Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Այս «չար սերունդ»էն փրկուինք
    Դիտարան 1996 | Մարտ 1
    • 11. (ա) Գլխաւորաբար ո՞ր հեղինակութեամբ պէտք է առաջնորդուինք, որոշելու համար թէ հէ կէնէիա աութէ արտայայտութիւնը ի՛նչպէս պէտք է կիրարկենք։

      11 Անշուշտ, այս նիւթը ուսումնասիրող Քրիստոնեաները գլխաւորաբար նկատի կ’առնեն թէ Աւետարանի ներշնչուած գրողները Յունարէն հէ կէնէիա աութէ՝ կամ «այս սերունդը»՝ արտայայտութիւնը ի՛նչ առումով գործածեցին, երբ տեղեկագրեցին Յիսուսի խօսքերը։ Այս արտայայտութիւնը յաճախ բացասական իմաստով գործածուած էր։ Անոր համար, Յիսուս Հրեայ կրօնական առաջնորդները «օձե՛ր, իժե՛րու ծնունդներ» կոչեց ու շարունակեց ըսել թէ Գեհենին դատապարտութիւնը «այս ազգին [սերունդին (ՆԱ)]» վրայ պիտի գար։ (Մատթէոս 23։33, 36) Սակայն, այս դատապարտութիւնը միայն կեղծաւոր կղերներո՞ւն սահմանափակուած էր։ Բնա՛ւ երբեք։ Աշակերտները բազմաթիւ առիթներով լսեցին Յիսուսի «այս սերունդին» մասին խօսիլը, այդ արտայայտութիւնը կիրարկելով շատ աւելի լայն իմաստով մը։ Արդ, ի՞նչ էր այդ իմաստը։

  • Այս «չար սերունդ»էն փրկուինք
    Դիտարան 1996 | Մարտ 1
    • 13. Իր աշակերտներուն ներկայութեան, Յիսուս որոնք բնորոշեց ու դատապարտեց որպէս «այս չար սերունդ»ը։

      13 Հետագային, Հ.Դ. 31–ին, մինչ Յիսուս եւ իր աշակերտները Գալիլիոյ մէջ իրենց քարոզչական երկրորդ ճամբորդութեան ձեռնարկած էին, «դպիրներէն ու փարիսեցիներէն ոմանք» Յիսուսէ նշան մը խնդրեցին։ Յիսուս անոնց եւ հոն ներկայ եղող «ժողովուրդ»ին ըսաւ. «Չար եւ շնացող ազգը [սերունդը (ՆԱ)] նշան կ’ուզէ։ Ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, բայց միայն Յովնան մարգարէին նշանը։ Քանզի ինչպէս Յովնան երեք օր ու գիշեր կէտ ձուկին փորին մէջ մնաց, այնպէս Որդին մարդոյ պիտի մնայ երկրի սրտին մէջ՝ երեք օր ու երեք գիշեր։ . . . Այսպէս պիտի ըլլայ այս չար ազգին [սերունդին (ՆԱ)] ալ»։ (Մատթէոս 12։38–46) Բացայայտօրէն, «այս չար սերունդ»ը կը պարփակէր թէ՛ կրօնական առաջնորդները եւ թէ «ժողովուրդ»ը, որոնք բնաւ չգնահատեցին Յիսուսի մահով ու յարութեամբ կատարուած նշանը։d

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել