Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Յիսուսի պատճառով պիտի գայթակղի՞ս
    Դիտարան (ուսումնասիրական) 2021 | Մայիս
    • 3 Յիսուս գիտէր որ շատեր պիտի չհաւատային որ ինք Մեսիան էր (Յովհ. 5։39-44)։ Ան Յովհաննէս Մկրտիչի աշակերտներուն ըսաւ. «Երանի՜ անոր որ իմ վրայովս չի գայթակղիր» (Մատ. 11։2, 3, 6)։ Ինչո՞ւ այսքան շատ մարդիկ Յիսուսը մերժեցին։

  • Յիսուսի պատճառով պիտի գայթակղի՞ս
    Դիտարան (ուսումնասիրական) 2021 | Մայիս
    • 1) ՅԻՍՈՒՍԻ ԵՆԹԱՀՈՂԸ

      Փիլիպպոս Նաթանայէլը կը քաջալերէ, որ իրենց մօտ նստած Յիսուսին ծանօթանայ։

      Շատեր գայթակղեցան Յիսուսի ենթահողէն։ Ինչպէ՞ս կրնայ նոյն բանը այսօր գայթակղեցնել ոմանք (տե՛ս պարբ. 5)b

      5. Թերեւս ինչո՞ւ ոմանք կը կարծէին, թէ Յիսուս չէր կրնար Մեսիան ըլլալ։

      5 Շատեր գայթակղեցան Յիսուսի ենթահողին պատճառով։ Անոնք ընդունեցին որ Յիսուս հոյակապ ուսուցիչ էր եւ հրաշքներ ըրաւ։ Բայց իրենց աչքին Յիսուս պարզապէս աղքատ ատաղձագործի մը տղան էր։ Եւ ան Նազարէթէն էր, որ շատ կարեւոր քաղաք մը չէր սեպուեր։ Նոյնիսկ Նաթանայէլ, որ Յիսուսին աշակերտը եղաւ, սկիզբը ըսաւ. «Նազարէթէն կարելի՞ է որ աղէկ բան մը ելլէ» (Յովհ. 1։46)։ Նաթանայէլ թերեւս շատ չէր հաւներ այն քաղաքը, ուր Յիսուս կ’ապրէր։ Կամ թերեւս ան ի մտի ունէր Միքիա 5։2–ի մարգարէութիւնը, որ կ’ըսէ թէ Մեսիան Բեթլեհէմի մէջ պիտի ծնէր, եւ ոչ թէ Նազարէթի մէջ։

      6. Ի՞նչ բան կրնար Յիսուսի օրերու մարդոց օգնել, որ գիտնային թէ Մեսիան էր։

      6 Եբրայերէն Գրութիւնները ի՞նչ մարգարէացած էին։ Եսային մարգարէացած էր, որ Յիսուսի թշնամիները Մեսիայի «ազգատոհմ»ով պիտի չհետաքրքրուէին (Եսա. 53։8)։ Անոնք պէտք էր ժամանակ տային, որպէսզի քննէին Յիսուսի ենթահողը, եւ ատիկա բաղդատէին Մեսիային մասին եղած մարգարէութիւններուն հետ։ Եթէ այդպէս ընէին, պիտի գիտնային թէ Յիսուս Բեթլեհէմի մէջ ծնած էր եւ Դաւիթ թագաւորին սերունդէն էր (Ղուկ. 2։4-7)։ Ուստի, Յիսուս ծնա՛ւ այն քաղաքին մէջ, որ Միքիա 5։2–ը ըսած էր։ Ուրեմն, խնդիրը ի՞նչ էր։ Մարդիկ դատելու մէջ շատ արագ էին։ Անոնք բոլոր տեղեկութիւնները չէին գիտեր։ Այս պատճառով գայթակղեցան։

  • Յիսուսի պատճառով պիտի գայթակղի՞ս
    Դիտարան (ուսումնասիրական) 2021 | Մայիս
    • 2) ՅԻՍՈՒՍ ՄԵՐԺԵՑ ՅԱՏՈՒԿ ՆՇԱՆՆԵՐ ԸՆԵԼ

      Յիսուս խումբ մը մարդոց կը խօսի։

      Շատեր գայթակղեցան, քանի որ Յիսուս մերժեց յատուկ նշաններ ընել։ Ինչպէ՞ս կրնայ նոյն բանը այսօր գայթակղեցնել ոմանք (տե՛ս պարբ. 9-10)c

      9. Ի՞նչ եղաւ երբ Յիսուս մերժեց երկինքէն նշան մը ցոյց տալ։

      9 Յիսուսի սորվեցուցած հիանալի բաները ոմանց համար բաւարար չէին։ Անոնք աւելին ուզելով՝ պահանջեցին որ փաստէ թէ Մեսիան է, «երկնքէն նշան մը» ընելով (Մատ. 16։1)։ Թերեւս ատիկա պահանջեցին, քանի որ Դանիէլ 7։13, 14–ի խօսքը սխալ հասկցած էին։ Սակայն, Եհովայի նշանակած ժամանակը չէր հասած, որ այդ մարգարէութիւնը կատարուէր։ Յիսուսին սորվեցուցածները պէտք էր անոնց համար բաւարար ըլլային փաստելու, թէ ինք Մեսիան էր։ Բայց երբ անոնց ուզած նշանը չտուաւ, անոնք գայթակղեցան (Մատ. 16։4)։

      10. Յիսուս ինչպէ՞ս կատարեց այն ինչ որ Եսային գրած էր Մեսիային մասին։

      10 Եբրայերէն Գրութիւնները ի՞նչ մարգարէացած էին։ Մեսիային մասին Եսայի մարգարէն գրեց. «Անիկա պիտի չպոռայ ու պիտի չաղաղակէ եւ իր ձայնը դուրսը լսել պիտի չտայ» (Եսա. 42։1, 2)։ Յիսուս իր ծառայութիւնը ըրաւ համեստօրէն եւ առանց աղմուկ հանելու։ Ան շքեղ տաճարներ չշինեց եւ կրօնական յատուկ զգեստներ չհագուեցաւ, ոչ ալ պահանջեց որ զինք կրօնական տիտղոսներով կոչեն։ Երբ կը դատուէր ու իր կեանքը վտանգի տակ էր, չփորձեց Հերովդէս թագաւորը տպաւորել, իրեն համար նշան մը ընելով (Ղուկ. 23։8-11)։ Ճիշդ է որ Յիսուս հրաշքներ ըրաւ, բայց կեդրոնացաւ բարի լուրը քարոզելու վրայ։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Այս բանին համար եկեր եմ» (Մար. 1։38)։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել