-
Որո՞նք կը քարոզեն աւետարանըԴիտարան 2011 | Ապրիլ 1
-
-
Որո՞նք կը քարոզեն աւետարանը
«Բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի» (ՄԱՏԹԷՈՍ 24։14)։
ԲՈՎԱՆԴԱԿ աշխարհի մէջ, Եհովայի վկաներուն կողմէ աւետարանը կը քարոզուի։ Անոնք ասիկա բազմազան կերպերով կ’ընեն։ Կերպերէն մէկն է՝
Խօսելով։ Յիսուսին եւ անոր աշակերտներուն պէս, Եհովայի վկաները աւետարանը մարդոց կը հասցնեն (Ղուկաս 8։1. 10։1)։ Անոնք պարզապէս չեն ակնկալեր որ մարդիկ իրենց քովը գան։ Բոլոր Վկաները,– որոնց թիւը եօթը միլիոնէ աւելի է,– Աստուծոյ Արքայութեան մասին կը վկայեն։ Անոնք կը քարոզեն տունէ տուն, փողոցները, հեռաձայնով եւ այլ կերպերով։ Անցեալ տարի, Վկաները աւելի քան մէկուկէս միլիառ ժամ տրամադրեցին այս գործունէութեան համար։
Անոնք ուրիշներուն ոչ միայն Աստուծոյ Արքայութեան մասին կը սորվեցնեն, այլ նաեւ ‘այն բոլոր բաները, զորս [Յիսուս] պատուիրեց’ (Մատթէոս 28։20)։ Անոնք կանոնաւորաբար աւելի քան ութ միլիոն աստուածաշնչական ձրի տնային ուսումնասիրութիւններ կը վարեն։
Վկաները կը քարոզեն համայն աշխարհին մէջ,– 236 երկիրներու մէջ։ Անոնք ամէն ենթահողէ եկող մարդոց կը քարոզեն։ Անոնք կը քարոզեն գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ, Ամազոնի անտառներուն եւ Սիպերիոյ ձիւնապատ եղեւնաստաններուն մէջ, Ափրիկէի անապատներուն եւ Հիմալայեան լեռներուն մէջ։ Անոնք այս գործը կատարելով դրամ չեն առներ, հապա իրենց գրպանին եւ ժամանակին հաշւոյն զայն կը կատարեն, Աստուծոյ եւ ընկերոջ հանդէպ սէրէ մղուած։ Անոնք աւետարանը նաեւ կը գիտցնեն՝
Տպուած էջերով։ Այս պարբերաթերթը, որուն լման վերնագիրն է՝ Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը, այժմ 185 լեզուներով կը հրատարակուի եւ իւրաքանչիւր թիւէն աւելի քան 42 միլիոն օրինակներ կը բաշխուին։ Ընկերակցող պարբերաթերթը՝ Զարթի՛ր–ը, որ դարձեալ Արքայութիւնը կը հրապարակէ, 83 լեզուներով կը հրատարակուի եւ իւրաքանչիւր թիւէն կը բաշխուին շուրջ 40 միլիոն օրինակներ։
Մօտաւորապէս 540 լեզուներով գիրքեր, գրքոյկներ, թերթիկներ, CD–ներ, MP3–ներ ու DVD–ներ մատչելի են, որոնք աստուածաշնչական ուսուցումներ կը բացատրեն։ Միայն անցած տասը տարիներուն մէջ, Վկաները այս հրատարակութիւններէն աւելի քան 20 միլիառ օրինակներ արտադրած ու բաշխած են, համայն աշխարհին մէջ միջին հաշիւով՝ երեք հրատարակութիւն իւրաքանչիւր անհատի։
Եհովայի վկաները նաեւ Աստուածաշունչի զանազան թարգմանութիւններ տպած են կամ անոնց տպագրութիւնը հովանաւորած են։ Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը,– որ Վկաներուն կողմէ կը թարգմանուի, կը տպուի եւ կը բաշխուի,– այժմ ամբողջութեամբ կամ մասնակի՝ 96 լեզուներով մատչելի է։ Աւելի քան 166 միլիոն օրինակներ բաշխուած են։ Վկաները Արքայութեան աւետարանը նաեւ կը հաղորդեն՝
Քրիստոնէական ժողովներու մէջ։ Տեղական Թագաւորութեան սրահներու մէջ կայացուած շաբաթական ժողովները պարզապէս կրօնական ծառայութիւններ չեն. անոնք ծրագրուած են ուսուցումի համար։ Աստուածաշունչի վերաբերեալ նիւթերու շուրջ դասախօսութիւններ կը տրուին, եւ Աստուածաշունչը կը սերտուի Դիտարան պարբերաթերթին եւ այլ հրատարակութիւններու օգնութեամբ։ Ժողովներու մէջ, Վկաները նաեւ կը սորվին աւետարանի աւելի ազդու ծանուցանողներ ըլլալ։
Աշխարհի տարածքին, Վկաները միեւնոյն նիւթերը կ’ուսումնասիրեն աւելի քան 107,000 ժողովքներու մէջ, իրենց միութեան նպաստելով։ Այս ժողովները հանրութեան առջեւ բաց են։ Երբեք հանգանակութիւն չի կատարուիր։ Անշուշտ, ասոնցմէ ո՛չ մէկը նշանակալից պիտի ըլլար, եթէ Վկաները իրենց քարոզած բաները ի գործ չդնէին։ Հետեւաբար, անոնք կը ջանան աւետարանը յանձնարարել՝
Անհատապէս օրինակ հանդիսանալով։ Անոնք ճիգ կը թափեն որ քրիստոնէական վարքի մէջ օրինակելի ըլլան, իրենց լաւագոյնը ընելով որ ուրիշներուն հետ վարուին այնպէս՝ ինչպէս որ կ’ուզեն որ ուրիշներ իրենց հետ վարուին (Մատթէոս 7։12)։ Թէեւ անոնք անկատար են ու երբեմն կը թերանան, սակայն անկեղծօրէն կը տենչան բոլոր մարդոց հանդէպ սիրալիր ըլլալ ոչ միայն աւետարանը հաղորդելով, այլ նաեւ՝ երբոր կարելի է՝ օգնութեան ձեռք հասցնելով։
Եհովայի վկաները չեն փորձեր իրենց քարոզչութեամբ աշխարհը հաւատափոխութեան ենթարկել։ Փոխարէն, երբ այդ գործը Եհովայի ուզած տարողութեամբ կատարուի, վերջը պիտի գայ, ինչպէս որ Յիսուս նախագուշակեց։ Ատիկա ի՞նչ պիտի նշանակէ երկրագունդին եւ անոր բնակչութեան։
[Նկար՝ էջ 7]
Բովանդակ աշխարհի մէջ, Եհովայի վկաներուն կողմէ աւետարանը կը քարոզուի
-
-
Ի՞նչ է «վերջը»Դիտարան 2011 | Ապրիլ 1
-
-
Ի՞նչ է «վերջը»
«Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (ՄԱՏԹԷՈՍ 24։14)։
ՎԵՐՋԵՐՍ շատ մը խօսակցութիւններ եղած են աշխարհի վախճանին մասին։ Գիրքեր, ֆիլմեր եւ պարբերաթերթեր, զաւեշտականէն մինչեւ գիտական, վերջին դատաստանի օրուան աղէտներու մասին տեսակ–տեսակ գաղափարներ կը ներկայացնեն։ Անոնք կը պարփակեն բնաջնջում՝ կորիզային պատերազմի, երկնաքարի, մահացու ժահրի, կլիմայի անսանձ փոփոխութեան, կամ անջրպետային էակներու յարձակումի միջոցով։
Կրօնական կարծիքներն ալ կը տարբերին. շատեր կը սորվեցնեն թէ «վերջը» երկրագունդին վրայ ամէն տեսակ կեանք պիտի չքացնէ։ Մատթէոս 24։14–ը մեկնաբանելով, աստուածաբան մը հետեւեալ ահռելի խօսքերը գրեց. «Աստուծոյ Խօսքին մէջ, այս համարը կարեւորագոյն համարներէն է. . . Մեր սերունդը կը դիմագրաւէ հաւանական կործանում մը որ ա՛յնքան ամբողջական տարողութեամբ է, որ մեզմէ քիչեր կը փորձեն մտապատկերել սոսկալի իրականութիւնը»։
Այդպիսի տեսակէտներ սովորաբար կ’անտեսեն կարեւոր իրողութիւն մը. Եհովա Աստուած երկիրը «հաստատեց». «զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց» (Եսայի 45։18)։ Ուստի երբ Յիսուս «վերջ»ին ակնարկեց, ըսել չուզեց թէ երկրագունդը պիտի կործանուի. ոչ ալ ըսել ուզեց թէ մարդկութիւնը պիտի բնաջնջուի։ Ան ըսել ուզեց թէ չարերը,– անոնք որոնք յամառօրէն կը մերժեն Եհովայի սիրալիր ուղղութեան հետ ներդաշնակ ապրիլ,– պիտի բնաջնջուին։
Լուսաբանութիւն մը նկատի առ. երեւակայէ թէ գեղեցիկ տուն մը ունէիր եւ անհատներու արտօնութիւն տուիր, որ անոր մէջ ձրիօրէն բնակին։ Անոնցմէ ոմանք իրարու քով խաղաղօրէն բնակեցան եւ տանդ լաւ հոգ տարին։ Սակայն, ուրիշներ միայն խնդիրներ հանեցին, իրարու հետ կռուեցան եւ բարի բնակիչները չարաշահեցին։ Անոնք ունեցուածքիդ վնաս բերին եւ յամառօրէն շարունակեցին իրենց ընթացքը, նոյնիսկ երբ փորձեցիր զիրենք կասեցնել։
Հարցը լուծելու համար ի՞նչ պիտի ընէիր։ Փոխանակ տունդ կործանելու, հաւանաբար չար բնակիչները տունէդ դուրս պիտի հանէիր եւ տեղի ունեցած վնասները նորոգէիր։
Եհովա նոյնանման կերպով գործի պիտի լծուի։ Ան սաղմոսերգուն ներշնչեց որ գրէ. «Չարագործները պիտի կորսուին, սակայն Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն։ Վասն զի քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես։ Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (Սաղմոս 37։9-11)։
Պետրոս առաքեալ նոյն նիւթին շուրջ խօսեցաւ։ Ներշնչման ներքեւ, ան գրեց. «Երկինք առաջուընէ կար ու երկիր ջուրերէն եւ ջուրերով հաստատ կեցեր է Աստուծոյ խօսքովը. որով հին ապականուած աշխարհը ջրհեղեղով կորսուեցաւ» (Բ. Պետրոս 3։5, 6)։ Այս մէջբերումին մէջ, առաքեալը Նոյի օրուան Ջրհեղեղին կ’ակնարկէ։ Ամբարիշտ մարդոց աշխարհը կործանումի ենթարկուեցաւ, բայց երկրագունդը չկործանեցաւ։ Այդ աշխարհածաւալ Ջրհեղեղը «ետքը ամբարիշտ մարդոց օրինակ» եղաւ (Բ. Պետրոս 2։6)։
Պետրոս ապա աւելցուց. «Հիմա երկինք ու երկիր պահուած են. . . կրակի համար»։ Եթէ հոս կանգ առնէինք, թերեւս սխալ գաղափար մը կազմէինք։ Բայց նկատէ թէ համարը կը շարունակէ ըսել. «Ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը»։ Երկիրը չէ որ պիտի կործանի, հապա՝ ամբարիշտները։ Կործանումին ի՞նչ պիտի յաջորդէ։ Պետրոս գրեց. «Իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի [Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութիւնը] ու նոր երկրի մը [արդար մարդկային ընկերութիւն մը] կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի» (Բ. Պետրոս 3։7, 13)։
Աստուածաշնչական մարգարէութիւնը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ «վերջ»ին գալը մօտ է։ Կարդա՛ Մատթէոս 24։3-14–ը եւ Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ը, որպէսզի տեսնես երեսակներ, որոնք ասոր ճշմարիտ ըլլալը կը փաստեն։a
Հետաքրքրաշարժ չե՞ս գտներ, թէ ա՛յսքան շփոթութիւն կայ Մատթէոս 24։14–ին շուրջ, համար մը զոր նոյնիսկ երեխայ մը կրնայ հասկնալ։ Ասոր համար պատճառներ կան։ Սատանան մարդիկը կուրցուցած է, որ Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուող թանկագին ճշմարտութիւնները չտեսնեն (Բ. Կորնթացիս 4։4)։ Նաեւ, Աստուած իր նպատակները հպարտներէն ծածուկ պահած է ու խոնարհներուն յայտնած է։ Այս առնչութեամբ, Յիսուս ըսաւ. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն ու գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր» (Մատթէոս 11։25)։ Ի՜նչ պատիւ մըն է ըլլալ խոնարհներուն մէջ, որոնք կը հասկնան թէ Աստուծոյ Արքայութիւնը իրապէս ի՛նչ է, եւ կրնան սպասել այն օրհնութիւններուն, զորս պիտի բերէ իրեն թիկունք կանգնողներուն։
-