Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Նեղութեան ժամանակներուն լիովին Եհովայի վստահեցէք
    Դիտարան 2003 | Սեպտեմբեր 1
    • 7, 8. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ անկատար մարդիկ նիւթական բաներու մասին չափազանց մտահոգուելու հակումը ունին։ (Նաեւ տես ստորանիշը։) (բ) Յիսուս ի՞նչ իմաստուն խրատ տուաւ անտեղի մտահոգութենէ ի՛նչպէս խուսափելու մասին։

      7 Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս խրատեց. «Մի՛ մտահոգուիք ձեր անձին մասին՝ թէ ի՛նչ պիտի ուտէք կամ ի՛նչ պիտի խմէք, ո՛չ ալ ձեր մարմիններուն մասին՝ թէ ի՛նչ պիտի հագնիք»։b (Մատթէոս 6։25, ԱՎ) Յիսուս գիտէր թէ անկատար մարդիկ բնականաբար կը մտահոգուին հիմնական անհրաժեշտութիւնները ձեռք ձգելու մասին։ Արդ, ի՞նչպէս կրնանք այսպիսի բաներու մասին ‘չմտահոգուիլ’։ Յիսուս ըսաւ. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։ Ի՛նչ խնդիրներ ալ դիմակալենք, պէտք է շարունակենք մեր կեանքին մէջ Եհովայի պաշտամունքին նախապատուութիւնը տալ։ Եթէ ասիկա ընենք, մեր առօրեայ բոլոր անհրաժեշտութիւնները մեզի «պիտի տրուին» մեր երկնաւոր Հօր կողմէ։ Ձեւով մը ան մեզի հարկ եղածը պիտի հայթայթէ։—Մատթէոս 6։33

  • Նեղութեան ժամանակներուն լիովին Եհովայի վստահեցէք
    Դիտարան 2003 | Սեպտեմբեր 1
    • b «Մի՛ մտահոգուիք» արտայայտութիւնը ըսել չ’ուզեր թէ մտահոգուելու պէտք չէ սկսինք։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. ‘Յունարէն բայը ցոյց կու տայ հրաման մը՝ տեղի ունեցող գործողութիւնը դադրեցնելու’։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել