-
Բարի լուրը ինչպէ՞ս կը քարոզուիԿեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
-
-
ԴԱՍ 21
Բարի լուրը ինչպէ՞ս կը քարոզուի
Մօտ օրէն, Եհովան իր Թագաւորութեան միջոցաւ, մեր բոլոր խնդիրներուն վերջ պիտի դնէ։ Ատիկա այնքա՛ն աղուոր լուր մըն է, որ չենք ուզեր մեզի պահել։ Յիսուս ուզեց, որ իր հետեւորդները այս լուրը ամէնուն տան (Մատթէոս 28։19, 20)։ Եհովայի վկաները ինչպէ՞ս Յիսուսին պատուիրածը կ’ընեն։
1. Մատթէոս 24։14–ը ներկայիս ինչպէ՞ս կը կատարուի
Յիսուս ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի» (Մատթէոս 24։14)։ Եհովայի վկաները ուրախութեամբ այս կարեւոր գործին կը մասնակցին։ Մենք աշխարհի չորս կողմը բարի լուրը կը քարոզենք աւելի քան 1000 լեզուներով։ Այս հսկայական գործը կը պահանջէ մեծ ջանքեր եւ կազմակերպում։ Առանց Եհովայի օգնութեան, անկարելի է զայն ընել։
2. Ի՞նչ ջանքեր կ’ընենք մարդոց քարոզելու համար
Կը քարոզենք ո՛ւր որ կրնանք մարդիկ գտնել։ Առաջին դարու քրիստոնեաներուն պէս, «տունէ տուն» կը քարոզենք (Գործք 5։42, ՆԱ)։ Այս կերպով կրնանք ամէն տարի միլիոնաւոր մարդոց քարոզել։ Եւ որովհետեւ մարդիկ միշտ տունը չեն ըլլար, շատ մը հանրային վայրերու մէջ ալ կը քարոզենք։ Միշտ առիթներ կը փնտռենք, որպէսզի ուրիշներուն խօսինք Եհովային եւ իր նպատակներուն մասին։
3. Ո՞վ պէտք է բարի լուրը քարոզէ
Բոլոր իսկական քրիստոնեաներուն պատասխանատուութիւնն է՝ բարի լուրը ուրիշներուն քարոզել։ Մեր այս պատասխանատուութիւնը լուրջի կ’առնենք։ Մեր պարագաներուն համաձայն մեր լաւագոյնը կ’ընենք որ քարոզենք, քանի որ գիտենք թէ մեր քարոզածը կրնայ մարդոց կեանքը փրկել (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 4։16)։ Այս գործը ընելու համար դրամ չենք առներ, քանի որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք» (Մատթէոս 10։7, 8)։ Ո՛չ բոլորը մեր պատգամը կ’ընդունին։ Բայց մենք կը շարունակենք քարոզել, քանի որ ատիկա մեր պաշտամունքին մէկ մասն է եւ Եհովային սիրտը կ’ուրախացնէ։
ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ
Տե՛ս թէ Եհովայի վկաները ի՛նչ ջանքեր կը թափեն աշխարհի չորս կողմը քարոզելու համար եւ թէ Եհովան ինչպէ՛ս իրենց կ’օգնէ։
Աշխարհի չորս կողմը կը քարոզենք. Ա) Քոսթա Ռիքա, Բ) Միացեալ Նահանգներ, Գ) Պենին, Դ) Թայլանտ, Ե) Եափ, Զ) Շուէտ
4. Շատ ջանք կը թափենք որ բոլոր մարդոց քարոզենք
Եհովայի վկաները ծանր կ’աշխատին, որ բարի լուրը ամէն տեղ քարոզեն։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։
Ի՞նչ բան ուշադրութիւնդ կը գրաւէ Եհովայի վկաներուն ըրած ջանքերուն նկատմամբ, որ քարոզեն։
Կարդացէ՛ք Մատթէոս 22։39 եւ Հռովմայեցիս 10։13-15 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.
Մեր ծառայութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ մեր ընկերը կը սիրենք։
Եհովան ի՞նչ կը զգայ բարի լուրը քարոզողներուն հանդէպ (տե՛ս համար 15)։
5. Մենք Աստուծոյ գործակից ենք
Շատ մը փորձառութիւններ ցոյց կու տան, որ Եհովան մեր գործը կ’առաջնորդէ։ Օրինակ, Նոր Զելանտայի մէջ Փոլ անունով եղբայր մը կը պատմէ, որ օր մը կին մը կէսօրէ առաջ Աստուծոյ աղօթեց, գործածելով Աստուծոյ անունը՝ Եհովա, եւ խնդրեց որ մէկը իրեն այցելէ։ Անոր աղօթքէն երեք ժամ ետք, Փոլը անոր դուռը զարկաւ, մինչ տունէ տուն կը ծառայէր։
Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 3։9 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
Նոր Զելանտայի մէջ եղած փորձառութիւնը եւ նման փորձառութիւններ ինչպէ՞ս ցոյց կու տան, որ Եհովա՛ն քարոզչութիւնը կ’առաջնորդէ։
Կարդացէ՛ք Գործք 1։8 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
Ինչո՞ւ Եհովայի օգնութեան պէտք ունինք, որպէսզի կարենանք մեր ծառայութիւնը կատարել։
Գիտէի՞ր
Ամէն շաբաթ, մեր միջշաբաթային ժողովին մէջ մարզում կը ստանանք քարոզելու համար։ Եթէ այդ ժողովներէն մէկուն ներկայ եղած ես, ի՞նչ է կարծիքդ տրուած մարզումին նկատմամբ։
6. Քարոզելու Աստուծոյ պատուէրին կը հնազանդինք
Առաջին դարուն, հակառակորդները փորձեցին Յիսուսի հետեւորդները արգիլել քարոզելէ։ Բայց քրիստոնեաները քարոզելու իրենց իրաւունքը պաշտպանեցին, ‘բարի լուրը օրինապէս հաստատելով’ (Փիլիպպեցիս 1։7, ՆԱ)։ Ներկայիս, Եհովայի վկաները նոյն բանը կ’ընենa։
Կարդացէ՛ք Գործք 5։27-42 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
ԹԵՐԵՒՍ ՄԷԿԸ ՀԱՐՑՆԷ. «Եհովայի վկաները ինչո՞ւ տունէ տուն կը քարոզեն»։
Ի՞նչ կը պատասխանես։
ԱՄՓՈՓՈՒՄ
Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ, որ բարի լուրը բոլոր ազգերուն քարոզեն։ Եհովան իր ծառաներուն կ’օգնէ, որ այս գործը ընեն։
Վերաքաղ
Բարի լուրը ինչպէ՞ս աշխարհի չորս կողմը կը քարոզուի։
Մեր ծառայութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ մեր ընկերը կը սիրենք։
Կը կարծե՞ս որ քարոզելը կրնայ մեզ ուրախացնել։ Ինչո՞ւ։
ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ
Տե՛ս թէ Եհովայի վկաները ինչպէ՛ս մեծ քաղաքներու մէջ մարդոց կը քարոզեն։
Եհովայի վկաները ի՞նչ ըրած են, որ գաղթականներուն օգնեն։
Նկատի առ կնոջ մը բացատրութիւնը, թէ ինչո՛ւ ուրախ է որ իր կեանքը անցուց քարոզելով։
Նկատի առ դատական կարեւոր յաղթանակներ, որոնք բարի լուրի քարոզչութիւնը յառաջ տարած են։
«Թագաւորութեան քարոզիչները դատարան կը դիմեն» (Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛, գլուխ 13)
a Աստուած է, որ մեզի կու տայ քարոզելու պատուէրը։ Անոր համար Եհովայի վկաները պէտք չունին մարդկային իշխանութիւններէն արտօնութիւն առնելու, որպէսզի բարի լուրը քարոզեն։
-
-
Մկրտութիւն. արժէքաւոր նպատակակէտ մըԿեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
-
-
ԴԱՍ 23
Մկրտութիւն. արժէքաւոր նպատակակէտ մը
Յիսուս ըսաւ, որ քրիստոնեաները պէ՛տք է մկրտուին (կարդա՛ Մատթէոս 28։19, 20)։ Մկրտութիւնը ի՞նչ է։ Եւ մէկը ի՞նչ պէտք է ընէ, որ այդ նպատակակէտին հասնի։
1. Մկրտութիւնը ի՞նչ է
«Մկրտել» բառը եկած է յունարէն բառէ մը, որ կը նշանակէ՝ ջուրին մէջ «մխրճել», կամ՝ լման մտցնել։ Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, Յորդանան գետին մէջ մխրճուեցաւ եւ ‘ջուրէն ելաւ’ (Մարկոս 1։9, 10)։ Նոյնպէս, ճշմարիտ քրիստոնեաները կը մկրտուին՝ ջուրին մէջ լիովին մխրճուելով։
2. Մէկը մկրտուելով ի՞նչ ցոյց կու տայ
Մկրտուելով՝ անհատը ցոյց կու տայ, որ իր անձը Եհովա Աստուծոյ նուիրած է։ Անհատը ինչպէ՞ս կը նուիրուի։ Մկրտուելէ առաջ, անձնական աղօթքի մը մէջ, ան Եհովային կ’ըսէ, որ կ’ուզէ յաւիտեան իրեն ծառայել։ Ան կը խոստանայ, որ միայն Եհովան պիտի պաշտէ եւ անոր կամքը ընելը ամենակարեւոր բանը պիտի ըլլայ իր կեանքին մէջ։ Ան կ’ընտրէ իր ‘անձը ուրանալ եւ Յիսուսի ետեւէն գալ’, այսինքն՝ անոր ուսուցումներուն եւ օրինակին հետեւիլ (Մատթէոս 16։24)։ Նուիրուելով եւ մկրտուելով, ան կրնայ Եհովային եւ հաւատակիցներուն հետ մտերիմ բարեկամութիւն ունենալ։
3. Անհատը ի՞նչ պէտք է ընէ, որպէսզի յառաջդիմէ դէպի մկրտութիւն
Մկրտուելու համար, կարեւոր է որ Եհովային մասին սորվիս եւ իրեն հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունենաս (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։6)։ Մինչ գիտելիքներդ եւ հաւատքդ կ’աւելնան, Եհովային հանդէպ սէրդ ալ պիտի աւելնայ։ Այն ատեն, պիտի ուզես իր մասին ուրիշներուն պատմել եւ իր ուզած կերպով ապրիլ (Բ. Տիմոթէոս 4։2. Ա. Յովհաննէս 5։3)։ Երբ անհատը Աստուծոյ ‘արժանի կերպով քալէ եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնէ’, շատ հաւանաբար պիտի ուզէ իր կեանքը Աստուծոյ նուիրել եւ մկրտուիլ (Կողոսացիս 1։9, 10)a։
ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ
Տե՛ս թէ Յիսուսի մկրտութենէն ի՛նչ կրնանք սորվիլ եւ թէ մէկը ինչպէ՛ս կրնայ պատրաստուիլ այս կարեւոր քայլը առնելու։
4. Կրնանք Յիսուսի մկրտութենէն սորվիլ
Յիսուսի մկրտութեան մասին աւելին գիտնալու համար, կարդացէ՛ք Մատթէոս 3։13-17։ Ետքը, քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.
Յիսուս նորածին մանո՞ւկ էր երբ մկրտուեցաւ։
Յիսուս ինչպէ՞ս մկրտուեցաւ։ Յովհաննէս իր վրայ պարզապէս ջո՞ւր սրսկեց։
Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, սկսաւ ընել այն յատուկ գործը, որ Աստուած իրեն տուած էր երկրի վրայ ընելու։ Կարդացէ՛ք Ղուկաս 3։21-23 եւ Յովհաննէս 6։38 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
Յիսուս մկրտուելէ ետք, ի՞նչ գործ իր կեանքին մէջ առաջին տեղը դրաւ։
5. Մկրտութեան նպատակակէտին կարելի է հասնիլ
Նուիրումի եւ մկրտութեան գաղափարը թերեւս սկիզբը քեզ վախցնէ։ Սակայն, ժամանակի ընթացքին յառաջդիմելով՝ կրնաս ինքնավստահ ըլլալ, որ այդ կարեւոր քայլը առնես։ Տեսնելու համար ոմանց օրինակը, որոնք այդպէս ըրին, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։
Կարդացէ՛ք Յովհաննէս 17։3 եւ Յակոբոս 1։5 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
Ի՞նչը կրնայ անհատի մը օգնել, որ մկրտութեան պատրաստուի։
Ա. Եհովային կը նուիրուինք, իրեն ըսելով որ կ’ուզենք յաւիտեա՛ն իրեն ծառայել
Բ. Մկրտութեան ատեն, բոլոր դիտողներուն ցոյց կու տանք, որ Աստուծոյ նուիրուած ենք
6. Մկրտուելով՝ Եհովայի ընտանիքին մէկ մասը կ’ըլլանք
Երբ մկրտուինք, միացած եւ համաշխարհային ընտանիքի մը մէկ մասը կ’ըլլանք։ Թէեւ տարբեր տեղերէ եւ ենթահողերէ կու գանք, բոլորս նոյն բաներուն կը հաւատանք եւ նոյն բարոյական օրէնքներուն համաձայն կ’ապրինք։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 25։14 եւ Ա. Պետրոս 2։17 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
Երբ անհատը կը մկրտուի, ինչպիսի՞ փոխյարաբերութիւն կ’ունենայ Եհովայի եւ զինք պաշտողներուն հետ։
ՈՄԱՆՔ Կ’ԸՍԵՆ. «Պատրաստ չեմ մկրտուելու»։
Եթէ այդպէս կը զգաս, կը կարծե՞ս որ տակաւին կ’արժէ մկրտութեան նպատակակէտը դնել։
ԱՄՓՈՓՈՒՄ
Յիսուս ըսաւ որ քրիստոնեաները պէ՛տք է մկրտուին։ Այդ նպատակակէտին հասնելու համար, անհատը պէտք է Եհովային հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունենայ, անոր օրէնքներուն համաձայն ապրի եւ իր անձը անոր նուիրէ։
Վերաքաղ
Ի՞նչ է մկրտութիւնը, եւ ինչո՞ւ կարեւոր է։
Մկրտութիւնը ի՞նչ ցոյց կու տայ։
Նուիրուելու եւ մկրտուելու համար, անհատը ի՞նչ պէտք է ընէ։
ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ
Տե՛ս թէ մկրտութիւնը ի՛նչ է եւ ի՛նչ չէ։
Աչքէ անցուր կերպեր, որոնք կրնան օգնել յառաջդիմելու դէպի մկրտութիւն։
«Եհովայի հանդէպ սէրը մկրտութեան կ’առաջնորդէ» (Դիտարան մարտ 2020)
Կարդա՛ մարդու մը մասին, որուն մկրտուելու որոշումը զգացումներու վրայ չէր հիմնուած։
«Ուզեցին որ անձա՛մբ քննեմ, թէ ինչ է ճշմարտութիւնը» (Դիտարան 1 փետրուար 2013)
Նկատի առ թէ ինչո՛ւ կ’արժէ մկրտութեան նպատակակէտին հասնիլ, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնաս ատոր պատրաստուիլ։
«Պէ՞տք է մկրտուիմ» (Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ, հատոր Բ., գլուխ 37, արաբ.)
a Եթէ մէկը նախապէս ուրիշ կրօնքի մէջ մկրտուած է, պէտք է նորէն մկրտուի։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այդ կրօնքը Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը չսորվեցուց (տե՛ս Գործք 19։1-5 եւ Դաս 13)։
-