Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Արթուն» պիտի կենա՞ս
    Դիտարան 2015 | Մարտ 15
    • 9. ա) Յիսուս թմրելու բնական հակումին մասին ի՞նչ զգուշացում տուաւ։ բ) Օծեալները ինչպէ՞ս ընդառաջած են «Ահա փեսան կու գայ» աղաղակին (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

      9 Երկրորդ յատկութիւնը, որ այդ կոյսերուն օգնեց պատրաստ մնալու, արթնութիւնն էր։ Բայց առակին մէջ, տասը կոյսերն ալ «թմրեցան ու քնացան», երբ փեսան ըստ երեւոյթին ուշացաւ։ Ուստի կրնա՞յ ըլլալ որ օծեալ քրիստոնեաները անհատապէս «քնանան», այսինքն Քրիստոսի գալուստին սպասելու ատեն մտացիր ըլլան։ Այո՛, կրնայ ըլլալ։ Յիսուս քաջատեղեակ էր, որ նոյնիսկ կամեցող, անձկալից անհատ մը կրնար մարմնի տկարութեան տեղի տալ։ Հաւատարիմ օծեալները առակին զգուշացումը լուրջի առած են եւ ա՛լ աւելի ջանք թափած են արթուն կենալու։ Ինչպէ՞ս։ Առակին մէջ, բոլոր կոյսերն ալ ընդառաջեցին կէս գիշերուան ձայնին. «Ահա փեսան կու գայ»։ Բայց միայն իմաստուն կոյսերը մինչեւ վերջ աչալուրջ մնացին (Մատ. 25։5, 6. 26։41)։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել այժմու հաւատարիմ օծեալներուն մասին։ Վերջին օրերու ընթացքին, անոնք ընդառաջած են զօրաւոր ապացոյցին, որ կ’աղաղակէ. «Ահա փեսան»,– որ գալու վրայ է։ Անոնք նաեւ աչալուրջ մնացած են, պատրաստ կերպով սպասելով Փեսային գալունa։ Այժմ քննարկենք առակին վերջին մասը, որ կը կեդրոնանայ մասնայատուկ ժամանակամիջոցի մը վրայ։

  • «Արթուն» պիտի կենա՞ս
    Դիտարան 2015 | Մարտ 15
    • a Առակին մէջ, որոշ ժամանակամիջոց մը կայ «Ահա փեսան կու գայ» աղաղակին (6–րդ համար) եւ փեսային իսկական գալուն (10–րդ համար) միջեւ։ Վերջին օրերու ընթացքին, աչալուրջ օծեալները ըմբռնած են Յիսուսի ներկայութեան նշանը։ Արդ, անոնք գիտե՛ն թէ ան Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ կը թագաւորէ, բայց պէտք է արթուն մնան մինչեւ որ ինք գայ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել