-
Բոլորս մէկ ըլլանք՝ ինչպէս Եհովան եւ Յիսուսը մէկ ենԴիտարան (ուսումնասիրական) 2018 | Յունիս
-
-
ՍԷՐ ԵՒ ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ
8. Ո՞ր կարեւոր սկզբունքը կը կազմէ մեր միութեան հիմը. բացատրէ՛։
8 Յիսուս կարեւոր սկզբունք մը սորվեցուց, որ մեր միութեան հիմն է։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Դուք ամէնքդ եղբայր էք» (կարդա՛ Մատթէոս 23։8, 9)։ Նախ, «եղբայր» ենք այն առումով որ բոլորս Ադամէն եկած ենք (Գործք 17։26)։ Նաեւ, Յիսուս բացատրեց թէ իր աշակերտները եղբայր–քոյր են, քանի որ Եհովան ընդունած են որպէս իրենց երկնաւոր Հայրը (Մատ. 12։50)։ Ասկէ զատ, անոնք բոլորն ալ հոգեւոր մեծ ընտանիքի մը անդամները դարձած են եւ սիրով ու հաւատքով միացած են։ Ուստի առաքեալները իրենց նամակներուն մէջ հաւատակիցները կը կոչէին եղբայրներ–քոյրեր (Հռով. 1։13. Ա. Պետ. 2։17. Ա. Յովհ. 3։13)a։
-
-
Բոլորս մէկ ըլլանք՝ ինչպէս Եհովան եւ Յիսուսը մէկ ենԴիտարան (ուսումնասիրական) 2018 | Յունիս
-
-
a «Եղբայրներ» բառը կրնայ պարփակել ժողովքին քոյրերը։ Պօղոս իր նամակը գրեց Հռոմի «եղբայրներ»ուն, եւ ասիկա վստահաբար պարփակեց քոյրերը, քանի որ կարգ մը քոյրերու անունները յիշեց (Հռով. 16։3, 6, 12)։ Դիտարան–ը ‘եղբայրներ եւ քոյրեր’ կը կոչէ ժողովքին անդամները։
-