Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ի՞նչ բան Աստուծոյ ծառայելու կը մղէ մեզ
    Դիտարան 1995 | Սեպտեմբեր 1
    • 17. Ձեր բառերով, հակիրճօրէն տաղանդներու առակը պատմեցէք։

      17 Նկատի առնենք Յիսուսի տուած տաղանդներու առակը, ինչպէս արձանագրուած է Մատթէոս 25։14–30–ին մէջ։ Մարդ մը, որ օտար երկիր պիտի երթար, իր ծառաները կանչեց եւ իր ունեցածը յանձնեց անոնց։ «Մէկուն տուաւ հինգ տաղանդ ու մէկուն՝ երկուք եւ մէկուն՝ մէկ։ Ամէն մէկուն իր կարողութեանը չափ»։ Երբ Տէրը վերադարձաւ իր ծառաներէն հաշիւ ուզելու համար, ի՞նչ նկատեց։ Հինգ տաղանդ ստացած ծառան հինգ տաղանդ ալ շահած էր։ Նմանապէս, երկու տաղանդ ստացած ծառան ուրիշ երկու տաղանդ ալ շահած էր։ Մէկ տաղանդ ստացած ծառան զայն գետնին տակ թաղած էր եւ իր տիրոջ հարստութիւնը աւելցնելու համար բան մը չէր ըրած։ Տէրը ինչպէ՞ս դատեց այս պարագան։

  • Ի՞նչ բան Աստուծոյ ծառայելու կը մղէ մեզ
    Դիտարան 1995 | Սեպտեմբեր 1
    • 19 Անշուշտ, երրորդ ծառան գովասանք չստացաւ։ Իրականութեան մէջ, ան դուրսի խաւարը նետուեցաւ։ Միայն մէկ տաղանդ ստացած ըլլալով, չէր ակնկալուեր որ ան հինգ տաղանդ ունեցած ծառային չափ շահ բերէր։ Բայց ան, նոյնիսկ չփորձե՛ց բան մը ընել։ Ան տեղւոյն վրայ աննպաստ դատաստան ստացաւ իր «չար եւ ծո՛յլ» սրտի վիճակին պատճառաւ, ինչ որ իր տիրոջ հանդէպ սիրոյ պակաս կը յայտնաբերէր։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել