Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Եհովա «ձեր գլխուն բոլոր մազեր»ը համրած է
    Դիտարան 2005 | Օգոստոս 1
    • 6 Իր առաքեալներուն օգնելու որ հասկնան թէ ինչո՛ւ պէտք չէր վախնային, Յիսուս երկու օրինակ տուաւ, ըսելով. «Չէ՞ որ երկու ճնճղուկ մէկ դանկի կը ծախուին եւ անոնցմէ մէկը գետինը չ’իյնար առանց ձեր Հօրը հրամանին [«գիտութեան», Անթիլիաս]։ Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են։ Ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք»։ (Մատթէոս 10։29-31) Նկատէ թէ Յիսուս տառապանքի դիմաց չվախնալը առնչեց վստահ ըլլալուն թէ Եհովա անհատապէս մեզ կը հոգայ։ Ակներեւօրէն Պօղոս առաքեալ այս վստահութիւնը ունէր։ Ան գրեց. «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ։ Ան որ իր Որդիին չխնայեց, հապա մեր ամենուն համար մատնեց զանիկա, ալ ի՞նչպէս անոր հետ բոլոր բաները մեզի չի պարգեւեր»։ (Հռովմայեցիս 8։31, 32) Ի՛նչ որ ալ ըլլան դիմագրաւած դժուարութիւններդ, կրնա՛ս վստահ ըլլալ թէ Եհովա անձնապէս կը հոգայ քեզ, այնքան ատեն որ իրեն հաւատարիմ կը մնաս։ Ասիկա ա՛լ աւելի բացայայտ պիտի դառնայ, մինչ առաքեալներուն տրուած Յիսուսի յորդորը մօտէն կը քննենք։

  • Եհովա «ձեր գլխուն բոլոր մազեր»ը համրած է
    Դիտարան 2005 | Օգոստոս 1
    • 10. «Ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են» խօսքին իմաստը ի՞նչ է։

      10 Ճնճղուկներուն օրինակէն զատ, Յիսուս ըսաւ. «Ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են»։ (Մատթէոս 10։30) Այս համառօտ բայց խորիմաստ խօսքը կը շեշտէ ճնճղուկներու օրինակին կէտը։ Ի՞նչպէս։ Սովորական մարդու գլուխը շուրջ 100,000 մազ ունի։ Ընդհանրապէս մէկ մազը միւսին կը նմանի, եւ ո՛չ մէկ մազ յատկապէս մեր ուշադրութեան արժանի է։ Այսուհանդերձ Եհովա Աստուած իւրաքանչիւր մազ կը նկատէ ու կը համրէ։ Այս ըլլալով պարագան, մեր կեանքին մէջ մանրամասնութիւն մը կա՞յ, որ Եհովա չի կրնար գիտնալ։ Վստահաբար Եհովա իր իւրաքանչիւր ծառայի անզուգական կազմուածքը կը հասկնայ։ Արդարեւ «Տէրը սրտին կը նայի»։—Ա. Թագաւորաց 16։7

      11. Դաւիթ ի՞նչպէս վստահութիւն յայտնեց թէ Եհովա անձնապէս իրմով հետաքրքրուած էր։

      11 Դաւիթ, որ շատ տառապեցաւ, վստահ էր թէ Եհովա իրեն ուշադրութիւն կ’ընծայէր։ Ան գրեց. «Ո՛վ Տէր, զիս քննեցիր ու ճանչցար։ Դուն գիտես իմ նստիլս ու ելլելս, իմ խորհուրդս հեռուէն կ’իմանաս»։ (Սաղմոս 139։1, 2) Դուն ալ կրնաս վստահ ըլլալ թէ Եհովա քեզ անձնապէս կը ճանչնայ։ (Երեմեայ 17։10) Աճապարանօք մի՛ ենթադրեր թէ ա՛յնքան աննշան ես, որ Եհովայի ամենատես աչքերը քեզ չեն նկատեր։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել