Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Եհովա «ձեր գլխուն բոլոր մազեր»ը համրած է
    Դիտարան 2005 | Օգոստոս 1
    • 6 Իր առաքեալներուն օգնելու որ հասկնան թէ ինչո՛ւ պէտք չէր վախնային, Յիսուս երկու օրինակ տուաւ, ըսելով. «Չէ՞ որ երկու ճնճղուկ մէկ դանկի կը ծախուին եւ անոնցմէ մէկը գետինը չ’իյնար առանց ձեր Հօրը հրամանին [«գիտութեան», Անթիլիաս]։ Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են։ Ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք»։ (Մատթէոս 10։29-31) Նկատէ թէ Յիսուս տառապանքի դիմաց չվախնալը առնչեց վստահ ըլլալուն թէ Եհովա անհատապէս մեզ կը հոգայ։ Ակներեւօրէն Պօղոս առաքեալ այս վստահութիւնը ունէր։ Ան գրեց. «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ։ Ան որ իր Որդիին չխնայեց, հապա մեր ամենուն համար մատնեց զանիկա, ալ ի՞նչպէս անոր հետ բոլոր բաները մեզի չի պարգեւեր»։ (Հռովմայեցիս 8։31, 32) Ի՛նչ որ ալ ըլլան դիմագրաւած դժուարութիւններդ, կրնա՛ս վստահ ըլլալ թէ Եհովա անձնապէս կը հոգայ քեզ, այնքան ատեն որ իրեն հաւատարիմ կը մնաս։ Ասիկա ա՛լ աւելի բացայայտ պիտի դառնայ, մինչ առաքեալներուն տրուած Յիսուսի յորդորը մօտէն կը քննենք։

      Ճնճղուկի մը արժէքը

      7, 8. (ա) Յիսուսի օրերուն ճնճղուկները ի՞նչպէս կը նկատուէին։ (բ) Ըստ երեւոյթին, Մատթէոս 10։29–ն ինչո՞ւ կը գործածէ Յունարէն այն բառը որ փոքր ճնճղուկին կ’ակնարկէ։

      7 Յիսուսի լուսաբանութիւնը ազդուօրէն կը նկարագրէ Իր ծառաներէն իւրաքանչիւրին հանդէպ Եհովայի հոգածութիւնը։ Նախ նկատի առ ճնճղուկներուն օրինակը։ Յիսուսի օրերուն, ճնճղուկները կ’ուտուէին, բայց քանի որ բերքին կը սպառնային, ընդհանրապէս վնասակար թռչուններ կը նկատուէին։ Ճնճղուկները ա՛յնքան շատ ու աժան էին, որ երկու ճնճղուկի գինը ներկայ արժէքով հինգ սէնթէ նուազ էր։ Այդ գումարին կրկնապատիկով ձեռք կը ձգուէին ո՛չ թէ չորս ճնճղուկ, այլ՝ հինգ, սեպելով հինգերորդը բոլորովին անարժէք բան մը։—Ղուկաս 12։6

      8 Խորհէ նաեւ այս հասարակ թռչունին չափին մասին։ Բաղդատմամբ բազմաթիւ ուրիշ թռչուններու, նոյնիսկ լիահաս ճնճղուկը շատ մանր է։ Այսուհանդերձ Մատթէոս 10։29–ի մէջ «ճնճղուկ» թարգմանուած Յունարէն բառը յատկապէս փոքր ճնճղուկին կ’ակնարկէ։ Յիսուս բացայայտօրէն կ’ուզէր որ իր առաքեալները շատ աննշան թռչուն մը երեւակայէին։

      9. Ճնճղուկներու օրինակով Յիսուս ի՞նչ ազդեցիկ կէտ մը կը սորվեցնէ։

      9 Ճնճղուկներուն վերաբերեալ Յիսուսի ըրած համեմատութիւնը ազդեցիկ կէտ մը կը սորվեցնէ. ինչ որ մարդոց աչքին անարժէք կը թուի, Եհովա Աստուծոյ աչքին կարեւոր է։ Յիսուս այս ճշմարտութիւնը ա՛լ աւելի շեշտեց, աւելցնելով թէ Եհովա կը նշմարէ փոքր ճնճղուկին ‘գետին իյնալը’։c Դասը յստակ է։ Եթէ Եհովա Աստուած ամենէն փոքր ու աննշան թռչունին ուշադրութիւն կ’ընծայէ, որքա՜ն աւելի հետաքրքրուած պիտի ըլլայ մարդ արարածի մը դժուարին կացութեամբ, որ ընտրած է իրեն ծառայել։

  • Եհովա «ձեր գլխուն բոլոր մազեր»ը համրած է
    Դիտարան 2005 | Օգոստոս 1
    • c Կարգ մը ուսումնականներ կը թելադրեն թէ ճնճղուկին գետին իյնալը թերեւս չ’ակնարկեր միայն անոր մահուան։ Անոնք կ’ըսեն թէ բնագիր լեզուին մէջ այս խօսքը կրնայ նշել ուտելիքի համար թռչունի մը գետին իջնելը։ Եթէ պարագան այս է, ուրեմն Աստուած կը նշմարէ ու հոգ կը տանի թռչունին, երբ անիկա առօրեայ գործունէութեամբ զբաղած է, եւ ո՛չ թէ միայն երբ մեռնի։—Մատթէոս 6։26

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել