Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Աստուածաշունչի մարգարէութիւն մը որու կատարուիլը կը տեսնէք
    Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց
    • 25 Աստուածաշունչը, սակայն, մեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ տարբեր տեսակ գազանի մը վրայ, որ վերջին տարիներուն իրապէս վախ պատճառած է։ Եզեկիէլ մարգարէն գազանաբարոյ մարդիկը նմանցուց վայրի անասուններու, երբ ըսաւ. «Անոր իշխանները անոր մէջ յափշտակող գայլերու պէս արիւն թափելու ու հոգի կորսնցնելու ետեւէ եղան, որպէսզի ագահութեամբ վաստկին»։ (Եզեկիէլ 22։27) Երբ մարգարէացաւ «անօրէնութեան շատնալուն» մասին, Յիսուս, իրականութեան մէջ, ըսել կ’ուզէր թէ այսպիսի «գազաններ» երկրի վրայ գործունեայ պիտի ըլլային իր ներկայութեան ընթացքին։ (Մատթէոս 24։12) Աստուածաշունչի գրութեան մասնակցող Պօղոս կ’աւելցնէ թէ «վերջին օրեր»ու ընթացքին, մարդիկ պիտի ըլլային «արծաթասէր, ... անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1–3) Պարագան այսպէ՞ս եղած է 1914–էն ի վեր։

      26–28. Համայն աշխարհէն եկող ի՞նչ տեղեկագրութիւններ ցոյց կու տան թէ ոճրագործ «գազաններ» երկրի վրայ կ’ոռնան։

      26 Վստահաբար այո՛։ Եթէ որեւէ մեծ քաղաքի մը մէջ կը բնակիք, արդէն գիտէք ասոր ճշմարիտ ըլլալը։ Բայց եթէ կասկած ունիք, միայն նկատի առէք վերջերս հրատարակուած օրաթերթերու հետեւեալ մէջբերումները։ Գոլոմպիայէն. «Անցեալ տարի, ոստիկանութիւնը արձանագրեց ... շուրջ 10,000 մարդասպանութիւններ եւ 25,000 զինեալ գողութիւններ»։ Վիգդորիա, Աւստրալիայէն. «Մեծ Ոճիրներու մէջ Հսկայ Բարձրացում»։ Միացեալ Նահանգներէն. «Նիւ Եորքի մէջ Ոճիրները Նոր Բարձրակէտի կը Հասնին»։ «Անցեալ տարի Տիթրոյթը (Միշիկան) գերազանցեց Կէրին (Ինտիանա) որպէս ազգին բարձրագոյն ոճիրը ունեցող քաղաքը. 58 ոճիր՝ 100,000 բնակչութեան համար»։

      27 Զիմպապուէյէն. «Երախաներու սպանութիւնը ճգնաժամային համեմատութիւններ ստացած է»։ Պրազիլիայէն. «Հոս ոճիրը այնքան շատ է եւ զէնքերը այնքան սովորական են որ վայրագութեան լուրերը այլեւս շատ գրգռութիւն չեն յառաջացներ»։ Նոր Զելանտայէն. «Սեռային յարձակումները եւ վայրագ ոճիրները կը շարունակեն մեծապէս մտահոգել ոստիկանութիւնը»։ «Իրարու հանդէպ Նոր Զելանտացիներուն ցոյց տուած վայրագութեան մակարդակը միայն կարելի է նկարագրել որպէս բարբարոսական»։ Սպանիայէն. «Սպանիան կը կաշկանդուի երթալով աւելցող ոճրային հարցերով»։ Իտալիայէն. «Սիկիլիայի Մաֆիան, որոշ նահանջէ մը ետք, սպանութեան նոր ալիքով մը կը վերադառնայ»։

  • Աստուածաշունչի մարգարէութիւն մը որու կատարուիլը կը տեսնէք
    Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց
    • 29, 30. Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ կրօնական վիճակը ի՞նչ է, առ ի կատարում Յիսուսի մարգարէութեան։

      29 Յիսուսի ներկայութեան խառնաշփոթ ժամանակաշրջանի ընթացքին, կրօնքին վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլար։ Մէկ կողմէն, Յիսուս մարգարէացաւ որ կրօնական աւելի մեծ գործունէութիւն մը պիտի ըլլար, ըսելով. «Շատ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու շատերը պիտի մոլորեցնեն»։ (Մատթէոս 24։11) Իսկ միւս կողմէն, ան նախագուշակեց որ Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ, ընդհանուր առմամբ, Աստուծոյ հանդէպ հետաքրքրութիւնը շատ ցած մակարդակ պիտի ունենար։ «Շատերուն սէրը պիտի պաղի»։—Մատթէոս 24։12

      30 Ասիկա իրապէս կը նկարագրէ Քրիստոնեայ Աշխարհի ներկայ վիճակը։ Մէկ կողմէն, Աւանդական Եկեղեցիները ամէնուրեք կը տկարանան, ծուխերու նուազումին պատճառաւ։ Ատենին թունդ Բողոքական եղող Հիւսիսային Եւրոպայի երկիրներու եւ Անգլիոյ մէջ, կրօնքը այլեւս մեռած է։ Միեւնոյն ժամանակ, Կաթողիկէ Եկեղեցին կղերներու պակասէն եւ ծուխերու աջակցութեան նուազումէն կը տառապի։ Իսկ միւս կողմէն, ոչ–ուղղափառ կրօնական տարրեր կը ծաղկին։ Արեւելեան կրօնքներու վրայ հիմնուած ծիսականութիւնները կը ծաղկին, մինչ հեռատեսիլի ընչաքաղց աւետարանիչներ միլիոնաւոր տոլարներ կը շորթեն։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել