Եհովան ճամբան կը պատրաստէ
«Արքայութեան այս աւետարանը . . . պիտի քարոզուի»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 24։14
1. Թէ՛ առաջին եւ թէ քսաներորդ դարուն, քարոզչութեամբ ի՞նչ իրագործուած է։
ՔԱՆԻ որ Եհովա սիրոյ Աստուած մըն է, իր կամքն է որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4) Ասիկա միջազգային քարոզչութեան եւ ուսուցումի արշաւ մը պահանջած է։ Առաջին դարուն, այս քարոզչութիւնը՝ «ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւն»ը դարձուց քրիստոնէական ժողովքը։ (Ա. Տիմոթէոս 3։15) Անկէ ետք եկաւ հաւատուրացութեան երկար ժամանակաշրջան մը, որու ընթացքին ճշմարտութեան լոյսը աղօտեցաւ։ Վերջերս, «վերջին ժամանակ»ի ընթացքին, «ճշգրիտ գիտութիւնը» անգամ մը եւս շատցած է, միլիոնաւորներու Սուրբ Գրքի վրայ հիմնուած յաւիտենական փրկութեան յոյսը տալով։—Դանիէլ 12։4, ՆԱ։
2. Քարոզչութեան նկատմամբ Եհովա ի՞նչ ըրած է։
2 Հակառակ Աստուծոյ նպատակը խափանելու Սատանայի անխոնջ ջանքերուն, թէ՛ առաջին դարուն եւ թէ Ի. դարուն քարոզչութիւնը ապշեցուցիչ կերպով յաջողութիւն գտած է։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Եսայիի մարգարէութիւնը։ Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն Հրեայ տարագրեալներուն Հրէաստան վերադարձին մասին, Եսայի գրեց. «Ամէն ձոր պիտի բարձրանայ, ամէն լեռ ու բլուր պիտի ցածնայ, ծուռը պիտի շտկուի, խորտուբորտ տեղերը հաւասար պիտի ըլլան»։ (Եսայեայ 40։4) Թէ՛ առաջին եւ թէ Ի. դարուն, Եհովա ինքն է որ քարոզչութեան մեծ արշաւի մը համար ճամբան պատրաստեց։
3. Եհովա ի՞նչ կերպերով իր նպատակները իրագործելու կարող է։
3 Ասիկա չի նշանակեր թէ Եհովա երկրի վրայ կատարուած իւրաքանչիւր զարգացումի ուղղակիօրէն ազդած է, բարի լուրի քարոզչութիւնը յառաջացնելու համար. ոչ ալ կը նշանակէ թէ Եհովա իր նախատեսելու կարողութիւն կը գործածէ ամենայն մանրամասնութեամբ գիտնալու համար պատահելիքը։ Ճիշդ է որ ինք թէ՛ նախատեսելու եւ թէ ապագայ դէպքերը ձեւաւորելու կարողութիւնը ունի։ (Եսայեայ 46։9-11) Բայց ան տեղի ունեցած զարգացումներուն համաձայն հակազդելու ալ կարող է։ Եհովա ուղղութիւն կու տայ իր ժողովուրդին, ճիշդ փորձառու հովիւի մը նման, որ գիտէ իր հօտը թէ՛ առաջնորդել եւ թէ պաշտպանել։ Ան զանոնք դէպի փրկութիւն կ’առաջնորդէ, անոնց հոգեւորականութիւնը պաշտպանելով եւ օգնելով որ անոնք համայն աշխարհի մէջ բարի լուրը քարոզելու նպաստող կացութիւնները եւ փոփոխութիւնները օգտագործեն։—Սաղմոս 23։1-4
Դժուար Նշանակում մը
4, 5. Բարի լուրի քարոզչութիւնը ինչո՞ւ դժուար նշանակում մը եղած է։
4 Նոյի օրուան տապանի շինութեան նման, թէ՛ առաջին դարուն եւ թէ արդի ժամանակներուն, Թագաւորութեան քարոզչութիւնը հսկայական ծրագիր մը եղած է։ Որեւէ պատգամով բոլոր մարդոց հասնիլը ինքնին շատ դժուար բան մըն է, բայց այս պարտականութիւնը մասնայատուկ կերպով մարտահրաւէր մըն էր։ Առաջին դարուն, աշակերտները յարաբերաբար քիչ էին։ Անոնց Առաջնորդը՝ Յիսուս, որպէս խռովարար սպաննուած էր։ Հրէական կրօնքը արմատացած կրօնք մըն էր։ Հոյակապ տաճար մը կար Երուսաղէմի մէջ։ Միջերկրականի շրջանի ոչ–Հրեայ կրօնքներն ալ լաւ կերպով հաստատուած էին, իրենց տաճարներով եւ քահանայութիւններով։ Նմանապէս, երբ «վերջին ժամանակը» սկսաւ 1914–ին, օծեալ Քրիստոնեաները սակաւաթիւ էին, իսկ Աստուծոյ ծառայել դաւանող միւս կրօնքներուն հետեւորդները՝ բազմաթիւ։—Դանիէլ 12։9
5 Յիսուս կանխազդարարած էր իր հետեւորդները հալածանքի դէմ։ Ան ըսաւ. «Ձեզ նեղութեան պիտի մատնեն եւ ձեզ պիտի սպաննեն ու իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք»։ (Մատթէոս 24։9) Այսպիսի խնդիրներէ զատ, մասնաւորաբար «վերջին օրեր»ուն, Քրիստոնեաները իրենք զիրենք պիտի գտնէին «չար ժամանակներ»ու մէջ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Գործին ծաւալը, ստոյգ հալածանքը եւ ժամանակներուն դժուարութիւնը, քարոզչութիւնը իրապէս մարտահրաւէր մը դարձուցած ու դժուարացուցած են։ Մե՛ծ հաւատքի կարիք տեսնուած է։
6. Եհովա յաջողութեան ի՞նչ երաշխիք տուաւ իր ժողովուրդին։
6 Թէեւ Եհովա գիտէր թէ դժուարութիւններ պիտի ըլլային, բայց ան նաեւ գիտէր թէ ո՛չ մէկ բան պիտի կարենար կասեցնել գործը։ Այս յաջողութիւնը նախագուշակուած էր քաջածանօթ մարգարէութեան մը մէջ, որ ակներեւ կատարում մը ունեցաւ թէ՛ առաջին եւ թէ Ի. դարուն. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի»։—Մատթէոս 24։14
7. Քարոզչութիւնը ո՞րքան լայնածիր էր առաջին դարուն։
7 Առաջին դարու Աստուծոյ ծառաները հաւատքով եւ սուրբ հոգիով լեցուած, իրենց յանձնարարութիւնը կատարելու ձեռնարկեցին։ Քանի որ Եհովա ակներեւաբար իրենց հետ էր, անոնք իրենց ակնկալածէն շատ աւելի մեծ յաջողութիւն մը ձեռք ձգեցին։ Յիսուսի մահուընէ շուրջ 27 տարի ետք, երբ Պօղոս Կողոսացիներուն կը գրէր, ան կրցաւ ըսել որ բարի լուրը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ»։ (Կողոսացիս 1։23) Համեմատաբար, քսաներորդ դարու վերջաւորութեան, բարի լուրը 233 երկիրներու մէջ կը քարոզուի։
8. Շատեր ի՞նչ պայմաններու ներքեւ բարի լուրը ողջունած են. օրինակներ տուէք։
8 Վերջին տասնամեակներուն, միլիոնաւորներ ողջունած են բարի լուրը, եւ շատեր ասիկա ըրած են աննպաստ պայմաններու՝ պատերազմի, արգելքի եւ խիստ հալածանքի ներքեւ։ Նոյնն էր պարագան առաջին դարուն։ Օրինակ, առիթով մը Պօղոս եւ Շիղա վայրագօրէն ծեծուեցան եւ բանտ նետուեցան։ Աշակերտելու համար ի՜նչ աննպաստ կացութիւն մը։ Սակայն, Եհովա այս կացութիւնը գործածեց ճի՛շդ ասիկա ընելու համար։ Պօղոս եւ Շիղա ազատ արձակուեցան եւ բանտապետն ու իր ընտանիքը հաւատացեալներ եղան։ (Գործք 16։19-33) Այսպիսի փորձառութիւններ ցոյց կու տան թէ բարի լուրի հակառակորդները չե՛ն կրնար զայն լռեցնել։ (Եսայեայ 54։17) Այսուհանդերձ, Քրիստոնէութեան պատմութիւնը միայն անողոք հակառակութեամբ ու հալածանքով հիւսուած պատմութիւն մը չէ։ Հիմա կարգ մը նպաստաւոր զարգացումներ նկատի առնենք, որոնք ճամբան հարթեցին, որպէսզի բարի լուրը յաջող կերպով ընթանայ թէ՛ առաջին եւ թէ Ի. դարուն։
Կրօնական Միջավայրը
9, 10. Առաջին եւ քսաներորդ դարուն, Եհովա բարի լուրի քարոզչութեան նկատմամբ ի՞նչպէս ակնկալութիւն արթնցուց։
9 Նկատի առէք համերկրային քարոզչութեան արշաւներուն ժամանակը։ Դանիէլ 9։24-27–ի մէջ գտնուած 70 եօթնեակներու մարգարէութիւնը Մեսիայի յայտնուելիք տարուան կը մատնանշէր՝ Հ.Դ. 29։ Թէեւ առաջին դարու Հրեաները այս դէպքերուն ճշգրիտ ժամանակը չէին հասկցած, բայց անոնք կ’ակնկալէին ու կը սպասէին Մեսիան։ (Ղուկաս 3։15) Ֆրանսերէն Մանուէլ Պիպլիք–ը կը նշէ. «Ժողովուրդը գիտէր թէ Դանիէլի կողմէ որոշուած եօթանասուն եօթնեակները վերջանալու վրայ էին. ոեւէ մէկը չզարմացաւ լսելով Աստուծոյ Թագաւորութեան մօտ ըլլալուն շուրջ Յովհաննէս Մկրտիչի ծանուցումը»։
10 Արդի ժամանակներուն, ի՞նչ էր կացութիւնը։ Այո, յիշատակելի պատահար մըն էր երկնքի մէջ Յիսուսի գահակալութիւնը, որ թագաւորական զօրութեամբ իր ներկայութեան սկիզբը կը նշէր։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ որ ասիկա տեղի ունեցաւ 1914–ին։ (Դանիէլ 4։13-17) Այս դէպքին նախատեսութիւնն ալ արդի կարգ մը կրօնասէր անհատները ակնկալութեամբ լեցուց։ Ակնկալութիւնը ակներեւ էր նաեւ Աստուածաշունչի անկեղծ աշակերտներուն մէջ, որ սկսան այս պարբերաթերթը հրատարակել 1879–ին, որպէս Սիօնի Դիտարանը եւ Քրիստոսի Ներկայութեան Մունետիկը։ Հետեւաբար, թէ՛ առաջին դարուն եւ թէ արդի ժամանակներուն, կրօնական ակնկալութիւններ բարի լուրի քարոզչութեան գետինը պատրաստեցին։a
11. Կրօնական ի՞նչ հիմեր նետուած էին, որոնք նպաստեցին բարի լուրի քարոզչութեան։
11 Ուրիշ ազդակ մը որ երկու դարաշրջաններու Քրիստոնեաներուն գործին նպաստեց, այն է թէ մարդիկ Սուրբ Գրութիւններուն ծանօթ էին։ Առաջին դարուն, շրջակայ հեթանոս ազգերուն մէջ ցրուած հրէական գաղութներ կային։ Այս գաղութները ունէին իրենց ժողովարանները, ուր մարդիկ կանոնաւորաբար կ’երթային լսելու համար Սուրբ Գրութիւններու ընթերցանութիւնը եւ մեկնութիւնը։ Այս կերպով, նախկին Քրիստոնեաները մարդոց արդէն ունեցած կրօնական գիտութեան վրայ կերտեցին։ (Գործք 8։28-36. 17։1, 2) Իսկ մեր դարաշրջանին, շատ մը երկիրներու մէջ Եհովայի ծառաները նոյնանման պարագաներու մէջ գտնուեցան։ Աստուածաշունչը իրապէս մատչելի էր Քրիստոնեայ Աշխարհի ոլորտին մէջ գտնուող մանաւանդ Բողոքական երկիրներուն մէջ։ Շատ եկեղեցիներու մէջ անիկա կը կարդացուէր ու միլիոնաւոր մարդիկ անկէ օրինակ մը ունէին։ Աստուածաշունչը արդէն մարդոց ձեռքին մէջ կը գտնուէր, բայց անոնք օգնութեան պէտք ունէին, իրենց ձեռքին մէջ եղած գիրքը հասկնալու համար։
Օրէնքին Օգուտները
12. Առաջին դարուն, հռովմէական օրէնքը ի՞նչպէս պաշտպանութիւն մըն էր։
12 Քրիստոնէական քարոզչութիւնը յաճախ օգտուած է կառավարական օրէնքէն։ Առաջին դարուն, Հռովմէական Կայսրութիւնը կը տիրէր աշխարհին, եւ անոր գրաւոր օրէնքը խոր ազդեցութիւն ունէր առօրեայ կեանքին վրայ։ Այդ օրէնքները ապահովութիւններ կը հայթայթէին, եւ նախկին Քրիստոնեաները անոնցմէ օգտուեցան։ Օրինակ, երբ Պօղոս հռովմէական օրէնքին կոչ ըրաւ, ան բանտէն արձակուեցաւ եւ խարազանուելէ ազատեցաւ։ (Գործք 16։37-39. 22։25, 29) Եփեսոսի մէջ, հռովմէական օրինական դրութեան ակնարկելը, պատճառ եղաւ որ զայրացած ամբոխը հանդարտի։ (Գործք 19։35-40) Անգամ մը, Պօղոս Երուսաղէմի մէջ իր դէմ կատարուելիք բռնութենէ մը ազատեցաւ, քանի որ հռովմէական քաղաքացիութիւն ունէր։ (Գործք 23։27) Հետագային, հռովմէական օրէնքը թոյլ տուաւ որ ան իր հաւատքը Կայսրին դիմաց օրինաւոր կերպով պաշտպանէր։ (Գործք 25։11) Թէեւ բազմաթիւ Կայսրեր բռնութեամբ իշխեցին, սակայն առաջին դարու օրէնքները ընդհանրապէս թոյլ կու տային որ ‘աւետարանը ջատագովուի ու հաստատուի’։—Փիլիպպեցիս 1։7
13. Մեր օրերուն քարոզչութիւնը յաճախ ի՞նչպէս օգտուած է օրէնքէն։
13 Ներկայիս, շատ մը երկիրներու պարագան ալ նոյնն է։ Թէեւ ոմանք ‘օրէնքով չարիք կը պատրաստեն’, բայց շատ երկիրներու գրաւոր օրէնքները կրօնքի ազատութիւնը որպէս հիմնական իրաւունք կը նկատեն։ (Սաղմոս 94։20) Գիտակցելով որ Եհովայի Վկաները ընկերային համակարգին որեւէ սպառնալիք չեն ներկայացներ, շատ կառավարութիւններ օրինաւոր ճանաչում շնորհեցին մեզի։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր կը կատարուի Վկաներուն տպագրութեան մեծ մասը, առկայ եղող օրէնքները կարելի դարձուցած են որ 120 տարիէ ի վեր Դիտարան պարբերաթերթը հրատարակուի եւ համայն աշխարհի մէջ կարդացուի։
Խաղաղութեան եւ Հանդուրժողութեան Շրջաններ
14, 15. Առաջին դարու ընկերային յարաբերաբար կայուն վիճակը ի՞նչպէս նպաստեց քարոզչութեան։
14 Քարոզչութիւնը յարաբերական խաղաղութեան շրջաններէն ալ օգտուած է։ Թէեւ Յիսուս անսխալօրէն նախագուշակած էր որ տուեալ ժամանակաշրջաններուն «ազգ ազգի վրայ» պիտի ելլէր, բայց միջանկեալ խաղաղ ժամանակներ ալ եղած են, կարելի դարձնելով որ Թագաւորութեան ընդարձակ քարոզչութիւն մը կատարուի։ (Մատթէոս 24։7) Առաջին դարու Քրիստոնեաները Փաքս Ռոմանա–յի կամ Հռովմէական Խաղաղութեան ներքեւ ապրեցան։ Պատմաբան մը գրեց. «Հռովմը ա՛յնքան ամբողջական կերպով հպատակեցնել տուած էր Միջերկրական աշխարհի ժողովուրդները, որ անոնց համար անիկա վերջ դրաւ գրեթէ յարատեւ պատերազմին»։ Այս կայուն վիճակը նախկին Քրիստոնեաներուն համար ճամբան բացաւ որ հռովմէական համայն աշխարհին մէջ յարաբերաբար ապահով կերպով ճամբորդեն։
15 Հռովմէական Կայսրութիւնը ջանաց իր զօրաւոր բազուկին ներքեւ միութեան մէջ բերել ժողովուրդները։ Այս քաղաքականութիւնը ոչ միայն ճամբորդելու, իրար հանդուրժելու եւ գաղափարներ փոխանակելու նպաստեց, այլ նաեւ՝ միջազգային եղբայրութեան գաղափարին։ Քաղաքակրթութեան Ճամբուն Վրայ (Անգլերէն) գիրքը կը նշէ. «[Հռովմէական] Կայսրութեան միութիւնը, [քրիստոնէական քարոզչութեան համար] նպաստաւոր դաշտ մը եղաւ։ Ազգային արգելապատերը փուլ եկան։ Հռովմէական քաղաքացի մը՝ աշխարհի քաղաքացի մըն էր։ . . . Ասկէ զատ, մարդուն եղբայրասիրութիւն սորվեցնող կրօնք մը կարելի էր հասկցուիլ պետութեան մը մէջ, ուր համաշխարհային քաղաքացիութեան գաղափարը զարգացած էր»։—Համեմատել՝ Գործք 10։34, 35. Ա. Պետրոս 2։17
16, 17. Արդի ժամանակներուն, ի՞նչ բան մղած է որ խաղաղութեան ջանքեր ընեն, եւ շատեր ի՞նչ եզրակացութեան յանգած են։
16 Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր ժամանակին մասին։ Քսաներորդ դարը պատմութեան ամենէն կործանարար պատերազմները տեսած է, իսկ շրջանային պատերազմներ կը շարունակեն աւերներ գործել կարգ մը երկիրներու մէջ։ (Յայտնութիւն 6։4) Սակայն, յարաբերական խաղաղութեան շրջաններ ալ եղած են։ Աշխարհի գլխաւոր ուժերը աւելի քան 50 տարիներէ ի վեր իրարու դէմ ամբողջական պատերազմ չեն մղած։ Այս կացութիւնը մեծապէս նպաստած է այդ երկիրներուն մէջ բարի լուրի քարոզչութեան։
17 Համաշխարհային պատերազմի վախը ծագում տուած է Ազգերու Դաշնակցութեան, եւ Միացեալ Ազգերու կազմումին։ (Յայտնութիւն 13։14) Երկու կազմակերպութիւններուն յայտարարուած նպատակը եղած է միջազգային համագործակցութիւն ու խաղաղութիւն յառաջացնել։ Այսպիսի կարիքի գիտակից եղող անհատներ, յաճախ լաւ կերպով ընդառաջած են իրական ու մնայուն խաղաղութիւն բերելիք համաշխարհային կառավարութեան՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան՝ բարի լուրին։
18. Կրօնքի հանդէպ ի՞նչ կեցուածք նպաստած է քարոզչութեան։
18 Թէեւ երբեմն Քրիստոնեաները վայրագօրէն հալածուած են, սակայն, թէ՛ առաջին եւ թէ քսաներորդ դարուն, կրօնական հանդուրժողութեան շրջաններ եղած են։ (Յովհաննու 15։20. Գործք 9։31) Հռովմէացիները իրենց նուաճած ազգերուն չաստուածներն ու չաստուածուհիները դիւրաւ կ’որդեգրէին ու անոնց կը համակերպէին։ Ուսուցչապետ Ռոտնի Սթարգ գրեց. «Հռովմը շատ մը կերպերով, աւելի մեծ չափով կրօնական ազատութիւն տուաւ, որու նմանը տեսնուեցաւ Ամերիկեան Յեղափոխութենէն ետք միայն»։ Արդի ժամանակներուն, մարդիկ տարբեր տեսակէտներու նկատմամբ աւելի լայնամիտ եղած են եւ որպէս հետեւանք, Եհովայի Վկաներու բերած Աստուածաշունչի պատգամը մտիկ ընելու աւելի կամեցող եղած են։
Արուեստագիտութեան Դերը
19. Նախկին Քրիստոնեաները ի՞նչպէս մատեանները օգտագործեցին։
19 Վերջապէս, նկատի առէք թէ Եհովա ի՛նչպէս օգնած է որ իր ծառաները արուեստագիտական յառաջդիմութիւններէն օգտուին։ Թէեւ նախկին Քրիստոնեաները արուեստագիտական արագ յառաջդիմութեան դարաշրջանի մը մէջ չապրեցան, բայց անոնց գործածած յառաջդիմութիւններէն մէկն էր մատեանը, կամ թերթեր ունեցող գիրքը։ Մատեանը տաղտկալի գալարներուն տեղը առաւ։ Մատեանին Ծնունդը (Անգլերէն) գիրքը կը նշէ. «Աշխարհիկ գրականութեան մէջ գալարները մատեանով փոխարինելու դանդաղ եւ աստիճանաւոր գործընթացին հակառակը, այնպէս կը թուի թէ Քրիստոնեաները անմիջապէս եւ համընդհանուր կերպով որդեգրեցին մատեանը»։ Մատենագրական այս աշխատանքը նաեւ կ’ըսէ. «Երկրորդ դարուն ա՛յնքան սովորական էր Քրիստոնեաներուն քով մատեանի գործածութիւնը, որ անոր ներմուծումը Յ.Տ. 100 թուականէն առաջ ըլլալու է»։ Մատեանը շատ աւելի դիւրին էր գործածութեան համար, քան՝ գալարը։ Համարները աւելի հեշտօրէն կարելի էր գտնել։ Վստահաբար ասիկա օգնեց նախկին Քրիստոնեաներուն, որոնք Պօղոսի նման, ոչ միայն Սուրբ Գրութիւնները բացատրեցին, այլ նաեւ, ‘գրքերէն անոնց առջեւ դրին’ իրենց սորվեցուցած բաները։—Գործք 17։2, 3
20. Աստուծոյ ծառաները արդի արուեստագիտութենէն ի՞նչպէս օգտուած են համերկրային քարոզչութիւնը կատարելու համար եւ ինչո՛ւ։
20 Մեր դարուն, արուեստագիտական յառաջդիմութիւնները ապշեցուցիչ եղած են։ Արագաթաւալ տպագրամեքենաները կարելի դարձուցած են որ բազմաթիւ լեզուներով սուրբ գրային գրականութիւններ միաժամանակ հրատարակուին։ Արդի արուեստագիտութիւնը Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը արագացուցած է։ Բեռնակառքերը, գնացքները, նաւերը եւ օդանաւերը կարելի դարձուցած են որ սուրբ գրային գրականութիւններ համայն երկրի մէջ արագօրէն փոխադրուին։ Հեռաձայնը եւ հեռատիպ սարքերը վայրկենական հաղորդակցութիւնը իրականութիւն մը դարձուցած են։ Եհովա իր հոգիին միջոցաւ իր ծառաները մղած է որ այս արուեստագիտութիւնը լաւ կերպով գործածեն, համայն աշխարհի մէջ բարի լուրի տարածումը յառաջ տանելու համար։ Անոնք այս յառաջդիմութիւնները չեն գործածեր աշխարհի մէջ վերջին նորութիւնները գիտնալու ու օգտագործելու համար։ Այլ, անոնց առաջին ու գլխաւոր նպատակն է՝ ի՛նչ բան կրնայ օգտակար ըլլալ իրենց, որպէսզի քարոզչութիւնը աւելի ազդու կերպով կատարեն։
21. Ի՞նչ բանէն կրնանք վստահ ըլլալ։
21 Յիսուս նախագուշակեց՝ «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի»։ (Մատթէոս 24։14) Ճիշդ ինչպէս որ նախկին Քրիստոնեաները այս մարգարէութեան մէկ կատարումը տեսան, ներկայիս ալ լայնածաւալ կերպով անոր ականատես կ’ըլլանք։ Հակառակ այս գործին վիթխարի ու դժուար ըլլալուն, նպաստաւոր ու աննպաստ ժամանակներուն, յարափոփոխ օրէնքներու ու կեցուածքներու, պատերազմի ու խաղաղութեան ժամանակներուն եւ արուեստագիտական ամէն տեսակ յառաջդիմութեան մէջ, բարի լուրը քարոզուած է ու կը քարոզուի։ Ասիկա Եհովայի իմաստութեան եւ ապշեցուցիչ նախատեսութեան շուրջ ձեզ երկիւղով չի՞ լեցներ։ Բացարձակ վստահութիւն ունինք որ քարոզչութիւնը պիտի ամբողջանայ Եհովայի ժամանակացոյցին համաձայն, եւ թէ իր սիրալիր նպատակը պիտի իրագործուի՝ արդարներուն օրհնութեան համար։ Անոնք երկիրը պիտի ժառանգեն ու անոր վրայ յաւիտեան պիտի բնակին։ (Սաղմոս 37։29. Ամբակումայ 2։3) Եթէ մեր կեանքը Եհովայի նպատակին հետ ներդաշնակութեան մէջ բերենք, մենք ալ անոնց մէջ պիտի գտնուինք։—Ա. Տիմոթէոս 4։16
[Ստորանիշ]
a Մեսիական այս երկու մարգարէութիւններուն մասին աւելի մանրամասն բացատրութեան համար, տես՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը, էջ 36, 97, եւ 98-107, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
Վերաքաղի Կէտեր
◻ Բարի լուրի քարոզչութիւնը ինչո՞ւ դժուար նշանակում մը եղած է։
◻ Քրիստոնեաներուն գործը ի՞նչ կերպերով կառավարական կարգադրութիւններէն եւ ընկերային համեմատաբար կայուն վիճակէն օգտուած է։
◻ Քարոզչութեան վրայ Եհովայի օրհնութիւնը ապագայ ի՞նչ փոփոխութիւններու համար վստահութիւն կու տայ մեզի։