Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սուրբ հոգին՝ Աստուծոյ գործօն ոյժը
    Պէ՞տք է հաւատաք Երրորդութեան
    • Մատթէոս 28։19–ի մէջ կը խօսուի ‘սուրբ հոգիի անունին’ մասին։ Բայց ‘անուն’ բառը միշտ անձնական անունի չ’ակնարկեր, ո՛չ Յունարէնի եւ ոչ ալ Հայերէնի մէջ։ Երբ կ’ըսենք՝ «յանուն օրէնքի», հոս անձի մը չենք ակնարկեր, այլ ըսել կ’ուզենք ինչ որ օրէնքը կը ներկայացնէ՝ անոր հեղինակութիւնը։ Ռապըրթսընի՝ Նոր Կտակարանի Բառապատկերները (Անգլերէն) գրքին մէջ ըսուած է. «Հոս անուն բառին (օնօմա) գործածութիւնը՝ Եօթանասնիցին եւ պապիրոսներուն մէջ սովորաբար զօրութեան կամ հեղինակութեան համազօր է»։ Ուստի, ‘սուրբ հոգիի անունով’ մկրտուողը կ’ընդունի հոգիին հեղինակութիւնը, գիտակցելով որ անիկա Աստուծմէ է եւ աստուածային կամքով կը գործէ։

  • Ի՞նչ կրնանք ըսել երրորդութեան «փաստացի համարներ»ուն մասին
    Պէ՞տք է հաւատաք Երրորդութեան
    • ԿԱԹՈՂԻԿԷ Նոր Համայնագիտարան–ը (Անգլերէն) այսպիսի երեք «փաստացի համարներ» կը հրամցնէ, բայց նաեւ կ’ընդունի. «Սուրբ Երրորդութեան վարդապետութիւնը ուսուցուած չէ Հ[ին] Կ[տակարանին] մէջ։ Ն[որ] Կ[տակարանին] մէջ, հնագոյն ապացոյցը կը գտնուի Պօղոսեան նամակներուն մէջ, մանաւանդ Բ. Կորն. 13։13 [կարգ մը Աստուածաշունչերու մէջ՝ համար 14], եւ Ա. Կորն. 12։4-6–ի մէջ։ Աւետարաններուն մէջ Երրորդութեան ապացոյցը բացայայտօրէն կը տեսնուի միմիայն Մատթ. 28։19–ի մկրտութեան բանաձեւին մէջ»։

      Այդ համարներուն մէջ, երեք «անձեր»ը հետեւեալ կերպով տրուած են. Բ. Կորնթացիս 13։13–ը՝ երեքը միասին կը դնէ հետեւեալ կերպով. «Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը եւ Աստուծոյ սէրը ու Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը ձեր ամենուն հետ ըլլայ»։ Ա. Կորնթացիս 12։4-6–ը կ’ըսէ. «Պարգեւները զանազան են, բայց տուողը նոյն Հոգին է։ Նաեւ պաշտօնները զանազան են, բայց նոյն Տէրը կու տայ։ Նոյնպէս ներգործութիւնները զանազան են, բայց նոյն Աստուածն է՝ որ կը ներգործէ ամէնքը ամէն բանի մէջ»։ Իսկ Մատթէոս 28։19–ի մէջ կը կարդանք. «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»։

      Այս համարները կ’ըսե՞ն որ Աստուած, Քրիստոս եւ սուրբ հոգին Երրեակ Աստուածութիւն մը կը կազմեն եւ թէ երեքը էութեամբ, զօրութեամբ եւ յաւիտենականութեամբ հաւասար են։ Ո՛չ, անոնք այդ իմաստը չեն տար, ինչպէս որ երեք անհատներու անուններուն նշուիլը, ինչպէս՝ Զարեհ, Զաւէն եւ Յովիկ, չի նշանակեր որ այս երեքը մէկի մէջ են։

      Մգլինթոկ եւ Սթրոնկի՝ Սուրբ Գրային, Աստուածաբանական եւ Եկեղեցական Գրականութեան Համայնագիտարան–ը (Անգլերէն) կ’ընդունի որ այս կերպի ակնարկում մը «միայն կը փաստէ որ երեք ենթականեր իրենց անուններով յիշուած են, . . . բայց ինքնին չի փաստեր որ երեքը անպայմանօրէն աստուածային բնութեան կը պատկանին եւ աստուածային նոյն պատիւին կ’արժանանան»։

      Երրորդութեան ջատագով մը ըլլալով հանդերձ, այդ նոյն աղբիւրը Բ. Կորնթացիս 13։13–ի մասին կ’ըսէ. «Չենք կրնար արդարացիօրէն եզրակացնել որ անոնք հաւասար հեղինակութիւն, կամ նոյն բնութիւնը ունին»։ Իսկ Մատթէոս 28։18-20–ի մասին կ’ըսէ. «Այս համարը սակայն, եթէ առանձին առնուի, վճռականօրէն չի փաստեր խնդրոյ առարկայ երեք անձնաւորութիւն, ո՛չ ալ անոնց հաւասարութիւնը եւ կամ աստուածութիւնը»։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել