-
‘Սուրբ հոգիին անունով’Դիտարան 1992 | Մայիս 1
-
-
‘Սուրբ հոգիին անունով’
«Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն ... հոգւոյն սրբոյ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 28։19
1. Յովհաննէս Մկրտիչ ի՞նչ նոր արտայայտութիւն մը գործածեց սուրբ հոգիին մասին։
ՄԵՐ Հասարակ Դարաշրջանի 29 թուին, Յովհաննէս Մկրտիչ Իսրայէլի մէջ փութաջանօրէն Մեսիային համար ճամբան կը պատրաստէր։ Իր ծառայութեան ընթացքին, ան նոր բան մը ծանուցանեց սուրբ հոգիին մասին։ Անշուշտ, Հրեաները արդէն գիտէին թէ Եբրայերէն Գրութիւնները ի՛նչ կ’ըսէին հոգիին մասին։ Սակայն, անոնք թերեւս զարմացան երբ Յովհաննէս ըսաւ. «Ես ձեզ ջրով կը մկրտեմ ապաշխարութեան համար, բայց իմ ետեւէս եկողը ... ձեզ պիտի մկրտէ սուրբ հոգիով»։ (Մատթէոս 3։11) ‘Սուրբ հոգիով մկրտուիլ’ը նոր արտայայտութիւն մըն էր։
2. Սուրբ հոգիին մասին Յիսուս ի՞նչ նոր արտայայտութիւն մը գործածեց։
2 Եկողը Յիսուսն էր։ Իր երկրային կեանքին ընթացքին, Յիսուս իրապէս ոեւէ մէկը չմկրտեց սուրբ հոգիով, թէեւ հոգիին մասին շատ անգամներ խօսեցաւ։ Ասկէ զատ, իր յարութենէն ետք, ան տակաւին ուրիշ նոր արտայայտութիւն մը գործածեց սուրբ հոգիին մասին։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ հոգւոյն սրբոյ»։ (Մատթէոս 28։19) «Յանուն» արտայայտութիւնը կը նշանակէ «ճանաչելով»։ Հայրը, Որդին եւ սուրբ հոգին ճանաչելով ջուրին մէջ մկրտուիլը սուրբ հոգիով մկրտուելէն տարբեր պիտի ըլլար։ Ասիկա ալ սուրբ հոգիին առնչութեամբ նոր արտայայտութիւն մըն էր։
-
-
‘Սուրբ հոգիին անունով’Դիտարան 1992 | Մայիս 1
-
-
‘Սուրբ Հոգիին Անունով’ Մկրտուիլ
5, 6. Սուրբ հոգիով առաջին մկրտութիւնները ինչպէ՞ս ջուրի մկրտութեան առաջնորդեցին։
5 Իսկ Հօրը, Որդւոյն եւ սուրբ հոգիին անունով ջուրի մկրտութեան խոստումին մասին ի՞նչ կրնանք ըսել։ Հոգիով մկրտուած առաջին աշակերտները այս ջուրի մկրտութիւնը չունեցան։ Անոնք արդէն Յովհաննէսի ջուրի մկրտութիւնը ունեցած էին եւ քանի որ այդ մասնայատուկ ժամանակին ատիկա ընդունելի էր Եհովայի, անոնք վերստին մկրտուելու կարիքը չունեցան։ Բայց, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, մեծ բազմութիւն մը ջուրի այդ նոր մկրտութիւնը ունեցաւ։ Ասիկա ինչպէ՞ս պատահեցաւ։
6 120 մարդոց սուրբ հոգիով մկրտութեան զօրաւոր ձայն մը ընկերակցած էր, որ բազմութիւններու ուշադրութիւնը գրաւեց։ Անոնք ապշեցան լսելով որ աշակերտները տարբեր լեզուներով կը խօսէին, այսինքն, հոն ներկայ եղողներուն հասկցած լեզուներով։ Պետրոս առաքեալ բացատրեց որ այս հրաշքը ապացոյց մըն էր թէ Աստուծոյ հոգին թափուած էր Յիսուսի կողմէ, որ մեռելներէն յարուցուած ու երկնքի մէջ Աստուծոյ աջ կողմը նստած էր։ Պետրոս քաջալերեց իր ունկնդիրներուն. «Բոլոր Իսրայէլի տունը ճշմարտապէս թող գիտնայ թէ Աստուած զանիկա Տէ՛ր ալ ըրաւ՝ Օծեա՛լ ալ, այն Յիսուսը, որ դուք խաչեցիք»։ Ապա, ան եզրափակեց, ըսելով. «Ապաշխարեցէ՛ք ու ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսին անունովը մեղքերու թողութեան համար եւ սուրբ հոգիին պարգեւը պիտի ընդունիք»։ Շուրջ 3,000 հոգիներ ընդառաջեցին այս կոչին։—Գործք 2։36, 38, 41
7. Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, 3,000 հոգին ի՞նչ իմաստով մկրտուեցան Հօրը, Որդւոյն եւ սուրբ հոգիին անունով։
7 Կրնա՞նք ըսել որ այս մարդիկը մկրտուեցան Հօրը, Որդւոյն եւ սուրբ հոգիին անունով (զանոնք ճանաչելով)։ Այո՛։ Թէեւ Պետրոս անոնց չըսաւ որ Հօրը անունով մկրտուին, սակայն, անոնք արդէն Եհովան կը ճանաչէին որպէս Գերիշխան Տէր, քանի որ բնական Հրեաներ էին, Իրեն նուիրուած ազգի մը անդամները։ Բայց Պետրոս արդարեւ ըսաւ. «Ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսին անունովը»։ Ուստի, անոնց մկրտութիւնը կը նշանակէր որ անոնք Յիսուսը կը ճանաչէին որպէս Տէր եւ Քրիստոս։ Արդ անոնք իր աշակերտներն էին եւ կ’ընդունէին որ մեղքերու թողութիւնը այսուհետեւ իր միջոցաւ էր։ Վերջապէս, այս մկրտութիւնը սուրբ հոգին ճանաչելով էր եւ անիկա եղաւ առ ի կատարում այն խոստումին թէ անոնք պիտի ստանային սուրբ հոգին որպէս ձրի պարգեւ մը։
8. (ա) Ջուրի մկրտութենէն զատ, օծեալ Քրիստոնեաները ուրիշ ի՞նչ մկրտութիւն ունեցան։ (բ) 144,000–էն զատ, որո՞նք ալ կը մկրտուին սուրբ հոգիին անունով։
8 Անոնք որոնք Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին ջուրով մկրտուեցան, հոգիով ալ մկրտուեցան, օծուելով երկնային Թագաւորութեան մէջ ապագայ թագաւորներ եւ քահանաներ ըլլալու համար։ Ըստ Յայտնութիւն գրքին, անոնք միայն 144,000 հոգի են։ Ուստի, սուրբ հոգիով մկրտուածները եւ վերջապէս որպէս Թագաւորութեան ժառանգորդներ «կնքուածներ»ը միայն 144,000 հոգի են։ (Յայտնութիւն 7։4. 14։1) Սակայն, բոլոր նոր աշակերտները՝ ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց յոյսը՝ ջուրով կը մկրտուին Հօրը, Որդւոյն եւ սուրբ հոգիին անունով։ (Մատթէոս 28։19, 20) Արդ, սուրբ հոգիին անունով մկրտութիւնը ի՞նչ իմաստ կը կրէ բոլոր Քրիստոնեաներուն համար, ըլլան «պզտիկ հօտ»էն թէ «ուրիշ ոչխարներ»էն։ (Ղուկաս 12։32. Յովհաննու 10։16) Այս հարցումին պատասխանելէ առաջ, նկատի առնենք սուրբ հոգիին կարգ մը գործունէութիւնները Քրիստոնէական դարաշրջանին։
-