-
Հալածանք դիմագրաւելու համար պատրաստութիւնՑարդ ապրած մեծագոյն մարդը
-
-
ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆԸ կատարելու կերպերուն մասին իր առաքեալներուն հրահանգներ տալէ ետք, Յիսուս զանոնք կը զգուշացնէ հակառակորդներու դէմ։ Ան կ’ըսէ. «Ահա ես ձեզ կը ղրկեմ իբրեւ ոչխարներ գայլերու մէջ. . . . մարդոցմէ զգուշացէք. վասն զի ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն ու իրենց ժողովարաններուն մէջ ձեզ պիտի ծեծեն։ Եւ իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք»։
-
-
Հալածանք դիմագրաւելու համար պատրաստութիւնՑարդ ապրած մեծագոյն մարդը
-
-
Ճիշդ է որ Յիսուս իր 12 առաքեալներուն տուաւ այս հրահանգը, ազդարարութիւնը եւ քաջալերութիւնը, բայց անոնք վաւերական են նաեւ անոնց՝ որոնք իր մահէն ու յարութենէն ետք, քարոզելու աշխարհածաւալ գործունէութեան պիտի մասնակցէին։ Ասիկա ցոյց կը տրուի Յիսուսի խօսքէն, երբ ըսաւ որ իր աշակերտները «ամենուն ատելի» պիտի ըլլային, ոչ միայն Իսրայելացիներուն՝ որոնց քարոզելու համար ղրկուած էին առաքեալները։ Ասկէ զատ, առաքեալները բացայայտօրէն կուսակալներու եւ թագաւորներու առջեւ չտարուեցան իրենց քարոզչութեան այդ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին, զոր Յիսուս կազմակերպեց։ Նաեւ, այդ ատեն հաւատացեալները մահուան չմատնուեցան իրենց ընտանիքի անդամներուն կողմէ։
-