Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Քու թագաւորութիւնդ գայ»
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
    • 15, 16. «Այս սերունդը» արտայայտութիւնը որո՞ւն կ’ակնարկէ։

      15 Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ պիտի գայ։ Յիսուս չըսաւ թէ ատիկա ճիշդ ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ (Մատ. 24։36)։ Բայց ան ըսաւ բան մը, որ պէտք է մեզի վստահեցնէ, թէ Թագաւորութեան գալը իրապէս շա՛տ մօտ է։ Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ Թագաւորութիւնը պիտի գար «այս ազգը», կամ «այս սերունդը» (ԱԾ), մարգարէական նշանին կատարման ականատես ըլլալէ ետք (կարդա՛ Մատթէոս 24։32-34)։ «Այս սերունդը» արտայայտութիւնը որո՞ւն կ’ակնարկէ։

      16 «Այս սերունդը»։ Յիսուս անհաւատնե՞րը ի մտի ունէր։ Ո՛չ։ Նկատի առ թէ որո՛նք էին իր ունկնդիրները։ Յիսուս այս մարգարէութիւնը տուաւ քանի մը առաքեալներու, որոնք «իրեն գացին առանձին» (Մատ. 24։3)։ Առաքեալները շուտով սուրբ հոգիով պիտի օծուէին։ Նկատի առ նաեւ իր ըսածին բովանդակութիւնը։ «Այս սերունդ»ին մասին խօսելէ առաջ, Յիսուս ըսաւ. «Թզենիէն առակ մը սորվեցէք. որ երբ անոր ոստերը կակուղնան ու տերեւները ցցուին, կը հասկնաք թէ ամառը մօտ է։ Նոյնպէս դուք երբ այս ամէն բաները տեսնէք, գիտցէք թէ մօտ է դռներուն քով»։ Յիսուսի օծեալ հետեւորդները,– եւ ոչ թէ անհաւատները,– իր մարգարէացած բաները պիտի տեսնէին եւ անոնց նշանակութիւնը պիտի ըմբռնէին՝ հասկնալով որ Յիսուս «մօտ է դռներուն քով»։ Ուրեմն, երբ Յիսուս «այս սերունդ»ին մասին կը խօսէր, ան ի մտի ունէր իր օծեալ հետեւորդները։

      ՍԵՐՈՒՆԴԸ

      (Մատ. 24։32-34)

      Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ Թագաւորութիւնը պիտի գար «այս ազգը», կամ «այս սերունդը» (ԱԾ), մարգարէական նշանին կատարման ականատես ըլլալէ ետք (տե՛ս պարբերութիւն 17, 18)

      «Այս սերունդին» ժամանակագրական ցուցակը, ինչպէս որ եկած է Մատթէոս 24։32-34–ի Յիսուսի մարգարէութեան մէջ

      ԽՈՒՄԲ 1. Օծեալներ, որոնք 1914–ին տեսան նշանին կատարման սկիզբը

      ԽՈՒՄԲ 2. Առաջին խումբին ժամանակակից օծեալները։ Անոնցմէ ոմանք մեծ նեղութեան ականատես պիտի ըլլան

      17. «Սերունդ» բառին եւ «այս ամէն բաները» արտայայտութեան իմաստները ի՞նչ են։

      17 «Այս ազգը [«սերունդը», ԱԾ] պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան»։ Այս խօսքերը ինչպէ՞ս պիտի կատարուին։ Պատասխանելու համար, պէտք է «սերունդ» բառին եւ «այս ամէն բաները» արտայայտութեան իմաստները գիտնանք։ Աստուածաշունչին մէջ, «սերունդ» բառը յաճախ կ’ակնարկէ տարբեր տարիքի պատկանող մարդոց, որոնք որոշ ժամանակաշրջանի մէջ կ’ապրին։ Անիկա չափազանց երկար չէ եւ վերջ ունի (Ել. 1։6)։ «Այս ամէն բաները» արտայայտութիւնը կը պարփակէ բոլոր մարգարէացուած դէպքերը, որոնք պիտի կատարուէին Յիսուսի ներկայութեան ընթացքին, ատոր սկիզբէն,– 1914–էն,– մինչեւ ատոր գագաթնակէտը՝ «մեծ նեղութիւն» (Մատ. 24։21)։

      18, 19. «Այս սերունդ»ին մասին Յիսուսի խօսքերէն ի՞նչ կրնանք հասկնալ, եւ ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։

      18 Ուրեմն, ինչպէ՞ս կրնանք հասկնալ «այս սերունդ»ին մասին Յիսուսի խօսքերը։ Սերունդը կը բաղկանայ երկու օծեալ խումբերէ։ Առաջին խումբին պատկանողները անոնք են, որոնք 1914–ին տեսան նշանին կատարման սկիզբը, իսկ երկրորդ խումբը կը պարփակէ առաջին խումբին ժամանակակից օծեալները։ Երկրորդ խումբին պատկանողներէն ոմանք գալիք նեղութեան սկիզբին ականատես պիտի ըլլան։ Երկու խումբերը կը կազմեն մէկ սերունդ, քանի որ սուրբ հոգիով օծուելէ ետք ատեն մը նոյն ժամանակաշրջանին մէջ ապրեցանc։

      19 Ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։ Մենք գիտենք, թէ որպէս Թագաւորութեան Թագաւոր՝ Յիսուսի ներկայութեան նշանը ակնյայտ է ամբողջ աշխարհին մէջ։ Նաեւ կը տեսնենք թէ օծեալ քրիստոնեաները, որոնք տակաւին ողջ են եւ «այս սերունդ»ին մաս կը կազմեն, կը ծերանան. բայց եւ այնպէս բոլորը պիտի չմեռնին մեծ նեղութիւնը սկսելէն առաջ։ Ուստի, կրնանք եզրակացնել թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շա՛տ շուտով պիտի գայ եւ երկրի վրայ տիրէ։ Ի՜նչ ոգեւորիչ պիտի ըլլայ տեսնել կատարումը այն աղօթքին, որ Յիսուս մեզի սորվեցուց. «Քու թագաւորութիւնդ գայ»։

  • «Քու թագաւորութիւնդ գայ»
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել