Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 9/1 էջ 26-31
  • Համերկրային ջուրերուն մէջ մարդիկ որսալ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Համերկրային ջուրերուն մէջ մարդիկ որսալ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մարդիկ Որսալ՝ Համերկրային Մարտահրաւէր մը
  • Համերկրային Ձկնորսութեան մէջ Յառաջանալ
  • Բոլորն ալ Մասնակցած են
  • Աճումին Նպաստող Ազդակներ
  • Կրնա՞նք Բարելաւումներ Ընել
  • Որպէս մարդոց որսորդ ծառայենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ձեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ ուռկանը եւ ձուկերը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • «Գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 9/1 էջ 26-31

Համերկրային ջուրերուն մէջ մարդիկ որսալ

«Վասնզի եթէ ես աւետարանը քարոզեմ, ինծի պարծանք չէ, իմ պարտականութիւնս է. մանաւանդ վայ է ինծի՝ եթէ աւետարանը չքարոզեմ»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 9։16

1, 2. (ա) Ա. Կորնթացիս 9։16–ի մարտահրաւէրը որո՞նք դիմագրաւած են եւ ինչու այսպէս կը պատասխանէք։ (բ) Եհովայի վկաները ի՞նչ պատասխանատուութիւն ընդունած են։

ՊՕՂՈՍԻ վերոյիշեալ մարտահրաւէրը որո՞նք ընդունած են այս Ի. դարուն։ Որո՞նք միլիոններով կ’երթան որպէսզի իրենց հոգեւոր պէտքերուն ‘գիտակից’ եղող այրեր եւ կիներ որսան։ (Մատթէոս 5։3) Որո՞նք բանտարկութիւններու ու մահուան վտանգը ընդունած եւ բազմաթիւ երկիրներու մէջ զանոնք կրած են, Մատթէոս 24։14–ի մէջ արձանագրուած Քրիստոսի պատուէրը կատարելու համար։

2 Պատմութիւնը կը պատասխանէ՝ Եհովայի Վկաները։ Անցեալ տարի աւելի քան չորս միլիոն Վկաներ տունէ տուն գացած են, ‘բարի լուրը ծանուցանելու համար’ 211 երկիրներու ու հողամասերու մէջ եւ աւելի քան 200 լեզուներով։ Անոնք միայն միսիոնարներու մարզուած եւ ընտրուած խումբ մը չէին։ Այլ, Եհովայի բոլոր Վկաները պատասխանատուութիւնը կը զգան տունէ տուն եւ ամէն պատեհ առիթի քարոզելու եւ սորվեցնելու։ Անոնք ինչո՞ւ իրենց հաւատքը ուրիշներուն հետ բաժնելու այդ կարիքը կը զգան։ Որովհետեւ կը գիտակցին որ գիտութիւնը իր հետ պատասխանատուութիւն կը բերէ։—Եզեկիէլ 33։8, 9. Հռովմայեցիս 10։14, 15. Ա. Կորնթացիս 9։16, 17

Մարդիկ Որսալ՝ Համերկրային Մարտահրաւէր մը

3. Ձկնորսութեան գործը որքան ընդարձակ պէտք է ըլլայ։

3 Այս հսկայական ձկնորսութիւնը միայն կարգ մը գէտերուն, կամ լիճերուն, կամ նոյնիսկ մէկ ովկիանոսի մը սահմանափակուած չէ, այլ ինչպէս Յիսուս պատուիրեց՝ «բոլոր ազգերուն»։ (Մարկոս 13։10) Իր Հօրը քով բարձրանալէ առաջ, Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ հոգւոյն սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն, ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։ Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարիս վերջը»։—Մատթէոս 28։19, 20

4. (ա) Յիսուսի նախկին Հրեայ հետեւորդները ինչո՞ւ զարմացած ըլլալու էին։ (բ) Եհովայի Վկաները իրենց քարոզչութեան տարողութեան նկատմամբ ի՞նչ տեսակէտ ունին։

4 Յիսուսի Հրեայ հետեւորդներուն համար անիկա հրապուրիչ յանձնարարութիւն մըն էր։ Ան իր Հրեայ աշակերտներուն կը հասկցնէր որ անոնք այլեւս բոլոր ազգերու «պիղծ» հեթանոսներուն պիտի երթային եւ անոնց սորվեցնէին։ Անոնք այդ նշանակումը ըմբռնելու եւ անոր համաձայն գործելու համար, պէտք էր իրենց տեսակէտը վերաճշդէին։ (Գործք 10։9–35) Բայց անկէ փախուստ չկար. Յիսուս անոնց ըսած էր, որ «արտը աշխարհս է»։ Հետեւաբար, Եհովայի Վկաները ամբողջ աշխարհը կը նկատեն որպէս իրենց ձկնորսութեան վայրը։ Աստուծմէ առած իրենց յանձնարարութիւնը արգիլող «20 քմ.–ի տարածութիւն», կամ «հողային ջուրեր» չկան։ Հոն ուր կրօնական ազատութիւն չկայ, խոհեմութեան կարիքը կայ։ Այսուհանդերձ, անոնք ստիպողութեան զգացումը ունին։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Քանի որ աշխարհի դէպքերը եւ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կը մատնանշեն որ համերկրային ձկնորսութեան գործը իր վերջին փուլին մէջ մտած է։—Մատթէոս 13։38. Ղուկաս 21։28–33

Համերկրային Ձկնորսութեան մէջ Յառաջանալ

5. Ինչպի՞սի անհատներ կ’ընդառաջեն համերկրային ձկնորսութեան։

5 Թագաւորութեան օծեալ ժառանգորդներէն շատեր 1935–էն առաջ ‘որսացուած’ են ազգերուն մէջէն, այնպէս որ հիմնականօրէն անոնց թիւը ամբողջացած էր։ Հետեւաբար, մանաւանդ 1935–էն ի վեր, Եհովայի Վկաները կը փնտռեն «հեզ» նկատուած անհատներ, որոնք «պիտի ժառանգեն երկիրը»։ (Սաղմոս 37։11, 29) Ասոնք այնպիսի անհատներ են, որոնք ‘եղած բոլոր պղծութիւններուն համար կը հառաչեն ու կ’ողբան’։ Անոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան կողմը կ’անցնին, նախ քան «մեծ նեղութիւնը» հարուածէ Սատանայի ապականած եւ եղծանուած իրերու դրութիւնը եւ իր երկրպագուները վերջնական կործանումի «կրակի հնոցին» մէջ նետուին։—Եզեկիէլ 9։4. Մատթէոս 13։47–50. 24։21

6, 7. (ա) Քարոզչութեան գործին համար ի՞նչ քայլեր առնուեցան 1943–ին։ (բ) Արդիւնքը ի՞նչ եղած է։

6 Ցարդ, համերկրային ձկնորսութիւնը յաջողութիւն մը եղա՞ծ է։ Իրողութիւնները իրենք թող խօսին։ Երբ տակաւին Բ. Աշխարհամարտը իր աւերները կը գործէր, 1943–ին, Պրուքլին, Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Եհովայի Վկաներու համաշխարհային կեդրոնատեղիի օծեալ եղբայրները, նախատեսեցին որ համերկրային հսկայական ձկնորսութիւն մը պէտք էր կատարուէր։ Ուստի, ի՞նչ քայլեր առին։a—Յայտնութիւն 12։16, 17

7 Դիտարանի Ընկերութիւնը 1943–ին Գաղաադ (Եբրայերէն «Վկայութեան Դէզ». Ծննդոց 31։47, 48) կոչուող միսիոնարական դպրոց մը հաստատեց, որ սկսաւ հարիւրաւոր միսիոնարներ մարզել վեց ամիսը մէկ, որպէսզի մեկնին որպէս այլաբանական ձկնորսներ համայն երկրի մէջ։ Այն ատեն միայն 126,329 Վկաներ աշխոյժօրէն մարդիկ կ’որսային 54 երկիրներու մէջ։ Միայն տասը տարուան մէջ, այս թիւը բառացիօրէն բարձրացաւ 519,982 Վկաներու՝ 143 երկիրներու մէջ։ Արդարեւ, Գաղաադու Դպրոցը խիզախ ձկնորսներ եւ ձկնորսուհիներ կը պատրաստէր, որպէսզի օտար մշակոյթներու մէջ մտնելով, ձկնորսութեան նոր ջուրերու համակերպին։ Որպէս արդիւնք, պարկեշտ սիրտ ունեցող հազարաւոր անհատներ ընդառաջեցին։ Այդ միսիոնարները եւ անոնց հետ աշխատող տեղւոյն Վկաները, հիմա տեղի ունեցող հոյակապ յաւելումին հիմը դրին։

8, 9. (ա) Միսիոնարական գործի ի՞նչ կարկառուն օրինակներ կարելի է յիշել։ (բ) Միսիոնարները իրենց դաշտերուն մէջ աչքառու ի՞նչ աճումի ականատես եղած են։ (Տես նաեւ Եհովայի Վկաներու 1992–ի Տարեգիրքը)։

8 Գաղաադի այդ սկիզբի դասարաններու հաւատարիմ հին մարտիկներէն շատեր տակաւին կը ծառայեն օտարութեան մէջ, հակառակ անոր որ հիմա 70 կամ 80 տարեկանէն աւելի են։ Այս բոլորը պատկերացնող օրինակ մըն են, 82 տարեկան Էրիգ Պրիթընը եւ իր կինը՝ Քրիսթինան, որոնք Գաղաադի 15րդ դասարանը աւարտեցին 1950–ին, եւ որոնք տակաւին Պրազիլիոյ մէջ կը ծառայեն։ Երբ անոնք Պրազիլիա գացին ծառայելու, այդ երկրին մէջ 3,000 Վկայ անգամ չկար։ Հիմա հոն աւելի քան 300,000 են։ Վստահաբար, «պզտիկը մեծ ազգ» մը եղած է Պրազիլիոյ մէջ, քանի որ ձկնորսութիւնը արդիւնաբեր եղած է։—Եսայեայ 60։22

9 Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել Ափրիկէ գտնուող միսիոնարներուն մասին։ Շատեր բոլորովին տարբեր մշակոյթ մը որդեգրած եւ սիրած են Ափրիկեցի ժողովուրդները։ Ճոն եւ Էրիգ Գուգ եղբայրները եւ անոնց կիները՝ Գէթլին եւ Միրթլ՝ որոնք ներկայիս Հարաւային Ափրիկէի մէջ կը ծառայեն, օրինակ մըն են։ Ճոնը եւ Էրիգը 1947–ին, ութերորդ դասարանին շրջանաւարտներէն են։ Երկուքը միասնաբար ծառայած են Անկոլայի, Զինպապուիի, Մոզամպիքի եւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ։ Կարգ մը միսիոնարներ Ափրիկէի մէջ մահացած են հիւանդութենէ, իսկ ուրիշներ՝ պատերազմէ եւ հալածանքէ, ինչպէս Ալէն Պաթթին եւ Արթիւր Լոսընը, որոնք վերջերս Լիպերիոյ մէջ ծագած քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին մեռան։ Սակայն, Ափրիկեան ջուրերը շատ բարեբեր եղած են։ Այդ հսկայական հողամասին մէջ, հիմա կան աւելի քան 400,000 Վկաներ։

Բոլորն ալ Մասնակցած են

10. Ռահվիրաները ինչո՞ւ եւ ինչ կերպով գովելի գործ մը կը կատարեն։

10 Սակայն, պէտք է ընդունիլ որ թէեւ օտար երկիր գացող միսիոնարներուն թիւը հազարներ են, սակայն, հրատարակիչներուն եւ ռահվիրաներուն թիւը՝ միլիոններ։b Անոնք համայն երկրի մէջ քարոզչութեան գործին մեծ մասը կը կատարեն։ 1991–ին, կային 550,000 ռահվիրաներ եւ ճամբորդող տեսուչներ։ Ասիկա ի՜նչ տպաւորիչ թիւ մըն է, երբ կը խորհինք որ այս բոլոր հաւատարիմ Վկաները մասնայատուկ ջանքեր թափած են որպէսզի ձկնորսութեան հսկայ գործին մասնակցին, միջին հաշուով 60–էն 140 ժամեր տրամադրելով։ Շատեր ասիկա կ’ընեն անձնական մեծ զոհողութիւններով եւ ծախսով։ Բայց ինչո՞ւ կ’ընեն։ Քանի որ իրենց Աստուածը՝ Եհովան՝ կը սիրեն իրենց բոլոր սրտով, մտքով, հոգիով եւ զօրութիւնով, եւ իրենց դրացին իրենց անձին պէս։—Մատթէոս 22։37–39

11. Ի՞նչ վստահ ապացոյց կայ թէ Եհովայի հոգին կը գործէ իր ժողովուրդին վրայ։

11 Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել աւելի քան երեք ու կէս միլիոն միւս Վկաներուն մասին, որոնք թէեւ լման ժամանակով չեն ծառայեր, սակայն հարիւր տոկոսով կը մասնակցին Եհովայի ծառայութեան, իրենց պարագաներուն համաձայն։ Անոնցմէ ոմանք կիներ, կամ պզտիկ զաւակներ ունեցող մայրեր են, այսուհանդերձ իրենց արժէքաւոր ժամանակէն մաս մը կը տրամադրեն համերկրային ձկնորսութեան։ Շատեր ամուսիններ կամ հայրեր են, որոնք լման ժամանակով աշխարհային գործ մը ունին, սակայն շաբաթավերջերը եւ երեկոները ժամանակ կը յատկացնեն ուրիշներուն ճշմարտութիւնը սորվեցնելու։ Յետոյ կայ ամուրի այրերու եւ կիներու եւ երիտասարդներու հոծ բազմութիւն մը, որոնք կը մասնակցին քարոզչութեան եւ իրենց վարքով ալ ճշմարտութիւնը ուրիշներուն կը յանձնարարեն։ Կրօնական ո՞ր կազմակերպութիւնը աւելի քան չորս միլիոն կամաւորներ ունի, որոնք ձրիօրէն ամէն ամիս Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան մասին բարի լուրը կը քարոզեն։ Վստահաբար ասիկա կ’ապացուցանէ որ Եհովայի հոգին կը գործէ։—Սաղմոս 68։11. Գործք 2։16–18. բաղդատել Զաքարեայ 4։6

Աճումին Նպաստող Ազդակներ

12. Ինչո՞ւ եւ քանիներ կ’ընդառաջեն ճշմարտութեան։

12 Ամէն տարի այս հսկայական քարոզչութեան գործը ակնառու արդիւնքներ կ’ունենայ։ 1991–ին, աւելի քան 300,000 նոր Վկաներ մկրտուեցան, ջուրի մէջ մխրճուելով։ Ասիկա իւրաքանչիւրը 100 հրատարակիչներէ բաղկացած 3000 ժողովքներ կ’ընէ։ Այս բոլորը ի՞նչ կերպով կ’իրագործուին։ Յիշենք Յիսուսի խօսքերը. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ ... Մարգարէները գրած են եւ ամէն ոք ալ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ։ Այն, որ Հօրմէս կը լսէ ու կը սորվի, ինծի կու գայ»։ Հետեւաբար, մարդկային ջանքով չէ որ անհատ մը կ’ընդառաջէ համերկրային ձկնորսութեան։ Եհովա սրտի վիճակը կը զննէ եւ արժանի եղողները իրեն կը քաշէ։—Յովհաննու 6։44, 45. Մատթէոս 10։11–13. Գործք 13։48

13, 14. Շատ մը Վկաներ ի՞նչ լաւ կեցուածք մը ցուցաբերած են։

13 Սակայն Եհովա մարդկային ձկնորսներ կը գործածէ, մարդիկը իրեն քաշելու համար։ Հետեւաբար, մարդոց եւ իրենց ձկնորսութիւն ըրած թաղամասին հանդէպ անոնց կեցուածքը կարեւոր է։ Որքա՜ն քաջալերական է տեսնել որ շատեր Գաղատացիներուն գրած Պօղոսի խօսքերուն սրտանց ուշադրութիւն կու տան. «Բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք»։—Գաղատացիս 6։9

14 Բազամթիւ հաւատարիմ Վկաներ տասնեակ տարիներէ ի վեր կը քարոզեն, մինչ շատ ուշադիր ըլլալով աշխարհի անցուդարձերուն։ Անոնք Նացիականութեան, Ֆաշիստականութեան եւ ուրիշ բռնատիրական դրութիւններուն բարձրացումն ու անկումը տեսած են։ Ոմանք 1914–էն ի վեր տեղի ունեցող շատ մը պատերազմներուն ականատես եղած են։ Անոնք տեսած են որ աշխարհի կառավարիչները իրենց յոյսը զետեղած են Ազգերու Դաշնակցութեան եւ ապա Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան վրայ։ Անոնք շատ մը երկիրներու մէջ Եհովայի գործին արգիլիուիլը ու ապա օրինականացուիլը տեսած են։ Այս բոլոր բաներով հանդերձ, Եհովայի Վկաները բարիք գործելէն չեն ձանձրացած, միաժամանակ ծառայելով որպէս մարդոց որսորդներ։ Ուղղամտութեան ի՜նչ աչքառու օրինակ մը։—Մատթէոս 24։13

15. (ա) Մեր համաշխարհային թաղամասի կարիքներուն յարմարելու համար ի՞նչ օժանդակութիւն ունինք։ (բ) Գրականութիւնները ի՞նչ օգտակարութիւն ունեցած են ձեր գործին մէջ։

15 Ուրիշ ազդակներ ալ կան որոնք նպաստած են այս համաշխարհային աճին։ Անոնցմէ մէկն է թաղամասին կարիքին համաձայն մարդոց որսորդներուն ճկուն կեցուածքը։ Տարբեր մշակոյթի, կրօնքի եւ լեզուի պատկանող անհատներուն գաղթը, այս տարբեր հայեցողութիւններու հանդէպ իրենց հասկացողութիւնը ընդլայնած է։ Իսկ համաշխարհային ժողովքն ալ իր աջակցութիւնը բերած է աւելի քան 200 լեզուներով Աստուածաշունչեր եւ սուրբ գրային հրատարակութիւններ պատրաստելու մէջ։ Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը, հիմա մասամբ կամ ամբողջութեամբ 13 լեզուներով կը գտնուի, մէջը ըլլալով Չէխ եւ Սլովաք լեզուները։ Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք գրքոյկը, հիմա 198 լեզուներով գոյութիւն ունի. Ալպաներէնէն մինչեւ Զուլու լեզուով եւ որմէ 72 միլիոն օրինակներ հրատարակուած են։ Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է գիրքը արդէն 69 լեզուներով կայ։ Մարդկութիւնը Որ Աստուած Կը Փնտռէ գիրքը, որ հրատարակուած է 29 լեզուներով, աշխարհի գլխաւոր կրօնական դրութիւններուն ծագումին եւ հաւատալիքներուն մասին գաղափար մը կու տայ եւ համերկրային ձկնորսութեան համար յատուկ օժանդակութիւն մըն է։

16. Ոմանք ինչպէ՞ս ուրիշ երկիրներու կարիքին ընդառաջած են։

16 Ուրիշ ի՞նչ բան նպաստած է համերկրային ձկնորսութեան։ Հազարաւորներ ընդառաջած են «Մակեդոնացի մարդ»ուն կոչին։ Ճիշդ ինչպէս որ Պօղոս յօժարեցաւ Փոքր Ասիայէն՝ Եւրոպայ գտնուող Մակեդոնիա անցնիլ, Աստուծոյ պատուէրով, նմանապէս շատ մը Վկաներ փոխադրուած են այլ երկիրներն ու թաղամասերը ուր Թագաւորութեան քարոզիչներու, ինչպէս նաեւ երէցներու եւ օգնական ծառաներու աւելի կարիքը կայ։ Անոնք այն բառացի ձկնորսներուն նման են որոնք տեսնելով որ իրենց տեղւոյն ջուրերուն մէջ շատ ձկնորսութիւն եղած է, կը փոխադրուին դէպի այն ջուրերը ուր քիչ նաւակներ եւ շատ ձուկեր կան։—Գործք 16։9–12. Ղուկաս 5։4–10

17. «Մակեդոնացի մարդ»ուն կոչին ընդառաջողներու ի՞նչ գեղեցիկ օրինակներ ունինք։

17 Գաղաադի միսիոնարական Դպրոցի վերջին դասարանները, Եւրոպական տարբեր երկիրներէն շատ աշակերտներ ունեցած են, որոնք Անգլերէն սորված են որպէսզի տարբեր երկիրներու եւ մշակոյթներու մէջ ծառայեն։ Նմանապէս, Ծառայութեան Մարզումի Դպրոցին միջոցաւ, բազմաթիւ ամուրի եղբայրներու երկամսեայ զօրաւոր մարզում մը տրուած է եւ ապա ուրիշ երկիրներ ղըրկու ած են, ժողովքները եւ շրջանները զօրացնելու համար։ Ձկնորսութեան ուրիշ եզակի հողամասեր են ներկայիս բացուող Արեւելեան Եւրոպան եւ նախկին Սովետական հանրապետութիւնները։—Բաղդատել Հռովմայեցիս 15։20, 21

18. (ա) Ինչո՞ւ ռահվիրաները ընդհանրապէս ազդեցիկ ծառաներ են։ (բ) Անոնք ինչպէ՞ս կրնան ժողովքին մէջ ուրիշներուն օգնել։

18 Համաշխարհային ձկնորսութեան նպաստող ուրիշ օժանդակութիւն մըն է Ռահվիրայական Ծառայութեան Դպրոցը, ուր կը յաճախեն կանոնաւոր ռահվիրաները։ Երկու շաբթուայ ընթացքին, միայն ռահվիրաներուն համար պատրաստուած Լուսաւորներու Պէս Փայլեցէք գիրքը լրիւ քննելով, անոնք իրենց ծառայութեան որակը կը բարելաւեն, ուսումնասիրելով կարգ մը նիւթեր, ինչպէս՝ «Սիրոյ Ճամբան Հետապնդել», «Որպէս Տիպար՝ Յիսուսի Հետեւիլ», եւ «Սորվեցնելու Արուեստը Զարգացնել»։ Ժողովքները որքա՜ն երախտապարտ են որ այսպիսի ձկնորսներու խումբեր ունին, որոնք որակելի են տունէ տուն ծառայութեան մէջ եւ կարող են շատերը մարզել այս հսկայ ձկնորսութեան գործին մէջ։—Մատթէոս 5։14–16. Փիլիպպեցիս 2։15. Բ. Տիմոթէոս 2։1, 2

Կրնա՞նք Բարելաւումներ Ընել

19. Պօղոս առաքեալի նման, ինչպէ՞ս կրնանք մեր ծառայութիւնը բարելաւել։

19 Պօղոսի նման, կ’ուզենք դրական եւ յառաջընթաց անհատներ ըլլալ։ (Փիլիպպեցիս 3։13, 14) Ան յարմարեցաւ ամէն տեսակ մարդոց եւ պարագաներու։ Ան գիտէր հասարակաց գետին մը գտնել եւ մարդոց պարագային եւ մշակոյթին հիման վրայ պատճառաբանել։ Մենք ալ կրնանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ, Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ տանտիրոջ հակազդեցութիւնը նշմարելով եւ ապա անհատին կարիքին համաձայն պատգամը ներկայացնելով։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ճոխ պիտոյքներ ունենալով, կրնանք անհատին տեսակէտին յարմարող գրականութիւն մը մատուցանել։ Արդիւնաբեր ձկնորսութեան համար, ճկուն եւ արթուն ըլլալն ալ կարեւոր ազդակներ են։—Գործք 17։1–4, 22–28, 34. Ա. Կորնթացիս 9։19–23

20. (ա) Ինչո՞ւ հիմա մեր ձկնորսութիւնը շատ կարեւոր է։ (բ) Հիմա ի՞նչ է մեր անձնական պատասխանատուութիւնը։

20 Համերկրային այս յատուկ ձկնորսութիւնը ինչո՞ւ այսքան կարեւոր է հիմա։ Քանի որ տեղի ունեցած եւ ունեցող աշխարհի դէպքերով արտացոլացուող Աստուածաշունչի մարգարէութիւններէն դատելով, բացայայտ է որ Սատանայի աշխարհի դրութիւնը դէպի իր աղետալի յանգումին կ’ուղղուի։ Արդ, որպէս Եհովայի Վկաներ ինչո՞վ զբաղած պէտք է ըլլանք։ Այս պարբերաթերթի ուսումնասիրութեան երեք նիւթերը մեզի վիճակուած համերկրային ջուրերուն ժրաջանութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ ձկնորսութեան մասնակցելու մեր պատասխանատուութիւնը ընդգծեցին։ Աստուածաշունչը մեզի կը վստահեցնէ որ Եհովա պիտի չմոռնայ մեր ժրաջան ձկնորսութիւնը։ Պօղոս նշեց. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք։ Բայց մենք կը բաղձանք, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը նոյն ջանքը ցուցնէ յոյսը հաստատելու՝ մինչեւ վերջը։—Եբրայեցիս 6։10, 11

[Ստորանիշ էջ 27]

a Տես նաեւ Յայտնութիւն՝ Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է գրքին 185 եւ 186 էջերը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

[Ստորանիշ էջ 28]

b «Ռահվիրայ հրատարակիչ ... Եհովայի Վկաներուն մէջ լման ժամանակով աշխատողներ»։—Webster’s Third New International Dictionary.[6]

ԿԸ ՅԻՇԷ՞Ք

◻ Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ ամբողջ աշխարհը իրենց ձկնորսութեան վայրը կը նկատեն։

◻ Գաղաադու միսիոնարական դպրոցը ի՞նչ օրհնութիւն եղած է ձկնորսութեան համար։

◻ Եհովայի Վկաներուն յաջողութեան նպաստող կարգ մը ազդակները ի՞նչ են։

◻ Անհատապէս ինչպէ՞ս կրնանք բարելաւել մեր ծառայութիւնը։

[Ցուցակ էջ 28]

 ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՁԿՆՈՐՍՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Տարի Երկիր Վկաներ

1939 61 71,509

1943 54 126,329

1953 143 519,982

1973 208 1,758,429

1983 205 2,652,323

1991 211 4,278,820

[Նկար՝ էջ 29]

Վկայութեան գործը տակաւին կը կատարուի Գալիլիացի ձկնորսներուն մէջ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել