-
Յիսուսի մկրտութիւնըՑարդ ապրած մեծագոյն մարդը
-
-
Սակայն Յիսուսի մկրտութեան՝ անկէ աւելին կը պատահի։ ‘Երկինք կը բացուի’ Յիսուսի առջեւ։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Ակներեւաբար կը նշանակէ թէ մկրտութեան ժամանակ, ան կը վերյիշէ իր նախամարդկային կեանքը։ Ուստի, այժմ Յիսուս լիովին կը վերյիշէ իր կեանքը որպէս Եհովա Աստուծոյ հոգեղէն որդին, ինչպէս նաեւ՝ այն բոլոր բաները, զորս Աստուած իրեն խօսած էր երկնքի մէջ իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին։
-
-
Յիսուսի փորձութիւններէն ի՞նչ կը սորվինքՑարդ ապրած մեծագոյն մարդը
-
-
ԻՐ ՄԿՐՏՈՒԹԵՆԷՆ անմիջապէս ետք, Յիսուս Աստուծոյ հոգիէն մղուած Հրէաստանի անապատը կ’առաջնորդուի։ Ան մտածելիք շատ բաներ ունի, քանի որ իր մկրտութեան ատեն «երկինքը բացուեցաւ», որպէսզի կարենար երկնային բաները հասկնալ։ Արդարեւ, շա՜տ բաներու մասին պէտք է խոկայ։
-