներն ու դպիրները տեսան անոր ըրած հրաշքները եւ տղաքը որոնք տաճարին մէջ կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. ‘Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի’, բարկացան ու ըսին անոր. ‘Կը լսե՞ս ինչ կ’ըսեն ատոնք’։ Յիսուս ըսաւ անոնց. ‘Այո՛, բնաւ չէ՞ք կարդացեր, թէ «Մանկանց ու կաթընկեր տղայոց բերնէն գովութիւն կատարեցիր»’»։ (Մատթէոս 21։15, 16. Սաղմոս 8։2) Ան նո՛յնքան նեցուկ կը կանգնի ներկայ հարիւր հազարաւոր երիտասարդներուն որոնք իրենց ուղղամտութիւնը կը պահեն եւ գովաբանութիւն կու տան, անոնցմէ ոմանք ասիկա նոյնիսկ ըրած են իրենց կեանքին գնով։
16. (ա) Յիսուս իր առաքեալներուն ի՞նչ դաս սորվեցուց անոնց մէջտեղ տղայ մը կայնեցնելով։ (բ) Իր կեանքին մէջ ո՞ր ճակատագրական պահուն, Յիսուս տակաւին ժամանակ տրամադրեց երախաներուն։
16 Երբ առաքեալները կը վիճաբանէին թէ ո՛վ իրենցմէ մեծ էր, Յիսուս 12–ին ըսաւ. «‘Եթէ մէկը կ’ուզէ առաջին ըլլալ, ամենէն յետինը պէտք է ըլլայ եւ ամենուն սպասաւորը’։ Ու տղայ մը առաւ կայնեցուց անոնց մէջ. ապա իր գիրկը առնելով զանիկա՝ ըսաւ անոնց. ‘Ով որ այսպիսի տղոցմէ մէկը ընդունի իմ անունովս, զիս կ’ընդունի եւ ով որ զիս ընդունի, ոչ թէ զիս կ’ընդունի, հապա զիս ղրկողը’»։ (Մարկոս 9։34–36) Ասկէ զատ, երբ վերջին անգամ ըլլալով Երուսաղէմ կ’երթար, սոսկալի չարչարանքներ ու մահ դիմագրաւելու համար, ան երախաներուն ժամանակ տրամադրեց. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը, որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք, վասնզի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է»։ Ապա ան «զանոնք գիրկը առաւ, անոնց վրայ ձեռք դրաւ ու օրհնեց զանոնք»։—Մարկոս 10։13–16
17. Յիսուսի համար ինչո՞ւ դիւրին էր երախաները հասկնալ, եւ երախաները ի՞նչ պէտք է յիշեն իր մասին։
17 Յիսուս գիտէ թէ չափահասի մը աշխարհին մէջ ի՛նչ ըսել է երախայ մը ըլլալ։ Ան չափահասներուն հետ ապրեցաւ, անոնց հետ աշխատեցաւ, անոնց ենթակայ ըլլալու փորձառութիւնը ունեցաւ, նաեւ անոնց կողմէ սիրուելու ջերմ ու ապահով զգացումն ալ ունեցաւ։ Ո՛վ երախաներ, այս նոյն Յիսուսը ձեր բարեկամն է. ան ձեզի համար մեռաւ, իսկ դուք յաւիտեան պիտի ապրիք, եթէ իր պատուէրներուն հնազանդիք։—Յովհաննու 15։13, 14
18. Ո՞ր ոգեւորիչ միտքը պէտք չէ մոռնանք, մանաւանդ նեղութեան կամ վտանգի ժամանակ։
18 Յիսուսի պատուէրները կատարելը այդքան ալ դժուար չէ, ինչպէս կը թուին։ Ո՛վ երիտասարդներ, Յիսուս պատրաստ է ձեզի եւ ոեւէ մէկուն օգնելու, ինչպէս կը կարդանք Մատթէոս 11։28–30–ին մէջ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք [կամ՝ «ինծի հետ լուծիս տակ եկէք», ՆԱ, լուսանցքի բացատրութիւն] եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասնզի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։ Պահ մը երեւակայեցէ՛ք. մինչ կեանքի ճամբուն մէջ կը քալէք Եհովայի ծառայելով, Յիսուս ձեր կողքին կը քալէ, ձեր լուծը՝ քաղցր եւ բեռը թեթեւ դարձնելով։ Այս միտքը բոլորս կ’ոգեւորէ։
19. Յիսուսի սորվեցնելու կերպին մասին ի՞նչ հարցումներ կրնանք ատեն–ատեն աչքէ անցնել։
19 Յիսուսի սորվեցուցած միայն քանի մը կերպերը աչքէ անցնելէ ետք, մենք ալ նոյն կերպով կը սորվեցնե՞նք։ Երբ ֆիզիքապէս հիւանդ կամ հոգեւորապէս սովամահ անհատներ տեսնենք, անոնց վրայ կը խղճա՞նք անոնց օգնելու համար մեր ձեռքէն եկածը ընելով։ Երբ ուրիշներուն կ’ուսուցանենք, անոնց Աստուծո՞յ Խօսքը կը սորվեցնենք, թէ ոչ՝ Փարիսեցիներուն նման, մեր անձնական գաղափարները։ Մեզ շրջապատող առօրեայ բաները տեսնելու համար զգո՞յշ ենք, զորս կրնանք գործածել հոգեւոր ճշմարտութիւններու հասկացողութիւնը յստակացնելու, մտապատկերացնելու, բիւրեղացնելու եւ գեղեցկացնելու համար։ Անճկուն կերպով որոշ կանոններու կառչելէ կը խուսափի՞նք, երբ, պարագաներու բերմամբ, սէրն ու ողորմութիւնը աւելի լաւ կը ծառայեն այդ կանոններուն կիրարկման մէջ, եթէ զիջողներ ըլլանք։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել երախաներու մասին։ Անոնց հանդէպ ջերմ հետաքրքրութիւն եւ սիրալիր ողորմութիւն կը ցուցաբերե՞նք, ինչպէս Յիսուս ըրաւ։ Ձեր զաւակները կը քաջալերէ՞ք, որ ուսումնասիրեն այն կերպով զոր Յիսուս կ’ընէր, երբ պատանի մըն էր։ Յիսուսի վարուած կերպով հաստատամտութեամբ պիտի վարուի՞ք, միեւնոյն ատեն զղջացողները ջերմօրէն ընդունելու պատրաստ ըլլալով, ինչպէս հաւը իր ձագերը իր թեւերուն տակ կը ժողվէ։—Մատթէոս 23։37
20. Մինչ մեր Աստուծոյն կը ծառայենք, ո՞ր հաճելի մտքով կրնանք մխիթարուիլ։
20 Եթէ ջանանք Յիսուսի սորվեցուցած կերպով սորվեցնելու մէջ մեր լաւագոյնը ընել, վստահաբար ան թոյլ պիտի տայ որ մենք ‘իրեն հետ իր լուծին տակ գանք’։—Մատթէոս 11։28–30
[Ստորանիշ էջ 21]
a Անշուշտ ամէն պատճառ ունինք հաւատալու որ Յիսուս պատշաճ նկատողութիւն ցուցաբերեց իրմէ տարեց անհատներուն, մանաւանդ ալեհերներուն եւ քահանաներուն, հանդէպ։—Բաղդատել Ղեւտացւոց 19։32. Գործք 23։2–5։
Կը Յիշէ՞ք
◻ Ժողովուրդները ինչո՞ւ Յիսուսի կ’երթային։
◻ Կարգ մը կանոններու մէջ Յիսուս երբեմն ինչո՞ւ զիջող եղաւ։
◻ Տաճարի ուսուցիչներուն Յիսուսի հարցնելու միջադէպէն ի՞նչ կը սորվինք։
◻ Երախաներուն հետ Յիսուսի յարաբերութենէն ի՞նչ դասեր կրնանք քաղել։